ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վերադառնալով նուիրատուներուն` Հայկազեանի հրթիռներուն համբաւը կը հասնի մինչեւ Ֆրանսա եւ Գերմանիա: «Ազդակ»-ի 14 յունիս 1961-ի համարին մէջ (1) «Գերմանիայէն հայ մը 100 մարք կը նուիրէ» խորագիրով լուրը կ՛արժէ արտատպել` այնտեղ արծարծուող միտքերուն համար. «Շթութկարթէն Արփիար Շարվազեան հետեւեալ նամակը ղրկած է Փարիզի «Յառաջ»-ին.
««Յառաջ»-ին մէջ կարդացի «Հայերն ալ Սպուտնիկ (հրթիռ*) կը շինեն» խորագիրով յօդուած մը, որ կը տեղեկացնէ, թէ ինչպէ՛ս Պէյրութի մէջ հայ (քոլեճի*) վարժարանի մը աշակերտները, իրենց գիտնական ուսուցիչին ղեկավարութեամբ, հրթիռ մը պատրաստած եւ արձակած են. հրթիռը` 13 քկ, թռիչքին արագութիւնը` ժամական 800 քմ, հասած բարձրութիւնը` 2300 մեթր: Երբ այս լուրը կարդացի, մարմինս փուշ-փուշ եղաւ:

«Հայ տաղանդաւոր ժողովուրդին զաւակները, ահա, առանց պետական օժանդակութեան, յաջողած են հրթիռ մը արձակել, երբ անդին պետութիւններ կան, որ անկարող են նման յաջողութիւն մը արձանագրելու: Չեմ ըսեր, թէ ինչե՜ր պիտի կարենայինք դեռ ընել, եթէ ազատ պետութիւն ունենայինք: Բայց կ՛ուզեմ յայտնել, թէ ցեղային ի՛նչ հանճար է, որ գիտէ ետ չմնալ գիտական նուաճումներու ճամբուն վրայ, քալել մեծ պետութեանց յառաջդիմական գրոհին հետ:
«Թող իմանան օտարները, թող իմանայ ամբողջ հայութիւնը եւ հպարտանայ այս յաղթանակով:
«Քաջալերելու համար Պէյրութի հայ վարժարանին աշակերտները` նոր հրթիռներու շինութեան համար, կը նուիրեմ հարիւր գերմանական մարք, այն յոյսով, որ ուրիշներ եւս պիտի հետեւին օժանդակութեան այս ձեռնարկին: Կեցցեն մեր երիտասարդ գիտնականները»:
«Ազդակ»-ի խմբագրութիւն այցելութեան, Մանուկ Մանուկեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ առաջին երկյարկանի ՀԳՀԱ-ի HCRS 3 հրթիռին մասին, որ (ուղղահայեաց դիրքով*) արձակուեցաւ 7 յուլիս 1961-ին Սաննինէն (2): Նախ` Մանուկեանին մասին կը գրէ. «Փրոֆ. Մանուկեան, որ անցնող ապրիլին իր արձակած առաջին հրթիռէն ի վեր այնքան խօսիլ կու տայ իր մասին` ըլլայ լիբանանեան թերթերու, ըլլայ մեր մամուլին մէջ, հազիւ 24 տարեկան համակրելի երիտասարդ մըն է, զուարթախօս եւ անկեղծ: Բնիկ երուսաղէմցի, Երուսաղէմի անգլիական վարժարանը աւարտելէ ետք ուսանած է Թեքսաս նահանգի համալսարանին գիտական ճիւղը` ստանալով պսակաւոր գիտութեան (բնագիտութեան եւ ուսողութեան*) վկայական: Անցած տարի պաշտօնի կոչուած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ, ուր եւ սկսած է պատրաստել առաջին հրթիռները»:

Մանուկեան կ՛ըսէ, որ հրթիռը 1500 մեթր բարձրանալէ ետք, առաջին յարկը յաջող կերպով կ՛անջատուի եւ գետին կ՛իյնայ: Երկրորդ յարկը յաջողութեամբ կայծ կը ստանայ եւ շարունակելով թռիչքը` 2200 մեթր բարձրանալէ ետք պարզ տեսողութենէ կը կորսուի: Հակառակ լայնատարած փնտռտուքին` կարելի չ՛ըլլար գտնել երկրորդ յարկը, որուն «գլուխին» մէջ գործիքներ զետեղուած էին, որոնք զանազան տեղեկութիւններ պիտի տային, յատկապէս` հրթիռին հասած ճշգրիտ բարձրութիւնը:
1961-ի ելեկտրոնային հաղորդակցութեան պայմաններով եւ ուսանողական սակաւ միջոցներով, այս արագութեան, բարձրութեան, ջերմութեան, մղիչ ուժին, թռիչքի տեւողութեան եւ այլն, հեռաչափումները (telemetry) մնացին գլխաւոր լուծելի հարցերը, որոնք հիմնական առանցքը կազմեցին ակումբին վերջին տարիներու 1967-1969 աշխատանքին, սակայն` առանց հրթիռ արձակելու:
Համակարգիչի բացակայութեան, 1960-ական օրերու լաւագոյն միջոցը, իտէալն էր, հրթիռին մէջի չափող գործիքներն էին (sensors, transducers), որոնք դժուար գտանելի էին եւ սուղ, ու ոմանք պէտք էր յատուկ կերպով շինուէին, իւրաքանչիւրէն ռատիօ հաղորդակցութեամբ, տարբեր ալիքներով ուղղակի սփռումը դէպի գետին, ընդունող սարքերուն, որոնք կապուած ըլլային երիզագրող տպիչներու (graph printers, telemetry plotters/recorders), տես` նկար թիւ 3: Այս բոլորը քանի մը երկվայրկեանէն առաւելագոյնը 4-5 վայրկեանի ընթացքին, ուղղակի եւ շատ արագ պէտք էր կատարուէին:

