Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Կովկասի Մէջ` Ռուսեւթրքական Պարանաձգութիւն

Յունիս 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու Թուրքիոյ յաւակնութիւնը վստահաբար բնաւ ողջունելի չէ Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութեան եւ յատկապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներքին շրջանակին ազդեցիկ գործիչներուն կողմէ: Սակայն ներկայիս Մոսկուա թէեւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Անգարայի դիրքորոշումներուն եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հարաւկովկասեան քաղաքական ուղեգիծին, սակայն ռուսական հակազդեցութիւնը շատ մեղմ եւ յաճախ ալ պէտք եղածէն աւելի կրաւորական է, ինչ որ քաղաքական փորձագէտները կը մղէ կատարելու հարցադրումներ եւ կանխատեսութիւններ, թէ ի վերջոյ ե՛րբ եւ ինչպիսի՛ պարագաներու մէջ Ռուսիա պիտի վերադառնայ եւ յայտարարէ հարաւկովկասեան մրցադաշտին մէջ իր անմրցելիութիւնը` բացայայտ ասպարէզ կարդալով եւ նոյնիսկ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններէն Թուրքիան դուրս մղելով: Հիմա այդ փուլը չէ, եւ ոչ ալ կան նշաններ, որ մօտիկ ապագային Մոսկուա նման քայլի կրնայ դիմել:

Էրտողանեան պատգամներ` Շուշիէն

Էրտողան, բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութեան եւ Թուրքիոյ Առաջին տիկնոջ ընկերակցութեամբ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու, ուրկէ թրքական մեծ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ֆիզուլի: Աւելի քան հինգ ժամ ինքնաշարժներու շարասիւնը ճամբայ կտրեց եւ ի վերջոյ հասաւ Ֆիզուլի, ուր Թուրքիոյ նախագահը դիմաւորուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: Ֆիզուլիէն Ալիեւ եւ Էրտողան ուղղուեցան Շուշի, զոր թուրքերը Շուշա կը կոչեն:

Գրաւեալ Շուշիի մէջ ազրպէյճանական կողմը զինուորական պատիւներով եւ պետական յատուկ արարողակարգով դիմաւորեց Էրտողանը, Էմինէ Էրտողանը, նախարարական բազմանդամ պատուիրակութեան անդամները: Դիմաւորման տողանցքէն ետք պատուոյ պահակախումբը կատարեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի քայլերգները:

Շուշիի վարչակազմի շէնքին մէջ Ալիեւ եւ Էրտողան նախ զրոյց մը ունեցան, ապա քննարկումներուն միացան ազրպէյճանցի եւ թուրք նախարարներ: Բանակցութիւններուն աւարտին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները դուրս եկան շէնքէն եւ մօտեցան բացօթեայ հարթակին, ուր ստորագրեցին, այսպէս կոչուած, «Շուշայի հռչակագիրը», որ ըստ Ալիեւի, թուրքեւազրպէյճանական համագործակցութիւնը բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը դնէ: Համաձայնագրին հիմամբ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ պիտի կատարուին զինուորական օժանդակութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն` ռազմարդիւնաբերական մարզին մէջ: «Մեր ստորագրած դաշնակցային համաձայնագիրը ցոյց կու տայ մեր համագործակցութեան հետագայ ուղիները: Հռչակագրին մէջ կը կարեւորուի փոխադարձ գործակցութիւնը միջազգային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ` ուժանիւթի, Կազային հարաւային  միջանցքին, տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի եւ այլ մարզերու մէջ», յայտարարեց ան:

Ալիեւ «պատմական մեծ նուաճում» կոչեց հռչակագիրը եւ խօսեցաւ նաեւ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին մասին` ըսելով, որ անիկա հնարաւոր դարձած է ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին շնորհիւ:

Իր կարգին, Էրտողան գովաբանեց Ալիեւը եւ գոհունակութեամբ խօսեցաւ թուրքեւազրպէյճանական եղբայրական յարաբերութիւններուն մասին: Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ ձեռնտու պայմաններ ստեղծուած են, որպէսզի Թուրքիա-Ազրպէյճան- Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա-Իրան համագործակցութիւնը կեանքի կոչուի: «Կ՛ուզենք, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան շրջանը դառնայ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոյն նպատակը կը հետապնդէ:

Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ թրքական հիւպատոսարան մը պիտի բացուի Շուշիի մէջ: Իսկ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով արծարծեց Ալիեւի այնքան սիրած եւ փայփայած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին խնդիրը` յայտարարելով, որ այդ միջանցքին երկաթուղին մեկուսացումէն դուրս պիտի բերէ հայերը, որոնք պիտի կարենան մինչեւ Ռուսիա եւ այլ երկիրներ ճամբորդել: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ պահը յարմար համարեց, որ Հայաստան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորէ, որպէսզի օգուտներ քաղէ ռազմաքաղաքական ստեղծուած նոր իրավիճակէն:

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ասիկա Էրտողանի Ազրպէյճան երկրորդ այցելութիւնն է: Առաջինը կատարաուած էր դեկտեմբեր 2020-ին` յաղթանակի փառատօնին առիթով:

Պաքու իր այցելութեան նախօրեակին Էրտողան Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեց, որ թուրքեւազրպէյճանական եղբայրութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան հիմք կը հանդիսանայ, աւելցնելով, թէ ցանկալի չէ, որ Հայաստանի մէջ խոչընդոտեն այս խաղաղութիւնը` ներքին քաղաքական շահերու պատճառով:

Նախապէս ռուս քաղաքական գործիչներ առիթ չէին փախցներ յայտարարելու եւ յիշեցնելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան երաշխաւորը Ռուսիան է: Սակայն ներկայիս Էրտողան չի վարանիր յայտարարելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հիմքը թուրքեւազրպէյճանական եղբայրութիւնն է:

Մինչ այդ ռուսական մամուլը, որ յաճախ լուսարձակի տակ սկսած է բերել ռուսեւթրքական եւ ռուսեւազրպէյճանական տարակարծութիւնները, խոր ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին: Իսկ ազրպէյճանական մամուլը յղում կատարելով թելեկրամեան ռուսական ալիքներուն` կը գրէր, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անմիջական շրջապատին մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը ջանան զայն համոզել, որ ազրպէյճանական հարցը լուծէ վրացական բեմագրութեամբ: 2006-ին Ռուսիայէն վտարուած էին աւելի քան երեք հազար վրացիներ, իսկ Մոսկուայի վարժարաններուն մէջ ստեղծուած էին վրացի աշակերտներուն ցանկերը: Փութինի անմիջական շրջանակին մէջ գտնուող բաւական ազդեցիկ անձնաւորութիւններ խորհուրդ կու տան, որ ան նոյն ձեւով վարուի նաեւ ազրպէյճանցիներուն հետ, որոնք Ռուսիոյ տարածքին սկսած են գլխացաւի վերածուիլ, յատկապէս` արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք: Նման տեսակէտ ունին Փութինի մտերիմ գործակիցներէն` Կենատի Թիմչենքօ, Իկոր Սեչին, նախագահի աշխատակազմի առաջին տեղակալներ` Ալեքսէյ Կրոմով եւ Սերկէյ Քիրիենքօ, նոյնիսկ` Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Սակայն բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Փութին ազրպէյճանցիները վշտացնելու ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ, այնքան ատեն որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը ռուս խաղաղապահներու հեռացման որոշում չի կայացներ: Եթէ նման որոշում տրուի, այդ ժամանակ Մոսկուա հարաւկովկասեան իր քաղաքականութեան թիւ երկու ծրագիրը գործադրութեան պիտի դնէ: Հիմա այդ ծրագիրը դարակներու մէջ է:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Դ. – Հայկազեանի Հրթիռները

Յաջորդը

Լեռ Կամսարի «Մարդը` Գործին Մէջէն». «Աքսորականի Գաղտնի Օրագիր»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?