Անդրադարձ

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ…  (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ… (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԿԻՏԱՆԵԱՆ Այսօր երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ իր գիրկը առաւ հաւատարիմ սպասաւոր մը. Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ոչ եւս է: Եւ երբ մութը երկիրը կը պատէ, միւս կողմը երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ «հանգիստ կը գտնէ» (Սղ. 62) հաւատարիմ, խնամակալ, ծառայասէր, բծախնդիր, անշահախնդիր եկեղեցական մը. եկեղեցական մը, որ իր վախճանումով ցնցեց երկիրը տիեզերաց` մեկնելով ի յաւիտենականութեան: Մեղրիկ սրբազանը բառին ամբողջական իմաստով...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Այո՛, երբեմն, մարդ եմ, կը վախնամ: Երբեմն սպառնալիքներ կը հասնին ոչ թէ իմ անձիս, այլ մինչեւ իմ ընտանիքիս: Այդ ատեն կը վախնամ: Ես ունիմ  իրաւունքը իմ հերոսութիւնս ընելու, բայց կրնա՞մ արդեօք զաւակիս անունով ալ հերոսութիւն ընել»: ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ Յաջորդաբար 14-րդ տարին ըլլալով մենք կը յիշենք ու կը յիշատակենք հայ կեանքի մէջ իր եզակի ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ունեցած Հրանդ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Անաւարտ Դիմանկար» (Հեղինակ` Սուրէն Չէքիճեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Անաւարտ Դիմանկար» (Հեղինակ` Սուրէն Չէքիճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն 2020-ին լոյս տեսաւ Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար» վէպը, բաղկացած` 312 էջերէ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է ընկերներուն: Վէպը կը ներկայացնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն` 1975-էն առաջ Քանատա գաղթած եւ Թորոնթօ հաստատուած Լեւոն Սարգիսեանի կեանքը, որ գեղանկարիչ է, կը գծէ դիմանկար եւ իգական սեռի մերկ նկարներ: Անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը Լիբանանն է: Երանութեամբ կը յիշէ Պէյրութի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Սորոսը. Ազգերն Ու Ժողովուրդները Ապազգայնացնելու Հիմնադրամ Եւ Ծրագիր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ա.- «Ռուսիա Այսօր» լրատուական գործակալութիւնը (RT, Russia Today) իրերայաջորդ` 28 եւ 29 նոյեմբեր 2020-ին անդրադարձաւ Լեհաստանի եւ Հունգարիոյ բարոյական-ազգայնական անշեղ կեցուածքներուն, որոնց թարգմանաբար կ՛անդրադառնամ ստորեւ. Առաջինին խորագիրն է. «Հունգարիան եւ Լեհաստանը ճիշդ կը համարեն աւանդական արժէքները դրամէն առաջ դնելը, եւ Եւրոպական Միութեան սեռափոխութեան իրաւունքները խթանելու բռնապետական ծրագիրին կը դիմադրեն» (1): Սասունցի Դաւիթ «Սեռափոխութեան խորշանք չէ Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի...

Հոգով Ճորտերի Վարչապետը

Հոգով Ճորտերի Վարչապետը

ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ գրիչ եմ վերցրել կամ նստել եմ համակարգչի առջեւ հրապարակախօսական յօդուած գրելու, ինքնաբերաբար գործել են ներքին կարմիր գծերը: Այս անգամ, սակայն, ինձ հազիւ թէ յաջողուի այդ սկզբունքը լիովին պահպանել, որովհետեւ դիմացինը բարոյականութեան ու քաղաքակրթութեան բոլոր կարմիր գծերը վաղուց է անցել: Խօսքս վարչապետի ինքնահռչակ տեղապահի մասին է: Նիկո՛լ, դու մի վիճակում ես, երբ փորձում ես ամէն գնով...

Ակնարկ.  Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Ակնարկ. Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բազմաշառաւիղ փոփոխութիւններու ենթարկելու յայտարարութիւններ կը կատարուին: Արաբական աշխարհին մէջ Քաթարի նկատմամբ արաբական պետութիւններու յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման գործընթաց, Եւրոպական Միութեան հետ լարուածութեան մեղմացում, Փարիզ-Անգարա ուղղակի մերձեցում ուղենշող խօսակցութիւն, Երեւանի նկատմամբ արձակուած ուղերձներ, եւ հիմա` Ուաշինկթընի հետ նոր էջ բանալու մասին պաշտօնական յայտարարութիւն: Դէպի Եւրոպա յարաբերութիւններու վերափոխման առումով Անգարա նախ կը յայտարարէր, որ Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տարուի երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Այդ չարաշուք գիշերէն ետք Շիրազին առաջին անգամ հանդիպեցայ փողոցը, Աբովեանի վրայ, պանդոկէս քանի մը քայլ անդին, ուր նշմարեցի համախմբում մը, մասնաւորաբար երիտասարդներու, որոնք շրջապատած էին  առիւծի բաշերով, յաղթանդամ ու  գեղեցիկ տղամարդ մը, որ, ուրեմն,  ինքն էր: Ես կը գտնուէի հանդիպակաց մայթին վրայ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 10-12մ անդին այդ խումբէն: Շիրազ դժուար ոտքի կը պահէր ինքզինք, վասնզի հարբած էր, մինչ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102 – ամեակ Մեր Մեծ Դաշնակիցը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Մեր Մեծ Դաշնակիցը». այս է խորագիրը ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 հոկտեմբեր 1920-ի խմբագրականին (1), որ մասամբ կը յարմարի նաեւ մեր այժմու կացութեան: Ստորեւ կը ներկայացնեմ արեւմտահայերէնը եւ վերջաւորութեան՝ քանի մը ընդգծումներ եւ տարբերութիւններ : 1. ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ը: «Հայ ժողովուրդը իր ձեռքով պիտի դարբնէ իր քաղաքական բախտը: «Այս ակներեւ ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ կարելի է արդէն համարել...

