Անդրադարձ

Մինչեւ Ե՞րբ

Վերամուտի Ակնկալութիւններ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հակառակ կրթական անբարենպաստ տարեշրջանի մը թեւակոխման, հակառակ տնտեսական եւ ճգնաժամի պայմաններուն բերումով մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու բազմապատկման, հակառակ կրթական ինչպիսի տարեշրջանի մը սպասումին եւ նորութիւններուն, կարելի է ըսել, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները թիւի աճ պիտի արձանագրեն: Բնականաբար պիտի զարմանաք ակնկալութիւններուն գծով: Սակայն վստահ եմ, որ գալիք կրթական տարեշրջանին դպրոցներուն մէջ աշակերտութեան թիւի աճ պիտի արձանագրուի: Թիւի մասին...

Նամականի

Տեսակէտ. Կոչ՝ Ծրագրուած Հայրենաշինութեան՝ Պետականաշինութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերջերս թեր ու դէմ` մերթ ծայրայեղ, մերթ ահազանգող, մերթ խելամիտ կարծիքներ կը հնչեն Հայաստանի քաղաքական` ներքին եւ արտաքին, առողջապահական, արդարադատութեան, պարէնաւորման ինքնաբաւութեան, ոխակալ մոլուցքի, տնտեսական, միջավայրի, ազգային հարստութեան յափշտակման` գողութեան, ապրուստի մակարդակի, աղքատութեան եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու վերաբերող, սակայն մէկ բան շատ յստակ է, որ նշեալ բոլո՛ր հարցերը գրեթէ ճգնաժամային վիճակի հասած են եւ շտապ լուծումի կը կարօտին:...

Առանձնացած Յոբելեարը

Հայաստան – ՀՅԴ – Սփիւռք (Դաշնակցութիւնը ՀՀ Կառավարութեան Մասնակից)

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայ-թրքական փրոթոքոլներու նախնական ստորագրութեան պատճառով կառավարութենէն իր հրաժարումէն ետք Դաշնակցութիւնը դեր ունեցաւ ընդդիմադիր ուժերու համախմբումի մը՝ քառեակի (ԲՀԿ, Ժառանգութիւն, ՀԱԿ եւ ՀՅԴ) կազմաւորման մէջ: Գաղափարական ու քաղաքական նպատակներու հասարակաց գետին չունեցող այս կուսակցութիւններու համախմբումի անդամները, բնական է, իրարու կապուած էին համեմատաբար դիւրաբեկ թելերով. անոնք պարտաւոր էին իրենց որոշումներուն յանգել միաձայնութեամբ, ինչ որ կը սահմանափակէր անոնց գործունէութեան դաշտը: Դաշնակցութեան...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Անշուշտ, կորոնայի դէմ համաշխարհային պատերազմի ծանրակշիռ բեռը համաչափօրէն կրում է իր ուսերին թրամփեան ԱՄՆ-ն: Տւեալ դէպքում նոյնիսկ շատ առումներով ապաշնորհ ու «կովբոյ» հռչակւած կրտսեր Ջորջ Բուշ պրեզիդենտի մօտ դժւար թէ միտք յղանար յայտարարելու, որ պատերազմի ժամանակ իշխանութեանը ընդդիմանալը դաւաճանութիւն է…: Աւելին՝ Ջորջ Բուշ կրտսերին յաջորդած ու կրկին՝ շատ առումներով աւելի խելամիտ պրեզիդենտ Օբաման, կորոնավիրուսի...

Ակնարկ.   Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

Ակնարկ. Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

Ակնկալելի էր, որ արտակարգ դրութենէն դէպի կեանքի բնականոն հուն վերադարձին համընթաց վերստին աշխուժանային բողոքի գործողութիւնները: Համակողմանիօրէն կայ գիտակցութիւն, որ Լիբանանի պարագային ի տարբերութիւն աշխարհը հարուածած պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համատարած իրավիճակներուն, խնդիրը ըստ էութեան այլ բնոյթ ունի եւ ժահրին ստեղծած տագնապէն շատ աւելի առաջ ձեւ ու մարմին ստացած էր արդէն: Պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման համար յայտարարուած միջոցները պարզապէս կը յետաձգէին այն, ինչ...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

Ամփոփ Տպաւորութիւններ 90-ամեակի Մը Սեմին

Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Տարիները կ’անցնին, տասնամեակները կը կուտակուին մեր ետին. դէմքեր, դէպքեր, պահեր կը ջնջուին կամ կ’աղօտին: Բայց ուրիշներ` կը մնան վառ, նոյնիսկ կը դառնան աւելի կենդանի: Տասնամեակ մը կեանքէս` Ճեմարանի աշակերտութեան եւ անմիջապէս հետեւող գրեթէ պատանի ուսուցիչի առաջին տարիներս, կը կազմեն ինծի համար այդպիսի թանկագին պահեստ մը, որուն յաճախ կ’այցելեմ, խոր հաճոյքով: Այդ տասնամեակի երկրորդ կէսէն է, միջնակարգի ութերորդէն սկսած`...

Անթիլիասէն Սփռուող Անսասան Հաւատք Եւ Խիզախ Յոյս

Անթիլիասէն Սփռուող Անսասան Հաւատք Եւ Խիզախ Յոյս

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Վերջին ամիսները մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ տարօրինակութիւններով լեցուն շրջան մը եղաւ: Ստեղծուած ահազանգային եւ մտահոգիչ կացութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ արտասովոր կեանք մը ապրելու պարտադրանքին եւ ստիպեց, որ արմատական փոփոխութիւններ կատարենք մեր առօրեային, աշխատելաձեւին, նիստ ու կացին, ընկերային յարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ մեր հաւատքի կիրարկման հարազատ ձեւին մէջ: Եւ հետզհետէ, կարծես «վարժուեցանք» կացութեան եւ այդ բռնազբօսիկ...

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

Աղէտը Ամուր Թակում Է Մեր Դռները

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Կենդանիներու, բնութեան եւ բնավայրերու բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի չափն ու բնոյթը մարտահրաւէր է, որ պէտք է ընդունիլ։ Բնապահպանական բարոյագիտութիւնը էթիկայի այն ճիւղն է, որ կ’ուսումնասիրէ ոչ միայն մարդու եւ շրջակայ միջավայրի միջեւ կապը, այլ նաեւ թէ ինչ դեր ունի բարոյագիտութիւնը այս գործին մէջ: Բնապահպանական բարոյագիտութեան մէկնակէտը այն է, որ մարդը մաս է մէկ հասարակութեան, ուր կը ներառուին այլ...

Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա, Միացեալ Նահանգներ-Իրան. Կա՞ն Արդեօք Նմանութիւններ

Աղէտը Ամուր Թակում Է Մեր Դռները

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Alikonline-ի պատասխանատու-խմբագիր Հայաստանը աղէտի ճարակ է դարձել։ Համավարակը վխտում է ամենուր։ Երկիրը ապոկալիպսի վտանգի շեմին է կանգնած, գործող իշխանութիւնների եւ անձամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ նմանը չունեցող անտաղանդ ղեկավարման, անհասկանալի, անհամաչափ եւ անարդիւնաւէտ գործողութիւնների պատճառով։ Հայաստանն այսօր ունի առողջապահական լրջագույն խնդիր։ Արտակարգ պայմաններում, որում յայտնւել է Հայաստանը, ենթադրում է համաճարակային յստակ եւ խիստ կառավարում՝ համապատասխան ռազմավարութեամբ եւ մարտավարութեամբ, ինչն...

«Դրօշակ»-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վավերագիր

«Դրօշակ»-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վավերագիր

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Վեցերորդ Ժամանակաշրջանի Սկիզբ 9 տարիներու զգալի բացակայութենէ յետոյ վերստին կը հրատարակուի ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «Դրօշակ»ը: 2020 թուականի յունուարին առաջին թիւը (1635րդ) արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Կեանքի 74րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի ելեկտրոնային տարբերակով, ամսաթերթի պարբերականութեամբ: Իբրեւ պաշտօնաթերթի հիմնադիր, զուտ իրաւաբանական տեսանկիւնէ եւ ՀՀ օրէնքներուն համաձայն, նշուած է «ՀՅԴ պատմութեան թանգարան-հիմնադրամի» անունը: Ելեկտրոնային ամսաթերթի խմբագիրը նորանկախ Հայաստանի...

Անդրադարձ.  Նախագահը, Աստուածաշունչն  Ու «Կռապաշտութեան Արարք»-ը

Անդրադարձ. Նախագահը, Աստուածաշունչն Ու «Կռապաշտութեան Արարք»-ը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1 յունիսին Սպիտակ տունէն քալելով մեկնեցաւ անկարգութիւններուն ընթացքին հրկիզուած մօտակայ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի, որուն մուտքին յաչս լուսանկարիչներուն բարձրացուց Աստուածաշունչ մը` անոր կողքին ճիշդ կողմն ու ուղղութիւնը ճշդելու «դժուարութիւն»-ը յաղթահարելէ ետք: Դժուարութիւն մը, որ կու գայ մատնելու Աստուածաշունչին կամ որեւէ այլ գիրքի հետ Թրամփի «բարեկամութիւնը»: Աստուածաշունչի ընկերակցութեան խմբագիրներէն պատուելի Մարք Վուտզ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Խօսք Առ. Հիմնահարցերէն՝ Էական Մը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ «Այո՛, ետեւ մնացած բան մը կայ մեր կեանքին մէջ, եւ այդ՝ հայերէնի տարրական իմացութիւնն է, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազի, կը կաղայ, ետեւ կը մնայ ու կը հեռանայ մեզմէ»:  Տք. Արմենակ Եղիայեան Այս լայն-բարակ տողերովս կ'ուզեմ արտայայտել այն տագնապը, որ ներկայիս մտքիս մէջ դարձեալ պար բռնած է: Նախ ըսեմ, որ, թէեւ այս օրերուն կեանք ըսուածն...

Կողքի՛դ Եմ, Լիբանա՛ն

Ճեմարանի Քայլերգին Հետքերով

ԴՈԿՏ. ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ Ճեմարանիս մասին երբեք չեմ գրած: Ամբողջ կեանք մըն է, էութիւն մը, ներաշխարհ մը: Ի՞նչ գրել քանի մը տողի սահմաններուն մէջ: Բայց յանկարծ անոր Հանրային կապերու գրասենեակէն կը ստանամ ե-նամակ մը, դիմուած ինծի` «Սիրելի ընկ. Խաժակ Գուլաճեան»-ով: Հպարտացայ` Ճեմարանը կը յիշէ իր շրջանաւարտները: Կը խնդրուէր 90-ամեակին առիթով խօսք մը: Տնամեկուսացուած` արդէն խառն զգացումներով պարուրուած, յանցաւորի զգացում մըն ալ...

Արա Պօյմուշագեանի Յիշատակին

Արա Պօյմուշագեանի Յիշատակին

Տ. Ճ. Կան մահեր, որոնք կը պատահին անակնկալօրէն ու իրենց անժամանակ բնոյթով ափսոսանքով կ՛ընկալուին ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն, կարճ` շրջապատին կողմէ: Նման անժամանակ ու ափսոսանք առթող կորուստ մը եղաւ Արա Պօյմուշագեանին մահը: Հազիւ յիսնամեակ մը բոլորած, լի կեանքով ու կատարելապէս առողջ, ան նման վախճանի մը առաջնորդող ոչ մէկ նշան ցոյց տուած էր: Զինք ճանչցողներուն համար, Արա հեզաբարոյ ու ազնիւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նեխած Բան Մը Սպիտակ Տան «Թագաւորութեան» Մէջ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ Ուիլիըմ Շէյքսփիր մեր օրերուն ապրէր, հաւանաբար իր տիպարներէն մէկուն բերնին մէջ պիտի դնէր հետեւեալ խօսքը. «Նեխած բան մը կայ Սպիտակ Տան թագաւորութեան մէջ...»: Իսկապէ՛ս որ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել այն դիպաշարը, որ կայծ առաւ 25 Մայիսին, Մինեսոթայի գլխաւոր քաղաք՝ Մինիափոլիսի Փաուտըրհորն թաղամասին մէջ, ոստիկաններու կողմէ սեւամորթի մը՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեամբ: (Անմիջապէս շեշտենք, որ այս տողերը ամբողջ ոստիկանութեան...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Տագնապի Մէջ Են Թէ՛ Ամերիկան, Թէ՛ Հայաստանը, Որ Հայրենիքս Է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երկուքին պարագային ալ գործ ունինք ապաշնորհ ղեկավարութեան հետ (նախագահ եւ վարչապետ): Տարբերութիւնը այն է, որ Ամերիկայի համար այս ներկայ տագնապը, ինչքան ալ ծանր ըլլայ, նախագահը ինչքան ալ ապաշնորհ ըլլայ, երկիրը գոյութենական վտանգ չի դիմագրաւեր: Անիկա ունի պետական ամուր ու կայացած կառոյցներ: Հայաստանի պարագային տարբեր է, որովհետեւ ան թէ՛ կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր (արտաքին թշնամիներ), եւ թէ անոր պետական...

