Անդրադարձ

Անխուսափելի Սահմանաբաժանը

Անխուսափելի Սահմանաբաժանը

ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այս օրերին երկրում առկայ է առաջին հայեացքից ծանօթ, իսկ իրականում` տարօրինակ պատկեր. ժողովրդի մի մասը յամառ պայքար է մղում հայրենիք եւ պետականութիւն ունենալու համար, երկրորդ մասը, ընդհանուր առմամբ համաձայն լինելով առաջինների հետ, բայց եւ այնպէս յետոյքը չի կտրում փափուկ բազկաթոռներից ու բազմոցներից` գերադասելով իրադարձութիւններին հետեւել համակարգիչների ու հեռուստացոյցների պաստառներից, այլ կերպ` առաջնորդուելով ուրիշի ձեռքով կրակից շագանակներ հանելու յայտնի...

Սահմանագծման Նախկին Խորհրդային Ժառանգէն Անդին…

Սահմանագծման Նախկին Խորհրդային Ժառանգէն Անդին…

Ա. Ա. Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման այս արտառոց հոլովոյթը, որ ընթացք առած է խելայեղ վազքի մը ամբողջական տպաւորութեան տակ, առաւել ցոյց կու տայ Փաշինեանի իշխանախումբին ապիկարութիւնը եւ կացութեան վրայ ոչ մէկ հակակշիռ ունենալու անկարողութիւնը, որ ինքնին չափազանց վտանգաւոր է` նկատի ունենալով Հայաստանի ընդհանուր իրավիճակը, ներքին անկայունութիւնը, Արցախի գոյատեւման դէմ ցցուած շատ լուրջ եւ իրական վտանգները, ու նաեւ`...

Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը

Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ 1921-ի Մոսկուայի դաշնագիրով Թուրքիոյ շնորհուեցաւ Նախիջեւանի նայող հողային սահմանային շերտ մը՝ գորշ գայլի փանթուրքիզմով պապակած լեզուակի մը տեսքով ու խորքով, որ կ’երկարի շուրջ 17 քիլոմեթր. սակայն շատ կարեւոր եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող դիրք մըն է, որուն համար, ատենօք, թուրքերը խնդութեամբ, հայու արիւնով կենացներու տիկեր կուլ տուին անտարակոյս, հակառակ անոր, որ կորսնցուցած էին դարերով իրենց ազդեցութեան տակ մնացած գրաւեալ...

Անպարտ Է Հայ Ոգին, Յաւերժ Են Հայաստանն Ու Արցախը

Խաղաղութեան եւ Համախմբման Տարի

ՀՐԱՆՈՒՇ   ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ, բարեկամներ, Սփիւռքում ապրող իմ քոյրեր եւ եղբայրներ, Աւանդոյթի  համաձայն՝ Նոր տարուայ եւ Սուրբ ծննդեան առիթով միմեանց շնորհաւորում եւ բարեմաղթանքներ էինք յղում։ Սակայն, 2020-ը  այնպիսի հարուած հասցրեց մեր ազգին ու պետութեանը, որ բառերն անգամ կարկամում են, եւ չեմ կարողանում արտայայտել  յոյզերի հեղեղը։ Հոգիս տնքում է Հայրենիքի կորստեան  ցաւից, մեզ պատած անասելի վշտից, քանզի  անգամ 21-րդ դարում եղեռնի սարսափների...

«Ազդակ»-ը 2020-ին` Չնախատեսուած Մարտահրաւէրներ Ու Ցնցումներ Դիմագրաւելու Հրամայականի Ընդառաջ

«Ազդակ»-ը 2020-ին` Չնախատեսուած Մարտահրաւէրներ Ու Ցնցումներ Դիմագրաւելու Հրամայականի Ընդառաջ

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 2020 թուականը տարբեր գեղեցկութիւն ունի իբրեւ գրութիւն, նաեւ` թիւերու կրկնութեան հնչեղութիւն, այդ պատճառով ալ մարդկութիւնը, հայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը գեղեցիկի եւ հնչեղի ակնկալութեամբ դիմաւորեց տարին, որ յուսախաբ ըրաւ բոլորը անխտիր` տարբեր տարողութիւններով: Մարդկութիւնը «Քորոնա» ժահրին պատճառով ապրեցաւ անբնական եւ վախով ծանրացած տարի մը, երբ մարդ մարդէ սկսաւ սարսափիլ եւ, ինքնաբերաբար, չվարակելու եւ չվարակուելու համար մարդ տեսնելը, անոր հետ նստիլն...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Նոր Տարի, Նոր Ծնունդ, Նոր Յոյս

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 2020 տարին Հայաստանին ու հայութեան համար եղաւ ձախողութիւններու շարունակական շրջափուլ մը: Տնտեսական սուր տագնապ, «Քորոնա» ժահրի տարածում, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, Ազրպէյճանի յարձակում Արցախի վրայ ու պարտութիւն յաջորդեցին իրարու: Վերջինը, իր աւարտը աւետող արձանագրութեամբ, եղաւ ամէնէն աղէտալին: Կորսնցուցինք Արցախի Հանրապետութեան երեք քառորդը, ունեցանք տակաւին վերջնականապէս չճշդուած համրանքով, սակայն հինգ հազարը գերազանցող զոհեր, տասնեակ հազար վիրաւորներ ու դեռ հարիւրաւոր անհետ...

…Ձեզի Եւ Մեզի Մեծ Աւետիս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Տօն մը, որ աշխարհի չափ հին ալ է: Անկեղծօրէն եւ համեստ, ըսեմ, որ այս անգամ տողերս անգաղտնապահ բաներ ունին իրենց ետին, ու պիտի փորձեմ բարոյախօսութեան սահմաններէն դուրս գալով, անմեղ յուշերէս մէկն ալ ներկայաց-նել: Միտքս պարզեմ: Այսպէս տարիներ առաջ, երբ Ամերիկայի Արեւելեան ափերուն գտնուող հայահոծ քաղաքնե-րէն մէկուն մէջ ընտանեօք եւ հարազատներով հաստատուած էինք, եւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Կաղանդ Պապուկին Ամէնէն Գեղեցիկ Նուէրը Արցախահայութեան (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ          Համամարդկային արժեւորում եւ հնչեղութիւն ունեցող կերպարին` Կաղանդ պապուկի մասին դեռ ինչե՜ր պիտի պատմուին: Ան` ըլլալով բոլոր ժամանակներու հզօր ու հրաշալի մարդը, մեծերու եւ փոքրերու ամենասիրելի անձնաւորութիւնը, ամենավստահելի ու արդարամիտ սպիտակ մօրուսաւորը, համայն մարդկութեան երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն ցանկացող ու այդ ուղղութեամբ աշխատող մեծագոյն բարեգործը, երազանքներ իրականացնող կարմիր այտերով եւ զգեստով լեռնականը, ահա՛, կրկին ցոյց կու տայ իր ուժեղ կամքին...

ԼՕԽ-ի Օրացոյցի Աւանդութիւնը Կը Շարունակուի

ԼՕԽ-ի Օրացոյցի Աւանդութիւնը Կը Շարունակուի

Ա. ԼԷՔԵԱՆ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն, մեծ զոհողութեամբ անկարելին կարելի ընելով իշխանական քայլը առած է հայ տունը չզրկել հայու օրացոյցէն: Այս օրացոյցին մէջէն մենք կ՛իմանանք հայկական աւանդութիւններու, եկեղեցական տօներու թուականները: Կողքի նկարին վրայ կը գտնենք ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը` գեղեցկօրէն նկարազարդուած իր բոլոր բնագաւառներով, բժշկական հոգածութիւն, տաք ճաշի սպասարկութիւն, դեղորայքի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ակնարկ. Արեւմտեան Կարգ Մը Երկիրներուն Երկակի Չափանիշները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս յօդուածը 28 հոկտեմբեր 2020-ին գրած էի, որ ցարդ չէր հրատարակուած, սակայն կը մնայ այժմէական՝ կարգ մը պատշաճեցումներով: «Ազդակ»-ի 21 հոկտեմբեր 2020-ի համարին մէջ (1). «Առանց Ռուսիոյ Կարելի Չէ Լուծել Տագնապները, Որոնց Շարքին` Լեռնային Ղարաբաղինը, կ՛ըսէ Մաաս» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը կարդանք (Մաաս անուղղակի կերպով կը բացայայտէ, որ առանց ռուսիոյ՝ Արցախի տագնապը լուծելու փորց տեղի կ՛ունենայ). «Գերմանիոյ արտաքին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տարեփակի Խոհեր. Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ (Գ.)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արտաքին Կալուածներ Շատ խօսուեցաւ եւ կը խօսուի Հայաստանի (հետեւաբար նաեւ` Արցախի) արտաքին յարաբերական շարժումներուն մէջ արձանագրուած նահանջերուն, մինչեւ իսկ որոշ գիծերու բոլորովին չէզոքացման մասին: Իրականութիւնները մեծ չափով կը հաստատեն այս նշումները, թէեւ պէտք չէ արհամարհել, որ հոս ալ ի զօրու է քաղաքական խաղի օրէնքը: Արտաքին կեանքի մասին խօսելու համար պէտք է նկատի ունենալ առ նուազն երկու օղակ. Ա)...

