Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եղբայր Եմք Մեք…» (Պանք Օթոման-125-Ամեակ)

Օգոստոս 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բաբգէն Սիւնիի Եւ Ալպերթ Յովհաննիսեանի Յիշատակին

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շատերու զարմանալի կրնայ թուիլ այս երկու աննման տղոց զուգահեռ նշումը` այդ ալ Պանք Օթոմանի նուիրուած յօդուածի մը մէջ: Առաւել զարմացնողը կը մնայ այն, որ խորագիրը կը պատկանի հայ գրականութեան ու երբեմնի ազգային կեանքին մէջ իր եզակի դերն ու տեղը ունեցած դէմքերէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, որուն համանուն բանաստեղծութիւնը մեզ կը շարունակէ խրախուսել, քաջալերել ու ամրապնդել աւելի քան 150 տարիէ:

Աւելի՛ն. նշեալ հերոս եռեակի անուններու ներկայացումով, եթէ երբեք մէկ կողմէ կը միտինք լոյսին բերել անոնց զոհողութեան եւ նուիրումի իւրայատկութիւնը, միւս կողմէ անվերապահօրէն պէտք է արձանագրել զանոնք միաւորող ուժին ու պատգամին մեծութիւնը, այսինքն` ազգի, հայրենիքի ու պայքարի միաձուլումը, հաւատամքի ճշմարտութիւնն ու ազգային գաղափարախօսութեան անփոխարինելի արժէքը:

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւրին ապրած ժամանակաշրջանը կը տարբերի, կատարած գործի բնոյթը` կը զատորոշուի, այդուհանդերձ կայ իրականութիւն մը անսեթեւեթ, որ ազգը բաղկացնող անկրկնելի տիպարներու սխրանքին եւ նուիրումին կիզակէտը կը մնայ հայրենիքի հանդէպ սէրը, սեփական ժողովուրդի արժանապատուութիւնն ու ազգի պաշտպանութիւնը:

Եթէ երբեք Բաբգէն Սիւնիին եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի աշխատանքի օրրան է եղած Պոլիսը` արեւմտահայ լեզուի ու գրականութեան միջնաբերդը, ապա Ալպերթ Յովհաննիսեանի հզօր սխրանքին փառքն ու պատիւը կը պատկանի մերօրեայ հայոց բանակին, որ 44 օրեր շարունակ մարտնչեցաւ զազիր թուրք-ազերիին դէմ, զարկաւ ու զարնուեցաւ, եւ` ի գին անասելի զոհողութիւններու ու տառապանքի, կարողացաւ բնաջնջումէ փրկել արցախահայութիւնն ու հայրենիքը:

Իրօք, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի սերունդը իր վիպապաշտութեամբ փորձեց ազգին մէջ արթցնել ազգային գիտակցութիւնը` դէմ դնելով խաւարամտութեան եւ տեղայնական ամուլ պայքարներու: Յիսնամեակ մը ետք հայութիւնը ծնունդ տուաւ սերունդի մը, որ յաջողեցաւ լուսաւորել իր ժողովուրդին միտքն ու հոգին, անոր մէջ սերմանելով պայքարի ոգին եւ ազգային արժանապատուութեան զգացողութիւնը: Ահա, նշեալ սերունդի ներկայացուցիչ մը եղած է Բաբգէն Սիւնին, որ, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին (22 տարեկան), կրցաւ իր կամքը պարտադրել թուրքին` զայն հարուածելով իր որջին մէջ:

Իսկ դար մը ետք, Հայաստանի պետականութեան վերընձիւղումով եւ հայոց բանակի կազմաւորումով` հայութիւնը, այս անգամ կը հաստատագրէր իր ապրելու իրաւունքը, Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու վճռակամութիւնը:

Տարբեր սերունդի պատկանող երեք սրբազան տղաներ, որոնց դէմքերը մեզ կը շարունակեն լուսաւորել պարզապէս որովհետեւ անոնց մեծութիւնը շաղախուած է ազգային արժէքներու, հայաբոյր դիմագիծի եւ հայատրոփ զգացումներու էութեան հետ: Փաստօրէն, գերզգայուն բանաստեղծի, գաղափարապաշտ յեղափոխականի եւ հզօր կամքի տէր հայ զինուորի միաձուլումն է, որ կը շեշտադրուի` իբրեւ ապահով եւ անփոխարինելի սիւներ ազգային ազատագրական պայքարի:

Ինչպէ՛ս կարելի է չխոնարհիլ հայոց բանակի հրետանաւոր Ալպերթին գործած սխրանքին առջեւ,  երբ ան իր ընկերներուն հետ յաջողեցաւ մեծ վնասներ պատճառել յարձակող թշնամի զօրքին եւ դարձաւ հայոց բանակի բազուկին, կամքին եւ ուժին խորհրդանիշը:

Ինչպէ՛ս կարելի է մտահան ընել երիտասարդ բանաստեղծ Մ. Պէշիկթաշլեանի հայրենապաշտի ու ժողովրդասէրի բիւրեղ զգացումներու ուժգնութիւնը, որով ան իր ազգի տարբեր շերտերը կը հրաւիրէ եղբայրանալու, որպէսզի «… ալեւոր Մայր Հայաստան», «տեսնէ զորդիս`իւր քովէ քով»:

Աւելի՛ն. բանաստեղծի եզակի հաւատամքին արգասիք չեն սա տողերը,- «Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն, քան զանձկալի Եղբայր անուն»:

Պանք Օթոման, 1896:

Ոսկեայ տառերով արձանագրուած դիւցազներգութեան մը 125-ամեակն է:

Անիկա սովորական աքթ մը չէր, ոչ ալ, այսպէս ըսած, տղայական ընդվզումի մը արտայայտութիւն: Պանք Օթոմանի գրաւումը, տակաւին այդ տարիներուն, երբ հայոց ազատագրական պայքարը նոր հուն էր մտած եւ կ՛ապրէր իր առաջին քայլերը, ահա կու գար ուժեղ հարուած մը տալու թուրքի գլխուն, պարզապէս ցնցելու թշնամին, որ կազմակերպած էր համիտեան ջարդերը (1895-96) եւ պատճառ դարձած էր աւելի քան (300.000) անմեղ զոհերու:

Օգոստոսի 14:

Խումբ մը քաջարի տղաք, ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին ներքեւ, կը ներխուժեն Պոլսոյ Պանք Օթոմանը եւ կը ներկայացնեն իրենց պահանջագիրը:

Գործողութիւնը ձեւով մը հակադարձութիւն մըն էր համիտեան ջարդերուն, որոնք արեամբ ներկած էին հայոց գաւառներն ու քաղաքները:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով նետուած էր կռուի դաշտ: Անոր շարքերուն մէջ ծառայող աննման տղոց սիրտերն ու հոգիները ծարաւ էին գործի ու հրաշքներու գործադրութեան:

Պոլսոյ ՀՅԴ «Վիշապ»-ի Կեդրոնական կոմիտէի իսկ նախաձեռնութեամբ, կ՛որոշուէր զօրաւոր հարուած մը տալու մտադրութիւնը: Մէկ կողմէ թուրքը իր որջին մէջ հարուածելու, եւ միւս կողմէ` եւրոպական երկիրները ցնցելու կը միտէր Պանք Օթոմանի գրաւումը:

Բաբգէն Սիւնի, Հրաչ Թիրիաքեան, Արմէն Գարօ, Վարդան Շահպազ եւ ուրիշներ յանձն կ՛առնէին դրամատան գրաւումը կատարել եւ իրենց պահանջները ներկայացնել թուրքին եւ եւրոպացիին:

14 օգոստոսի կէսօրուան ժամերուն արդէն դրամատունը գրաւուած էր: Տղաքը մուտք գործած եւ սկսած էին մարտերու: Անկրկնելի հերոս Բաբգէն Սիւնի (Փարեան), որուն կազմակերպչական տաղանդին ու կամքին շնորհիւ իր լրումին հասած էր գործողութեան կազմակերպումը, կը նահատակուէր դրամատան մուտքին:

Սաստիկ բախումներ, ռումբերու տարափ եւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն` դրամատան շուրջ եղող թէ այլ թաղամասերը գտնուող զինուորներու հետ: Թուրքը, իր պետական այրերով, իսկ եւրոպացիները, իրենց դեսպաններով շշմած էին` ի լուր զգետնող հարուածին:

Գործողութիւնը ունէր լայն առաջադրանք: Սամաթիոյ մէջ պատրաստուած էին յեղափոխական տղաներ, որոնք իրենց կարգին ահ ու սարսափի պիտի մատնէին թրքական զօրքերը: Դաշնակցական տղոց շարքին էին Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան, Արտաշէս Անդրիասեան եւ ուրիշներ: Ցաւ ի սիրտ, հայ լրտեսները կը յաջողէին բացայայտել գործողութիւնը: Տղաքը կը պաշարուին եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Անոնք չեն յանձնուիր եւ ուժանակով վերջ կու տան իրենց սրբազան կեանքին:

Դրամատան մէջ, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչի ղեկավարութեամբ մարտերը կը շարունակուին 18 ժամ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրութեան յղած էր պահանջներն ու գործողութեան նպատակը:  Քիչ ետք եւրոպական եւ ռուսական միջամտութիւն, անոնց կողմէ սին խոստումներ եւ գործողութեան աւարտ: Դրամատան մէջ եղող 156 պաշտօնեայ մարդիկը ազատ կ՛արձակուին: Եւրոպացիներ կը խոստովանին յեղափոխական տղոց ասպետական ոգին, երբ կ՛իմանան, որ անոնք գողութեան չէին եկած, չէին վնասած պաշտօնեաները, այլ կը հետապնդէին իրենց արդար դատը:

Ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւով տղաքը կը փոխադրուին Մարսէյլ, Ֆրանսա:

125 տարի է մենք կը յիշենք ու կը յիշատակենք հայ ֆետայիներու սխրանքը, որ օրին ցնցեց ոչ միայն արիւնարբու սուլթանը, այլ եւրոպական երկիրներ, որոնք իրենց լռութեամբ մեղսակից էին հայոց ջարդերուն:

Փաստօրէն, երէկի հայդուկներու քաջագործութեան ու այսօրուան հայոց բանակի կատարած մարտերուն շաղախը ի՞նչն է, եթէ ոչ ազգային գիտակցութիւնը, պայքարելու ոգին եւ նախաձեռնելու կամքը:

Յիրաւի գաղափարական երրորդութիւն մը, որուն ջրդեղման եւ իրականցման կոչուած էին երբեմնի հայոց տղաները եւ ե՛ն` այսօրուան նուիրեալները:

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «եղբայրանալու» պատգամին ուժգնութիւնը իր արձագանգերը գտաւ թէ՛ Պանք Օթոմանի, եւ թէ՛ Արցախ աշխարհին մէջ:

Յայտնապէս ազգասիրութեան, ազատասիրութեան, պայքարի ու հայոց իրաւունքի պաշտպանութեան լծուած եղբայրութեան մասին է խօսքը:

Ասիկա է՛ ներկայ ժամանակներու հրամայականը, այլապէս երաշխիքը` Հայաստանի ու հայութեան գոյութենական պայքարի յաջողութեան:

12 օգոստոս 2021 

Նախորդը

Աստուածամօր Մասին Գրուած Շարականներն Ու Անոնց Տեսակները

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի 150 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Հերի Քէյնի Համար

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?