Այսպիսի հեռաչափումներու նախնական փորձեր կատարուեցան, սակայն` ոչ վստահելի արդիւնքներով: Ապագային, հրթիռներու արձակման պահուն, շուրջ 2 ժամ կ՛արգիլուէր օդանաւերուն թռիչքը Լիբանանի օդային տարածքին մէջ` թէ՛ օդանաւերուն ապահովութեան եւ թէ՛ ալ հրթիռներուն թռիչքին հետեւելու համար, Պէյրութի օդակայանի զինուորական ռատիոտեղորոշիչին (ռատար) միջոցով, որուն տուեալներով կարելի կ՛ըլլար հաշուել հրթիռին արագութիւնը, բարձրութիւնը, թռիչքին տեւողութիւնը եւ հրթիռին ինկած վայրը:
Այս բաժինին մասնագէտն էր հազարապետ Ժոզեֆ Սֆէյրը: Ռատարներուն մանրալիք (microwave) ռատիօարձակման ուժը կը տարուբերի 2 հազարէն 25 հազար ուաթի միջեւ: Այս մանրալիք ուժը փաստելու համար անգամ մը Սֆէյր երկաթէ բարակ ձող մը պտտցուց ռատարին ալիքարձակման փողին դիմաց, եւ երկաթին ծայրը հալեցաւ:
Հայկազեան քոլեճի 1961-1962 տարեշրջանի «Քլարիոն» տարեգիրքը 3 էջ յատկացուցած է ՀԳՀԱ-ի մասին, ուր նշուած է ակումբի վարչութեան կազմը` տնօրինութեամբ Մանուկ Մանուկեանին, օգնական ունենալով Էտուըրտ Հարթը (ամերիկացի բնագիտութեան դասախօս) եւ ուսանողներ` Համբարձում Գարակէօզեան, Կարապետ Պասմաճեան, Սիմոն Աբրահամեան եւ Ճոն Թիլքեան:

Հասկնալու համար այդ օրերու «հրթիռային» մթնոլորտը`1960-1961 տարիներու համաշխարհային լրատուամիջոցներուն առաջին էջերու առօրեայ նիւթն էին հրթիռները` ըլլան անոնք անջրպետ նուաճելու խորհրդային եւ ամերիկեան մրցարշաւին մասին, կամ` այս զոյգին կողմէ ռազմական հրթիռներու տարածումը եւ յանձնումը իրենց դաշնակիցներուն:
Իրօք, 12 ապրիլ 1961-ին խորհրդային աստղանաւորդ Եուրի Կակարին եղաւ անջրպետ հասնող առաջին մարդը (5), իսկ Հայկազեանը, ատկէ 5 օր առաջ, 7 ապրիլ 1961-ին արձակեց առաջին հրթիռը:
Իսկ 1962 տարին յատկանշուեցաւ Քուպայի հրթիռներու տագնապով (6), երբ գրեթէ երրորդ համաշխարհային պատերազմը պիտի ծագէր, քանի որ Խորհրդային Միութիւնը ռազմական հեռահաս հրթիռներ (նոյնիսկ կորիզային կ՛ըսուի) զետեղեց Միացեալ Նահանգներու ցամաքամասէն միայն շուրջ 270 քմ հեռու (ամենամօտ կէտը) Քուպայի մէջ: Գրեթէ տարի մը տեւած այս տագնապը աւարտին հասաւ Խորհրդային Միութեան կողմէ նահանջով եւ հրթիռները Քուպայէն վերցնելով:
Ահա այս «հրթիռային» մթնոլորտին մէջ էր Հայկազեանի տղոց հրթիռներ արձակելու գործունէութիւնը: Ամփոփելով 1961 տարին` Հայկազեանի հրթիռներուն մասին «Ազդակ»-ի 1961-ի վերջին ակնարկութիւնը դասախօսութեան ծանուցում մըն է` Ս. Նշան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտից միութեան կողմէ կազմակերպուած, նիւթ ունենալով «Հրթիռներ եւ արուեստական արբանեակներ», դասախօսը` ՀԳՀԱ-ի անդամ Համբար Գարակէօզեան:
1960-ի վերջաւորութեան` նոյեմբերին ծնունդ առած ՀԳՀԱ-ն նոյն տարին ուսումնասիրութիւններ կատարեց: 1961-ին փոքր հրթիռներով փորձեր կատարելէ ետք, 7 ապրիլ 1961-էն սկսեալ մինչեւ 16 սեպտեմբեր 1961 վեց հրթիռներ արձակեց, HCRS 1-էն (ՀԳՀԱ 1) HCRS 6 Cedar 1 այսինքն` մօտաւորապէս ամիսը մէկ հրթիռ, որոնց վերջին չորսը` երկու յարկանի:
8 յունիս 2021
(Շար. 4)
————–
* Լուսաբանութիւնները իմս
(1) «Ազդակ» ԼԵ. (35*) տարի թիւ 84, 14 յունիս 1961, էջ 3:
(2) «Ազդակ» ԼԵ. (35*) տարի թիւ 106, 10 յուլիս 1961, էջ 3:
(3) «Ազդակ» ԼԵ. (35*) տարի թիւ 237, 9 դեկտեմբեր 1961, էջ 4:
(4) «Ազդակ» ԽԳ. (43*) տարի թիւ 20, 27 մարտ 1969, էջ 4:
(5) https://en.wikipedia.org/wiki/Yuri_Gagarin
(6) https://en.wikipedia.org/wiki/Cuban_Missile_Crisis