ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ
Հայկի նման հպարտ կարշնեղ,
Սասնայ Դաւիթի պէս ուժեղ,
Սնած շահած արդար հացով,
Հերոսներ էք, հայու ոգով:
Ձեր կողքին ենք, ձեր թիկունքին,
Քաջ զինուորներ իմ հայ ազգին,
Ցիր ու ցան ենք, բայց միասին,
Մէկ հոգի ենք ու մէկ մարմին:
Ձեր ջանին մատաղ, զինուորնե՛ր,
Մեր նորօրեայ վեհ կտրիճներ,
Դիւցազներ էք, անմահներ էք,
Ձեր շնորհիւ յաղթելու ենք:
Կրակ ու բոց մեր աչքերուն,
Վրէժով զինուած մեր սրտերուն,
Աղօթքները մեր շրթերուն,
Կու գանք ձեզի սիրով անհուն:
Քանի դեռ կանք, չենք առներ կանգ,
Խիտ շարքերով ձեզի կու գանք,
Միասնական ու ներդաշնակ
Անվերջ պայքար, մինչ յաղթանակ:
21 հոկտեմբեր 2020