Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հո՛ս Է Ահաւասիկ Խորքային Մեր Տարբերութիւնը

Օգոստոս 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

«…Մենք տարածքներ նուաճելու որեւէ տրամադրութիւն չունենք…»:

Այս յայտարարութիւնը կատարեց Նիկոլ Փաշինեան` Հայաստանի կառավարութեան 12 օգոստոսի նիստին, խօսելով բանակի արդիականացման անհրաժեշտութեան մասին…

Հեռու` դիմատետրային ընթացիկ գրառման տրամաբանութենէ, որ այլապէս տարբեր հակազդեցութիւն կրնար ունենալ թէ՛ ոճի եւ թէ՛ բառամթերքի առումով, կառավարութեան ղեկավարին այս յայտարարութիւնը յամենայն դէպս առնուազն հպանցիկ նշմարի մը արժանի է, նոյնիսկ եթէ նոր յայտնութիւն մը չէ անոր կողմէ: Այս մօտեցումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ, անգամ մը եւս, մեր եւ իր ու իւրայիններուն միջեւ ազգային-գաղափարական մտածողութեան խորքային տարբերութիւնը:

Անմիջապէս ընդգծեմ, որ մեր-ձեր եզրը այստեղ ոչ մէկ առնչութիւն ունի սեւի ու սպիտակի, դրսեցիի ու ներսեցիի, նախկիններու ու ներկաներու եւ նմանօրինակ բաժանարար անհեթեթ մօտեցումներու հետ, այլ կը վերաբերի քաղաքական միտքի կազմաւորման ու ձեւաւորման երկու հակադիր հոսանքներու, դպրոցներու, եթէ կ՛ուզէք: Նոյն այս սկզբունքով անտեղի է նաեւ այս պարագային ազգային-ապազգային եզրայանգումներու օգտագործումը, որոնց սահմանումը մեր օրերուն դարձած է այնքա՜ն վիճելի:

Հիմա, մեկնելով Փաշինեանի տրամաբանութենէն, յստակ է, այլ խօսքով, որ իր ու իր նման մտածողներուն համար (որ քիչ չէ) հայ ժողովուրդը հողային պահանջատիրութիւն չունի Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն: Մինչ անդին, մենք կը պնդենք հակառակը եւ մեր քաղաքական ամբողջ մտածողութիւնը կ՛ամփոփենք «Հայ դատ» համապարփակ հայեցակարգին մէջ:

Պէտք չէ զարմանալ Փաշինեանի քաղաքական այս վարքագիծէն: Արցախը Հայաստանին համար բեռ նկատող ու անկէ ամէն գնով ձերբազատելու տրամադիր գործիչը (այս գծով ան ունի գրաւոր թէ բանաւոր մէկէ աւելի արձանագրութիւններ), տասնամեակներ ետք, երբ գործնական առիթը ունեցաւ իրականացնելու իր «առաքելութիւնը», կատարեց զայն 9 նոյեմբերի անձնատուական դաւադիր ստորագրութեամբ: Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, երբ կը յայտարարէ, որ` «մենք տարածքներ նուաճելու տրամադրութիւն չունենք», երբ մենք կը յայտարարենք ամենայն համոզումով, բարձրաձայն, որ հողային պահանջ ունինք Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն: Ի դէպ, անոնք սոսկական տարածքներ չեն, այլ սեփական հող, բռնագրաւուած հայրենիք, զորս պիտի չնուաճենք, այլ ազատագրենք: Լեզուամտածողութեան մէ՛ջ իսկ ունինք խորքային տարբերութիւն փաստօրէն, որ բնականաբար հարազատ հայելին է երկու հակադիր յստակ վարքագիծներուն պարագային հաւասարապէս:

Յաճախ փրակմաթիզմէն կը ճառեն նմանները` հեգնելով Սեւրի պայմանագիրը դաւանող, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանին ձգտող «հայդատական»-ներու (իրենց յօրինած եզրով) ռոմանթիզմը: Ընդգծենք սակայն, որ փրակմաթիզմի սխալ մեկնաբանութիւն է, որ կը տրուի անոնց կողմէ, պարզապէս որովհետեւ փրակմաթիզմը լրիւ տարբեր ըմբռնում եւ աքթ է:

Միւս կողմէ, փաստ է, սակայն, իրենց վարած փրակմաթիզմին բացասական արդիւնքը` խայտառակ պարտութիւն, հայրենի հողի կորուստ, եւ փաստ` ռոմանթիզմին մասնակի, ցարդ ոչ վախճանական դրական արդիւնքը` յետ վեց դարու տիրապետութեան` անկախութիւն ու հանրապետութեան կերտում, արցախեան յաղթական ազատամարտ, սփիւռքեան կլանող ովկիանոսին մէջ սերունդներ ամբողջ հոսանքն ի վեր թիավարում ոչ միայն սոսկական ինքնութեան, այլեւ` քաղաքական ազգային կուռ մտածողութեան պահպանում, ի խնդիր պահանջատիրութեան անշեղ պայքար, ի հարկին արեան գնով, եւ մասամբ նորին:

Այո՛, չենք զարմացած Փաշինեանի յայտարարութենէն, ընդհակառակը, անոր այս մտածողութիւնը պարտութեան մատնելու քաղաքական մեր յամառ, անդուլ, անշեղ պայքարը շարունակելու վճռականութիւնն ու անկոտրում կամքը, կորովը առաւել կ‘ամրապնդուին, մինչեւ մե՛ր մտածողութեան յաղթանակը, ուշ կամ կանուխ:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստ Եւ Զգուշացման Կոչ

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Գլխաւոր Գործօնը Ժողովուրդն Է

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?