ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ամէնքս խենթ կը ծնինք: Ոմանք այդպէս
կը մնան: «Սպասելով Կոտոյին»:
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԷՔԷԹ, թատերագիր, Ի. դար
Արդէն մէկ օրէն` 20 յունիսին, Հայաստանի քաղաքացինեը պիտի քուէարկեն, ընտրելու համար Ազգային ժողովը բաղկացնելու կոչուած կուսակցութիւններու ցանկերը:
Ճշդում մը կարեւոր է. պիտի քուէարկեն Հայաստանի հայաստանաբնակ քաղաքացիները եւ պետական պաշտօնով արտասահման գտնուողները:
Արդէն սփիւռքահայը քուէարկելու իրաւունք չունէր: Զրկուած է իր երազած-սիրած հայրենիքին մասին գործնապէս կարծիք յայտնելու իրաւունքէ:
Հիմա արտասահման գտնուող արտագնայ աշխատանքի կամ այլ պատճառներով Հայաստանի քաղաքացին եւս իր ընտրելու իրաւունքէն պիտի զրկուի: Այլ առիթներով յիշեցուցած եմ, որ, օրինակ, երկրէն դուրս գտնուող ֆրանսացիները ոչ միայն կը քուէարկեն, այլ ունին իրենց պատգամաւորները երկրի Ազգային ժողովին մէջ:
Ըսենք` ազգի միութիւն սեւեռող քաղաքական հասունութեան հարց, եւ անցնինք:
Խօսինք Հայաստանի թէժացած մթնոլորտին մասին:
Նիկոլ Փաշինեանի ընտրաճառը 2018-ի թատրոնին աւելի սրուած կրկնութիւնն է, որ տեւական ընդդիմադրութիւն է «օլիկարխ»-ներու եւ «էլիտա»-ի դէմ, նախանձ, ատելութիւն եւ կիրք հրահրելու անորակ ամբոխավարութիւն, զոր կը կոչենք ամբոխահաճութիւն, պոպուլիզմ` իշխանութիւն ձեռք բերելու կամ պահելու համար: Ֆրանսայի նախագահներէն մին, երբ ընդդիմադիր էր, կը գործածէր «մնայուն պետական յեղաշրջում» (Coup d’Etat permanent, Franջois Mitterrand) տարազը: Եթէ իշխանութիւն դարձած ընդդիմադիրը շարունակէ անցեալի կարգախօսներով հրապարակ գալ, այդ քաղաքական ղեկավարի ընթացք չէ, արդարանալի չէ այդ ընել: Ամբողջ երկիրը կը յայտնուի մէկը միւսին դէմ վիճակին մէջ:
Փաշինեան երբ ժողովուրդին կը դիմէ, անոր վստահութիւնը ստանալու համար, պէտք է նախ իր երեք տարուան ղեկավարման հաշուետուութիւնը ընէ, խօսի ձեռք բերած դրական եւ բացասական արդիւնքներուն մասին: Կարծէք երեք տարի առաջուան տրիբունն է, որ կ’առաջնորդէ դժգոհութիւններու եւ ակնկալութիւններու ալիքին վրայ տատանող քաղաքացիներու զանգուածը:
Փաշինեան ըսած էր, որ ոչինչ պիտի ընէ առանց ժողովուրդի հաւանութեան:
Ե՞րբ եւ ո՞ր ժողովուրդի հաւանութեամբ միլիոններու պարգեւավճարներ բաժնեց իւրայիններուն: Միթէ այս քաղաքավար եւ օրինականցուած ձեւը չէ՞ր քննադատուած-դատափետուած «թալանչիութեան»:
Առանց ժողովուրդի հաւանութեան ոչինչ ընելու խոստում տուած Փաշինեան, այդ մոռցաւ, մոռցաւ նոյնիսկ իր համախոհներու մեծամասնութեամբ կազմուած Ազգային ժողովը, մոռցաւ իր խմբակից նախարարները, առանձին գնաց անձնատուական (կապիտուալացիա) եռակողմանի յայտարարութիւնը ստորագրելու: Չանհանգստացաւ, երբ նախարարներ հրաժարեցան: Միթէ այս վերաբերումը սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կարգի, գործակիցներու եւ տրուած խոստումի արհամարհանք չէ՞ր:
Հայաստանի գիտակից քաղաքացին եւ սփիւռքի հայրենասէր եւ մտահոգ հայերը հարց պէտք է տան, թէ ինչպիսի՞ Հայաստանի մը ղեկավարի պաշտօնին տիրացած էր Փաշինեան երեք տարի առաջ, եւ հիմա ինչպիսի՞ Հայաստանով մը կը ներկայանայ ժողովուրդի դատին եւ վստահութեան: Հայը, ողջմտութեամբ բաղդատութիւն պէտք է ընէ. հազարաւոր զոհեր եւ հաշմանդամներ, Արցախի 75 տոկոսի կորուստ, անփառունակ պարտութիւն, նաեւ Հայաստանէն հողամասեր պոկելու ազրպէյճանական ցանկութիւններու դէմ անզօրութիւն, սահմաններու անպաշտպանութիւն, պառակտուած ժողովուրդ եւ արտագաղթ:
Այս բոլորը անտեսելով, Փաշինեան ելքի դուռ կը փնտռէ իր թաւշեայ հռետորաբանութիւնը փոխարինելով պողպատեայ յեղափոխութեամբ, այսինքն` քաղաքացիական պատերազմի յաղթանակով փոխարինելու թշնամիին դէմ պարտութիւնը:
Դեռ երէկ էր, որ զինուորական ծառայութենէ փախուստ տուած Փաշինեան բարձրագոչ կը յայտարարէր, որ ինք է գերագոյն հրամանատարը, բանակի եւ անոր զօրավարներուն պետը, հիմա պարտութեան առթած գորշութեան մէջ կը ձգտի հեղինակազրկել իրաւ հրամանատարները, յարուցանելով այլեւս սովորական դարձած եւ ամէն տեղ կրկնուող քրէական գործեր: Բայց ինչո՞ւ քրէական գործ չի յարուցաներ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ԴԷՄ, որ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ Է: Թէեւ այս սկզբունք է, եւ տեղ չունի թաւիշի եւ պողպատի տրամաբանութեան մէջ: Պարզ չէ՞, որ բանակի պարտութիւնը կ’անձնաւորէ ոչ թէ շարքային զինուորը, այլեւ` հրամանատարը, ան, որ կը հրամայէ, ան, որ անձնատուր կ’ըլլայ, եւ ո՛չ խրամատի մէջ նստած հրաման գործադրողը:
Այս մթնոլորտին մէջ կը զարմանամ, որ աղէտի մատնուած երկրին մէջ, նաե՛ւ` դուրսը, դեռ կան մարդիկ, որոնք կացութեան ծանրութեան չեն անդրադառնար եւ կը լսեն ժամանակավրէպ դարձած քինախնդրութեան հռետորաբանութիւնը: Կը խորհիմ, որ հայ մտաւորականութիւնը, գրողներ, ակադեմիկոսներ, տնտեսագէտներ, արուեստագէտներ եւ միւսները, բաւարար չափով չեն առաջնորդեր լուսաբանական աշխատանքը:
Կը զարմանամ նաեւ, որ ո՛չ նախագահը, ո՛չ Ընտրական կեդրոնական մարմինը, ո՛չ դատարանները, հրապարակ կու գան իշխանութեան չարաշահման հարցերով: Այսպէս, բոլոր թեկնածուներուն հաւասար իրաւունք եւ պարտաւորութիւն ունեցող թեկնածու Փաշինեանը, երբ վարչապետի պաշտօնակատարի հանգամանքով չի տեղափոխուիր, այլ ` որպէս սոսկ քաղաքացի ընտրապայքարի համար, ինչո՞ւ կ’օգտագործուին պետական միջոցները, ոստիկանական ինքնաշարժներու շարասիւնը, ոստիկանական ջոկատները, մարզպետները, համայնքապետերը, դպրոցներու տնօրէնները, պետական հիմնարկներու պատասխանատուները` քաղաքացիներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար:
Նաեւ ճիշդ պէտք է ըմբռնել իրաւունք եւ պարտաւորութիւն: Ժամանակաւոր կառավարութիւն եւ վարչապետ լիիրաւ իրաւունքներ չունին, այս սկզբունք է, հիմնական որոշումներ կայացնելու եւ յանձնառութիւններ ընդունելու: Իրենք պարտաւոր են ընթացիկ հարցերուն լուծումներով զբաղելու, այդքա՛ն, ինչպէս Ֆրանսայի եւ այլ ժողովրդավարական երկրի մէջ կ’ըսեն` s’occupent d’expédier les affaires courantes` սպասելով ընտրութեան արդիւնքին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան:
Հայաստանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտի մասին երբ կը տեղեկանամ, երբ անոր մասին կը մտածեմ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը, անմիջականի եւ անոր առթած յուզումները եւ կիրքերը յաղթահարելով, չ’առաջնորդուիր ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան եւ ապագայի հարցերով, դիմակայելու համար տեսանելի վտանգները եւ սպառնալիքները: Միթէ այնքա՞ն ընկճուած ենք, կորսնցուցած ենք մեր իրատեսութիւնը, որ չենք անդրադառնար, թէ պատին զարնուած ենք եւ այս ընթացքով պիտի շարունակենք պատին զարնուիլ: Պատ, որ անպայման թշնամին չէ, այլ մե՛նք ենք:
Տեսակաւոր հռետորաբանութիւնները անպայման չեն վկայեր իմաստութեան եւ իրատեսութեան մասին: Դիրքապաշտութիւնը, ներսը եւ դուրսը, միշտ կրծած է մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ուժը:
Շաբաթ մը ետք ականատես պիտի ըլլա՞նք ազգային զարթնող իմաստութեամբ ազգային-քաղաքական արդիւնքի մը, թէ՞…
Մղձաւանջ ու յուզում մեղմելու եւ յաղթահարելու բալասան են արուեստն ու գրականութիւնը: Սամուէլ Պէքէթ, Ի. դարու մեծ թատերագիրը, իր «Սպասելով Կոտոյին» երկին մէջ կ’ըսէ. « Ամէնքս խենթ կը ծնինք: Ոմանք այդպէս կը մնան»:
Վաղը` ընտրութիւն կատարելէ առաջ, մենք մեզ դիտենք Սամուէլ Պէքէթի մեր առջեւ դրած հայելիին մէջ: Այդ ճիգը բարիք կ’ըլլայ ազգին եւ հայրենիքին: Ի՞նչ ծնած ենք եւ ի՞նչ ենք:
Վաղը Պէքէթի հայելին պիտի ըսէ, թէ ո՞վ ենք եւ ի՞նչ ենք…
Փարիզ