Կեցուածք. Համբերութեան Բաժակը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 12 Յուլիսին ու յաջորդ օրերուն, ազերիական բանակը, Հայաստանի Տաւուշ քաղաքի սահմանային գօտիէն ներս թափանցումի փորձ կատարելով, նոր տարածք մը տուաւ հայ-ազերիական համամարտութեան, որ մինչ այդ, առաւելաբար կը տարուէր Արցախի ճակատներուն վրայ: Չենք մոռցած ուղղակի Հայաստանի վրայ անցեալի յարձակումներն ու ռմբակոծումները, սակայն Տաւուշի ուղղութեամբ գործողութիւնը բացայայտօրէն տարբեր էր նախընթացներէն, ինչպէս որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը տարբեր էր իր նախընթացներէն (որոնք...



















