Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազատամարտիկներու Եւ Ջան Ֆետայիներու Սուրբ Արեամբ Թաթախուած Դրօշը` Վեհ Դաշնակցութեան

Յունիս 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Դիտելով դար մը եւ քառորդ ու աւելի ՀՅ Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը, նոր տեսիլքներով ու յանձնառութիւններով կը դիմաւորենք նաեւ ապագան, արդարեւ, այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը լարէ մեզ բոլորս` դիմագրաւելու մեր առջեւ ցցուող ազգային, ընկերային, քաղաքական ու մշակութային մարտահրաւէրները:

Հայ ժողովուրդի հայրենատենչ երկունքէն ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպչական կառոյցը, անոր հայրենանուէր ու ազգանուէր դարէ մը աւելի զոհաբերութիւնները` 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք, 131-ամեայ մեր պատմութեան անծանօթ հայրենի մերօրեայ պետական կառոյցին շուրջ համախմբուած այրերու վոհմակին կողմէ Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը անամօթաբար մշուշապատելու, թունաւորելու, անոր մէջ շերտաւորումներ տեսնելու, Հայաստանի եւ արտերկրի դաշնակցականներ պիտակաւորելու եւ աւելի՛ն, «Ազատութիւն կամ մահ» շեփորող Դաշնակցութեան վեհ դրօշը «վառելու այրելու» քստմնելի բացագանչութիւնները, անոր վրայ անգամ մը եւս տապանաքար դնելու անհիմն փորձերն ու պիղծ խօսքերը կը մնան դատապարտելի, զարհուրելի եւ ոչ հայավայել: Այս մօտեցումները կը բեկանեն մեր ժողովուրդին միասնութիւնը, կը թունաւորեն մարտունակ կազմակերպութեան նորահաս սերունդին հոգիները, կը խոչընդոտեն անոր դէպի փայլուն ապագայ երթը, եւ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի անկատար տենչերը իրականացնելու անոնց երազը կը խորտակեն` յագուրդ տալով հարեւան մեր դարաւոր թշնամիներու անկուշտ ախորժակներուն:

Հայ ժողովուրդի հոգիին ու հայրենի հողին մէջ խարսխուած գաղափարական այս հզօր կազմակերպութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, սակայն, ինքզինք աւելի ուժականութեամբ պիտի զսպանակէ եւ նուիրաբերումի նոր չափանիշով մը իր լաւագոյնը պիտի ընծայաբերէ` յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն, յանուն մեր գոյապայքարի սրբազան գործին:

131 տարի առաջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծնունդը պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը ըլլալով հանդերձ, եղաւ նաեւ անկիւնադարձային հանգրուան մը կեանքին մէջ սփիւռքացած հայ ժողովուրդին, որ բծախնդրօրէն եւ հաստատ համոզումով սատարեց հայապահպանման վեհ գործին` օտար ափերու վրայ ծնած անցեալի եւ մերօրեայ սերունդները կապելով մեր ազգային աւանդութիւններուն ու բարքերուն, լուսաւորեց զանոնք հայ մշակոյթի ջահով` այլասերման բոլոր վտանգներուն դէմ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաւատաց, թէ առանց կազմակերպչական կառոյցներու եւ զսպանակուած նուիրական աշխատանքի` կարելի պիտի չըլլայ օտարացնող այս ափերուն վրայ սփիւռքի նոր սերունդի հոգիին մէջ պահել ու զարգացնել հայրենասիրութեան մշակոյթն ու գոյատեւելու կամքը:

ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան համար ինքնափառաբանումի ու գովասանքի խօսքերը միշտ ալ խոտոր հնչած են, սակայն Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետին ռամիկ ու մաղձով թանձրացած ելոյթները` քաղաքական կազմակերպութիւններու հասցէին եւ ի մասնաւորի 131 տարուան կեանք ունեցող ՀՅ Դաշնակցութեան, ղեկավարներու վարկաբեկումը, արդարութեան համար ձայն բարձրացնողներու կալանաւորումը խանգարած է մեր գիտակից կեանքերը ամէնուրեք: Ահա կը վերագրեմ անցեալի հաստատումներս:

Հրաժարած, բայց վարչապետական աթոռին կառչած պրն. Փաշինեա՛ն, ձեր ասպարէզի բերումով նաեւ` պատմաբանական հմտութիւն ունեցող մարդ կը կարծէինք ձեզ, եւ ոչ անպայման քաղաքական ու երկիր ղեկավարող էակ, այսու գիրով կ՛ուզեմ յետադարձ ակնարկով մը  յիշեցնել ձեզ եւ ձեր նմանները, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան 131 տարուան ընթացքին եղաւ գերազանցապէս գլխագիր` ԳՈՐԾԻ եւ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ կուսակցութիւն եւ գերագոյն գործի յաջողութեան ի խնդիր ան տուաւ իր ամենալաւագոյնը ու զոհաբերութեան ոչ մէկ սահման ճանչնալով` հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ ստեղծեց նուիրաբերութեան նոր չափանիշեր:

Գործի ու զոհողութեան ճամբով է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու անոր ղեկավարութիւնը Օսմանեան բռնակալութեան օրերուն իսկ յաջողեցան հայ ժողովուրդը արթնցնել իր դարաւոր թմբիրէն եւ ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացնել նոյնինքն սուլթանին դէմ` ի խնդիր հայ մարդու ազատ ու անկաշկանդ գոյատեւումին ու անխափան յառաջդիմութեան:

Պրն. Փաշինեա՛ն, գործի ու զոհողութեան ճամբով էր, որ Մեծ եղեռնէն հազիւ երեք տարի ետք (ո՜վ կրնար երեւակայել), ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենար ի մի բերել հայ ժողովուրդի բեկորները եւ 6 դարու ստրկական գոյավիճակին վերջ տալով` մայիսեան վարդահեղեղ ու պայծառ առաւօտ մը ստեղծեր ազատ ու անկախ հայրենիքը: Փա՜ռք եւ հազար փա՜ռք ձե՛զ` դաշնակցական ղեկավարներ:

Գործի ու զոհողութեան ճամբով էր, որ 1918 թուականին, նորանկախ Հայաստանի ճգնաժամային օրերուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը յանդուգն վճռակամութեամբ կուրծք ցցեց բռնատիրական սարսափ յառաջացուցած կարմիր բանակին դէմ` ամրագրելով նուիրաբերումի եզակի չափանիշ մը եւս եւ պատկառանք յառաջացնելով նոյնիսկ գերպետութիւններու մօտ:

Ու տակաւին, լաւ պիտի յիշես` պրն. Փաշինեա՛ն, Խորհրդային Միութեան տարիներուն, գործի ու զոհաբերութեան անզուգական չափանիշով էր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սփիւռքի գաղութներուն մէջ յաջողեցաւ ոչ միայն հայապահպանումի ու հայակերտումի աննախընթաց կռուաններ ստեղծել, այլ նաեւ հայ երիտասարդութեան հոգիներուն մէջ վառ պահեց յեղափոխական նկարագիրը, ծաւալեց քաղաքական հսկայ գործունէութիւն, դէմ դրաւ պոլշեւիկեան չարամիտ միջամտութիւններուն ու իր շարքայիններէն ամէնէն ընտիրները նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան բագինին, երբ արտերկրի մէջ վտանգուեցաւ հայ գաղութներու ապահովութիւնը:

Այո՛, պրն. Փաշինեա՛ն, զոհաբերութեան ու գործի նոյն յանձնառութեամբ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը դարձեալ գտնուեցաւ առաջին գիծի վրայ, երբ հայրենիքի ու Արցախի ազատամարտի ահազանգը հնչեց: Ղարաբաղի անառիկ լեռներուն թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, Երեւանի փողոցներուն մէջ թէ խորհրդարանի բեմէն, Դաշնակցութիւնը մնաց պատնէշի վրայ` հայ ժողովուրդի կանչին ու մտահոգութիւններուն ականջալուր:

Հպարտութեամբ կ’արձանագրեմ, որ հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար Արցախի անկախացման ու Հայաստանի ժողովրդավարացման գործընթացին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն եղաւ մասնակից, այլեւ ղեկավարող, ոչ թէ հետեւող, այլեւ նախաձեռնող, ոչ թէ դիտող, այլեւ մարտնչող կազմակերպութիւն, նոյնիսկ այն օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան տխրահռչակ նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանը կալանաւորեց անոր ղեկավարները ու արտաքսեց զայն իր իսկ ծնունդ տուած անկախ հայրենիքէն, թալանեց անոր լրատուական գրասենեակներն ու կառոյցները, եւ հիմա դո՛ւն` պրն. Փաշինեա՛ն, Դաշնակցութեան խորհրդանիշ զինանշանով դրոշմուած սրբութիւն սրբոց հայ ազատամարտիկներու, ջան ֆետայիներու արեամբ թաթախուած Դաշնակցութեան դրօշը այրելու անպատիւ քարոզչութեանդ կիզակէտը կը դարձնես եւ այդպիսով կ՛ուզես տապանաքար դնել յանուն հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին իր արիւնը նուիրաբերած կուսակցութեան վրայ: Պրն. Փաշինեա՛ն, ժամանակի արդար տնօրինումով այսօր գոյութիւն չունին Դաշնակցութեան դրօշէն սարսափող սուլթանները, թալէաթները, էնվերներն ու սովետները, այո՛, մոգական ուժականութեամբ ոտքի՛ է Դաշնակցութիւնը եւ պիտի մնայ անդեդեւ ու անշարժ իր հաւատամքին մէջ ու հայրենի հողին վրայ` մայր Հայաստանի մէջ ընդմիշտ:

Պրն. Փաշինեա՛ն, դուն լաւ գիտես Դաշնակցութիւնը միայն քաղաքական կազմակերպութիւն չէ, ան մշտավառ գաղափարական հնոց է, Դաշնակցութեան հնոցին մէջ ձեւաւորուած ու մկրտուած են հարիւր հազարաւոր կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներ` Քրիստափորներու, Ռոստոմներու, Սիմոն Զաւարեաններու Թեհլիրեաններու եւ բիւրաւոր ջան ֆետայիներու շունչով  երդում տուած Դաշնակցութեան դրօշին ու զինանշանին վրայ, որ` «բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»: Ուշքի եկո՛ւր, պրն. Փաշինեա՛ն, դուն` որպէս առաջնորդ եւ ղեկավար,   չկարողացար յերիւրանքներովդ ու սադրանքներովդ ղեկավարել Հայաստան աշխարհը հայոց եւ աւելին` Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հազարաւոր մա’տիկներու արեան կանչը ականջներուդ` դուն դաւադրաբար ստորագրեցիր պարտուողական համաձայնագիրը եւ արիւնարբու թշնամիին յանձնեցիր Արցախ հայաշխարհը` հայ մարտիկներու արեամբ ձեռքբերուած ու հայու քրտինքով կանաչապատուած այգեստանները Արցախի: Այս օրերուն ալ դուն անամօթաբար կը ծրագրես  գաղտնաբար եւ զազրամտութեամբ նոր համաձայնագիր-փաստաթուղթ մը ստորագրել եւ Հայաստանի սահմանները դաւադրաբար յանձնել մեր դարաւոր թշնամիին` վտանգելով Նժդեհեան Զանգեզուրի դարպասները եւ անառիկ լեռներն ու միջանցքները Հայաստանի:

Պրն. Փաշինեա՛ն, անցնող տարիներուն դուն ապացուցիր, որ անզօր ու խեղճ առաջնորդ ես   քաղաքական բարձր դիրքերէ ղեկավարելու ու ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդելու` դաշնակցական Արամ Մանուկեաններէն մեզի ժառանգ մնացած Հայաստան աշխարհը մեր: Կեղծապա՛շտ, անցնցում հեռացի՛ր Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ընդմիշտ եւ վերջ տուր վարչապետի ժանտահամ ախորժակներուդ ու լաւ գիտցիր, թէ Դաշնակցութեան սուրբ դրօշը ծածանեցաւ ընդդէմ բռնակալներուն ու ան խրոխտօրէն Եռագոյն դրօշին կողքին պիտի ծածանի անկախ Հայաստանի ջինջ ու կապուտակ երկնակամարին տակ` այսօր եւ միշտ:

Թորոնթօ
16 յունիս 2021

Նախորդը

Իլհամ Ալիեւի Մղձաւանջը

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Դէպի Ուժեղ Հայաստան

RelatedPosts

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի
Անդրադարձ

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի

Դեկտեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.)  Արան Եւ Սառան
Անդրադարձ

Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.) Արան Եւ Սառան

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?