Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իլհամ Ալիեւի Մղձաւանջը

Յունիս 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր անգամ մը եւս կ՛անդրադառնանք, թէ ինչպիսի՜անասելի նուէր մըն է, որ ըրած է թշնամիին Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը սնուցանելով Ալիեւի հիւանդկախ երեւակայութիւնը: Եւ ինչպիսի՜ աններելի առաւելութիւն մը զիջած ենք թշնամիին մենք` Հայաստանի քաղաքացիներս, 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին լքելով մեր անկախ պետականութեան սանձերը եւ արտօնելով, որ Փաշինեան խլէ այդ սանձերը եւ իր աւերը շարունակէ գործել անպատիժ: Եւ ամէն օր աւելի նուաստացնել մեզ եւ մեր երկիրը Ալիեւի լկտի գոռոզամտութեան առջեւ:

Ինչո՞ւ չենք խօսիր մեր այս հաւաքական անփութութեան մասին: Չե՞նք յիշեր «Հայաստանի փրկութեան շարժման» գերմարդկային ճիգերը մեր հաւաքական խղճմտանքը ցնցելու եւ երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը իր տեղէն շարժելու…

Հիմա կը տեսնենք, որ մարդիկ լայն զանգուածներով փախուստ կու տային երկրէն. այսինքն` փաշինեանական աղէտէ՛ն, երբ ազգին անկեղծ զինուորները գիշեր-ցերեկ կ՛ողողէին հրապարակները դէմ դնելով պարտութեան վարչակարգի ոստիկանութեան կամայական միջամտութիւններուն:

Այժմ, կարեւոր է, որ անկեղծ գնահատական տանք վերջին ամիսներու իրականութեան: Ոչ մէկ կասկա՛ծ, որ պարտութեան վարչակարգի թուլամորթութիւնը Իլհամ Ալիեւի երազած դրախտն էր յետպատերազմեան այս կացութեան մէջ: Ան հրապարակաւ կը ծաղրէր Փաշինեանն ու անոր կառավարութիւնը: Ան կը ժպրհէր նախատել մեր ժողովուրդը: Ան կը սոնքար իրեն շնորհուած յաղթանակներով: Հրապարակաւ կը սրբապղծէր մեր սրբատեղիները: Կ՛անարգէր մեր դրօշը: Կը բռնաբարէր մեր հայրենիքի սահմանները: Ամէնէն անուանարկիչ ձեւերով, ան կ՛անպատուէր հայ ռազմագերիները եւ ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր, թէ մեր ազգը անջիղ հաւաքականութիւն մըն էր եւ արժանի չէր ինքնիշխան պետականութիւն ունենալու: Այսինքն էինք այնքան ապիկա՛ր, որ յանկարծ ինք եւս սկսաւ հաւատալ իր կարծեցեալ ուժին եւ հաւատաց, որ կրնար քաղաքականութիւն պարտադրել Հայաստանին եւ կրնար նոր պատերազմով սպառնալ այս զգետնուած անզօրին…

Այո՛, սահման չունէր Իլհամ Ալիեւի մտքի սատիզմը, քանի որ սահման չունէր պարտութեան վարչակարգի անորակելի ձեռնթափութիւնը ալիեւեան քմահաճոյքին առջեւ: Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրին յաջորդեցին Ալիեւի շարունակական ոտնձգութիւնները: Ալիեւի զօրքերը ազատօրէն մտան մեր տուներէն ներս: Ազատօրէն բանակցեցան մեր դռներուն առջեւ: Իսկ պարտութեան վարչակարգը օրը-օրին փորձեց արդարացնել իր յանցաւոր անգործութիւնը` պատճառաբանելով, որ Ալիեւ իրաւունք ունէր, քանի որ այդ տարածքները – ի՜նչ հեգնանք եւ ի՜նչ ստորնութիւն – մաս կը կազմէին Խորհրդային Ազրպէյճանին… Մենք կ՛ապրէինք մեր ազգային հոգեվարքը, եւ այս գէշ երազը պէտք էր անպայման թօթափել մեր ճնշուած երեւակայութենէն: Ասիկա այժմ վերջ կը գտնէ «Հայաստան» դաշինքի հզօր յաղթարշաւով:

Այսօր յստակ է: Եթէ հայը պիտի կրնայ ապրիլ ինքզինքին հետ, միանգամընդմիշտ վերջ պէտք է գտնէ ալիեւներու այս լպիրշ մեղրամիսը: Եւ ան արդէն վերջ կը գտնէ: Պէտք է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՜ մղձաւանջ կը տիրէ այս պահուն Ազրպէյճանի նախագահական պալատի միջանցքներուն մէջ:

Իլհամ Ալիեւ լաւ կը յիշէ իր հօր` Հայտար Ալիեւի սարսափը ամէն անգամ որ վերջինս ինքզինք կը գտնէր նախագահ Քոչարեանին հետ դէմ դիմաց Արցախի բանակցային գործընթացի սեղաններուն շուրջ: Իլհամ Ալիեւ գիտէ, թէ համրուած են իր ամբարտաւանութեան օրերը: Ան լաւ գիտէ, թէ հասած են նաեւ իր հաշուետուութեան օրերը: Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին արդէն շոգիացած են մէջտեղէն:

Շուտով պիտի փոխուին խաղին կանոնները: Շուտով խաղատախտակը շուռ պիտի գայ Ալիեւի աչքերուն առջեւ, եւ նոր, ինքնավստահ, արժանապատիւ եւ ուժեղ Հայաստանն է, որ պիտի մտնէ պատմութեան ասպարէզ:

Այո՛, դժուար ըլլալու է անցման այս շրջանը: Այո՛, ականապատուած է մեր կեանքի այս տարածքը: Բայց այսօ՛ր է ճշմարտութեան վայրկեանը դիմագրաւելու օրը: Հայ ա՛զգ, այս մարտահրաւէրը քեզի կը սպասէ: Ուժեղ մարդոց մարտահրաւէրն է ասիկա: Դուն կրնաս շրջել ծուռ դարձած այս անիւը: Դուն կրնաս այրել բոլոր շինծու սահմանները:

Հիմա արդէն Ալիեւի կարգն է «քառսուն գոմշու կաշիով» պաշտպանուելու: Դուն կրնաս այդ մեծ շրջադարձը իրագործել:Դուն կրնաս տէր կանգնիլ քու հողիդ եւ արժանապատուութեանդ: ԴՈՒՆ ԿՐՆԱ՛Ս: ԴՈՒՆ ԱՆՊԱՅՄԱ՛Ն ԿՐՆԱՍ: ՔՈՒ ՏԵՍԱԿԴ Է, ՈՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ: ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՏԱՆ ՏԷՐՆ ՈՒ ԾԱՌԱՆ: ԱՅԼ ՄԱՆԱՒԱՆԴ` ՄԻԱՅՆ ԴՈ՛ՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԵՒ ԱՆՆԿՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ: ՊԱՏԻ՛Ւ ՔԵԶԻ:

16 յունիս, 2021

 

Նախորդը

Սպասելով Յառաջիկայ Երկուշաբթին` 21 Յունիսը

Յաջորդը

Հայ Ազատամարտիկներու Եւ Ջան Ֆետայիներու Սուրբ Արեամբ Թաթախուած Դրօշը` Վեհ Դաշնակցութեան

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?