Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Կաթողիկոսութեան Բաբախուն Սիրտը
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ Առաջնորդական Փոխանորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին «75 տարիներ շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եղաւ լոյսի ու յոյսի փարոս եւ մարդակերտումի դարբնոց՝ ի սպաս մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին» (Արամ Ա. Կթղ.)։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը այն կառոյցն է, ուր կուգան Հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ եւ կը դառնան եկեղեցւոյ եւ ազգի սպասաւորներ։ Դպրեվանքը սակայն, միայն եկեղեցականներ չի...




















