ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
18 օգոստոս 2016-ին գրած էի «Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը եւ ազգային հարստութեան կառավարումը ու հաշուետուութիւնը» (1) խորագիրով ուսումնասիրական յօդուած մը, որ անհրաժեշտ է թարմացնելով վերյիշեցնել հայ ժողովուրդին` կիրակի, 20 յունիսի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին:
Նախ, շուտով տամ այս նոր խորագիրին պատասխանը: Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը (ԼՏՊ)` Նիկոլ Փաշինեանին վարպետն ու հովանաւորն էր այդ տխրահռչակ նախագահը, որ.
- Ստեղծեց շուրջ 2000 օլիկարխ (ոմանք կ՛ըսեն 5000), երբ Խորհրդային շրջանին գործող ձեռնարկութիւններն ու գործարանները չնչին գումարներով եւ առանց նախապայմանի, նոյնիսկ խոստումնագիրներով (վաուչերային), առանց գումարի սեփականաշնորհեց իր մերձաւորներուն, որոնք իսկոյն սակաւապետ` օլիկարխ դարձան եւ անոնց մեծամասնութիւնը փակեց գործարանները եւ Թուրքիոյ ու Իրանի վաճառեց մեքենաներն ու հաստոցները, նո՛յնիսկ գործարաններուն դռներն ու պատուհանները, գործազուրկ ընելով հազարաւորներ:
- Փակեց իր տեսակին մէջ Խորհրդային Միութեան մեծագոյն «Նայիրիտ» գործարանը` անգործութեան մատնելով հազարներ եւ զրկելով զանոնք եկամուտէ:
- Դադրեցուց կորիզային ելեկտրակայանի աշխատանքը, որ կը մատակարարէր Հայաստանի ելեկտրականութեան մէկ երրորդէն աւելին, խաւարի մատնեց Հայաստանը, եւ ժողովուրդը ստիպուեցաւ ծառերը կտրել վառելանիւթի համար. թշուառութիւն, անգործութիւն, աղքատութիւն, խաւար եւ արտագաղթ`շուրջ 800 հազար մարդ:
- Այսքան քանդում բաւարար չէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին համար, ինքն ալ, իր կարգին, 153 միլիոն տոլար կ՛իւրացնէ եւ երկրէն դուրս կը հանէ, երբ այդ տարիներուն Հայաստանի մէկ տարուան պետական պիւտճէն կը հաշուէր շուրջ 300 միլիոն տոլար (2), (3), (4):
Խորհրդային համակարգէն յանկարծ «ազատ տնտեսութիւն» ոստումը իրականութեան մէջ հայրենիքի ազգային հարստութեան թալանին ու իւրացումին վերածուեցաւ իշխանութեան եւ անոր մօտիկ խումբ մը մարդոց կողմէ, որոնք նաեւ տիրացան «ցկեանս» մենաշնորհներու:
- Ա՛յս ալ բաւարար չէր: ԼՏՊ որոշած էր 6 տարի տեւած` 1988-1994, արեան գինով ազատագրուած Արցախէն տարածքներ առանց նախապայմանի վերադարձնել ազերիին` ստոյգ յաղթանակը վերածելով ամօթալի պարտութեան: Համաշխարհային պատմութեան մէջ հանդիպած չենք այսպիսի դէպքի, որ փոխանակ յաղթանակը ամրագրելու, երկրին սահմանները հաստատելու եւ ի՛ր պայմանները պարտադրելու նախայարձակ ու պարտուած թշնամիին` երկիր մը յաղթանակէն ետք կամաւո՛ր կերպով որոշէ իր հողերը նուիրել թշնամիին:
Այս բոլոր ազգակործան վարքագիծին պատճառով, հայ ժողովուրդը փետրուար 1998-ին, իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դուրս շպրտեց, պաշտօնանկ ըրաւ եւ Ռոպերթ Քոչարեանը նախագահ դարձաւ:
Քոչարեան ճարտարութեամբ շրջեց Հայաստանի գահավիժող այս ընթացքը: Կարճ ժամանակի մէջ Հայաստանը վերածեց տնտեսապէս յարատեւ բարգաւաճող երկրի: Վերաբացաւ կորիզային ելեկտրակայանը` լուսաւորեց Հայաստանը: Սեփականաշնորհումներ կատարեց ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈ՛Վ. նախ` կանխիկ վճարումի դիմաց եւ գործարանը, ձեռնարկութիւնը բանեցնելու եւ մարդուժը աւելցնելու պայմաններով, թէ ոչ` կալուածը կը վերադառնար պետութեան: Այս ձեւով սեփականաշնորհուած է շուրջ 4590 պարագայ, որուն շնորհիւ պետութիւնը ստացած է աւելի քան 122 միլիառ դրամ եւ 108 միլիոն տոլար: Եթէ բաղդատենք տարբերութիւնը` սեփականաշնորհումի առաջին փուլին հետ (ԼՏՊ), պետական ունեցուածքի սեփականաշնորհումէն ստացուած մուտքերը գրեթէ 10-12 անգամ աւելի էին (5):
Եւ ահա ԼՏՊ-ի պաշտօնազրկումէն 21 տարի ետք, իր սանը, աշկերտը` աղէտաբեր Նիկոլ Փաշինեան, 2018-ին, սուտերով, կեղծ խոստումներով, շատախօսութեամբ, առանց պետական ծրագիրի, ամերիկեան յայտնի «գունաւոր յեղափոխութեան մեքենայով», որ տակնուվրայ ըրաւ արաբական աշխարհը, Վրաստանն ու Ուքրանիան, տիրացաւ իշխանութեան ու շատ աւելիով գործադրեց ԼՏՊ-ի անաւարտ մնացած թուրք-ազերիին ծառայող ծրագիրը` տակնուվրայ ընելով Հայաստանն ու Արցախը, սուգի մատնելով համայն հայ ժողովուրդը:
Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու բաժնեց, կրթական ծրագիրը թրքահաճոյ դարձուց, հայոց պատմութեան դասագիրքերը աղաւաղեց, Արեւմտեան Հայաստանը Անատոլուի վերածեց, հայոց ազգային եկեղեցւոյ դէմ պայքարեցաւ, քայքայեց արդարադատութիւնը, բանակն ու ապահովական մարմինները, ամէնուրեք ատելութիւն սերմանեց: Գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւնները ջնջեց, հայերէնի պարտադիր ուսումը վերցուց համալսարանի ծրագիրէն եւ տնտեսութիւնը քանդեց: Բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնը քայքայեց: Իսկ ամէնէն ահաւորը, իբրեւ գերագոյն հրամանատար` անհասկնալի եւ նուաստացուցիչ պարտութեամբ, Արցախէն ու նոյնիսկ Հայաստանէն տարածքներ յանձնեց թշնամիին` ազերիին, հրապարակաւ հպարտանալով իր այս պարտութեամբ…
Սակայն հայ ժողովուրդը չկրցաւ դուրս շպրտել այս դաւաճանը, այնպէս, ինչպէս 1998-ին կատարեց ԼՏՊ-ին… դաւադիրները ասոր պատրաստուած էին: Այժմ հայ ժողովուրդը ոսկի առիթը ունի իր գերագոյն պարտքը հատուցելու եւ դուրս շպրտելու զայն, կանխահաս ընտրութիւններուն ճամբով` 20 յունիս 2021-ին:
«Հայաստան» դաշինքը եւ անոր ղեկավարը` Ռոպերթ Քոչարեանը ունին ծրագիրը, փորձառութիւնը, կարողութիւնն ու հաւատքը` այնպէս ինչպէս 1998-ին, նաեւ այժմ, Հայաստանն ու Արցախը փրկելու եւ դուրս բերելու դէպի անդունդ գլորուող այս հակահայ ազգակործան ծրագիրէն ու աղէտէն:
Մեր քուէները անպայմա՛ն պիտի տանք «Հայաստան» դաշինքին:
16 յունիս 2021
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/310121