Անդրադարձ

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հոգածութեան Առանցքը Կը Կազմեն Առաւելաբար Մանուկներն Ու Պատանիները

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հոգածութեան Առանցքը Կը Կազմեն Առաւելաբար Մանուկներն Ու Պատանիները

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 1939-ին Միհրան Գարակէօզեան ամոլը իր վաղամեռիկ զաւկին` տարաբախտ Հաուըրտին ծանր կորստեան ցաւը ամոքելու եւ հայ ազգի զաւակներուն օրհնութիւն բերելու միտումով հիմնեց «Հ. Գարակէօզեան» մանկախնամ հաստատութիւնը: Այս հաստատութիւնը աւելի քան ութսուն մէկ տարի երախտարժան գործունէութիւն տարած է սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանի հայ ազգի զաւակներուն, նաեւ ոչ հայ ընտանիքներուն համար: Այս իմաստով վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը...

Կը Դրսեւորուի՞ Ընդդիմութիւն Թուրքիոյ  Նոր-Օսմանական Կայսերապաշտութեան

Կը Դրսեւորուի՞ Ընդդիմութիւն Թուրքիոյ Նոր-Օսմանական Կայսերապաշտութեան

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Այլեւս դիւանագիտական զգուշութիւններէն հեռանալով, արեւմտեան մամուլը, քաղաքական շրջանակները եւ հանրային կարծիքը կը թուի թէ աւելի քան մտահոգ են Թուրքիոյ նախագահի նոր-օսմանական յարձակապաշտ նախաձեռնութիւններով: Ան կը խօսի եւ կը գործէ որպէս մեծ պետութիւն: Պիտի չզարմանամ եթէ վաղը ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ մնայուն աթոռ մը պահանջէ: Արեւմուտքը իր հակախորհրդային առճակատման համար գործածեց Թուրքիան, ըրաւ լիաբուռն յատկացումներ, զինեց ժամանակակից գերարդիական զէնքերով:...

Վերջին Զրոյցը  (Ընկեր Սամ Խայեաթի Յիշատակին)

Վերջին Զրոյցը (Ընկեր Սամ Խայեաթի Յիշատակին)

ՀՐԱՉ Նոր մտած եմ թրամուէյ: Միջերկրականեան տօթին ու խոնաւութեան` հաճելի է ներսի զովացուած օդը: Օրաթերթս բացի ու հազիւ սկսած կարդալ` հեռախօսս թրթռաց: Եղբայրս է. «Մանէքսը հեռաձայնեց, գէշ լուր մը տուաւ. ընկեր Սամը յանկարծամահ եղեր է»: ... Եւ մտապաստառիս վրայ սկսաւ ֆիլմը, աւելի քան քառասուն տարուան ապրուած օրերու պատմութիւն մը, իր բոլոր ելեւէջներով, երջանիկ ու տխուր իր հոլովոյթով, իր տաք ու...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ծո՜վ Համբերութիւն Լիբանանահայութեան

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Պէյրութը աղէտի գօտի է: Պէյրութը սուգի մէջ է: Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ անբաժան մէկ մասը Պէյրութին, ինքն ալ իր կարգին ունի վնասներ: Ինքն ալ իր կարգին ունի մարդկային եւ նիւթական կորուստներ: Այսօր աննախընթաց պատկերի մը առջեւ կը գտնուինք: Լիբանանահայութեան ժպիտը կորսուած է: Կենսունակութիւնը` շոգիացած: Յոյսի եւ կամքի ջիղը` տկարացած: Ամէն բանէ առաջ պէտք է գօտեպնդուինք եւ բոլորս հասնինք այս անզուգական...

Անդրադարձ.  Մոմ Վառելով Լոյս Սփռելու Պահը

Անդրադարձ. Մոմ Վառելով Լոյս Սփռելու Պահը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Տնտեսական ու ելեւմտական ծանր պայմաններէն ու «Քորոնա» ժահրի հետզհետէ ահագնացող համաճարակէն ետք, 4 օգոստոսին Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը ստացաւ երրորդ ծանր հարուածը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած 2750 թոն ամոնիոմ նայթրէյթի պայթումը քանդեց Մայրիներու երկրի մայրաքաղաքին շուրջ 40 առ հարիւրը եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր արուարձաններուն, ներառեալ` հայկական թաղամասերը: Իրերայաջորդ երրորդ հարուածը սակայն չի կրնար տապալել լիբանանահայ փիւնիկեան...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ա.Մ.Ն. – Ընտրական Հորիզոն. Սկիզբն Ու Վախճանը Յայտնի Ժապաւէն Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու քուէարկողները հազիւ 2.5 ամիս հեռու են նախագահական ընտրութիւններէն: Դեմոկրատներու համագումարին վրայ վարագոյրը իջաւ եւ բացուեցաւ ընտրապայքարի «վերջին մրցավազք»ի բեմադրութիւնը, որ ունի բազմաթիւ ենթապատկերներ: «Վերջին մրցավազք»ի ազդանշանը կը նկատուի, ձեւով մը, Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ Ճօ Պայտընի թեկնածութեան որդեգրումը: Քանի մը օրէն, Հանրապետական կուսակցութիւնը եւս պաշտօնապէս պիտի ճշդէ իր թեկնածուն, որ յայտնապէս պիտի ըլլայ անխուսափելի Տանըլտ Թրամփը, պիտի...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Գրադարանի Մէջ Տեղ Չգտած Վկայութեան Էջեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Օգոստոսի ծուլացնող այս օրերուն, գարադարանիս մէջ տեղ գրաւելու պատիւէն զրկուած եւ ասդին-անդին դիզուած թերթեր ու պրակներ խառնշտկեցի, հինի եւ հինցածի բեռէն ազատելու համար տան տարածութիւնը: Սենեակներն ալ շնչելու իրաւունք ունին: Եւ տոպրակներով թուղթեր աղբաման գացին: Վերջին պահուն, դէզին մէջէն  պրակ մը աչք քթթեց: Կողքի երեք գոյները փրկեցին զինք: 82 տարի առաջ տպուած պրակ մը: Ֆրանսայի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէն,...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Քաղաքակրթութեան Թեքումներուն Եւ Լաբիրինթոսին Մէջ – Բ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Պատահական չէ, որ Միջագետքի մէջ կազմաւորուած քաղաքակրթութիւնները, մասնաւորապէս՝ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու հովիտներուն շրջանը, անընդհատ փոխուած են, սակայն Հայկական լեռնաշխարհի մէջ կազմաւորուած հայկական քաղաքակրթութիւնը շարունակած է պահպանել իր գոյութիւնը եւ կայուն կերպով զարգանալ: «Լեռնականը՝ ուզէ չուզէ, պէտք է պարկեշտ, պատշաճ, հիւրասէր, աշխատասէր, հետաքրքրասէր, ֆիզիքապէս եւ բանականօրէն առողջ, պահպանողական, ջատագովը հասարակական եւ անհատական կարգապահութեան, նախաձեռնող եւ յանդուգն ըլլայ եւ...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Դիտենք Նոր Հիրոշիման Եւ Նոր Նակազաքին, Վերականգնենք Հայրենատիրութիւն Եւ Հպարտութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Համացանցային էջի մը վրայ երկու քաղաքներու  լուսանկարներ:             Նախանձ առթող լուսանկարներ, որոնց բաղդատուելով հայը կը խեղճանայ:             Երկու քաղաքներ՝ որոնց վրայ պայթած էին հիւլէական ռումբերը:             Հիրոշիմա եւ Նակազաքի՝ 1945ին ռմբահարութենէն ետք եւ 2020ին…             Այսօրուան Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի պատկերները դիտող անտեղեակ անձը չի կրնար երեւակայել, թէ ի՞նչ պատկեր պարզած են անոնք 1945ին:             Միամիտի ցաւով կը բաղդատեմ...

Աշխարհ Կրաւորական Հանդիսատես  Համաթրքականութեան Նոր Արշաւանքին

Աշխարհ Կրաւորական Հանդիսատես Համաթրքականութեան Նոր Արշաւանքին

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչէփ Թայիպ Էրողան աշխարհի կրաւորականութենէն քաջալերուած համաթրքականութեան (panturquisme) հին-նոր մեծ երազը կը հետապնդէ: Իրմէ առաջ Սուլէյման Տեմիրէլ արդէն ըսած էր, որ Թուրքիան կը տարածուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան. համաթրքականութեան առանցքային միտքը: Շահախնդրուած եւ հոգեբանական կուրութիւնը անբուժելի ախտ է: Օրին ըսուածը երբ չենք լսեր, չլսուածը մոռնալու կարիք չ’ըլլար, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, մեր հանգիստը կը կարծենք չխռովել:            ...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Վահան Զանոյանի Յօդուածին Առիթով․ Կրնա՞նք Տոկալ Բազմաթիւ «Նոր Շարժառիթ»ներու Կորսուած Հնարաւորութիւններուն

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Վերջերս մամուլին մէջ լոյս տեսաւ («Հետք» կէտ Էյ Էմ եւ «Ազդակ») Վահան Զանոյեանի «Նոր շարժառիթ համահայկական զարթօնքի եւ միաւորման» խորագրով յօդուածը։ Հոն, հեղինակը ախտաճանաչում մը կը կատարէ Հայաստանի ներկայ քաղաքական դաշտի (իշխանութիւն-ընդդիմութիւն) իր պատկերացումներուն եւ կ՚առաջադրէ լուծումներ։ Սկիզբէն իսկ կ՚ուզենք հաստատել, թէ մեր ըսելիքները բացարձակապէս չեն մեկնիր նախորդ տասնամեակներուն Հայաստանը ղեկավարած ուժերուն-անհատներուն նկատմամբ մեր տածած համակրանքէն, կամ հակակրանքէն։...

Լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով նուիրահաւաք՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում

Լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով նուիրահաւաք՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնից մարդկային եւ նիւթական զգալի կորուստներ կրած լիբանանահայութեանը զօրակցելու նպատակով՝ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի յանձնախումբը կեանքի է կոչել «Լիբանանահայութեան օժանդակութեան յանձնախումբ»՝ Նոր Ջուղայում եւ Շահինշահրում նուիրահաւաք կազմակերպելու համար։ Յանձնախմբերի կազմերում ընդգրկուած են Նոր Ջուղայի ու Շահինշահրի միութիւններից մէկական ներկայացուցիչներ եւ համայնքի այլ անհատներ։ Նուիրահաւաքի մեկնարկը տրուեց երկուշաբթի՝ 2020 թուականի օգոստոսի 17-ի երեկոյեան։ Առաջին օրուայ ընթացքում, յանձնախումբի աշխատանքին ծանօթանալու,...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Եւ Լիբանանահայութիւնը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Արդարեւ, անհերքելի է այն փաստը, որ հակառակ աշխարհաքաղաքական, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական ներկայ անորոշ ճգնաժամին, մանաւանդ լիբանանահայութեան տագնապալի այս օրերուն, յատկապէս 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք որոշ շրջանակներու կողմէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու, համայնքը տկարացնելու, պառակտելու եւ գաղութի ղեկավարութեան դէմ ընկերային ցանցերու վրայ շղթայազերծուած արշաւը կ՛ապացուցէ, որ այս փուլին անհիմն զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ հնչեցնողները բնաւ անմեղ չեն եւ...

Անդրադարձ.  Գլխաւորն Ու Իսկականը

Անդրադարձ. Գլխաւորն Ու Իսկականը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնազրկած է Վրաստանի եւ Սերպիոյ մէջ իր երկրին դեսպանները, որոնք պաշտօնապէս ձերբակալուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ փտածութեան հարցով քրէական գործի յարուցման ծիրին մէջ: Ճիշդ մէկ ամիս առաջ` 16 յուլիսին միեւնոյն հետաքննութեան ծիրին մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն հեռացուած էր Էլմար Մամետեարով: Անտրամաբանական է, որ...

Անթիլիասի Ձեռագիրներն ու Հնատիպները Վերադասաւորման Ընթացքի Մէջ

Անթիլիասի Ձեռագիրներն ու Հնատիպները Վերադասաւորման Ընթացքի Մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքին: Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներուն: Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան...

«Երբ Հայերէնին Լրջօրէն Մօտենանք, Շատեր Կը Հետաքրքրուին»

«Երբ Հայերէնին Լրջօրէն Մօտենանք, Շատեր Կը Հետաքրքրուին»

ՄԱՐԻԼԻՆ ՉԱՐԵԱՆ   Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր ստացած է իր կրթութիւնն ու ուսումը։ Ապա ուսանած է Գերմանիոյ մէջ։ Ազգային խոր համոզումներու հիման վրայ ան կը զգայ մայրենի լեզուին կարևորութիւնը, նկատելով զայն որպէս ինքնութեան զատորոշիչ գիծ, և ունի իր մտահոգութիւնը՝ լեզուի սփիւռքեան նահանջին համար, եւ զայն կը համարէ հաղորդակցութեան և շփման միջոց աշխարհի մէջ սփռուած հայութեան համար: Մտահոգ արևմտահայերէնի նուաղումով՝ նուիրուած...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ Քաղաքակրթութեան Թեքումներուն Եւ Լաբիրինթոսին Մէջ – Ա.- Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Մօտըրն Տիփլոմասի» կայքէջին մէջ 9 օգոստոս 2020-ին, Վալերի Փօլ (Valery Paul, PhD), վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է (In The Bends And Labyrinths Of Civilizations), որ հայ ժողովուրդի յատկանիշներուն մասին է (1), եւ (4): Այս կայքէջը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ միջավայր՝ արժեւորելու միջազգային բարդ խնդիրներ, որոնք յաճախ Արեւմտեան լրատուամիջոցներէն եւ ակադեմական շրջանակներու սահմաններէն դուրս կը մնան: Այնտեղ կան...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Լիբանանին Մէջ Մեր Դէմ Մղուող Այս Արշաւին Առիթով

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Վիրաւոր, հիւանդ, տկար ու ցաւի մէջ տնքացող անձը խոցելի կ՛ըլլայ։ Նոյնպէս ալ հաւաքականութիւնները։ Օգոստոս 4ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած պայթումը ոչ միայն ֆիզիքական մեծ քանդումի եւ մարդկային կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլեւ հոգեբանական լուրջ հարուած հասցուց ժողովուրդին, ներառեալ նաեւ՝ լիբանահայութեան։ Մեր կորուստները մեծ են։ Ցաւը նոյնպէս։ Այս ծանր մթնոլորտին մէջ, փոխանակ ուժերը գումարելու եւ համախմբուելու, փոխանակ թրքական իրական ու...

Աստուծոյ Սիրոյն

Աստուծոյ Սիրոյն

ԴՈՒԻՆ          Աստուծոյ սիրոյն ձեր աչքերը լաւ բացէ՛ք  եւ  տեսէ՛ք տարուած հսկայական աշխատանքը: Աղէտը ահաւոր էր, «Քորոնա» ժահրի արհաւիրքէն  չազատած եկաւ տնտեսական տագնապը, որուն  յաջորդեց արհաւիրքներուն հզօրագոյնը... խլեց անմեղ զոհեր, քանդեց տուներ, անտուն ձգեց հազարաւորներ, որբ ձգեց մանուկներ, այրի ձգեց կիներ եւ ամուսիններ, անզաւակ ձգեց ծնողներ...: Բացէ՛ք ձեր աչքերը, լա՜յն բացէ՛ք, հասկցէ՛ք պատահածը, նայեցէ՛ք, թէ ի՞նչ կրնաք ընել: Աստուծոյ սիրոյն լարեցէ՛ք...

Զգոյշ՝ Սուրիահայութեան, Լիբանանահայութեան Եւ Հայրենիքի Կենսական Առկայութիւնը Չվերածենք Պերմուտայի Եռանկիւնի Կլանող Յորձանուտի

Զգոյշ՝ Սուրիահայութեան, Լիբանանահայութեան Եւ Հայրենիքի Կենսական Առկայութիւնը Չվերածենք Պերմուտայի Եռանկիւնի Կլանող Յորձանուտի

ԺԱՆ ՀԱԼԱՃԵԱՆ Ո՜վ զարմանալի, Գաբրիէլ հրեշտակապետը եւ Սադայել սատանայապետը իրենց վիճակուած առաքելութիւնը, փոխ շահաւէտ համագործակցութեան վերածած, այսօր կը դեգերին Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն գլխին, ձեռք-ձեռքի տուած, հոյակապ համաչափութեամբ մահուան թանկօն ու վալսը կը կատարեն: Կատաղի վայնասունային հեւքով արբշիռ, լայն բանալով մահուան ուրկանը, ցնծութեամբ կը շեփորեն մահուան փողը: Միւս կողմէ, մահասփիւռ գերանդին կը սրեն, անմեղ մարդոց անյագ հունձքով մը, առաւել մրցանիշ...

Page 376 of 807 1 … 375 376 377 … 807

Արխիւներ