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ Կը կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիներ եւս կ՛անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ…» Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը  յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»… «Գլխուն եկած»էն ետք, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին, ապա կը մոռնանք կամ կ՛ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք»  եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր  զիջում ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ելքը Բանականութեան Եւ Կամքի Կիրարկումն Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լաւ օրերու մէջ չենք ապրիր: Տնտեսական արտասովոր տագնապի մէջ յայտնուած Լիբանանի մէջ, օգոստոս 4-ի պայթումի հետեւանքները տակաւին առկայ են: «Քորոնա»-ն այնքան տարածուեցաւ, որ իշխանութիւնները 11-օրեայ ամբողջական փակում տնօրինեցին. հիւանդանոցներուն մէջ հիւանդներ կը մերժուին եւ շատեր բակին մէջ կամ հիւանդանոցի մուտքին կասկածելի բուժման կ'ենթարկուին: Մահերը շատցած են, ու ամէն օր ծանօթի մը, սիրելիի մը, ընկերոջ մը մահուան բօթը կը...

Դաշնակցական   Մամուլը

Զուգահեռի Մը Մտորումներ…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Այնքան շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, այնքան վերլուծումներ տակաւին կը շարունակուին ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած խայտառակ պարտութեան մասին, որ մարդ կը դժուարանայ ինքն ալ կարծիքներ յայտնելու` չմատնուելու համար ըսուած-գրուածները կրկնողի անբաղձալի վիճակին: Կը դժուարանայ նաեւ ազգային նուաստացումի ու խորունկ յուսախաբութեան պատճառած ցասումն ու զայրոյթը զսպելու եւ ազգային մեծ սուգի, յուզումի ու խառնաշփոթութեան այս տխուր օրերուն հանդարտ հոգեվիճակով ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանը Հայրենի՞ք Է, Թէ՞ Բնակավայր

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Մենք սխալ չափանիշով կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նմանները: Գոյութիւն ունի վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահող շրջանակ մը, ուրկէ իշխանութեան աթոռին բարձրացող առաջնորդները որակապէս եւ մտածելակերպով գրեթէ նոյնն են: Փաշինեան չի տարբերիր միւս առաջնորդներէն: Այս մարդոց նկատմամբ մեր չափանիշին սխալը ո՞ւր կը կայանայ: Մենք այս մարդիկը կը դիտենք այն մեկնակէտով, որ ասոնց համար Հայաստանը հայրենիք...

Արցախի Նախագահին Շնորհակալագիրը  Ուղղուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին 2021 Տարին  «Արցախի Տարի» Հռչակման Առիթով

Հայրապետական Հռչակագիր` 2021-ը «Արցախի Տարի»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն 2021 տարուան սեմի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. ընդհանուր ժողովը, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, միաբանութիւնը, թեմակալ առաջնորդները ու Ազգ. իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ կրթական, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցները:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Վնասարար Իմաստակի Մը Խայտառակ Վախճանը

Փելոսի կը ստորագրէ ամբաստանագիրը Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պաշտօնավարութեան աւարտէն շաբաթ մը առաջ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ իրագործեց նոր... խայտառակութիւն մը. ան դարձաւ այս երկրի միակ նախագահը, որ կը յաջողի երկու անգամ ամբաստանուիլ իբրեւ աններելի յանցագործ, արժանի` պաշտօնանկութեան: Աւելի քան տարի մը առաջ, 2019-ի վերջերուն, Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած էր երկու բանաձեւ` Թրամփը ամբաստանելով պաշտօնը իր անձնական շահերուն սպասարկման լծելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին աշխատանքները,...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թրամփ Կրնայ Ըլլալ Միացեալ Նահանգներու Առաջին Նախագահը, Որ Երկու Անգամ Պաշտօնազրկուած Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՛ուզէի երկու կարեւոր կէտի վրայ ուշադրութիւն դարձնել: Առաջինը այն էր, որ Թրամփի մնացած է պաշտօնավարման քանի  մը օր, որուն անհամբեր կը սպասէին միլիոնաւոր մարդիկ, եւ երկրորդ` ապացուցուած է, որ Թրամփ պատմութեան մէջ ամենամեծ ստախօսն է: Ես չէի կրնար ակնկալել, որ Ուաշինկթընի մէջ  տեղի կ՛ունենան  իրադարձութիւններ, որոնք...

Երբ Լրջախոհ Ղեկավարը՝ Կը Խելագարուի, Ի՛սկ Ամբոխը Կը Դառնայ՝ Խոհական

Երբ Լրջախոհ Ղեկավարը՝ Կը Խելագարուի, Ի՛սկ Ամբոխը Կը Դառնայ՝ Խոհական

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Այսօրուան նորութիւնը, որ առհասարակ մեր ուշադրութեան կիզակէտին  կը ներկայացուի, ներքին եղբայրասպան կամ քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքի շեփորի ոտնաձայնն է։ Առաջին նախագահի Լ.Տ.Պ. բերնով արտասանուած այս գնահատականը, որտեղ կը վկայակոչէ վաղեմի իր գործակիցին Վ.Մ.-ի բերնով արտասանուած հրապարակային կարգ մը արժեւորումներ, որոնց լոյսին տակ կը բնորոշէ քաղաքացիական պատերազմի պատուհասը՝ մեր դարպասներուն առաջ կանգնած ըլլալու  ծանրակշիռ մեկնաբանութիւններ: Այս արժեւորումները, վարպետօրէն հիւսուած ու...

Մինչեւ Ե՞րբ

Պէ՛տք Է

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող ամիսներուն մեր կեանքը բաւական լուրջ եւ ցաւոտ ցնցումներէ անցաւ: 2021-ը սկսանք «Քորոնա» ժահրի նոր ալիքով: Ամբողջ աշխարհը ահազանգային վիճակի մէջ է: Մեծ պետութիւնները եթէ անզօր են, ալ ո՛ւր մնաց տնտեսական քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամի մէջ եղող երկիրներու պարագան, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը: Բոլորս ալ մեր հարազատներէն մէկը կորսնցնելու վտանգին տակ ենք: Բոլորս ալ մեր սիրելիներուն հանդէպ...

Դուք Չէք Կարող Երեւակայել, Թէ Որքան Ազատ Է Մամուլը Հայաստանում. Վահագն Գարագաշեան

Գահամոլին Սոփեստութիւններէն Ետք` Արցախի Կրած Կորուստները

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ Զ.- Նիւթական վնասներ Ըստ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին դեկտեմբերին կատարած յայտարութեան, պատերազմին պատճառով Արցախի կրած նիւթական վնասները փորձագէտներու կողմէ կը գնահատուին երկու միլիառ տոլարով: Ազրպէյճանական հրետակոծութեանց պատճառով վնասուած է 15.000 տուն եւ բնակարան, շուրջ 3500-4000 ենթակառուցուածքային միաւոր, ներառեալ` դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ, բուժարաններ եւ մշակութային կեդրոններ: Աւելի քան 2500 փոխադրամիջոց եւ ինքնաշարժ լրջօրէն վնասուած են կամ ամբողջութեամբ ոչնչացուած: Այս...

Ծաւալապաշտ Էրտողան, Համաթրքութիւն,  Արեւմուտք Եւ Արանքին` Հայաստան-(ներ)

Ծաւալապաշտ Էրտողան, Համաթրքութիւն, Արեւմուտք Եւ Արանքին` Հայաստան-(ներ)

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ քեմալական քաղաքականութիւնը փոխուած է: Անորխաղաղութիւն սեփական երկրին մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ, որ 1920-ին յայտարարուած մեկուսացման քաղաքական վարքագիծն էր: Այսօր Էրտողան, ծաւալապաշտական եւ նոր-օսմանական փառասիրութիւններ ունի, տրամագծօրէն հակառակ ընթացք մը: Հետզհետէ կը շեշտուին տարակարծութիւնները եւ հակամարտութիւնները այլ երկիրներու հետ, անմիջական դրացիներ, թէ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը յիշեցնողներ: Վերջին տասնամեակին թրքական բանակի սպառազինումը աւելցած է եւ այլեւս կու գայ տարբեր...

Խմբագրական.  Ապաշրջափակում Ո՛չ Միայն Հայաստան-Ազրպէյճան Ուղղութեամբ

Փրփուրին Կառչելու Փորձ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշիեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը: Ստորագրուեցաւ եռակողմ նոր յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերէր տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման հետագայ աշխատանքներուն: Փութին Թուրքիա-Վրաստան-Ազրպէյճան ճամբուն կարեւորութիւնը արժեզրկող, ուստի եւ Վրաստանը մեկուսացնող ու իբրեւ տարանցիկ երկրի` անոր դիրքը ականահարող, Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճամբու ստեղծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը ապահովեց, իսկ...

Page 352 of 807 1 … 351 352 353 … 807

Արխիւներ