ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Մուրատները կա’ն.
Ո՞ւր են Վարուժանները
ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ
Արդար պիտի չըլլար ըսել, որ լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին հայկական թաղերու երկարամեայ ինքնապաշտպանութեան եւ զուգահեռաբար նաեւ յանուն Հայ դատի շղթայազերծման զինեալ պայքարի ընթացքին յանձնառու գրականութիւն եւ կամ առհասարակ մշակոյթ չմշակուեցաւ: Այն, ինչ որ գոյացաւ, սակայն, մասնակի երեւոյթներ էին, որոնք ո՛չ որակով եւ ոչ ալ քանակով կը համապատասխանէին յիշեալ զոյգ պայքարներու տարողութեան, ոգիին եւ ստեղծուած ազգային զարթօնքի մթնոլորտին: Այդ տարիներուն հայ երիտասարդութեան մէջ հաւատքն ու յոյսը այնքան մեծ էր ու լաւատեսական` ազգային ներուժի ու յաջողութեան նկատմամբ, որ խանդավառութիւնը հասած էր մրցակցային չափանիշներու: Ստեղծուած յեղափոխական իրավիճակին իբրեւ արձագանգ, մեզի ծանօթ է, այդ օրերուն հրատարակուած բանաստեղծական ժողովածու մը` «Եւ երկիր պագանեմ», որուն հեղինակը` Պետրոս Հերեան, նոյն ժամանակաշրջանին յօդուած մըն ալ կը ստորագրէր «Կայծեր» պարբերականին մէջ` «Մուրատները կա՛ն. ո՞ւր են Վարուժանները» խորագիրով: Հո՛ս ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կը մեղադրուէր հայ ստեղծագործ միտքը անոր համար, որ բաւարար չափով ո՛չ կ՛արձագանգէր եւ ո՛չ ալ կը մասնակցէր զինեալ պայքարին:
Արցախեան գոյապայքարի (Շուշանեանը պիտի նախընտրէր ըսել` յանուն «մարդկօրէն ապրելու» պայքարի) այս թէժ օրերուն եւս երեւոյթը շատ տարբեր չէ նախորդէն: Իսկ նախանցեալ դարու վերջաւորութեան եւ անցնող դարու սկիզբին ծաւալուած ազգային զարթօնքի ու հայ ազատագրական հայդուկային շարժումներուն իբրեւ նախապատրաստութիւն ու արտացոլում` դրսեւորուեցաւ բարձրորակ ու քանակով պատկառելի մշակոյթ մը: Սկսեալ Աբովեանէն, Նալպանտեանէն ու Րաֆֆիէն, մինչև Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ ու Ռուբէն Սեւակ, որոնք կերտեցին ազգային ոգիով տոգորուած այնպիսի գրականութիւն մը, որ յաւիտեանս կրնայ գոյատեւել ու սնուցանել հետագայ սերունդները:
Թէեւ ո’չ նոյն տարողութեամբ, այնուամենայնիւ կերպարուեստի պարագային եւս ունեցած ենք յանձնառու արուեստագէտներ` սկսեալ Այվազովսկիէն, Սուրէնեանցէն ու Խունունց եղբայներներէն մինչեւ Փանոս Թերլեմեզեանը, Տիգրան Փոլատն ու Արշակ Ֆեթվաճեանը: Ի դէպ, անոնցմէ ոմանք գործնապէս մասնակցած են նաեւ ժամանակի զինեալ պայքարին: Խունունց եղբայրներէն երկուքը ճակատի վրայ նահատակուեցան, իսկ Փանոս Թերլեմեզեանը ոչ միայն նախաձեռնեց ու գործնականացուց ընդյատակեայ «պատասխանատու» աշխատանքներ, այլեւ իրագործեց պատժողական բնոյթի ահաբեկչական որոշ գործեր, որոնց պատճառով քանի մը անգամ կալանաւորուեցաւ ու բանտարկուեցաւ տարբեր երկիրներու, տարբեր զնտաններու մէջ: Այն ատեն Արաբոներու, Գէորգ Չաւուշներու, Մուրատներու, Անդրանիկներու եւ Փարամազներու կողքին, կային Զարդարեաններու, Վարուժաններու, Թէքէեաններու, Լեւոն Շանթի, Ահարոնեանի եւ կամ Զապէլ Եսայեանի նման վաւերական գրողներ:
