Ընթերցողը համացանցին կրնայ ընթերցել ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8րդ թիւը:
Այս անգամ եւս «Դրօշակ»-ի ուշադրութեան առանցքը կը հանդիսանայ Արցախը եւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին հիմնահարցերը:
Ներկայացուող վերլուծութիւնները կ՛անդրադառնան հայ հասարակութեան մէջ տիրապետող մտայնութիւններուն ու բարոյական մթնոլորտին, ներքաղաքական իրավիճակին, տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական խնդիրներուն՝ վեր առնելով եւ ելքեր առաջարկելով հայութեան համար ներկայ ճակատագրական կացութենէն: Այս թեմաները կը քննարկուին թիւի առաջնորդող յօդուածին մէջ, Վ․ Պետրոսեանի, Հ․ Զէյթլեանի, Ա․ Շահբազեանի յօդուածներուն մէջ: Օգոստոս ամսուան հայութեան պատմական նշանակութեան իրադարձութիւններէն է Սեւրի պայմանագիրի կնքումը 10 օգոստոս 1920-ին:
Հայ դատ խորագիրին տակ այս թեմային կ՛անդրադառնայ պատմաբան Արարատ Յակոբեան: Պատմաբան Անի Մելքոնեան կը ներկայացնէ տարբեր ժամանակներու վաւերացուած այն միջազգային պայմանագիրները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ անոր պատմական ընթացքին վրայ: Հայ դատ խորագիրին տակ ուշագրաւ հրապարակում կը ներկայացնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Ալբերտ Մուշեղեանը:
Ա․ Մուշեղեանի թարգմանութեամբ առաջին անգամ հայերէնով ընթերցողին կը ներկայացնէ նշանաւոր հայասէր Արմին Վեկնըրի նամակը, որ ան 1919-ին գրած է Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին: Իր ողջ դաժան մանրամասնութեամբ ներկայացնելով Ցեղասպանութեան շրջանին հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը՝ ան հզօր երկրի նախագահին կոչ կ՛ուղղէ միջոցներ ձեռք առնելու քաղաքակիրթ ժողովուրդը վերջնական կործանումէ փրկելու համար: Իրաւաբան եւ մարդասէր Արմին Վեկնըրը այդ ելքը կը տեսնէ պատմական բնօրրանին մէջ հայոց անկախ պետութեան վերականգման մէջ: Կարելի է ենթադրել, որ ժամանակին մեծ արձագանգի արժանացած Վեկնըրի այս նամակը Սեւրի պայմանագիրի կնքման եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի կայացման գործին մէջ ունեցած է իր որոշակի դերակատարութիւնը` մասնաւորապէս Ամերիկայի նախագահի որդեգրած կողմնորոշման հարցին մէջ:
Այլ ուշագրաւ հրապարակումով մը Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի աշխատակից Արտեօմ Տօնոյեան
Հայաստան-Արցախի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան պարունակին մէջ կը դիտարկէ Նախիջեւանի գործօնի կարեւորութեան հարցը Ազրպէյճանի համար:
Աշխարհաքաղաքական թեմաներու վերլուծութեան շարքին մէջ հետաքրքրական կ՛ըլլայ ընթերցելը նաեւ տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Արմէն Պետրոսեանի յօդուածը` նուիրուած Լիբանանի մէջ վերջ չգտնող ճգնաժամին, կարճ անդրադառնալով անոր նախապատմութեանն ու հնարաւոր զարգացումներուն: Հեղինակը չի մոռնար անդրադառնալու նաեւ մեզի համար եղբայրական այս երկրին մէջ ապրող հայկական կարեւոր գաղթօճախներէն մէկուն հոգերուն եւ հաւանական հեռանկարին:
Հետաքրքրական ու արժէքաւոր է նաեւ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի «1918 թ. Ուրմիայի հերոսամարտի դերն ու նշանակութիւնը Մայիսեան ճակատամարտերի յաղթական աւարտի գործում…» յօդուածը, որ կ՛անդրադառնայ ժամանակի պարսիկ իշխանութիւններու բարեացկամ վերաբերմունքի պայմաններուն մէջ հայկական կուսակցութիւններու ազատ եւ հակաթուրք գործունէութեան այդ երկրին մէջ: Ինչպէս նոյն դիմադրական շարժման շնորհիւ հնարաւոր եղաւ դանդաղեցնել այս թեւէն թրքական զօրքերու մուտքը Արարատեան դաշտ եւ անուղղակիօրէն նպաստել Մայիսեան հերոսամարտերու յաղթանակին:
«Դրօշակ»-ի 2021-ի 8-րդ թիւը կրնաք ներբեռնել` այցելելով https://www.arfd.am/ կայքը: