Պէյրութի Նաւահանգիստն Ու Հայոց Պատմութիւնը
ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստը, որ արդէն մէկ շաբաթ է համաշխարհային հետաքրքրութեան ու կարեկցանքի առարկայ է՝ հոն տեղի ունեցած աղետաբեր պայթիւնին հետեւանքով, պատմական կարեւոր վայր մըն է հայութեան համար։ 1921-ի վերջին ամիսներուն եւ 1922-ի սկիզբը քեմալական իշխանութեան տակ նոր անցած Կիլիկիայէն Լիբանան ապաստանած շուրջ 10-20 հազար հայերուն մեծ մասը Լիբանան մուտք գործեց Մերսինէն Պէյրութ ուղղուող նաւերով։ Նաւահանգիստին մօտ գոյացան հայ...


