Վերջին տասամեակներու արցախեան ազատագրական կռիւներն ու տարբեր բնոյթի ազգային պայքարները թէեւ յաւուր պատշաճի իրենց արձագանգները գտած կը թուին ըլլալ երաժշտութեան եւ յատկապէս շարժապատկերի արուեստի բնագաւառներէն ներս, այնուամենայնիւ հայ կերպարուեստագետներէն ու յատկապէս գրողներէն շատեր գրեթէ ամուլ մնացին… այդ օրերուն: Այն ստեղծագործութիւնները, որոնք ցուցադրուեցան ու հրատարակուեցան իբրեւ յանձնառու արուեստ, ո՛չ որակով եւ ո՛չ ալ քանակով լիիրաւօրէն չէին համապատասխաներ արցախեան պայքարի տարրին ու ոգիին: Սխալ չհասկնանք սակայն. դժուար թէ չկամութեան հարց ըլլար եւ կամ հայրենասիրութիւնն ու քաջութիւնը կը պակսէր անոնց մօտ: Փաստօրէն ստուար թիւով արուեստագէտներ ու գրողներ մեկնեցան Արցախ: Անոնցմէ շատեր իբրեւ կամաւոր մասնակցեցան նաեւ կռիւներուն եւ ոմանք զէն ի ձեռին նահատակուեցան: Պակսողը շատ հաւանաբար ներշնչման բացակայութիւնն էր, ստեղծագործական խթանիչ ներքին ուժի թուլութիւնը եւ կամ առհասարակ չգոյութիւնը…
Այս ճակատագրական օրերուն, երբ ըլլալ-չըլլալու ահազանգը հնչեցուած է արդէն, աշխարհի տարածքին. ո՛ւր որ ալ գտնուին հայերը, ըլլայ հաւաքականօրէն թէ անհատապէս զօրաշարժի մէջ են: Մեր ծանօթներէն` գրողներ, արուեստագէտներ թէ առհասարակ մտաւորականներ, բոլորն ալ, անհատապէս թէ հաւաքաբար, իւրաքանչիւրը ինքն իր ձեւով ու կարողականութեամբ կը մասնակցի ընդհանուր պայքարին… Թէեւ ստեղծագործողներէն շատեր անբարենպաստ կացութեան պատճառով ներշնչումի պակասէ կը տառապին, սակայն անոնց մէջ կան որոշներ, որոնք ոգեշնչուած տիրող իրավիճակէն կը գրեն, կը նկարեն, կը քանդակեն, կը յօրինեն, կ՛երգեն… եւ այլն, եւ այլն:


Այս վերջիններու ստեղծագործութիւններէն նմուշներ պարբերաբար կ՛երեւին Դիմատետրի կամ այլ կայքերու վրայ ու բնականաբար աւելի կամ նուազ չափով կը նպաստեն այս տագնապալից գոյապայքարի յաջող ելքին, ինչպէս` գեղանկարիչ Արին Չէքիճեան, երգիծանկարիչ Զաւէն Ճապուրեան, քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեան, ջրանկարիչ` Յարութիւն Արմէնեան, բանաստեղծուհի Սեդա Գրիգորեան, «Գոհար»-ի, «Սայաթ Նովա»-ի եւ կամ «Ատանա փրոճեքթ»-ի նման շարք մը նուագախումբեր ու բազմաթիւ երգիչ-երգչուհիներ, ինչպէս` Թովմաս Պօղասեան, Արթուր Գրիգորեան, Սեւակ Ամրոյեան, Էլենա, Կապի Գալոյեան, Իսպիրեաններ, Կայա Արզումանեան, Գէորգ Հաճեան, Մակիչ եւ այլն, եւ այլն: Ի դէպ, այս վերջիներէն` երկուքը ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբաններ` Գէորգ Հաճեանն ու Մակիչը, իբրեւ կամաւորներ մեկնեցան ճակատ ու առաջին գիծի վրայ խիզախօրէն կռուելէ ետք առաջինը նահատակուեցաւ, իսկ երկրորդը լրջօրէն վիրաւորուելով` վերադարձաւ Երեւան: Անկասկած որ յիշատակութեան արժանի այս անուններէն շատ աւելին գոյութիւն ունի, որոնք կրնան վրիպած ըլլալ մեր հասողութենէն…
Խնդիրը այն է, որ թէեւ մասնակի երեւոյթներ կան, սակայն մեր մշակոյթի գործիչներն ու կերտիչները` իբրեւ ժողովուրդի հարազատ ձայնը ներկայացնող ու առաջնորդող մտաւորականութիւն, տեսանելի չեն պայքարի դաշտին վրայ: Երեւութապէս կը թուի, թէ ո՛չ ազգային գիտակցութեան պատասխանատուութիւնը, ո՛չ խիզախութիւնը եւ ո՛չ ալ պատրաստակամութիւնը կը պակսի անոնց: Պիտի չուզէինք հաւատալ, որ անոնցմէ ոմանք անտարբեր են ու կրաւորական կեցուածք ճշդած` տիրող խիստ մտահոգիչ այս կացութեան դիմաց: Այս մէկը ազգային գետնի վրայ նուաստացուցիչ պիտի ըլլար… Ըլլան ընդդիմադիրներ թէ իշխանամէտներ, անհրաժեշտաբար պէտք է որ մէկ կողմ դնեն անհատական ու հատուածական բնոյթի վէճերը, համախմբուին Արցախի շուրջ ու գործեն համակարգուած կերպով, առանց զիրար խաչաձեւելու: Այո՛, ժողովուրդը անհրաժեշտաբար կարիքը ունի մտաւորականութեան ուղղակի նեցուկին: Նոյնի’սկ եթէ ժողովուրդը հաւաքաբար սխալներ գործէ, կամայ ակամայ գործուած սխալներու պատասխատուն ժողովուրդը չէ, այլ զինք ներկայացնող ու առաջնորդող մտաւորականութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ այս ճակատագրական օրերուն առաւելագոյն մասնակցութիւնը կը սպասուի մտաւորական տարրէն: Ի վերջոյ մտաւորականութիւնը ազգի ողնաշարն է, որուն շուրջ կը հիւսուի ցեղային արեան, ազգային ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան ողջ մշակոյթը: Ի վերջոյ ազգը մշակոյթ է, իսկ մշակոյթի կերտիչներն ու գործիչներն են, որոնք ազգային ողնաշարը կը կազմեն:
Պատահակա՞ն էր արդեօք, որ անցնող դարասկիզբին, ի սկզբանէ կոտրելու համար հայ ժողովուրդի ազգային ողնաշարը, մեր երդուեալ թշնամին նախ պետականօրէն ծրագրեց ու ամենայն սառնասրտութեամբ գլխատեց հայ մտաւորականութեան սերուցքը, եւ ապա միայն անցաւ զանգուածային կոտորածներուն…
Ի զուր չէ, որ անցեալին «ծախուած մտաւորականութիւն» հասկացողութիւնը կար հրապարակի վրայ: Թէեւ բացառուած չէ, որ ներկայ իշխանութիւններու օրով եւս նմանօրինակ դէպքեր պատահին, այնուամենայնիւ մերօրեայ մտաւորականութիւնը դժուար թէ որեւէ տեսակի կաշկանդուածութիւն ունենայ` ըլլայ արտաքին թէ ներքին ուժերու կողմէ:
Պատմութեան մէջ տիրող իշխանութիւնները միշտ հակամէտ եղած են ու յաճախ նաեւ յաջողած` «գնել» ու իրենց նպատակներուն ծառայեցնել մտաւորականներէն շատեր, որոնք սակայն մեծ մասամբ միջակութիւններ եղած են ու համեմատաբար` թիւով քիչ: Ցաւը այն է, որ մեր պարագային երեւոյթը հակառակը ցոյց կու տայ: «Ծախուած մտաւորականութիւն» բնութագրումը հրապարակ նետուած էր իրաւ ու անկաշառ մտաւորականներու կողմէ, որոնք հակամէտ էին պաշտպանելու հայրենիքի ու ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները: Սակայն խնդիրը այն է, որ մեր օրերուն չի բաւեր միայն ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները պաշտպանել: Պայքարը թէժացած է աւելի քան երբեք: Պահը պատմականօրէն ճակատագրական է: Քաղաքական ներքին հարցեր արծարծելու կամ անձնական ու հատուածական քինախնդրութիւններ ու առհասարակ շահեր հետապնդելու ժամանակը չէ: Ստեղծուած իրավիճակի լրջութիւնը կը պարտադրէ մեզ, որ տրամաբանութեամբ շարժինք եւ ոչ թէ` զգացումներով:
Մեր դրան շեմին կանգնած թշնամին անհամեմատ շատ աւելի կորուստներ տալով հանդերձ, կը շարունակէ մաշումի պատերազմ մղել մեր դէմ օգտագործելով իր թուային առաւելութիւնն ու ազգային (ցեղային) լկտիութիւնը: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ սխալելու եւ կամ ընդհանրապէս պարտուելու իրաւունք չունինք այլեւս:
Թէեւ «հողի կորուստը անդարձ կորուստ չէ, սակայն մարդու կորուստը անդարձ կորուստ է» կը պատգամէ մեզի յանձնառու գրողը` Մուշեղ Գալշոյեան: Իւրաքաչիւր օր մենք ենթակայ ենք մարդկային կորուստներու, որ կը նշանակէ` ազգային թուաքանակի յարատեւ մաշում: Այս առումով, պատերազմի թիկունքը ամրապնդելու եւ ազգային կորովը բարձր պահելու նուիրական առաքելութեան մէջ հայ մտաւորականութեան վերապահուած է կենսական դեր եւ յատուկ առաքելութիւն:
Իսկ այսօր մտաւորականութեան մասնակցութիւնը մասնակի բնոյթ կը կրէ միայն ու իբրեւ ամբողջութիւն` գրեթէ կը բացակայի պայքարի հրապարակէն. ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ յանցանքի համազօր պէտք է համարուին ոեւէ հայ մտաւորականի պատասխանատուութենէ խուսափումն ու թերացումը:
Բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հանճարներէն մէկը` Վինսենթ Վան Կոկ կ՛ըսէ. «Որոշած եմ ընդմիշտ զինուած մնալ միայն իմ վրձինով ու գրիչով»: Պայման չէ, որ մեր մտաւորականութիւնը ճակատ մեկնի ու կռուի զէն ի ձեռին, բայց պայման է, որ ընդմի՛շտ զինուած մնայ վրձինով, գրիչով ու մասամբ նորին…
1- Այս պարագային «Մտաւորական» բառի տակ կ՛ուզենք հասկնալ ժողովուրդի մը ուսեալ տարրն ու առհասարակ ստեղծագործ միտքը` իր ամբողջութեանը մէջ: