Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամիկն Ու Պապիկը` Յաղթական

Նոյեմբեր 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ԹԱՄԱՐ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Հայոց լեռնաշխարհի շա՜տ գեղեցիկ, կանաչապատ մէկ բարձունքին վրայ կար շա՜տ աղուորիկ եւ երջանկաբոյր տնակ մը: Արեւին ջերմ ծիծաղով եւ բնութեան գողտրիկ շշունջներով պարուրուած այս տնակին մէջ յաւերժական սիրով կ՛ապրէին Արցախի Մամիկն ու Պապիկը:

Գլուխ-գլխի, ձեռք-ձեռքի` մեր Մամիկն ու Պապիկը ուխտած էին միասնաբար յաղթահարել իրենց առջեւ ծառացող ամէն դժուարութիւն, ուժեղ կամքով դէմ դնել թշնամական ոտնձգութիւններուն եւ արդար աշխատանքով, գալիքի յոյսով, հաւատքի զօրութեամբ կերտած էին ընտանեկան առողջ բոյն մը Արցախ աշխարհի պապենական հողին վրայ:

Հողի մարդիկ էին մեր Մամիկն ու Պապիկը` հողին ուժ տուող եւ հողէն ուժ առնող:

Ամուր էին` հայոց խրոխտ լեռներուն ամրութեամբ:

Մաքուր էին` հայոց վարար ջուրերուն մաքրութեամբ:

Պայծառ էին` հայոց ծաւի երկինքին պայծառութեամբ:

Յաղթական էին` իրենց քաջարի զաւակներուն յաղթութեամբ:

Երջանիկ էին` ազատ ապրելու երջանկութեամբ:

Դարաւոր պատմութեան էջերը լրջութեամբ սերտած` Մամիկն ու Պապիկը ամէն օր ականջալուր էին մայր հողին մերթ ընդ մերթ կոտտացող ցաւերուն, աղաղակող խիզախութեան եւ ամրագրուող յաւերժութեան: Դարերու ծալքերով հիւսուած պատմութեան էջերուն կ’աւելնային օրեր եւ տարիներ` արհաւիրքի, ցասումի, յաղթանակի եւ հպարտութեան երփներանգ տողերով:

Առաւօտ մըն ալ, երբ Պապիկը տնակին դուռը կը բանայ` արտ մեկնելու, եւ երբ գլուխը երկինք կը բարձրացնէ` բարի լոյսի աղօթքով, չի տեսներ ծիծղուն արեւը: Մահաբեր ծուխը պատած էր հայոց երկինքը: Կրակոցի թունդ ձայներ կու գային դառնացնելու արշալոյսի քաղցրութիւնը: Պարզ էր ամէն ինչ… եւ Պապիկը առանց վարանելու ներս կը մտնէ: Մամիկը պինդ կը նայի անոր աչքերուն: Խոհուն հայեացքները կը խօսին իրարու հետ եւ կը հասկնան զիրար: Ամուր կը գրկեն զիրար եւ հպարտ ճակատները իրարու տուած` կը փսփսան իրենց սրբազան ուխտը` ի հարկին մեռնիլ եւ հայրենի հողը երբեք չյանձնել ոսոխին: Պապիկը` զէնքը ձեռքին, պատրաստ է արդէն եւ կը մեկնի ճակատ` միանալու մարտնչող զաւակներուն:

Հիմա Մամիկը լուռ կ՛աշխատի, բայց ո՞վ չի լսեր վրէժի համազարկով որոտացող իր սիրտը… հին զարկերը նոր զարկերուն հիւսելով` կը յաւերժացնէ հայրենի տան լուռ երգերը:

Կը շարունակուի կեանքը… Մամիկը կը հիւսէ, հաւիկը կը կտկտայ, իսկ ճարպիկ փիսոն` ականջները սրած, կը սպասէ ոտնաձայնի մը, որպէսզի փաթթուի Մամիկին ոտքերուն եւ … դուռը բացուի: Պապիկը ներս մտնէ` Յաղթանակի դափնիով:

 

 

Նախորդը

Հայ Մտաւորականների Համախմբում Նախաձեռնութեան Կոչը

Յաջորդը

Անառիկ Արցախը Անկորնչելի. Աշխարհասփիւռ Հայութեան Զարթնելու Ղօղանջը Հնչած Է. Վե՛ր Կաց Ազգ Իմ Փառապանծ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?