Եղբայր Ենք Մենք Մէկ Տառապանքի

Մտորումներ. Աղօթք` Նոր Տարուան Սեմին

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ Նոր տարի է, յոյսերն ու լոյսերը մարած, մաղթանքներն ու փափաքները ունայն, մեր շուրջը` ցաւ ու վիշտ, կորուստ ու կսկիծ, պարտութիւնն ու դառնութիւնը կը խոցեն մեր սրտերը: Փայփայեցինք գեղեցիկ յոյսեր ու երազներ, ամէնուրեք եռագոյնը պարզած` գոչեցինք` «Յաղթելու ենք», հայու ոգին, թեւեր առած, սաւառնեցաւ` փութալու հայրենիք, կռուելու, մասնակցելու կեանքով, նիւթով, բողոքի ցոյցերով,  եւ 44-րդ օրը յանկարծ արթնցանք` պարտուած, շշմած...

Քաղաքական Անդրադարձ.  Փաշինեանի Կառավարութեան Աշխարհաքաղաքական Սխալները

Քաղաքական Անդրադարձ. Փաշինեանի Կառավարութեան Աշխարհաքաղաքական Սխալները

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք մտահոգութիւն կար, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը քաղաքականօրէն ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Փաշինեան իշխանութեան հասնելէ կարճ ժամանակ ետք պաշտօնական տեսակցութիւններ ունեցաւ Քանատայի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահին հետ, սակայն անոր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ մնացին զգուշաւոր, մինչ Թուրքիոյ նկատմամբ անոր կեցուածքները միշտ ալ մնացին անորոշ: Թուրքիա 2016-էն ետք դարձաւ շրջանային ուժ: Օգոստոս 2016-ին...

Ս. Պետրոս Եւ Ս. Պօղոս Ժայռը Եւ 13-րդ Առաքեալը Ժայռը

Ս. Պետրոս Եւ Ս. Պօղոս Ժայռը Եւ 13-րդ Առաքեալը Ժայռը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ՍՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ Հայ առաքելական եկեղեցին իր տօնացոյցով կու գայ հաւատացեալ մարդուն սրբոց վարքը ներկայացնելու: Ինչպէս գիտենք, դեկտեմբեր ամիսը եկեղեցական առումով հարուստ է տօներով: Իւրաքանչիւր տօն ունի իւրայատուկ իմաստ եւ խորհուրդ: Դեկտեմբեր ամսուան ամենայատկանշական տօներէն մին է Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակութեան տօնը: Ս. Պետրոս առաքեալ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մին էր:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տարեփակի Խոհեր. Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ (Բ.)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ներքին Բեմ Ներքին բեմին վրայ կը կանգնինք մեր գլխուն տեղացած` բազում մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նո՛յնքան ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ է, որքան` մնացեալներէն որեւէ մէկը: Հետեւաբար, որեւէ իշխանութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի բազում  ախտերու դարմանումը, ո՛վ որ ալ գտնուի իշխանութեան ղեկին վրայ: Հայաստանի իշխանութեան ղեկը գրաւողը իրաւունք եւ լիազօրութիւն չունի արհամարհելու իր թերութիւնները, դիմացինին գործակցութեան պատրաստակամութիւնը, երկրին ու ժողովուրդին զլանալու կացութեան...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Մատրիտեան Փաթեթը Սահմանային Ռեժիմ Չի Հաստատեր…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն թշնամիին հողային զիջումներ ընելու Փաշինեանի արարքը արդարացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ստեղծած Մատրիտեան փաթեթի տուեալներով, չարաչար կը սխալին: Այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆՕՐԷՆ միայն ընդունած է 5+2 ազատագրուած շրջաններու վերադարձը ազրպէյճանական իրաւասութեան, չի կրնար իրաւական հիմք հայթայթել ներկայի սահմանագծման խօսակցութիւններուն: Կը կրկնեմ. չի կրնար` առնուազն հետեւեալ երեք հանգամանքներու հիման վրայ. (ա) Մատրիտեան...

