Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Ընտրական Ծրագիրը Եւ Մենք

Յունիս 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Մօտիկ անցեալին, մայիս 9-ին, Ռոպերթ Քոչարեանի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Վերածնուող Հայաստան կուսակցութեան ղեկավարած «Հայաստան» ընտրական դաշինքը` 20 յունիս 2021-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու նախօրէին, հրապարակեց իր հռչակագիրը, որ բաւականին հետաքրքրական բովանդակութիւն ունէր: Սակայն, աւելի իմաստալիցը եղաւ այս դաշինքի հրատարակած «365 օր+. ապագան սկսւում է հիմա» (առաջնահերթ գործողութիւններու) վերնագրուած ծրագիրը, որ ինքնին շատ ուշագրաւ է իր բովանդակութեամբ:

Վարչագիտութեան, այսինքն մենէյճմընթի քլիշէ խօսքերէն մէկն է «A plan is a plan; what matters most is the execution on it»: Այսինքն` «Ծրագիրը կը մնայ լոկ ծրագիր, հիմնականը անոր գործադրման ձեւաչափն է»: Կարդալով «Հայաստան» դաշինքի նախատեսած ապագայ կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը, եւ գիտնալով այս դաշինքը բաղկացնող կուսակցութեանց եւ անձանց (յա՛տկապէս ՀՅԴ-ի) անցեալն ու վաստակը, նաեւ այն ուղին, ուրկէ անոնք անցած են, եւ աւելի՛ն, ապագայ հայրենիքի անոնց տեսլականը, դժուար չէ եզրակացնել, որ այս ծրագիրը դատապարտուած չէ լոկ ծրագիր մնալու, անշուշտ` «Հայաստան» դաշինքի յաջողութեան պարունակին մէջ: Ըսե՛մ` ինչու:

Սակայն, նախքան հոն երթալը, արժէ կանգ առնել մեր ազգովին ապրուած վերջին վեցամսեայ հոգեվիճակին ու մղձաւանջին դիմաց, ուր յաղթանակուած ազգային հողի կորուստը, հազարաւոր նահատակներն ու հաշմանդամները, օրէցօր հայրենի տարածքներու անհասկնալի ու անհեռատես զիջումը, շշմեցուցած են մեր մէջ ամենապինդն անգամ, իսկ ուրիշներ կը գտնուին ապակողմնորոշուած, շուարած կամ նո՛յնիսկ ապազգայունացուած (desensitized) վիճակի մը մէջ: Նոր հարուածներն ու սահանքները, անմեկնաբանելի իրավիճակներն ու անճրկումները մեր «նորմալ» առօրեան կը թուին ըլլալ այս օրերուն: Օրինակ` նոր գերեվարումներ, նոր հողային բռնաբարում, արտաքին գործոց նախարարի անսպասելի բայց հասկնալի հրաժարական, եւ այլն:

Այս վիճակին մէջ միա՛կ երեւելի, շօշափելի ու յուսադրիչ պարագան արտահերթ այս ընտրութիւններուն Փաշինեանի ղեկավարած (կը վարանիմ ղեկավարութիւն բառը հոս գործածելու) անձեռնհաս, անփառունակ ու անզօր իշխանութիւններուն հեռացումն է, որպէսզի շրջուի հայրենիքի հանդէպ վնասակար ու անհորիզոն անոնց ընթացքը: Պարտուած եւ ձախորդ, սակայն ինքնագիտակից ղեկավարը արժանաւորապէս ու պատուով փորձելու էր հեռանալ իր աթոռէն: Մենք այս շնորհքը չունեցանք, այլ ընդհակառակը…

Վերադառնանք «Հայաստան» դաշինքի ծրագիրին: Այսօրուան դրութեամբ կարծէք ամէն ինչ` սկսած հայրենի պետականութեան եւ բանակին վերակառուցումէն, Արցախի կարիքներուն հասնելէն մինչեւ առողջ ու կառուցողական, հաւասարէ-հաւասար Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնները վերատեսութեան ու վերընձիւղման կարօտը ունին: Ահա՛ այս վերաշինութեան յատակագիծն է, զոր այս ծրագիրը կը բնութագրէ: Իր 16 ենթագլուխներով եւ 178 առաջադրանք-կէտերով ան 360 աստիճանի պատկերացում մը կու տայ, որ ինչպիսի՛ պետութեան եւ հայրենիքի շինարարական գործ կայ ըլլալիք մեր դիմաց: Պիտի արձագանգեմ այս 178 կէտերէն մի քանիին միայն, որոնք, ըստ իս, կը յամարուին առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւն:

Արժանապատիւ խաղաղութիւն (ենթագլուխ)

