Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոքիոյի Ողոմպիական Խաղերն ու Մենք

Օգոստոս 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օգոստոս 8 ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ Յուլիս 23-ին սկիզբ առնող Համաշխարհային Ամառնային Ողոմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճաբոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշ-տերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ «Քորոնա» համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան: Շատեր յաղթեցին, ու շատ շատեր նաեւ պարտուեցան, եւ ապա սակայն վերջին, ձեռնուեցան, գիրկընդխառնուեցան, զիրար շնորհաւորեցին: Անշուշտ յաղթողները առ ի գնահատանք եւ վարձատրութիւն, ստացան իրենց ոսկի, արծաթ կամ պրոնզէ մետալները, իսկ պարտուողներն ալ մէկ կողմ քաշուելով, յաճախ բարձրաձայն եւ կամ՝ անձայն, արտասուեցան ու նոյնիսկ երկար ափսոսանքով՝ լացին:

Ու բոլորին նման, ես ալ, օրը-օրին, ժամանակիս եւ համբերութեանս ներած չափով, մօտէն եւ հեռուէն հետեւեցայ այդ խաղերուն, հեռատեսիլիս եւ «այ բատիս» որոշ կայանէն եւ կայքերէն սփռուած խաղերուն, անոնց արդիւնքներուն, մրցանակներուն եւ մանաւանդ այս առթիւ, խաղե-րու մասնագէտ խօսնակներուն, ինծի համար շատ հետաքրքրական նկատուած արտայայտու-թիւններուն, զեկուցում-մատնանշումներուն եւ թելադրանքներուն:

Պատմա-աւանդական դարձած այս խաղերուն պաշտօնական բացումը կատարած էր Ճաբոնի Նարիւհիթօ կայսրը, ներկայութեամբ շատ մը երկիրներու նախագահներու եւ  ներկայացու-ցիչներուն, որոնց կարգին էր նաեւ մեր հայրենիքի նախագահն ալ:

Ու այս առթիւ, պարզապէս եւ անմեղօրէն պատմութեան յիշողութեան վրայ յենուելով աւելցնեմ, որ այս խաղերը սկսած էին 2700 տարի առաջ Յունաստանի Olympia լեռան շրջապատը, իբրեւ կրօնական տօնախմբութիւն՝ նուիրուած Zeuz աստուծոյն: 6 Օգոստոսէն մինչեւ 19 Հոկտեմբեր երկարող այս խաղերը, սկսած էին 776-393 (Ն.Ք.): Սակայն անկէ ետք, անյայտ պատճառներով դադրած:

1894-ին, այսինքն շուրջ 1503 տարի ետք, ֆրանսացի Փիեռ տը Կուպրիթին գեղեցիկ գաղափարը կ’ունենայ վերակենդանացնելու այս խաղերը: Ու իր այս ծրագիրը կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու: Եւ այսպէս, 1896-ի Ապրիլ 6-ին, Յունաստանի մէջ կը կազմակերպուի համաշխարհային Ա. Ողոմպիական խաղերը, որուն բացումը կը կատարէ Ճորճ Ա. Թագաւորը եւ որուն այդ օրերուն մասնակցեցան 9 երկիրներու մարզիկներ ու կ’որոշուի այս մրցախաղերը կազմակերպել ամէն չորս տարին անգամ մը, եւ կամաւոր հիւրընկալող երկրի մը մէջ: 1924-ին «Ամառնային» կոչուած այս մրցախաղերուն վրայ պաշտօնապէս նաեւ կ’աւելնար «Ձմեռնային»ը՝ դարձեալ ամէն չորս տարին անգամի մը դրութեամբ: Սակայն տեսնուած է, որ ամէն երկիր, իր կարողութեան եւ երբեմն ալ քաղաքական դիրքորոշումներէն մեկնած, յաճախ մերժած է մասնակից դառնալ այս մրցախաղերուն:

Այս առթիւ կարելի է յիշել 1956-ի Սուէզի ջրանցքի պատերազմի պատճառով, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Լիբանանի, այս խաղերուն չմասնակցիլը: Նոյնպէս, նման «ժխտումի արարքին» ականատես եղանք 1976-ի Մոնթրէալի խաղերուն, որուն՝ Ափրիկեան 33 երկիրներ, մերժեցին մասնակիլ: Նաեւ, առ ի բողոք Խորհրդային Միութեան Աֆղանիստան ներխուժումին, 40 երկիրներ, որոնց մէջ Ճաբոնը, Ամերիկան, Չինաստանն ու Գերմանիան, չմասնակցեցան 1979-ի Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ողոմպիական խաղերուն: Նաեւ կրնանք յիշել, որ Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներու պատճառով (1916-1940-1944) ողոմպիական այս խաղերը տեղի չունեցան: Եւ տակաւին, համաճարակ «Քորոնային» պատճառով ալ, 2020-ի խաղերը յետաձգուեցան 2021-ին:

32-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Թոքիոյի մէջ 2021-ին, մասնակցեցան 206 երկիրներ, 93 տարբեր ազգերու ներկայացնող 11,656 մարզիկներով, (որոնց տարիքը 12-66 տարիներու մէջ կը տարուբերի), եւ որոնք մրցեցան 44 մարզաձեւերու խաղերուն: Յիշենք, որ յաջորդ Ողոմպիականը տեղի պիտի ունենայ Փարիզ՝ 2024-ին, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Լոս Անճելըսը՝ 2028-ին: Իսկ ձմեռնայինը՝ Չինաստան՝ 2022-ին:

***

Արդ, այս բոլորէն ետք, իբրեւ հայեր, կը կարծեմ, որ մեզի համար այս խաղերուն մէջ ամէնէն հետաքրքրականը, մեր հայրենիքը ներկայացնող 17 անդամ-մարզիկներու ներկայութիւնն էր: Հաւատացէ՛ք, բոլորովին տարբեր զգացում է, յատկապէս բացման հանդիսութեան աւանդական տողանցքին «մերիններուն» ներկայութիւնը, որ իւրաքանչիւրիս անկասկած մեծ հպարտանք եւ նոյնքան ալ յուզմունք պատճառած էր: 44-օրուայ ծանր եւ արիւնոտ պատերազմէն ետք, գերագոյն զոհողութիւներով եւ հաւատքով եկած էին հայ մարզիկները ու տիրացած՝ 4 մետալներու:

Արդ, կը հաւատանք, որ նման իրագործումներու եւ ծրագիրներու յաջողութեան համար մեծագոյն խոչընդոտ-բանալին նիւթականն է: Գիտենք, որ հայրենիքը բազմաշերտ, բազմահազար եւ տեսակաւոր ու էական եւ անմիջական «կարիքներու» պէտք ունի: Այո՛, եւ անկասկած: Բայց տակաւին ան «կը շնչէ» շնորհիւ պետական ծրագիրներու ու նաեւ հայրենի եւ Սփիւռքի բարերարներու կամեցողութեան, առատաձեռն ու անսակարկ նուիրաբերումներուն:

Կը կարծեմ, որ բոլոր յայտնի կամ անանուն «կարիքներու» կողքին նաեւ էական է զարկ տալ, թեւ ու թիկունք ըլլալ եւ կենալ մեր բոլոր մարզիկներուն, զանոնք հասցնելու համաշխարհային բեմահարթակներու: Ունինք եւ անկասկած օրհնեալ, արթուն ու գիտակից նոր սերունդ մը, որ անպայման կարիքն ու կարօտը ունի մեր բոլորի աջակցութեան, անխտիր: Կրթել, դաստիարա-կել, մշակել անոնց կամքը, հաւատքը, մարմինն ու հոգին: Այս է պահանջուածը:

Այս տարի ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած ենք 69-րդ դիրքը: Ի՞նչը կը պակսի այս մէկը դաձնելու առաջին շարքերուն: Բարի նախանձով, եթէ նման զգացում կայ աշխարհի մարդկութեան մօտ, հետեւեցանք մեծ ու փոքր երկիրներու յաղաթանակած մետալներու արարողութեան, անոնց այս առթիւ իրենց երկրի դրօշին ծածանման: Նաեւ՝ մերինին ալ, սակայն միայն չորս անգամ: Երեւակայեցէ՛ք, իւրաքանչիւր յաղթական նկատուած եւ մետալի արժանացած մարզիկի անուան ծանուցման, նոյնիսկ երկվայրկեաններու համարանքով նաեւ կը յիշուի անոր պատկանած երկրին, ազգին, դրօշակին եւ կամ ժողովուրդին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ ալ: Ու խաղերուն հետեւող աշխարհը, ինքնաբերաբար տեղեակ կ’ըլլայ…այս բոլորին:

Ամէն առիթներով կը լսենք, կը տեսնենք, կը կարդանք, որ մեր մարզիկները, Եւրոպայի մէջ կայացած կարգ մը մրցախաղերուն մասնակից դառնալով, մետալներ կը շահին կամ շահած են: Այս մէկը մեծ պատիւ է բոլորիս համար ալ: Հիմա պահն է նաեւ որ անոնք համաշխարհային այս ողոմպիական խաղերէն ալ մետալներով վերադառնան: Մտածելու բան է: Համեստ առաջարկ:

Ջուրի, դաշտի կամ գետնի, հողի կամ աւազի վրայ կատարուած այդ մրցախաղերուն, անկաս-կած կրնանք յաջորդ ողոմպիականին եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր ողոմպիականներուն համար ալ պատրաստել մեր մարզիկները:

Կարեւորը ոգին է… հաւատքն եւ զոհաբերումը:

Այս տարի միայն չորս մետալներով գոհացանք: Յոյսով ենք, որ մեր բոլորի նիւթաբարոյական ներդրումով, յաջորդներուն կրկնապատկուի մեր հայ մարզիկներու այս թիւն ու անոնց  ապահոված յաղթանակներու մետալները: Յուսալը, թէեւ բաւարարաչափ օգուտ է, սակայն էականը, մեր բոլորի անսակարկ քաջալերանքն է:

Մինչ այդ, յաղաթանակած եւ մետալներ շահած չորս հայորդիներ՝ վարձքերնիդ կատար եւ անպայման մարզիկներուդ յաղթանակը շնորհաւոր՝ Արմենիա–մեր Հայաստան:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Ո՛չ Ինքնապարտուողականութեան

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Խոհանոցը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?