Պատմութիւնը Երէկ Չէ Միայն, Այլ Նաեւ` Այսօր

Պատմութիւնը Երէկ Չէ Միայն, Այլ Նաեւ` Այսօր

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ Նոյեմբեր 9-ի անփառունակ տեղատուութիւնը կը շարունակուի դժբախտաբար օրէ օր, նախ` Արցախի 7+ շրջանները յանձնելով եւ պարտութիւնը վերագրելով անցեալի «կոռումպացուած» իշխանութեան, այսօր` Սիւնիքի խորհրդային քարտէսի տրամաբանութեան արդարացումով, իսկ վա՞ղը... Ժողովրդընտիր վարչապետը, որ արժանացաւ թաւշեայ յեղափոխութեան հեղինակը ըլլալու, յետթաւշեայ դաշնագրին, զոր կոչեց «պատուով եւ յաղթական» դաշնագիր, մուտք գործելով Սիւնեաց աշխարհ կաշառակեր ովսաննաներով, որուն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Երկարատեւ Արշաւը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ   Որեւէ ժողովուրդ կ՛ապրի անմիջական ներկայով, բայց կը ներշնչուի իր անցեալով ու կը յուսայ իր ապագայով: 2020 թուականը մեզի պարտադրեց, որ հաստատենք այս իրականութիւնը: Աղէտաբեր տարի մըն էր 2020-ը, յատկապէս հայ ազգին համար` սկսելով «Քորոնա» ժահրէն, ապա Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական վիճակը, հասնելով Արցախի պատերազմին, ապա վերջինիս «լքումը» ներկայ իշխանութեան որոշումով: Անարգ ճակատագիր: Տագնապի եւ անորոշութեան ալիքներու վրայ երերացող հայ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ով Կը Յարատեւէ, Կը Յաղթէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ 2021 թուականին կազմակերպելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ կը հրաւիրէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական գլխաւոր ուժերը` խորհրդակցութեան: Իր հրաժարականի պահանջը ժողովուրդին կողմէ բաւարար ընդունելութիւն գտած չըլլալով, կ՛ըսէ գործող վարչապետը, անհրաժեշտ է այդ պահանջին ժողովրդականութեան աստիճանը ճշդել, ժողովրդավարական կարգեր ունեցող երկրի մը մէջ միակ միջոցով. նոր ընտրութեամբ: Առաջարկը իրականութենէն խուսանաւելու միջոց է: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդունի, առանց ըսելու,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Սգակիր Ձմեռ Պապը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սգակիր Ձմեռ Պապը

«Ահա՛ ծառը, հին ծառացումներս մոռցնել տուող գեղածիծաղ ծառ. ահա՛ լոյսերը, որ վառած են ու ողողած ճամբադ` եկո՛ւր»: ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ («Կորստական թոյներ» - 1970) Այս տարի ծառը չկայ: Այդ վիթխարի ծառը, որ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու կեդրոնական հրապարակներուն վրայ քանի մը շաբթուան համար «ծիլ կ՛առնէր»: Ծառին փոխարէն` զայրացած եւ ընդվզած հայորդին ծառացած է հրապարակներուն վրայ սգաւոր Կաղանդ, արցախակորոյս Ամանոր մը տօնելու:...

Page 355 of 807 1 … 354 355 356 … 807

Արխիւներ