ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
Պատանի մը կամ պարմանուհի մը դուռդ թակեց եւ հրամցուց … տուփ մը սալոր:
Շնորհակալութիւն յայտնեցիր: Հաւանաբար մէկ-երկու խօսք ալ ըսիր` վարձքդ կատա՛ր եւ այլն:
Բայց կ՛ուզեմ գիտնաս, որ ստացածդ լոկ տուփ մը սալոր չէ:
Հակիրճ պատմեմ, որպէսզի յետոյ բացատրեմ, թէ ճիշդ ի՞նչ է ստացածդ:
Ազգային մը ամբողջ տարի մը Այնճարի իր սալորի այգին խնամելէ, դեղելէ, պարարտացնելէ ետք, իր այդ գուրգուրացած այգիին բերքը շուկային տալու շահախնդրութիւնը չունէր:
Բարեկամներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շահ չ՛ակնկալեր, այլ կը փափաքի ձեւ մը գտնել այդ այգին օգտակար դարձնելու, նուիրելու անոր պտուղը: Այլ ազգային մը պատրաստակամութիւն յայտնեց քաղելու, տուփերու եւ փոխադրութեան ծախսը հոգալու:
Ինչպէս միշտ, զրոյցի ատեն նոր միտքերով կը յղկուի եւ կը բարելաւուի գաղափարը: Գործնական դաստիարակութեան նպատակով, փոխանակ բանուորներու վճարելու, գաղափար ծագեցաւ, որ ինչո՞ւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց անդամները չքաղեն, չծրարեն ու չբաժնեն սալորը: Ազգայինը յանձն առաւ պատանիներու Այնճար երթուդարձն ու հոն անոնց կերուխումը:
Այդպէս ալ եղաւ:
Հիմա, սիրելի՛ ազգակից, մաղթեմ սալորի շուկայի գինով չգնահատես այդ նուէրը:
Տուփ մը սալոր չէ՛ քեզի մատուցուածը:
Այլ` քեզի նման հայորդիներու ժամանակը, քրտինքը, մտածելը քու մասիդ, եւ, ամէնէն կարեւորը, սէրը, որմէ կը բխին այս տեսակ միտքերն ու գործերը:
Ի՞նչ սալոր…