Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեցուածք. Համբերութեան Բաժակը

Յուլիս 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

12 Յուլիսին ու յաջորդ օրերուն, ազերիական բանակը, Հայաստանի Տաւուշ քաղաքի սահմանային գօտիէն ներս թափանցումի փորձ կատարելով, նոր տարածք մը տուաւ հայ-ազերիական համամարտութեան, որ մինչ այդ, առաւելաբար կը տարուէր Արցախի ճակատներուն վրայ: Չենք մոռցած ուղղակի Հայաստանի վրայ անցեալի յարձակումներն ու ռմբակոծումները, սակայն Տաւուշի ուղղութեամբ գործողութիւնը բացայայտօրէն տարբեր էր նախընթացներէն, ինչպէս որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը տարբեր էր իր նախընթացներէն (որոնք յաջորդած էին Շուշիի եւ արցախեան այլ շրջաններու ազատագրումին ու անոր հետեւած՝ զինադուլի համաձայնութեան):

«Նեմեսիս»,-1837 գործ՝ Ալֆրետ Ռեթելի

Քանի մը օր ետք, աշխարհին համար արեւու լոյսին չափ յստակ դարձաւ, որ ազերիական բանակն էր նախայարձակը, գործադրութեան դնելով Ալիեւի ու գործակիցներուն ռազմատենչ սպառնալիքները, որոնք անվերապահ քաջալերանք գտած են ու կը գտնեն համաթուրանական հին ծրագիրները վերականգնելու ձգտող Թուրքիոյ կողմէ: Ու տարօրինակ չէր, որ ուղղակի եւ անուղղակի դատապարտանքի արտայայտութիւնները ուղղուեցան Ազրպէյճանին, որքան ալ որ ոմանք փորձեցին «հաւասարակշռութիւն» պահել եւ հակադիր կողմերը հրաւիրեցին ինքնազսպումի, ռազմական գործողութեանց դադրեցումին:

***

Ռազմաճակատին ընդհանուր հանդարտեցումնէն ետք (չենք մոռնար օր աւուր կրկնուող կրակոցները, հրթիռարձակումները եւ թափանցումի նոր փորձերը), Ազրպէյճան տարբեր տարածք տուաւ հակամարտութեան: Ո՛չ ոք թող մատին ետին պահուըտի,  չտեսնելու համար, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայ անհատներու, հաստատութեանց ու դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց դէմ խլուլիկանական արարքները, ոճրային յարձակումները հրահրուած են, կազմակերպուած ու հովանաւորուած՝ Պաքուի աւազակախումբին կողմէ, մի՛շտ զօրակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ «սուլթան» Էրտողանի Թուրքիոյ:

Ճակատին վրայ, ազերիներու յարձակումներուն խորտակումը բացայայտ է: Հայկական բանակին աներեր կեցուածքն ու զոհաբերութիւնը կը վայելէ համայն հայութեան զօրակցութիւնը: Ազերին անգամ մը եւս զգաց, որ հայը աննահանջ կանգնած է իր հողին ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, նաեւ՝ բանակին թիկունքը ամուր է, սկսելով նոյնինքն Հայաստան-Արցախէն, մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր բերդերը: Այս բոլորը, աշխարհի այս կամ այն ծագէն հնչած հրաւէրներուն հետ, զգաստութեան ամէնէն գործնական կոչն են ազերիին եւ անոր կողքին կանգնողներուն:

***

            Հայ պտղավաճառներու դէմ ոտնձգութեամբ սկսած, անհատներու վրայ յարձակումներով շարունակուած եւ հայկական դպրոցի մը ու կեդրոնի մը վրայ խուլիկանական արարքներով նոր ծաւալ ստացած ազերիական յելուզակութիւնները, վատոգի արարքները նախ եւ առաջ կը կարօտին տարբեր երկիրներու պատկան մարմիններուն, ապահովութեան սպասարկութեանց ազդու միջամտութեան: Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած են քանի մը տասնեակ յանցագործներ, որոնց դէմ պէտք է կիրարկուին օրէնքին թելադրած խստագոյն պատիժները, որպէսզի աւազակաբարոյ խուլիկաններ չհամարձակին կրկնել թրքաբարոյ արարքներ: Նոյնը՝ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր թուրք-ազերիական «գորշ գայլեր»ը կը փորձեն կամ պիտի համարձակին ցոյց տալ իրենց ժանիքները:

Հայկական կողմը եղաւ ու կը մնայ օրինապահ: Պաշտօնական հեղինակութիւններ կոչ կ’ուղղեն չիյնալու թուրք-ազերիական սադրանքներուն մէջ, իրաւապահ մարմիններուն վստահիլ ոճրագործներուն եւ յելուզակներուն հետապնդումը, անոնց դէմ պատիժներու տնօրինումը:

***

            Այս բոլորը՝ շատ բարի: Սակայն ինչպէս որ Հայաստանի ու Արցախի սահմանն ու հողը պաշտպանողին համբերութիւնը սահման ունի, նոյնպէս ալ աշխարհատարած հայութեան համբերութիւնը ունի սահման: Թուրք-ազերիական հակահայ արարքները աննախընթաց չեն. մասնաւորաբար Ապրիլ 24-ի օրերուն, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ, հայկական յուշակոթողներ ու հաստատութիւններ թրքաբարոյ յարձակումներու, պղծումի ենթակայ դարձած են, յանցագործները մեծ մասամբ մնացած են «անգտանելի» եւ անպատիժ: Այս հանգրուանին, յարձակողականը տարբեր տրամաբանութեամբ կազմակերպուած է ու տարբեր մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ հայուն համբերութիւնն ու հանդուրժողութիւնը:

…Մեր ձեռքին ունինք ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու երգարան մը, որ կը բովանդակէ շուրջ 200 երգ: Ծանօթ է, որ մեր այս երգերը ընդհանրապէս հերոսներու, պատմական դէպքերու, ճակատամարտերու եւ հերոսպատումներ տեսած վայրերու ներբողականներն են, յաճախ նաեւ զոհաբերութեան եւ ինքնավստահութեան պատկերումներ: Խանասորի արշաւանքին (որուն տարեդարձը կը նշենք այս օրերուն) նուիրուած երգերն իսկ յարիր են հայու ասպետական նկարագիրին:

Երգերու շարքին, կայ «Կտրիճին ձայնը» խորագրեալ երգ մը, որ իւրայատուկ է, անոր նմանը չկայ (կը կարծենք): Երգին չորրորդ տունը շատ ուշագրաւ է եւ չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան: Ահա թէ ինչ կ’ըսուի հոն.

«Աչքերի դէմ աչքեր հանենք,
Ատամի տեղ՝ ատամներ,
Մեր մէկ հաւը գողացողին
Ամբողջ տո՛ւնը թալանենք»:

Այս մէջբերումը չենք կատարեր իբրեւ բրտութեան դիմելու մարտակոչ, այլ յիշեցնելու՝ որ այս երգը թուրքին ոճրային արարքներու նախընթացներէն ծնած է եւ թէ՝ սահման ունի  համբերութեան բաժակը անգա՛մ ամէնէն խաղաղասէրին ու հանդուրժողին, որմէ ո՛չ ոք կրնայ խլել ինքնապաշտպանութեան եւ արդար հատուցում պահանջելու իրաւունքը:

24 Յուլիս 2020

Նախորդը

«Հայե՜ր Միացէ՛ք, Միացէ՛ք Հայեր»

Յաջորդը

Լորիկ Կամ՝ Թատերական Հրաշագործութիւն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?