  1. (Այսինքն ծրագրին մէջ կէտ թիւ 1) «Մենք հանդէս ենք գալիս հաւասարակշիռ եւ հետեւողական արտաքին քաղաքականութեան, արդիւնաւէտ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր հարեւանների հետ արժանապատիւ յարաբերութիւնների հաստատման եւ զարգացման օգտին»:

Ո՛չ մէկ ձեւով ինքզինք այլոց չպարտադրող, սակայն նաեւ ինքզինք լա՛ւ ճանաչող ու յարգող մօտեցում է այս: Յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի «Ծանիր զքեզ»-ը դրուած է կիրարկումի մէջ կարծէք:

  1. «Ընդլայնելու ենք Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչումն ու դատապարտումը, հետապնդելու ենք հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքների իրականացումը` որպէս նոր ցեղասպանութիւնների կանխարգիլման նախապայման, որպէս սերունդների համար անվտանգութեան երաշխիք եւ տարածաշրջանում երկարաժամկէտ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան գրաւական»:

Շա՛տ պարզ է, տրամաբանական ու մեկին: Կշռադատուած, իրաւունքները չզիջող ու լայնախոհ մարտավարական մօտեցում է այս: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ 2015-ի Երեւանեան հռչակագիրի սլացքը վերջապէ՛ս` ի գործ:

44-օրեայ պատերազմի հետեւանքների յաղթահարում

  1. «… Ջանքեր ենք գործադրելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ, բանակցային գործընթացի վերսկսման համար` նպատակաուղղուած ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ Արցախի տարածքի վերականգնումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երաշխաւորուած ցամաքային անվտանգ կապի ապահովմանը»:

Չափաւոր, լուսամիտ պատկերացում մը, որ առաջնորդելու է մեզ դէպի Արցախեան հարցին կարգաւորմանը, արցախահայութեան ազգային արժանապատիւ ու ապահով կեանքին, եւ` ինչո՛ւ չէ (եթէ նոյնիսկ մասամբ ցնորային թուէր այսօրուան մեր յաղթուած ու հոգելլկուած վիճակին մէջ) արդարութեան եւ Ազրպէյճանի հետ Արցախի վերաբերեալ կայուն հասկացողութեան մը:

Տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր օրակարգ

  1. «Հայաստանը կարող է դառնալ հաղորդակցութիւնների հատման տարածաշրջանային կենդրոն, տարանցիկ երկիր, որ կը կապի Սեւ Ծովի եւ Պարսից Ծոցի երկիրները, ինչպէս նաեւ վերականգնուող նոր Մետաքսի Ճանապարհը»:

Ապա ծրագիրը կը մանրամասնէ Վրաստան-Հայաստան-Իրան ելեկտրական հարթակի եւ կապի նոր մայրուղիներու ձեւաւորման, Քաջարանի փապուղիի կառուցման, Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհի հարաւային հատուածի շինարարութեան, Իրան-ԵԱՏՄ պարունակին մէջ Իրանի սահմանին ազատ գօտիի մը ստեղծման, Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան բացման, Չինաստանի այժմ նշանաւոր դարձած «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» One Belt One Road (OBOR Initiative) ծրագիրին Հայաստանի սատարման, արաբական երկիրներու հետ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու խթանման եւ այլն:

Անվտանգ եւ կայուն պետութիւն

  1. «Օտար եւ ապազգային ուժերի ներթափանցումն ու ազդեցութիւնները կանխելու, ռազմական, տնտեսական, տեղեկատուական, բնապահպանական, ուժանիւթի անվտանգութիւնն ապահովելու, ինչպէս նաեւ սայպըր յանցագործութիւնների համակարգուած պայքարի նպատակով, արդիականացնելու ենք երկրի անվտանգութեան պետական համակարգը (զինուած ուժեր, անվտանգութեան խորհուրդ, քաղաքացիական պաշտպանութիւն եւ իրաւապահ համակարգեր)»:

Ապա ծրագիրը լուսարձակի տակ կ’առնէ ՀՅԴ-ի տարիներէ ի վեր ջատագոված Ազգ-բանակ հասկացողութիւնն ու նախաձեռնութիւնը (իմա՛ Արցախի ողողումէն քանի մը տարիներ առաջ իսկ), կը խօսի զինուած ուժերը վերակառուցելու մասին, կ’առաջադրէ ներքին անվտանգութիւնը ապահովող իրաւապահ համակարգի բարեփոխում, կը բացառէ ոստիկանապետութիւնը, կը միտի վերականգնել գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները եւ այլն:

Մէկ խօսքով` վերջին եռամեայի գահավէժ ընթացքը միանգամընդմիշտ կասեցնելու, բանակը վերակազմելու, զայն նորագոյն արհեստագիտութեամբ եւ այժմէական հնարաւորութիւններով օժտելու (յիշեցէ՛ք որքան ետ էինք այս մարզին մէջ վերջին պատերազմին) եւ պետութիւնը ամուր հիմերու վրայ խարսխելու հարց կը դնէ:

  1. «Ձեւաւորելու ենք Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան եւ երկխօսութեան նոր օրակարգեր, վերանայելու ենք երկքաղաքացիների ՀՀ պետական կառավարման մէջ ներգրաւելու սահմանափակումները, ներդնելու ենք գործակցութեան նոր մեքանիզմներ»:

Անցնող 30 տարիներուն սփիւռքը լքուած կը թուէր ըլլալ եւ դասուած երկրորդ (ինչո՞ւ չէ` երրորդ) կարգի քաղաքացիի տեղ: Ասոր դրդապատճառը մի՛այն հայրենի իշխանութեանց – բացառութիւնները յարգելով հանդերձ – առհասարակ ապաշնորհ ու մակերեսային, եւ սփիւռքահայ անհատներու հետ (փոխան կառոյցներու) աշխատելու գործելաոճը չէր սոսկ: Սփիւռքն ալ ունէր իր մեղքի բաժինը, ինչպէս նաեւ ներգործօն կերպով ու տեսլականով չառաջնորդուելու պակասը ընդհանրապէս: Սակայն, անիմաստ է թափած կաթին վրայ ողբալը: Արժէ վերահունաւորուիլ, դասերը քաղել եւ առաջ իյնալ: Ուրիշ կերպ չկայ:

Համերաշխութիւն, համահայկական ներուժի մէկտեղում

  1. «Յաղթահարելու ենք ներազգային պառակտուածութիւնը` երկրում վերականգնելով համերաշխութեան եւ երկխօսութեան կենսական մթնոլորտը»:
  2. «Գործադրելու ենք համահայկական կարողականութեան մէկտեղման’ հոգեւոր, կրթական, երիտասարդական, մարզական, մշակութային, լրատուական եւ տնտեսական քաղաքականութիւններ` որպէս հասարակութեան արժէքային ճգնաժամը յաղթահարելու պետականութեան հիմքերն ու ազգային անվտանգութիւնն ամրապնդելու, քաղաքացի ձեւաւորելու յենարաններ»:

Ամէ՛ն:

Պա՛հ մը երեւակայեցէք, որ վերջին երեք տարիներու իշխանութեանց կողմէ հրապարակային անբովանդակ ճառերն ու ճամարտակութիւնները փոխարինուին քաղաքակիրթ երկխօսութեամբ մը, եւ տարբերակումներն ու հասարակութեան մէջ գտնուող առողջ այլազանութիւնները յարգող ու անոնց սատարող համերաշխութիւնը գերիշխէ:

Ապա «Հայաստան» դաշինքի ծրագիրը կը սկսի «Հայաստան. ապրելու երկիր» նոր գլուխ մը, որուն տակ կ’իյնան Տնտեսական քաղաքականութիւն, Թուային Հայաստան, Ներդրումային Հայաստան, Հիւրընկալ Հայաստան, «Արտադրուած է Հայաստանում», Կրթութիւն եւ գիտութիւն, մշակոյթ, երիտասարդութիւն եւ մարմնակրթութիւն, առողջապահութիւն, գիւղատնտեսութիւն, Համաչափ զարգացում, Ճանապարհաշինութիւն, երթեւեկ եւ բեռնափոխադրումներ բաժինները:

Այս գրութիւնը չծանրաբեռնելու նպատակով «Հայաստան ապրելու երկիր» այս գլխուն տակ գտնուող հիմնական կէտերուն արժէ առանձնաբար անդրադառնալ, մօտակայ այլ առիթով մը:

Ալ ի՞նչ խօսք, որ Նիկոլ Փաշինեանի «Ապագայ կա՛յ ապագայ» անուանուած խմբաւորումն ալ ունի երկարաբան ու բառակոյտով լեցուն ծրագիր մը: Բայց այս պարագային Actions speak louder than words-ը կարելի է հեշտօրէն կիրարկել այս խմբաւորումին, մա՛նաւանդ որ երեք տարիներէ ի վեր ականատես ենք ազգն ու հայրենիքը սխալ տեղ «առաջնորդած» ասոնց փորձին եւ վարքագիծին: Ի՞նչ ապագայ կոտրուած այս տաշտակին վրայ նստած վարչախումբէն:

Լոս Անճելըս

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 121-44

Յաջորդը

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?