Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղէտի Բնագիտութիւնը

Օգոստոս 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ներանձնական.- Քանդումը բաղդատաբար փոքր էր բայց յանկարծ դադրեցան ելեկտրականութիւնը, հեռաձայնն ու համացանցային կապը: Չունէինք ջուր, դուռ կամ վարագոյր: Ծայր տուած էին խուճապահար փախուստն ու տարաձայնութիւնները: Ձայներէն դատած՝ բազմաթիւ անձերու նման համոզուած էի որ ենթարկուած ենք օդային յարձակումի: Այս անորոշութիւնը տեւեց շուրջ երկու օր:

Տեսաերիզները ցոյց կու տան պայթիւնի հիմնական փուլերը: Առաջինին մէջ կը տեսնենք մոխրագոյն ծուխ: Այդ կրնայ համապատասխանել նաւթային վառելանիւթի: Երկրորդ փուլին մէջ կը զօրանայ սպիտակ ծուխը եւ կը տեսնուին բազմաթիւ փոքր փայլեր, որոնք կրնան համապատասխանել հրավառութեան պայթուցիկներու: Այս տեւեց աւելի քան տաս վարկեան: Բաւարար ժամանակ՝ որպէսզի առաջին փոքր հրդեհի պատասխանատուն հեռանար թատրէն:

Միաժամանակ կը լսուէին այն ճարճատիւնները որոնք շփոթեցինք օդանաւերու աղմուկին հետ: Բայց օդանաւերու որոտը շատ աւելի կարճատեւ կ’ըլլայ, արագ կը զօրանայ եւ կը մեղմանայ երբ ցած թչիչք կատարող ռազմական օդանաւը արագ մօտենայ եւ հեռանայ: Մինչդեռ հրդեհի աղմուկը տակաւ կը զօրանար:

Երրորդ փուլը տեւեց լոկ երկվարկեաններ, երբ տեսնուեցան հրաշէկ բոց եւ սպիտակ «սունկ» մը տարածուեցաւ եւ չքացաւ: Ա՛դ էր որ ստեղծեց մեծագոյն վախը եւ շփօթը: Ոմանք անմիջապէս երեւոյթը առնջեցին հիւլէական ռումբի հետ: Այդ սխալ է: Հիւլէական պայթումի առաջին ցուցանիշը ուժեղ կուրացնող լոյսն է որ յառաջ կու գայ շողարձակումէն: Այդ կը բացակայէր:

Վերջին փուլը կարմրագոյն մուխն էր: Այդ կը համապատասխանէ վառող բորոկատի (Nitrate): Իրիկուայ լոյսը անոր գոյնը աւելի մօտեցուցած էր կարմրաւունի: Ըստ մասնագէտներու, մուգ գոյնը կը նշանակէ նաեւ որ պայթող նիւթը ռազմական որակի պայթուցիկ չէր, որովհետեւ (փառք տիրոջ) միայն մասամբ վառած էր: Այլապէս գոյնը պիտի ըլլար աւելի հրաշէկ: Այս ամէնէ հասկնալի փուլն էր: Լուսանկարին մէջ տեսնուող սպիտակ ծուխը հաւանաբար պայթուցիկներու հետքն է որ տաք ամպին հետ վեր բարձրացած է:

Օդային հարուածներու «դիպաշարը» շատ աւելի պարզ եւ արագ եւ կանոնաւոր կ’ըլլայ: Կարելի է բացառել այդ վարկածը: Պայթիւնը արդիւնքն էր գետնի վրայ կատարուած գործողութիւններու:

Սնկագիտութիւն.-  Սպիտակ «սունկը», որ շփօթ եւ վախ յառաջացուց, կը կարօտի որոշ բացատրութեան: Այդ պարզապէս կարճատեւ «ամպ» մըն էր: Ամպերը կը բաղկանան ջուրի փոքրիկ կաթիլներէ: սպիտակ են ցերեկով, երբ կը ցոլացնեն արեւու բոլոր տեսանելի գոյները, միչդեռ օդը կը ցոլացնէ գլխաւորաբար կապոյտ գոյնը:

Ջուրի փոքրիկ կաթիլներ կը գոյանան երբ պայթումի պատճառով խոնաւ օդի ճնշումը եւ խտութիւնը յանկարծ սաստիկ կը բարձրանան: Տեսաերիզներու վրայ հիմնուած ամպի ընդլայնումը ձայնի արագութիւնենէն նուազ է (2): Եթէ այդ ցարդ միակ չափումը ճիշդ է, ապա ալիքը (փառք տիրոջ) գեր-ձայնային (super-sonic) չէր: Այսուհանդերձ շատ արագ ընդլայնում: Այդքան կարճ ժամանակի մէջ այդ զանգուածը առիթ չունի իր շրջապատին հետ ջերմուժ փոխանակելու: Նման ընդլայնում ջերմաստիճանի անկում կը պատճառէ: Ի դէպ նոյն սկզբունքով կը բանին սառնարաններն ու զովցնող օդափոխիչները (AC) (3): Նման ամպեր կարելի է տեսնել նաեւ երբ արագ ինքնաթիռներ կը գտնուին խոնաւ մթնոլորտի մէջ: Ամպը կ’անհետանայ երբ կը խառնուի շուրջի տաք օդին: Ջուրի մանր կաթիլները արագ կը շոգիանան:

Գծապատկերը ցոյց կու տայ նաեւ որ ճնշումը ուղղակի զերոյի չդառնար, այլ նախ ուղղութիւն կը փոխէ: Այս որոշ նմանութիւն ունի խամրող ճոճանակի (damped oscillator) որ իր կայուն դիրքին վերադառնալէ առաջ շարժումը կը շարունակէ դէպի միւս կողմ: Այսպիսով ձեր տան ապակիները կոտրին դէպի ներս ապա անոնցմէ մաս մը թափի դէպի փողոց (ուր կանգնած է ձեր ինքնաշարժը): Այս հաստատած եմ անձնական փորձով:

Քիմիական մարզին մէջ ունիմ լոկ տարրական գիտելիքներ: Կրնամ հաստատել սակայն հետեւեալը.- Ինչպէս (պարզացուած) գծանկարը ցուց կու տայ, Ամոնիում Նայթրէյթի (Աւշակածինի Բորոկատ ԱԲ) բաղադրիչներն են թթուածինը, բորոկածինը եւ ջրածինը (O-Oxygen, N-Nitrogen, H-Hydrogen) (4): ԱԲ կայուն մասնիկ (molecule) մը չէ, ենթակայ է քայքայման, այլափոխման եւ իհարկէ պայթումի:

Ինչպէս կարելի է դիւրաւ կռահել, անոր այրումը կ’արտադրէ Բորոկածինի երկրորդ թթուատ (NO2) , ջուր (HO2) եւ այլ նիւթեր: Բորոկածինի թթուատը, որ կը վնասէ շնչառական գործարաններուն, ունի քլորինի (կանաչու՞ն) բոյր (5): Ոչ անձնապէս ես եւ ոչ իմ շրջապատի դրացիները նկատեցինք նման բոյր: Տաք կազերը իհարկէ վեր կը բարձրանան եւ կը տարածուին: Այսուհանդերձ նման բոյրի մը աննկատելի ըլլալը յաւելեալ ցուցանիշ է որ պայթող քանակը այնքան մեծ չէ որքան կը տեղեկացուի:

Աւշակածինի Բորոկատը որպէս պարարտացուցիչ կարելի չէ վեց ամիսէ աւելի երկար ամբարել, մանաւանդ խոնաւ միջավայրի մէջ: Այլապէս պարարտացուցիչի նոսր հատիկները իրար կը միանան եւ կը կազմեն հաստատուն խիտ մարմին: Այդ ունի երկու վտանգաւոր հետեւանք: Նախ այն որ օդը չի կրնար շրջագայիլ հատիկներու միչեւ եւ այդպիսով արգիլել որ դանդաղ այրումէն յառաջացած տաքութիւնը հեռանայ: Ապա այն որ ճնշումի ալիքները շատ աւելի արագ եւ անխոչընդոտ կը տարածուին պինդ մարմիններու մէջ բաղդատած նոսր կակուղ հատիկներու: Այդ եւս կը ծառայէ արագ պայթումի (detonation): Նաւահանգիստի նիւթերը պահուած էին վեց … տարի: Տասներկու անգամ աւելի երկար քան այն որ արտօնուած է:

Աւշակածինի Բորոկատը պէտք է որ ամբարուի իրարմէ հեռու առաւելագոյնս մէկ մեթր խորանարդ ծաւալներով: Մինչդեռ լուսանկարը ցոյց կու տայ թէ նաւահանգիստին մէջ շատ աւելի խոշոր քանակութիւններ միատեղուած էին: Այստեղ հարկ է նշել որ այդ զանգուածը հաւանաբար չպայթէր, եթէ իր քով տեղի չունենար մեծ հրդեհ:

Պատմութեան դասը .- Անցեալ հարիւր տարիներու ընթացքին տեղի ուեցած են ԱԲ-ի առ նուազն հինգ մեծ պայթիւններ, որոնց զոհ գացած են աւելի քան 1300 մարդ: Վերջին պայթիւնը տեղի ունեցած էր գրեթէ ճիշտ տարի մը առաջ, 12 Օգոստոս 2015-ին Չինական Թիան-ճին նաւահանգիստին մէջ, ուր զոհուած էր 173 մարդ եւ կատարուած մեծ աւեր (տես կողքի լուսանկարը): Կը կրկնեմ, այդ տեղի ունեցած էր մոտիկ անցեալին, նաւահանգիստի՛ մը մէջ: ԱԲ-ի զանգուածը այդտեղ 800 թոն էր, այսինքն մեր յայտարարուած քանակութեան լոկ 29%-ը: Ինչպէ՞ս բացատրել նաւահանգիստի տնօրէնութեան անփութութիւնը:

Վարկածներ.- Առաջին վարկածը այն էր որ թերեւս իսրայէլեան օդանաւ մը արձակած է ամերիկեան GBU-43/B-ը որ աւելի ծանօթ է որպէս  «Ռումբերու Մայր» (7, 8):  Այս մտահոգիչ էր այն իմաստով որ նման ռումբեր կը գործածեն տնտեսապէս անօգուտ դարձած, «սպառած» Իւրանիումը (Depleted U238) որ շրջապատը կը թունաւորէ երկար ժամկէտով:  Բարեբախտաբար այդ վարկածը ոեւէ ձեւով չէ հիմնաւորուած: Սպառած Իւրանիումի մասին հարկ է խօսիլ այլ առիթով:

Նուազ ծանօթ վարկած է այն թէ պայթումը համազօր էր աւելի՛ քան 5 հազար թոն ԱԲ-ի: Այս առ երեւոյթ հիմնուած է հիւլէական ռումբերու տեսաերիզներու բաղդատութեան վրայ: Բայց հաշուարկները ծիծաղելիօրէն անհաւաստի են: Կը թուի թէ տիտղոսաւոր հեղինակը հապճէպ բացիկ մը արտադրած է յետին նպատակներով (9):

Երրորդ վարկածը այն է որ պայթած ԱԲ-ի զանգուածը շատ աւելի նուազ էր քան 2750 թոն: Այդ կը համապատասխանէ 1100 թոն TNT-ի (10): «Ռումբերու Մօր» պայթուցիկ զանգուածը կը համապատասխանէ 11 թոն TNT-ի: Ուրեմն Պէյրութի պայթիւնը հարկ է որ ըլլար այդկէ 100 հազար անգամ աւելի ուժեղ: Այդ բարեբախտաբար տեղի չունեցաւ: Հիրոշիմայի կորիզային ռումբը համազօր էր 15 հազար թոն TNT-ի: Պէյրութի պայթիւնը հարկ է որ համապատասխանէր  … բարեբախտաբար …

Պայթիւնը կը համապատասխանէ միայն մի քանի հարիւր թոն ԱԲ-ի: Այստեղ կայ երկու ընտրանք:

Ա.- այն որ զանգուածի միայն շուրջ 1/10րդը կրակ առած է: Ինչպէս վերը նշած էի, այս վարկածին ի նպաստ է այն նկատողութիւնը որ մուխի գոյնը մուգ կարմիր էր: Այսուհանդերձ անհաւանական է միայն այդքան փոքր տոկոս բռնկի:

Բ.- այն որ զանգուածի խոշոր տոկոսը արդէն իսկ նաւահանգիստին մէջ չէր: Այս կէտէն հարկ է որ սկսի քրէական հետախուզութիւնը:

 

  1. youtube.com/watch?v=F-vGkIKxGAg Jjj
  2. Lance R., “The Tragic Physics of the Deadly Explosion in Beirut” Backchannel, 6 օգ 2020
  3. Գիտական եզրն է “adiabatic expansion”. Երբ փոփոխութիւնը ձայնէն շատ աւելի արագ չէ, ջերմաստիճանի (Absolute Temperature -T) եւ ծավալի (Volume -V) յարաբերութիւնն է մօտաւորապէս T ~ 1/V^0.4. Որպէս օրինակ, եթէ 30  աստիճան օդի ծաւալը կրկնապատկուի, ապա ջերմութիւնը կ’իյնայ մօտ -43 աստիճանի:
  4. Այլ գծանկարներ կը փորձեն ցոյց տալ աթոմներու երեք տարածաչափային յարաբերութիւնները: Այդ յաճախ շփօթ կը ստեղծէ:
  5. Քլորինի հայերէն եզրին ծանօթ չեմ: Յունարէնով «քլորոս» կը նշանակէ «կանաչ»:
  6. Կը վնասէ որովհետեւ Բորոկածինը ունի 5 արտաքին ելեկտրոններ մինչդեռ երկու թթուածիմի աթոմները կ’ընդունին չորս: Կը մնայ ազատ ելէկտրոն մը որ կրնայ միանալ այլ մասնիկներու եւ այդպիսով փոխել տուեալ օրկանի բաղադրութիւնը: Այդ կը նշանակէ խանգարում:
  7. Տես youtube.com/watch?v=21JmY1ezAi4
  8. youtube.com/watch?v=FPiFIT40feA&feature=share&fbclid=IwAR00Jqbs0n82FDWtly0Tr25-AP1paWzsWywbQ8O67VZ-TKatSjJJJCJY3uM
  9. linkedin.com/pulse/what-does-fluid-dynamics-tell-us-beirut-explosion-talal-al-housseiny?fbclid=IwAR1gC62WmLMgU2k9GvbQZ-mrb3jTki6fdRxyDvCM_fzLfws57jD1CSyeKfI
  10. Մէկ թոն ԱԲ համազոր է 400 քկ TNT-ի

 

 

 

Նախորդը

Օժանդակութիւններն Ու Ընկերային Ծառայութիւնները Կը Շարունակուին Նաեւ Անհատական Նախաձեռնութիւններով

Յաջորդը

Անուն Տեառն Օրհնեալ Յասմհետէ Մինչեւ Յաւիտեան. Քօղազերծուած Զոհողութիւնը՝ Աստուածամայր Սուրբ Կոյս Մարիամի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?