Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծիրանի Յամառ Տունկը

Նոյեմբեր 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Չքմեղանք.– Փառատօնը նոր աւարտած էր, երբ Ազրպէյճան շղթայազերծեց վաղուց սպասուած յարձակումը: Երկար մտորումէ ետք ակնարկը ամբողջացուցի, որովհետեւ ափսոս պիտի ըլլար, եթէ մշակութային գետնի վրայ մեծ ջանքերով իրականացած այս ձեռնարկը եւս զոհ դառնար: Հարկ է շարունակել կեանքը` ի հեճուկս դաժան «Քորոնա»-ի եւ թշնամիներու:

Ուրեմն.-

«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու 6-րդ միջազգային փառատօնը Ուջան աւանին մէջ կայացաւ նոր ձեւաչափով: Սրտապնդող երեւոյթ է, որ հայրենիքի մէջ մշակոյթի մարդիկ վճռական են` թոյլ չտալու, որ համավարակը ջլատէ գեղարուեստական գործունէութիւնները: Ինչպէս նախորդ ակնարկին մէջ նշած էի, ոմանք կը փորձեն մշակութային աշխուժութիւն ստեղծել նաեւ հեռաւոր մարզերու մէջ: Փառատօնը վեց տարի առաջ սկսած էր Երեւան: Յաջորդ տարի կայացաւ Գիւմրիի, ապա Ուջանի մէջ: Միջոցառումները չեն սահմանափակուիր ցուցադրութիւններով եւ քննարկումներով: Կը գործեն այլ ծրագիրներ, յատկապէս` ուղղուած շրջանի պատանիներուն:

Փառատօնը կ՛իրականացուի «Ֆիլմադարան»-ի-մշակոյթի նախարարութեան եւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի աջակցութեամբ: Յուրախութիւն ինծի եւ հաւանաբար երկայն շարք մը այլոց` հովանաւորներու շարքին այս տարի չենք տեսներ «CineDOC-Tbilisi», «Caucasian House», Noosfera կազմակերպութիւններու անունները: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ:

Այս տարի հասկնալի պատճառներով թիւը կրճատուած էր 15 վաւերագրական ժապաւէնի: Փառատօնը նախապէս ունէր ազգագրական բնոյթ, ինչ որ անոր իւրայատուկ բնոյթ կու տար: Կարելի  չէր նաեւ օտար արուեստագէտներ հիւրընկալել գիւղի տուներուն մէջ: Նախքան ազերիական յարձակումը` ծրագրուած էր ժապաւէնները շաբաթական դրոյթով ցուցադրել առցանց: Հանդիսատեսը առիթ պիտի ունենար առցանց քննարկելու եւ քուէարկելու: Պիտի անդրադառնամ չորս ժապաւէններու, որոնք շահեկան են քաղաքական եւ/կամ գեղարուեստական առումով:

Անցում (Pasaran) Նարէ Նաւասարդեան եւ Կարինէ Արոյեան 47 վ. 2019: Հասանելի է համացանցի վրայ:

Բներգ.-  Ժապաւէնը ձեռք կ՛առնէ ցաւոտ եւ այժմէական հարց մը: Ցոյց կու տայ այն լուսանցքային պարապ-սարապ «ֆռֆռացող», բողոքող, բայց քաղաքական առումով անգրագէտ եւ անգիտակից երիտասարդութիւնը, որ խանդավառուեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ»: Երբ աւարտեցան ցոյցերը, եւ վերացան պատնէշները (barricade), կը պարզուի, որ իրենք գիտեն բողոքել, բայց` ուրիշ ոչինչ: Գիտեն, թէ պէտք է, որ նոր բան պատահի, բայց չեն գիտեր` ի՞նչ: Չունին որեւէ տեսլական: Ոմանք գլխիկոր կը մեկուսանան, ուրիշներ կը թափառին աջ ու ձախ եւ կը փնտռեն… նախ եւ առաջ իրենց անձը, ինքնորոյն ձայնը: Կը տեսնենք երեք յետ-«թաւշեայ յեղափոխական» (յետ =post) երիտասարդներ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:

Ժոռ (28 տ.), «թաւշեայ յեղափոխութիւն» եղած է ծեծկռտուքի Տորք Անգեղ, բայց այժմ խաղաղասէր է, իր աւերակ «հայաթ»-ին մէջ կը պահէ ոչ նուազ քան 46 անտէր շուն: Աշխատած է որպէս կենդանաբանական պարտէզի կենսաբան եւ որպէս Յիսուսը կերպարաւորող (ձախորդ) դերասան: Առաջին անգամ կը մասնակցի քուէարկութեան: Կը տեսնենք խումբ մը այլ երիտասարդներ, որոնք կ՛անցնին ընտրական կեդրոնի առջեւէն` առանց ներս մտնելու: Ժոռ կ՛ըսէ, թէ այդ նաեւ վերջին անգամն է, որ կը մասնակցի, որովհետեւ այլեւս ինք ոչինչ չի «ջոկում»: Ժամանակը կ՛անցընէ նորաբոյս փապերու մէջ` «ուռելով» եւ խնամելով շուներ, որովհետեւ անոնք աւելի մարդամօտ են, քան մարդիկ (1):

Սաշկա աղջնակի կերպարանքով քանատացի երիտասարդ մըն է, որ շտապեր է գալ թշուառ Վանաձոր, զոր ընտրած է, որովհետեւ կեանքը այդտեղ աւելի դանդաղ է, քան Քանատա, կարելի է հանդարտ խոկալ (2): Թերեւս կը ներկայացնէ արտասահմանեան մշակոյթի մէջ կազմուած այն երիտասարդները, որոնք կ՛որոշեն գտնել իրենց ակունքները: Գլխաւոր զբաղումն է` մարդոց ծանօթանալ յատկապէս փապերու մէջ… յատկապէս` «ուռող» երիտասարդներու: Կը թուի, թէ որոշ գումար մը բերած է իրեն հետ: Մէկ-երկու քանատաբարբառ հայերէն նախադասութենէ ետք կ՛անցնի փապաբարբառ մոտայիկ անգլերէնի: Կը փորձէ հայերէն բառեր սորվիլ: Սաշկա եւս տակաւին չէ ջոկած, թէ ի՛նչը ի՞նչ ա: Մինչ այդ ժապաւէններ կը պատրաստէ սուրճ պատրաստող կիներու շուրջ:

Արտակ (27տ.) «եթերային նորարար» անքուն քուչի (շնիկ) մը, որ ցոյց-հաւաքներուն կը մասնակցի իր խաւաքարտէ փոքրիկ հրասայլով: Այժմ ինքնաաքսորուած է, արտառոց զգեստներ  հագին` թափթփած տան մը մէջ իր ընկերներու հետ ցպիկով բռնած կը ծխէ չես գիտեր` ի՞նչ եւ կը բարբառի առանց ոչինչ ըսելու: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ իր որմնանկարներէն մին: Բացուած է նոր, «դուխով» էջ… Լիբանահայերու համար (թերեւս ոչ միայն) պատկերուած «յեղափոխական»-ը կրնայ ցաւոտ յիշատակներ արթնցնել:

Գեղարուեստական.– Հարկ է գեղագիտութեան մօտենալ` մեկնելով բեմադրիչի տեսանկիւնէն: Այս պարագային կը տիրէ անհեթեթի (absurd) զգացումը եւ հեգնանքը (sarcasm): Բեմադրիչները կը զգան, որ իրենք կ՛ապրին  «աբսուրդ, գոյութիւն չունեցող Երեւանում»: Կը զգան, որ պատնէշի երկու ափերն ալ «միւս կողմ» են: Քաղաքական առումով, այս արդարանալի չէ: Այնուամենայնիւ, այս հասկնալի կը դարձնէ  բացման տեսարանը, ուր աղմկարար մանկատի ցուցարարներ նոյն «անցումը» կը հատեն ձախէն աջ, ապա գրեթէ անզանազանելի խումբ մը նոյն անցումը կը հատէ աջէն ձախ: Հայաստանի մէջ «Zebra Crossing»-ներ կը կոչուին «անցում»: Վերնագիրը կրնայ ակնարկ մը ըլլալ: Երկու խումբերն ալ կը կրեն դատարկ պաստառներ… Ցուցարարները ոչ միայն կողմնորոշուելու անկարող են, այլ նաեւ ասք չունին: Տխուր պատկեր: Տուեալ շարժապատկերի տրամաբանութեան ընդհանուր պարունակի առումով` բարի՛:

Պատկերներու լեզուով կը տեսնենք, որ երեք հերոսները դուրս կու գան (պողոտան հատող) գետնանցքներէն, «անցում»-է մը: Հարկ կա՞յ մեկնաբանելու: Ստորերկրեայ անցքեր կան նաեւ այլ պատկերներու մէջ: Կը թուի, թէ նոյն տրամաբանութեամբ է: Բարի՛:

Այստեղ հարկ է նշել, որ բեմադրիչները օգտագործած են մէկէ աւելի միջոցներ` վաւերագրութիւն, տեսակցութիւն, գծանկար, խորհրդային շրջանի քարոզչական արխիւներ եւ այլն:

Աչքառու է նաեւ պատկերներու յարակցում-խմբագրումը (մոնթաժ): Լայն պողոտայի վրայ ամերիկեան բարքերը կապկող շարժակաւոր (Motorcycle) շքերթ մինչ Տիգրան Մեծի արձանը լքուած է այգիի մը անկիւնը: Օփերայի հրապարակին վրայ խորովածի «մանղալ», մինչ ագռաւներ անտարբեր կը շրջին: Կային նաեւ կցումներ, որոնք գոնէ ինծի համար անհասկնալի էին: Գիւմրիի մէջ Վարդանի յուշարձանին պատուանդանին տակ մարդ մը սրարշաւ ելեկտրական սղոցով նոյն գոյնի տուֆ մը կը կտրէ: Բազմիմաս՞տ, թէ՞ անկապ… մտածելու բան…

Ժապաւէնի բոլոր հերոսները այժմ կը զբաղին մանր հարցերով, բայց ժապաւէնի փակման տեսարանը կ՛ակնարկէ «Չարենց-ա-գուշակութան»: Միթէ ակնարկը խելագարուած ամբոխներո՞ւն է:

«Էլի կը գաս, պապ» (Come Again, Grandpa)  Յովհաննէս Իշխանեան,  37վ., 2018

Բներգ.- Զգացական ժապաւէն մը` պապ ու թոռան մը յարաբերութեան մասին: Մանուկ հասակին բեմադրիչը իր պապը տեսած է որպէս գերմարդկային հերոս, որ ոտքի տակ առած է աշխարհը: Որպէս պատանի` մեծ յուսախաբութիւն ապրած է, երբ յայտնաբերած է, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Այժմ չափահաս է, կը գնահատէ այն մարդը, որ ոչ միայն լաւ արհեստաւոր էր, այլ նաեւ այգի կը խնամէր,  օղի կը քաշէր եւ շաղախն էր խոշոր ընտանիքի մը: Պապի 60-ամեակին առնուած լուսանկարի մը մէջ կը տեսնենք ոչ նուազ քան 34 զաւակ ու թոռ:

Գեղարուեստական.- Ժապաւէնը զուրկ չէ պատկերաւոր լեզուէ: Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ պապենական տան մը վանդակապատ պատուհանը: Պապը կը յայտնուի դուրսը` ճաղերու ետին: Յստակօրէն` խորհրդանշական: Կը քալէ յենած անտեսանելի աթոռակի մը: Պապը արդէն իսկ ուժասպառ է: Ուրեմն ժապաւէնը կը ներկայացնէ յուշեր: Փակման տեսարանին մէջ պապը նոյն ճաղերու ետին կը շարժի հակառակ ուղղութեամբ, կը հեռանայ:

Ինծի համար յատկապէս ցաւոտ էր պապին թափթփած աշխատանոցը: Ցաւոտ, որովհետեւ ծնած եւ մեծցած եմ հայ արհեստաւորներու թաղամասի մը մէջ, որ այժմ տառացիօրէն կորուսեալ է: Պէյրութի մէջ կորուսեալ են բազմատասնեակ հայ արհեստանոցներ: Ամենայն հաւանականութեամբ կորուսեալ դարձած է նաեւ այս բարի վարպետին արհեստանոցը:

Աւարտական տեսարաններուն մէջ քաղաքի խորապատկերին առջեւ կը տեսնենք Իշխանեան ընտանիքի «տոհմական» ծիրանի ծառը: Պապը կանգնած է բունին մօտ, իսկ թոռը նստած ճիւղի մը վրայ:  Ծառի սաղարթը տեսանելի չէ: Հարկ կա՞յ մեկնաբանելու: Ցաւօք արտօնուած չեմ ժապաւէնի յղումը հրապարակելու:

Lennuajaam (Օդակայան) Մհեր Համբարձումեան եւ Տ. Լիթվիչենքօ, 4վ, 2020

Այո՛, միայն չորս վայրկեան: Կարելի է համարել բանաստեղծական քառեակ մը: Թատրը «Լեննուեաամ»-ն է… ո՞ւր… Թերեւս այդ է ժապաւէնին հայկական երեսը: Ի՞նչ կը փնտռէ հայ մը էսթոնական օդակայանի մը մէջ: Օդակայանը ինքնին խորհրդանիշ մը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր կացարանի, անցումային վիճակի: Իր պետութենէ զուրկ գաղթավայրերու համար այդ հեղուկ վիճակը գոյութենական հարցը եղած է դարերէ ի վեր:

Սպասման սրահները եւ անցքերը նկարուած են դատարկ: Այդ խորապատկերի վրայ կը տեսնենք կիսաթափանցիկ ապակիի միջոցով նկարուած մարդկային ստուերներ (տես կողքի նկարը): Անդէմ անցորդներ: Ժապաւէնը նկարուած է սեւ ու սպիտակ, ինչ որ աւելի եւս կը շեշտէ գորշ մթնոլորտը: Փակման տեսարանին մէջ օդանաւ մը կը բարձրանայ դէպի անձեւ անանձրեւ ամպեր:

Obon  Ա. Հէօրման եւ Ա. Սամօ, Գերմանիա, 2018, 15վ.

Ցաւօք արտօնութիւն չունիմ ժապաւէնի յղումը հրապարակելու:

Բներգ.- Ամբողջութեամբ գծագրային ժապաւէնը կը յաւակնի վաւերագրական ըլլալ, որովհետեւ հիմնուած է Հիրոշիմայի դժոխքէն հրաշքով փրկուած կնոջ մը (Աքիքօ Թաքաքուրա) վերյիշումներուն վրայ: Անձնապէս այդ համոզիչ չեմ գտներ, որովհետեւ հոգեպէս խոցուած անձը մեծապէս կը վերախմբագրէ ցաւոտ յուշերը: Այս մասին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (3): Ժապաւէնը պատրաստուած է, երբ այդ վերջին վերապրողը արդէն 92 տարեկան էր: Պատումը կը կատարէ նոյնինքն Աքիքօ:

Օպոն Պուտտայական տօն մըն է, երբ ամրան երկրորդ լիալուսնի գիշերը նախնիներու հոգիները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն: Ծփացող լապտերները կը ներկայացնեն այդ հոգիները:

Աքիքօ դուստրն է ռազմապաշտ ճափոնցի սպայի մը, որ տան մէջ պարտադրած էր խիստ կարգապահութիւն եւ աւանդոյթներ: Այդ բոլորը յօդս կը ցնդին:

Գեղարուեստական.– Ժապաւէնը կը կրէ Ճափոնի դասական նկարչութեան ոճը` առանց սակայն կրկնելու զայն: Կը նկատուին նաեւ դասական բներգներ (motive), ինչպէս չար ոգիները եւ նուազապաշտ սեւ մելան բնանկարը (տես կողքի նկարները):

Սեւ մելանը կը գործածուի նաեւ որպէս խորհրդանիշ: Հայրը կը փորձէ մաքրել իր դստեր ձեռքերը սեւ մելանէ: Թերեւս արդ ակնարկ է Ճափոնի կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն Չինաստանի մէջ եւ այլուր: Ընթերցողը թերեւս յիշէ «Արեւի կայսրութիւն» ժապաւէնը (4):

Վերապրողի հրդեհուած երեւակայութեան աչքով կը տեսնենք արհաւիրքը: Ծոցի խաղաղ ջուրերուն վրայ կը ծփան անհամար լապտերներ:

Պատկերը հասկնալի է յատկապէս անոնց համար, որոնք առաջին դէմք ապրած են աւեր եւ կորուստ: Իմա` բոլորս:

Ծիրանի ծիլեր.– Ակնարկը կարելի չէ փակել առանց անդրադառնալու 14-15 տարեկան ուսանողներու առաջին փորձերուն: Կազմակերպիչները ընտրած եւ ցուցադրած են երկու շնորհալի աղջնակներու հասարակ բջիջային հեռախօսով նկարուած ժապաւէնները:

Կիսատ Զրոյցներ.– Մանէ Վարդանեան , 5 վ.

Բացման տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք գիւղի համայնապատկերը, ապա` պապիկներ, որոնք կ՛աշխատին այգիի մէջ եւ կամ կը զրուցեն թղթախաղի սեղանին շուրջ: Խումբ մը տղաք հրաւիրուած են ոչ պաշտօնական տեսակցութեան: Ժապաւէնի բներգը սերունդներու անուղղակի երկխօսութիւնն է: Ե՛ւ Ինսթակրամ ու համակարգչային խաղերու «կապուած» սերունդի տղաքը ե՛ւ հայրենական պատերազմ ապրած եւ պապերն ու տատերը լաւ տրամադրուած են իրարու հանդէպ: Կը բացակային գիւղի աղջնակներն ու միջին (ծնողներու) սերունդը: Կայ ակնյայտ հումոր եւ կան տպաւորիչ քատրեր:

Սպասում.– Սօսէ Հարոյեան, 5 վ.

Յուզիչ ժապաւէն մը: Բներգը արտագաղթն է, գլխաւորաբար` դէպի արտասահման: Համեստ բակերու մէջ նստած երեք պապիկներ կարօտով կը խօսին իրենց թոռներուն մասին: Այո՛, կրկին պապեր, բայց` առանց իրենց թոռներուն: Յարատեւ շարժող քամերան յաճախ կը մօտենայ անոնց դէմքերուն` ցոյց տալու համար ցաւը:

Աւարտական տեսարանին մէջ ճաշասեղանի շուրջ հաւաքուած միջին տարիքի տղամարդիկ կ՛եզրակացնեն (5). կը հեռանան անոնք, որոնք հանգիստ կեանք կը փնտռեն, բայց իրենց ետին կը թողուն մարդկային յարաբերութիւնները եւ արմատները:

Հուսկ բանք.– Բարձր գնահատանքի արժանի է միջոցառում մը, որ ի հեճուկս ամէն ինչի կը յամառի ոչ միայն վառ պահել մշակոյթի ջահը, այլեւ` պատրաստել նոր սերունդ մը, որ պիտի շարունակէ կրել զայն:

——————–

  1. Հայաստանեան բարբառին անծանօթ ընթերցողին համար.- «հայաթ»-ներքին բակ, «ջոկել»-ըմբռնել եւ «ուռիլ»-թմրանիւթ ծխել:
  2. Այդ իսկապէս ցաւոտ ակնարկ է, որովհետեւ Քանատա ծանօթ է իր միապաղաղ ապրելակերպով:
  3. «Եղեռնի վկայութեան վաւերագրութիւնը», Ա. եւ Բ., «Ազդակ», 19 եւ 20 մայիս 2016:
  4. Steven Spielberg, Empire of the Sun, 1987
  5. Այս ժապաւէնին մէջ եւս կը բացակային կիները:

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխաներու Հարցումները Պատերազմի Մասին

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?