Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արաբական Հանրային Կարծիքը` Ի Տես Թուրք-Ազերիական Ոտնձգութիւններուն

Նոյեմբեր 7, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ աւելի քան դար մը առաջ որդեգրած ու ներկայիս շարունակուող յանցագործութիւններուն անպատիժ մնալը պատճառ կը դառնայ, որ ան աւելի անկառավարելի մոլուցքով դիմէ ոճրային, ահաբեկչական շարժումներու ծաւալման նպաստող քայլերու` հասնելու համար թուրանական իր նպատակներուն:

Նախքան սուրիական տագնապը` արաբական աշխարհին մէջ որոշակի համակրանք կար Թուրքիոյ ներկայ նախագահին` Էրտողանի նկատմամբ, որպէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս արաբ ժողովուրդի դատին պաշտպան ղեկավար: Այս ալ ունէր իր պատճառները անշուշտ: Էրտողանի` արաբական աշխարհին մօտենալու, պաղեստինեան դատին նեցուկ կանգնելու կեղծ փորձերն էին, որոնք պահ մը այն տպաւորութիւնը թողուցին, որ ան Միջին Արեւելք կ՛ուղղուի  փրկելու համար Պաղեստինն ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն հետ դրական յարաբերութիւններ մշակելով` իշխող դէմք դառնալու:

Այս խաբկանքը, սակայն, շուտով փարատեցաւ, երբ Թուրքիան սուրիական տագնապը հրահրելով` ահաբեկչական շարժման թիրախ դարձուց Սուրիան, հրահրեց հաւատադրժողական ծայրայեղներն ու կրօնի եւ դաւանանքի պատրուակով լարեց զանոնք իրենց իսկ երկրին դէմ, ապա նաեւ իր տարածաշրջանային ծրագիրներուն համար օգտագործեց ահաբեկիչները այլ երկիրներու մէջ` թէ՛ իր երկրի սահմաններէն հեռացնելու, անվերադարձ մահուան գիրք ճամբելով զիրենք, եւ թէ՛ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն ծառայեցնելով այդպիսի վարձկաններ:

Սուրիայէն, Իրաք, Լիպիա, ներկայիս Հարաւային Կովկաս` Արցախ ահաբեկչական շարժումներուն տարածման պատասխանատուն մէկն է` Թուրքիան:

Արաբական աշխարհը, ի տես այս զարգացումներուն, հիմնովին շրջեց իր մօտեցումները եւ ճանչցաւ ինքզինք բարեկամ ներկայացնել փորձող Թուրքիոյ ներկայ նախագահին իսկական դիմագիծը:

Այսօր արաբական շարք մը երկիրներ Թուրքիոյ հետ կը վերաբերին որպէս թշնամի երկիրի: Վերջերս ծայր առած է Թուրքիան տնտեսապէս ճնշելու ծրագիր մը, որուն համաձայն, ժողովրդային ոչ-պետական մակարդակներով արաբական զանազան երկիրներու մէջ թրքական արտադրութիւններու վաճառքը արգիլելու կոչեր կը հնչեն, որոնց բնականաբար կը յաջորդէ թրքական ներդրումային ծրագիրներու մերժումը: Սուրիա, Լիբանան, Լիպիա, Սէուտական Արաբիա եւ տակաւին շարք մը այլ արաբական երկիրներու մէջ թրքական արտադրութիւնները կը մերժուին:

Ժողովուրդներ, տեսնելով միջազգային հանրութեան լռութիւնը, իրենք կը նախաձեռնեն տնտեսական պատիժներու նախնական քայլերու, որոնք տարբեր երկիրներու միջեւ համադրման պարագային կրնան լուրջ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ արդէն իսկ խարխուլ  տնտեսութեան վրայ:

Այս արշաւը կը հասնի նաեւ Եւրոպա: Օրերս Ֆրանսայի մէջ եւս ստեղծուած է թրքական արտադրութիւնները մերժելու շարժում մը:

Այս բոլորին կողքին, արաբական աշխարհի քաղաքական բեմերուն վրայ նկատելի է թրքական ոտնձգութիւնները մերկացնելու յստակ քաղաքականութիւն:

Այս զարգացումները աննկատ պէտք չէ անցնին հայկական դիւանագիտական աշխատանքներու շրջածիրէն: Թուրքիան ահաբեկչութիւն արտածող երկրի վերածուած է փաստօրէն: Ազրպէյճանը այս ծրագրին սատարող գործիք մըն է իրեն համար պարզապէս, որուն սեփական շահերը չեն հետարքրքեր Թուրքիան, որքան` իր թուրանական ծրագիրները:

Արցախի սահմանը ահաբեկչական խումբեր տեղադրող Թուրքիոյ համար սա սկիզբ է միայն: Անոր հեռահար նպատակը Իրան-Հայաստան սահմանը ահաբեկչական թիրախի վերածելէ ետք Հիւսիսային Կովկաս հասնիլ է:

Սուրիական իշխանութիւններ քանիցս զգուշացուցած էին ՄԱԿ-ն ու միջազգային ընտանիքը` ահաբեկիչներու հոսքը ղեկավարող Թուրքիոյ նկրտումներէն, սակայն Իսրայէլի ջրաղացին ջուր լեցնող արեւմտեան երկիրներ լուռ մնացին այս ահազանգին դիմաց, անլրջութեամբ մօտեցան Թուրքիան պատժելու ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ արաբական շարք մը երկիրներու կոչերուն… Արդիւնքը այսօր Միջին Արեւելքէն Հարաւային Կովկաս, ապա նաեւ Հիւսիսային Կովկաս, եւրոպաներ ահաբեկչական շարժումներու տարածումն է:

Այս անտարբերութիւնն է Թուրքիոյ յանցագործութիւնները սնուցող հիմնական գործօնը:

Այսօր Արցախի հայ զինուորը կը պայքարի ոչ միայն իր հողերու բռնագրաւման եւ իր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկելու ձգտող ուժերու դէմ, այլեւ` ահաբեկչական ծաւալող, հսկայ շարժումի մը դէմ: Կը պայքարի առանձին, կը պայքարի նաեւ աշխարհին համար:

Այսօր Ստեփանակերտի ծննդատան եւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ դիտաւորեալ հրթիռակոծումը յստակօրէն կը սահմանեն պատերազմական յանցագործները:

Այս յանցագործները նոյն ահաբեկչական ոճը որդեգրած էին Սուրիոյ մէջ, Լիպիոյ մէջ, Իրաքի մէջ, այսօր` Արցախի մէջ, իսկ անոնց մոլուցքը չսանձուելու պարագային` այլ տարածաշրջաններու մէջ:

Միջազգային ընտանիքը, իր հարցերով տարուած, ցարդ կը թերագնահատէ ահաբեկչական վտանգի այս տարողութիւնը:

«Գ.»

 

Նախորդը

2685 Քմ. Ոտքով` Մեծ Մօր Այցելելու Համար

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մատղաշներու Կտակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?