Այլապէս, Ինչպէ՞ս Պիտի Յարատեւէր Լիբանանահայ Մեր Կեանքը

Այլապէս, Ինչպէ՞ս Պիտի Յարատեւէր Լիբանանահայ Մեր Կեանքը

ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆ Այս տողերը կը գրենք ուշադրութեան արժանացնելու մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն եզակի օրինակը եւ այն հսկայական զոհողութիւնները, զորս անոնք կը ստանձնեն մեր ժողովուրդին սիրով` հաւատալով, որ անպայմանօրէն գեղեցիկ ու արդիւնաւոր ապագայ մը դարձեալ պիտի յայտնուի լիբանանեան մեր միջավայրին մէջ: Արդարեւ, կ՛ուզենք քիչ մը խօսիլ անոնց մասին, որոնք լիբանանահայ կեանքի թէ՛ լուսաւոր օրերուն,  եւ թէ փոթորկոտ պահերուն անսպասելի կերպով միշտ...

Միարար Զօրութիւնը

Միարար Զօրութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն ԺԱՆ ՍՐԿ. ՍԵԼԼՈՒՄԵԱՆ «Միաբանեալ Սուրբ Առաքեալքն միախոհ եւ միակրօն, միաբան նստէին ի Սուրբ վերնատանն, եւ ակն ունէին գալստեան Սուրբ Հոգւոյն»։ (Շարակնոց) Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան տօնը։ Հոգեգալուստը, որ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Յարութենէն 50 օրեր ետք, հիմքը դրաւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցւոյ, որ մինչեւ օրս կը ներգործէ ու պիտի ներգործէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։...

Նամականի

Անդրադարձ. «Հայկական Տեղեկատուութիւն. Ներկայ Իրավիճակ Եւ Հեռանկարներ» «Ազդակ»-ի Երրորդ Առցանց Լսարանին Առիթով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 3 յունիս 2020-ի լսարանի ընթացքին, երբ այժմու մամուլի զանազան երեւոյթներուն եւ տպագիր մամուլի ոչ յուսադրիչ ապագային մասին միտքեր կը փոխանակուէին, որոնցմէ, թէ՝ առցանց մամուլը կրնայ փոխարինել տպագիրը՝ յիշեցի «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրական կազմի երբեմնի անդամներէն, գրող եւ ծաղրանկարիչ Ենովք Լաչինեանի «Երեք Բաժանորդներ» գրութիւնը, որ լոյս տեսած էր իր «Անկապ Էջեր» գիրքին մէջ (1): Ստորեւ 1976-ին գրած այս երեք տիպար...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թուրքիա Կը Փորձէ Տիրանալ Երուսաղէմի Հայկական Կալուածներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 13 Փետրուար 2020ին, «Տը Ճըուիշ Փրէս» (The Jewish Press) շաբաթաթերթին մէկ յօդուածը բացայայտեց Թուրքիոյ կառավարութեան գործունէութիւնը՝ Երուսաղէմի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն տիրանալ փորձելուն վերաբերեալ։ Լրագրող Պարուխ Ետիտի յօդուածը կը կրէ՝ «Թուրքիա Կ՛աշխատի Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասին Տիրանալ» խորագիրը: «Երուսաղէմի հայ բնակիչները TPS-ին (Իսրայէլի լրատուական գործակալութիւն) պատմած են թուրք պաշտօնեաներու ճիգերուն, որոնց միջոցով անոնք վերջին տարիներուն կը փորձեն զիրենք համոզել՝ ժխտել թուրքերու...

Page 389 of 807 1 … 388 389 390 … 807

Արխիւներ