ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Համօ Օհանջանեան եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներու անմիջական յաջորդ սերունդի անդամներէն մէկը անոնց գաղափարներով եւ աւանդութիւններով ներշնչուած, նոր սերունդները հիմնադիր սերունդին հետ միացնող կուռ շղթայի ամուր օղակներէն մէկը:
Օհանջանեան ծնած է Ախալքալաք, 1873-ին: Մկրտութեան անունը` Համազասպ, բայց եղած է Համօ անունով յայտնի, իսկ կուսակցական անունը եղած է Մհերեան: Թիֆլիսի պետական համալսարանը աւարտելէն ետք, ուսանած է բժշկութիւն Զուիցերիոյ եւ Մոսկուայի մէջ: Աշակերտական տարիներէն սկսած` եղած է Դաշնակցութեան մէջ Քրիստափորին շունչին տակ: Ուսանողական տարիներէն արդէն եղած է փայլուն ապագայ խոստացող դաշնակցական գործիչ` առանձնապէս մտերիմ կապերով կապուած Քրիստափորին հետ թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Զուիցերիոյ մէջ: Լեւոն Թադէոսեանը (Պապաշան) իր յուշերուն մէջ պատմած է, որ 1898-ին Համոյին հետը միասին դաշնակցական Կարմիր խաչի մասնաճիւղ կազմած են Թելաւի մէջ:
Համալսարանական շրջանը աւարտելէն ետք, Օհանջանեան կը հաստատուի Թիֆլիս, իբրեւ բժիշկ, եւ ամբողջ էութեամբ կը նուիրուի հանրային-կուսակցական գործունէութեան` շուտով գրաւելով ղեկավար դիրքեր: Բարեկազմ, վայելուչ, բարեհամբոյր, լրջախոհ, յարաբերութիւններուն մէջ` նուրբ եւ ասպետական, ամուր իր համոզումներով եւ չափազանց բծախնդիր դէպի բարոյական սկզբունքները` Համոն հաւասարապէս յարգուած ու սիրուած էր հասարակական բոլոր խաւերու ու ընկերներու, նոյնիսկ հակառակորդ կուսակցականներու կողմէ: Գործի ու անձնական մտերիմ յարաբերութիւններու մէջ էր նաեւ ռուս յեղափոխականներու հետ:
Իր անսպառ եռանդով ու գաղափարական պայքարի թափով Համոն առանձնապէս աչքի կ՛իյնայ 1905-ին ռուսական յեղափոխութեան յաջորդող տարիներուն: Իբրեւ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի անդամ եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչ արտաքին աշխարհի առջեւ` Ե. Թոփճեանի, Գ. Խաժակի եւ ուրիշներու հետ ան ղեկավար եւ պայքարող դէմք էր հրապարակի վրայ` թէ՛ ներքին կեանքով եւ թէ յարաբերութիւններու մէջ օտարներու հետ: Եւ մասնաւորապէս մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր երիտասարդութեան, մարտական ուժերու եւ աշխատաւորական շրջանակներու մէջ: Համոյի եռանդին ենք պարտական մեծ չափով նաեւ «Յառաջ» օրաթերթն ու «Յառաջ» մատենաշարը: Անգնահատելի կ՛ըլլայ անոր դերը եւ «անջատական» ու «միհրանական» շարժումներու ժամանակ` իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն բոլորին աչքին: Իր համոզումներով ու խառնուածքով Համոն կեդրոնական տեղ կը գրաւէր Դաշնակցութեան մէջ եւ տեսակ մը միութեան կապ էր աջ ու ձախ կողմերուն միջեւ:
Այդ դիրքին եւ «հաշտարար» ոգիի շնորհիւ` ՀՅԴ-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին Համոն, Ռոստոմի կողքին, եղաւ մէկը այն ազդեցիկ դէմքերէն, որոնք վիժեցուցին Դաշնակցութեան դէմ լարուած դաւերը եւ աւելի եւս ամրապնդեցին կուսակցութեան միասնական զօրութիւնը: Ժողովէն ետք ալ նոյն եռանդով շարունակեց կուսակցական աշխատանքը ղեկավար դիրքերու վրայ: Եւ երբ սկսաւ հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, 1908-ին ցարական ոստիկաններու առաջին հարուածը իջաւ Համոյի գլխուն: Հարիւրաւոր ականաւոր մտաւորականներու հետ ան եւս նետուեցաւ բանտ, ուր մնաց մինչեւ դատավարութիւն:
1912-ի փետրուարին Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ դատավարութիւնը: 150 հոգի բերուած էին դատարանին առջեւ` Դաշնակցութեան անդամակցութեան ամբաստանութեամբ: Ռուսիոյ ամենայայտնի փաստաբանները ստանձնած էին դաշնակցականներու պաշտպանութիւնը: Չորս տարուան ընթացքին բազմահատոր մեղադրական նիւթ հաւաքուած էր, որուն մէկ մեծ մասը ուղղուած էր Համոյի դէմ: Պաշտպան փաստաբաններու որոշումով քանի մը հոգի միայն պէտք էր խոստովանէին Դաշնակցութեան անդամ ըլլալը, եւ Համոն առաջինն էր անոնց մէջ: Դատարանին մէջ անոր արտասանած ճառը Դաշնակցութեան մասին խորունկ տպաւորութիւն գործեց ոչ միայն ունկնդիրներուն, այլեւ դատական կազմին վրայ: Արդիւնքը` տաժանակիր աշխատանքի դատավճիռ Սիպերիոյ մէջ:
Պատերազմի եւ կամաւորական շարժման պատճառով, 1915-ին շատերու հետ Համոն ալ ազատ արձակուեցաւ, վերադարձաւ Կովկաս եւ կարճ ժամանակ յետոյ պաշտօն ստանձնեց Քաղաքներու միութեան ռազմաճակատի բժշկա-առողջապահական բաժնին մէջ` նպատակ ունենալով առաջին հերթին օգնութիւն հասցնել պատերազմէն աղէտահար հայերուն: Վասպուրականի ազատագրութենէն ետք, օրինակ, ան փութաց Վան` բժշկա-խնամատարական մեծ խումբի գլուխն անցած եւ Վանէն նահանջին, իր խումբով, շարունակեց խնամատարական գործը Էջմիածնի մէջ:
Ցարական գահի տապալումէն ետք, 1917-ին Համոն նորէն կը նետուի կուսակցական գործունէութեան ասպարէզ, կ՛ընտրուի Սահմանադիր ժողովի անդամ եւ կը մեկնի Փեթերսպուրկ, ուր 1918-ի փետրուար 5-ին պիտի բացուէր Սահմանադրական ժողովը: Սակայն վրայ կը հասնի պոլշեւիկեան յեղաշրջումը հոկտեմբերի վերջերը, եւ ան մնաց կէս ճանապարհին, Ռոստովի մէջ, ուր իր հեղինակաւոր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական գործերուն: Թիֆլիս կը վերադառնայ հայութեան կեանքի ամենաճգնաժամային օրերուն: Ռազմաճակատը փլած էր, թուրքերը անցած էին սահմանը եւ կը սպառնային նաեւ Կովկասի հայութեան բնաջնջման: Պաթումի մէջ տեղի կ՛ունենային անիմաստ բանակցութիւններ` կովկասեան Սէյմի եւ թրքական պատուիրակութիւններու միջեւ: Կովկասեան ազգերու միութիւնը փլչելու վրայ էր: Հայ ժողովուրդը կը մնար մինակ, անօգնական` մահացու վտանգի առջեւ: Միակ իրական ուժը այդ օրերուն, որ թերեւս կարողանար աղէտի առաջն առնել, Գերմանիան էր: Եւ Հայոց Ազգային խորհուրդը շտապեց պատուիրակութիւն ուղարկել Պերլին, այդ առաքելութիւնը կը յանձնուէր Համոյին եւ սոցիալ-դեմոկրատ Արշակ Զոհրապեանին:
Բարեբախտաբար վրայ հասաւ ընդհանուր զինադադարը` 1918-ի նոյեմբեր 11-ին: Ահաւոր սպառնալիքը հեռացաւ հայկական հորիզոնէն: Փարիզ մեկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, որուն մէկ անդամը նշանակուեցաւ Համօ Օհանջանեանը: Այդ պաշտօնին վրայ ան մնաց մինչեւ 1920-ի սկիզբը` մասնակից ըլլալով պատուիրակութեան բոլոր աշխատանքներուն:
Վերադառնալով Հայաստան` Համոն կը մտնէ Ա. Խատիսեանի դահլիճին մէջ` իբրեւ արտաքին գործերու նախարար: Պոլշեւիկներու մայիսեան խռովութեան պատճառով Խատիսեանի դահլիճը կը հրաժարի, եւ մայիս 5-ին իշխանութիւնը կ՛անցնի Բիւրօ-կառավարութեան ձեռքը: Համոն, որ 1919-ի աշնան ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովէն ընտրուած էր Բիւրոյի անդամ, կը նշանակուի վարչապետ:
Բիւրօ-կառավարութիւնը պաշտօնի կոչուած էր կարճ ժամանակի համար, բայց մայիսեան խռովութիւնները զսպելէն ետք ալ դէպքերը հարկադրեցին իրեն մնալու իշխանութեան գլուխը: Այնուհետեւ վրայ հասաւ պատերազմը, Հայաստանը ճզմուեցաւ թուրք-պոլշեւիկեան միացեալ ուժերու ճնշման տակ: Համոյին վիճակուեցաւ այս դէպքերու դառնութեան բաժակը քամել ցմրուր, մինչեւ որ նոյեմբերի վերջերը իշխանութիւնը փոխանցեց նոր կառավարութեան:
Խորհրդայնացումէն ետք, երբ Համոն խումբ մը ընկերներու հետ հեռացաւ Հայաստանէն, վրացական սահման չհասած` ձերբակալուեցաւ պոլշեւիկներուն կողմէ եւ փոխադրուեցաւ Երեւանի բանտը, ուրկէ հազարաւոր ուրիշներու հետ ազատեցաւ միայն փետրուար 18-ի ապստամբութեան շնորհիւ: Ապա տարագրուեցաւ Պարսկաստան եւ հոնկէ` Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր մնաց մինչեւ վերջ` զբաղելով բժշկութեամբ, բայց ժամանակին եւ ուժերուն մեծ մասը յատկացնելով հանրային կուսակցական գործունէութեան` իբրեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնի անդամ եւ Համազգայինի նախագահ` յարգուած ու սիրուած բոլորին կողմէ:
Համօ Օհանջանեան կը մահանայ 31 յուլիս 1947-ին եւ, Գահիրէի հայութիւնը, համազգային յուղարկաւորութեամբ, ճանապարհ կը դնէ զինք դէպի յաւիտենականութիւն: