Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամօր Մասին Գրուած Շարականներն Ու Անոնց Տեսակները

August 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն

Ս. Աստուածածնայ նուիրուած այս շաբթուան ընթացքին լաւ առիթ է ծանօթանալ Սրբուհի Աստուածածնայ նուիրուած շարականներուն մասին:

Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնին երգը կամ օրհներգութիւնը կը կոչուի «Մեծացուսցէ»: Կարգ մը եկեղեցական հայրեր (Ս. Ներսէս Շնորհալի, Յակոբ Կլայեցի կաթողիկոս եւ այլք) կ՛ըսեն, որ Աստուածամօր օրհներգութիւնը կազմուած է  սաղմոսներու համարներէ (Սղ. 113 եւ Ա. Թագաւորացի բովանդակութիւնէն), զոր Ս. Մարիամ Աստուածածին իբրեւ աղօթք կ՛արտասանէր իր առօրեայի ընթացքին: Իսկ այլ աղբիւրներու մէջ կը կարդանք, որ այս երգը կը պատկանի Սուրբ Կոյսին, այսինքն սաղմոսներէ առնուած չէ, այլ Աստուածամայրը  տեղւոյն վրայ արտասանած է` իբրեւ ներշնչումի արդիւնք: Այստեղ, շատ հակիրճ կերպով կ՛ուզենք խօսիլ Սուրբ Կոյսի օրհներգութեան մասին:

Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնի արտասանած «Մեծացուսցէ»-ն կը բաժնուի երեք մասերու: Առաջին մասը կը ներկայացնէ անոր ապրած եզակի փորձառութիւնը` Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետումէն (հմմտ. Ղկ. 1. 28) մինչեւ այդ վայրկեանը: Ան կը փառաբանէ Տէրը` իբրեւ իր Փրկիչը եւ մանաւանդ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ Աստուած իրեն համար «Մեծամեծ գործեր կատարեց» (Ղկ. 1.49): Երկրորդը` Սուրբ Կոյսը իր ապագան գուշակելով կ՛ըսէ, որ` «Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան իրեն, քանի հզօրն Աստուած…» (Ղկ. 1.48): Իր այս արտայայտութեամբ Սրբուհի Մարիամ ըսել կ՛ուզէ, թէ իրմէ ծնած Փրկիչով նոր ժողովուրդ մը պիտի ծնի, որ կեդրոնացած պիտի ըլլայ ո՛չ թէ օրէնքին, այլ հոգիին վրայ: Իսկ երրորդն ու վերջին բաժինը ցոյց կու տայ անոր հաւատքի հաւասարակշռութիւնն ու խորութիւնը: Իր երգը` «Մեծացուսցէ»-ն, իր մէջ կը բովանդակէ Իսրայէլի պատմութեան մէջէն տրուած մարգարէական խոստումները եւ այդ խոստումներուն գալիք իրականացումը, որուն հիմքը կը կազմէ մարդուն փրկութիւնը:

Մարիամ Ս. Կոյսը այս օրհներգութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ ուսուցիչ իւրաքանչիւր անհատի, որ բարոյական դասեր կ՛ուզէ սորվեցնել, եւ որ Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած վստահութիւնն ու հաւատքը կ՛ուզէ աւելիով զօրացնել:  Առաջին հերթին, ան կը սորվեցնէ զԱստուած փառաւորել: Ապա Աստուծոյ մասին վկայելով` կ՛ըսէ, որ մարդասէրն Աստուած մարդկային պատմութեան ընթացքին միշտ ողորմութիւն ցուցաբերեց մարդուն նկատմամբ: Եւ վերջապէս, ան կու տայ մեզի հիմնական պատուէր մը, որն է` խոնարհութիւնը: Սրբուհի Կոյսը իր խոնարհութեամբ մեզի կը սորվեցնէ խոնարհ ըլլալ եւ չվախնալ ամբարտաւաններէն ու անոնց գործերէն, որովհետեւ Աստուած, որ ամենատես է պիտի բարձրացնէ խոնարհները ու պիտի խոնարհեցնէ հպարտները (հմմտ. Ղկ. 18. 9-14): Այս առումով, հետաքրքրական է Մարթին Լուտերի արտայայտութիւնը, որ Մարիամի «Մեծացուսցէ»-ն «Մարիամի Հայր Մեր» կը կոչէ («Շատ Սուրբ Տիրամօր լազուարթ վարքը», Թամար Տասնապետեան, էջ 45):

«Մեծացուսցէ»-ին մենք կը հանդիպինք Ղուկասու աւետարանի առաջին գլխուն մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ՛ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Ղկ 1: 46):

Ս. Մարիամ Աստուածածնի նուիրուած «Մեծացուսցէ»-ները թիւով 68 են, որոնք մեծ մասամբ գրուած են Մովսէս Խորենացի պատմահօր կողմէ եւ կը խօսին Աստուածամօր յաւերժ կուսութեան,  բարեխօսութեան եւ մարգարէութեանց կատարման մասին: Իսկ այն շարականները, որոնք նուիրուած են  Աստուածամօր, այլ խօսքով` օրհնութիւններն ու անոնց շարքերը գրուած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին, Յակոբ Կլայեցի կաթողիկոսին, Վարդան վարդապետին եւ Կիրակոս Երզնկացի եպիսկոպոսին կողմէ:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ շարակնոցին մէջ չկայ կանոն մը, որուն մէջ Աստուածամայրը չյիշուի, որովհետեւ ամէն կանոն ունի իր մեծացուսցէն, որ կ՛երգցուի առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին: Ուրեմն, մեզի կը մնայ Ս. Աստուածածնայ բարեխօսութիւնն ու կեանքը մնայուն կենդանի ներկայութիւն պահել մեր կեանքին մէջ:

Պիքֆայա, Լիբանան

 

 

Նախորդը

Յիշելով Կարապենցը

Յաջորդը

«Եղբայր Եմք Մեք…» (Պանք Օթոման-125-Ամեակ)

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.