Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի յուշեր (1)

Նոյեմբեր 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին,– որ է ուսուցչական  եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը,– միաժամանակ  կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան  վարժարաններուն մէջ,  երբ  յունիսի սկիզբները  հայրենի  Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:

Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:

Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:

Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով,– եւ  ահա չորրորդ տարին ըլլալով   տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր յաճախականութեամբ,– այսուհանդերձ անսովոր բախտաւորութիւն մը կը նկատէի զայն, որով մեծապէս շոյուած ու լիացած կը զգայի ինքզինքս, մանաւանդ որ այդ այցելութիւնը առիթ պիտի տար ինծի տեսնելու  եղբայրս, որ 1946-ին փախստական անցած էր Հայաստան՝ անսփոփելի վիշտ պատճառելով ծնողքիս, որոնք  մեռան՝ առանց տեսնելու զինք, իսկ ես զրկուեցայ մեծ եղբօր մը  հոգեթով շուքէն ու  հովանաւորութենէն: Նոյնհետայն պիտի տեսնէի նաեւ մօրաքոյրս եւ հօրաքոյրս, որոնք նմանապէս  հայրենադարձուած էին այդ նոյն տարին, եւ բոլորն ալ հաստատուած էին այն ատեն՝ Կիրովական, ներկայիս՝ Վանաձոր   քաղաքը:

Պիտի տեսնէի մանաւանդ Արտաշէս աշխարհակալի, Տիգրան մեծի, Արշակ Բ.-ի, Դրաստամատի  ու  Մեսրոպի աւանդ ձգած հողը կամ ինչ որ կը մնար անկէ:

Ուրեմն անցագրային (pass-port) ու այցագրային (visa) այլազան ձեւակերպումներու ծիրէն ներս հարկ եղաւ քանի մը անգամ հանդիպիլ Խորհրդային դեսպանատուն, ուր  ազերի գլխաւոր դեսպանին կողքին  իբրեւ «Հայկական գործերու կցորդ» կը գտնուէր  պատուական հայ երիտասարդ մը՝ Նորայր Աւետեանը, որ երեսունը անց  պարթեւահասակ, գեղադէմ,  շատ կիրթ ու տպաւորիչ անձնաւորութիւն  մըն էր, որ պատիւ կը բերէր մեր համայնքին՝ նախ զինք ընտրողներուն ու առաքողներուն, ապա հայութեան՝ յաչս մեր տեղացի հայրենակիցներուն:

Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտցած, թէ  ինչո՛ւ ամէն երթալուս՝ ան գործս կ’աւարտէր, ապա միջոցը կը գտնէր կարճ  արձակուրդ մը առնելու եւ դեսպանատան փոքրիկ պարտէզին մէջ զրուցելու հետս:  Ռուս կին մը կը սպասարկէր մեզի, եւ շատ կը զարմանայի, երբ ամէն անգամ  թէ՛  պաղպաղակ եւ թէ՛ լիմոնադ կը հրամցնէր, մինչ ես  կը տրամաբանէի, որ ասոնցմէ մէկը պէտք է լայնօրէն բաւէր…:

Եղաւ պահ մը, ուր մտքէս անցաւ, թէ Աւետեան ինչ-որ՝ գաղութին ու անոր բաղկացուցիչ տարրերուն մասին  գաղտնիքներ  կ’ուզէր կորզել ինձմէ, սակայն ըստ կարելւոյս վերլուծելով զինք հետաքրքրող հարցերը կամ ուղղած հարցումները, կ’եզրակացնէի, թէ նման բան բացարձակապէս չկար, այլ բոլորովին սովորական նիւթերու շուրջ է որ կը դառնային մեր զրոյցները:

Եդուարդ Պոյաճեան

Դեսպանատուն այցելութիւններէս վերջինին էր, երբ այնտեղ տեսայ հանրածանօթ ուսուցիչ, գրագէտ եւ «Բագին»-ի խմբագիր Եդուարդ Պոյաճեանը…       Բայց ես պէտք է տասնհինգ տարի ետ երթամ՝ հասնելու համար 1950-ի  հոկտեմբերը, այսինքն՝ նախակրթարանի չորրորդ տարուանս վերամուտը  Աբգարեանի մէջ:

*    *    *

Այն տարի քիչ մը ուշ դպրոց արձանագրուեցայ և երբ դասարան մտայ, տեսայ   ալեխառն ու ցրիւ մազերով ուսուցիչ մը,– «չորացած մի տղամարդ, երևի բանաստեղծ կը լինի, բայց աւելի շուտ նման է ցամաք ընկած ծովահէնի, որ երազում է  հեռաւոր  ծովերի ասպատակութիւնները…»,– այսպէս նկարագրած  է Ա. Ծառուկեան անոր  կերպարը («Մեծերը և միւսները», էջ 263),–  որ հանգիստ նստած էր դասարանին կեդրոնը, աշակերտական գրասեղանի մը աթոռի յենարանին  վրայ, նայուածքը ուղղած գրատախտակին, որուն առջև դասընկեր մը բաներ մը կը գրէր: Ան ոչ մէկ ուշադրութիւն դարձուց  վրաս և ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նորեկիս հանդէպ:

Այլ ռնգային շեշտուած ու շատ անախորժ արտասանութեամբ մը,– ուր դժուար էր զանազանել, թէ ձայնը բերնէ՞ն դուրս կու գար, թէ՞ քիթէն,– հարցաքննուող աշակերտին դիմեց դաժանագոյն շեշտով.

–Ո՞րն է այս նախադասութեան սեռի խնդիրը…

Հաւանաբար Եհովան այս նոյն շեշտով հարցուց Կայէնին. «Ո՞ւր է եղբայրդ»…

Ակնթարթի մը մէջ աշխարհը  փուլ եկաւ գլխուս, և անբացատրելի սոսկում մը պատեց էութիւնս  ի լուր  այդ «սեռի խնդիր» կոչեցեալին, որ առաջին անգամ կը լսէի կեանքիս մէջ և բացարձակապէս ոչինչ կ’ըսէր ինծի: Առաջին մտածումս եղաւ, թէ ընկերներս որքա՜ն պէտք է յառաջդիմած ըլլային, որպէսզի նման «գիտելիքի» տիրապետէին և հիմա ալ հարցաքննուէին, և ուրեմն որքա՜ն ետ մնացած պէտք է ըլլայի ես և ինչպէ՞ս պիտի կարենայի յաղթահարել այդ բացը…Ասոնք բոլորը կայծակի արագութեամբ անցան մտքէս՝ մթագնելով գիտակցութիւնս, խորապէս ընկճելով զիս, և անհուն ատելութեամբ մը լեցուեցայ այդ կացութեան խորհրդանիշը հանդիսացող «սեռի խնդիրի»-ին հանդէպ: Կը կարծէի, որ եթէ կարենամ ըմբռնել զայն, բոլոր դժուարութիւններս պիտի փարատէին, և ես պիտի կարենայի վերադառնալ իմ դպրոցական սովորական  ու  հեզասահ առօրեայիս:

Եւ ահա դէմս ունէի ուսուցիչ մը, որ վայրագօրէն թումբ կը կանգնէր անոր:

Այդ ուսոգցիչը Եդուարդ Պոյաճեանն էր:

*   *   *

Չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ բերին հետագայ օրերը, սակայն սա՛ ևս չեմ յիշեր, թէ տարին իր հետ աւարտած ըլլամ, քանի որ բացարձակապէս ոչ մէկ ուրիշ յիշատակ պահած եմ իրմէ ու չորրորդ դասարանի հայոց լեզուի ուսուցումէն ընդհանրապէս:

Այնուհետև ճիշդ տասնմէկ տարի ետք  հանդիպեցայ իրեն այլ դպրոցի մը մէջ, բայց այս անգամ իբրև իր պաշտօնակիցը. ինք   հայոց լեզու կը դասաւանդէր Brevet-ի կարգերուն,  իսկ ես ուսողութիւն եւ ֆրանսերէն պիտի դասաւանդէի  անոնց:   Պատմեցի իրեն մեր առաջին հանդիպումի տագնապներուս և հոգեկան ահաբեկումիս  մասին:  Նոյն շուարած  ու վերացած դէմքով եւ  անորոշ նայուածքով  կը փորձէր խուզարկել ներաշխարհին խորերը. զո՜ւր փորձեր, որովհետեւ ոչինչ յիշեց:

Իսկ  ես շատ  պիտի զարմանայի… եթէ յիշէր:

Դպրոցը ս. Նշանն էր, ուր այնուհետեւ միասին պաշտօնավարեցինք երեք տարի, մինչեւ որ  չորրորդի նախօրեակին որոշուեցաւ, որ միջնակարգը առժամաբար պիտի փակուի, եւ մենք դուրս եկանք  անկէ,  ու  այնուհետեւ կորսնցուցի իր հետքը, բայց ինք չկորսնցուց իմս, եւ ահա տարի մը ետք,  այս հանդիպումը…խորհրդային դեսպանատան մէջ:

Երկուքս ալ անակնկալի եկանք, երբ   պարզուեցաւ, որ հաւասարապէս   հրաւիրուած ենք եւ, ուրեմն, պիտի միասին ճամբորդէինք:

Ես արդէն նաւու տոմսս գներ էի, երբ Պոյաճեան խնդրեց,  որ իրեն ցոյց տամ ընկերութեան տեղը, ուստի միասին գացինք ճամբորդական գրասենեակ:  Մտաւ ու կարճ պահ մը ետք դուրս եկաւ՝ շփոթահար ու ընդվզած.

–250 լո  պահանջեցին,– ըսաւ:

Մինչ ես իրեն ըսեր էի, որ միայն 200 վճարած էի  շաբաթ մը առաջ:

Յայտնապէս ծուռ բանով մը կը սկսէր այս ճամբորդութիւնը:

armenag@gmail.com

 

Նախորդը

Հայկական Զինեալ Ուժերը Բուռն Եւ Յամառ Դիմադրական Պայքար Կը Մղեն Շուշիի Եւ Անոր Մերձակայքին Մէջ

Յաջորդը

Թենիս. Տարուան Վերջին Մրցաշարքը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?