Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական․ Կը Կոտրե՞ն Թուրքիոյ Ճանկերը Եւ Ժանիքները

Օգոստոս 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները՝ Մ․Նահանգներու միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ ոչ-պատերազմիկ Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բեմադրութիւնը եւ անոր Անգարայի զայրացկոտ հակազդեցութիւնը խորհելու տեղիք կու տան։

ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ա՛յդքան արժեւորումը Էմիրութիւններու հետ համաձայնութեան, իսկապէս որ համոզիչ չէ, մանաւանդ որ յարաբերութիւններու բնականոնացման գինն ալ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի հատուածներու Իսրայէլի կցումը բացառելն է։ Իսրայէլի նմանօրինակ բոլոր արարքները, թէկուզ Սպիտակ տան օրհնութեամբ, միջազգային օրինականութիւն չունին եւ՝ ինչպէս գրաւուած պահուիլը, ապօրէն ալ պիտի մնան մինչեւ իրադրութեան փոփոխութիւն։

Հետեւաբար, կ᾿ենթադրենք որ անիկա արտաքին աշխարհին ներկայացնելու ընդունելի ծրարում մըն է, ուրիշ ոչինչ։ Խորքային այլ գործառնութիւն մը ծածկելո՛ւ ծառայող փաթեթաւորում։

Արդարեւ, հետևելով շրջանին մէջ շարունակուող խմորումները, զորս թխողը Անգարան է իր մեծապետական նկրտումներով, հակուած ենք կարծելու, որ Արաբական միացեալ էմիրութեան գործառնութեան առարկան՝ Քաթարէն Սոմալի, Լիբիա, Ալպանիա, Սուրիա, Ատրպէյճան, Իրաք եւ Կիպրոսի գրաւեալ գօտի տարածուող ցամաքային, օդային թէ ծովային ուժերու խարիսխներով տարածուած թրքական ցանցը զսպելն է։
Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ Էմիրութիւնները շրջանային հիմնական դիմադրողն են թրքական թափանցման, գլխաւորաբար հակադրուելով թրքական իշխանութիւններու քաղաքական իսլամի՝ Իսլամ եղբայրներու գաղափարախօսութեան, որուն յայտարարուած նպատակը իսլամական խալիֆայութեան վերականգնումն է։

Եգիպտոս՝ 2013-ի Յունիս 30-ին, բանակի նեցուկը վայելող ժողովրդական խաղաղ ըմբոստացումով, խափանած էր այս ծրագիրի հիմնական՝ բանալի բաժինը, վար առնելով Իսլամ եղբայրներու իշխանութիւնը՝ նախագահ Մոհամմէտ Մորսիով, խորհրդարանի մեծամասնութեամբ եւ մասամբ նորին։ Եգիպտոս հիմնական թիրախ էր այս նախագիծին մէջ, իսկ թրքական երևումը Լիբիա, քարիւղի, գազի աւարին կողքին, խալիֆայութեան թագի կորսուած գոհարին՝ Եգիպտոսին վերատիրանալու հետամտութիւնն է։

Վերադառնալով Իսրայէլի հետ Էմիրութիւններու գործառնութեան, հակուած ենք մտածելու, որ թիրախը Երուսաղէմ-Անգարա գործակցութիւնը խզելու շուրջ է։ Այդտեղ կրնայ իմաստ ստանալ այս քայլը եւ հետեւած Անգարայի աղմուկը։

2018-ի սկիզբ պաշտօնական տեղեկատուութիւն տարածուեցաւ, որ իսրայէլեան բնական գազի հանքերէն Եգիպտոս գազամուղ պիտի ձգուի, հեղուկացման ու ընդծովեայ խողովակաշարով Եւրոպա վերարտահանման նպատակով։ Արդարեւ, գազը հեղուկի վերածելու ենթակառուցուած ունի Եգիպտոս, իսկ մրցակիցը՝ Թուրքիան է, որ ինչպէս քիչ վեր ըսինք, թշնամական յարաբերութիւններու մէջ է Գահիրէի հետ։ 2020-ի սկիզբները այլ տեղեկատուութիւն մըն ալ տարածուեցաւ, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ բնական գազի ենթակառուցուածներուն միջոցաւ Իսրայէլ արտահանումը պիտի կատարէ Եւրոպա։ Մինչ այդ, 15 միլիառ տոլարի համաձայնագիրը գործադրութեան դրուած էր Իսրայէլի եւ եգիպտական մասնաւոր ընկերութեան մը միջեւ։

Թուրքիոյ շարժումներէն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ բացասական բոլոր հետեւանքները յանձն առնելով, արկածախնդրութեան անձնատուր եղած է Անգարա։ Իր մղումին մէջ ան նոյնիսկ վտանգի կ᾿ենթարկէ իր ձեռք գտնուածը, ձգտելով ծառի վրայ ձուադրող թռչունին։ Եւ ասիկա իսկապէս մտահոգիչ է Թուրքիոյ դրացիներուն համար, բոլոր ուղղութիւններով։

Թուրքիա կը ջանայ յոխորտանքով պարուրուած ծովահէնութեամբ հարստութեան աղբիւրներ ձեռք ձգել, որոնց կարիքը ունի իր աշխարհակալական ծրագիրները կեանքի կոչելու համար։

Եւ կարծես թէ թրքական այս անզուսպ յանդգնութիւնն է որ անհանգստացուցած է Ֆրանսայի, որ կարճատեւ նահանջէ ետք վերստին թատերաբեմ վերադարձաւ մարտանաւով և ռմբակոծիչներով։

Այս համապատկերով իմաստ մը կը ստանայ Էմիրութիւններու քայլը՝ զայն դիտելով, Սպիտակ տան օրհնութեամբ Իսրայէլի առնուազն չէզոքութիւնը ապահովելու դիտաւորութիւն։ Եւ հոսկէ ալ թրքական անթաքոյց զայրոյթը։

Հիմա հերթը Անգարայինն է։ Ի՞նչ պիտի առաջարկէ Երուսաղէմին, որ նժարը իր կողմը թեքէ։ Արդեօք հնարաւորութիւն ունի՞ միջազգային ուժերու այս դասաւորման մէջ շարունակելու իր յոխորտալից արկածախնդրութիւնը։

Կարծես թէ աշխարհը կուլ տալու թրքական ախորժակին դէմ հազուադէպ կամք կը դրսեւորուի այսօր, ինչին անցնող հարիւր տարուան ընթացքին չէր հանդիպած միջինասիական գորշ գայլը։ Օրերը յղի կը մնան։

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

«Արեւմտեան Հայաստանի Մէկ Բաժինը Հայ Ժողովուրդին Տալու Համար, Պէտք Էր Գոնէ 150,000նոց Բանակ Ուղարկել Այդ Շրջանները»

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?