Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին` Ծիրանի Միջուկի Եւ Ճենթըլմեններու Մասին

Օգոստոս 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Օգոստոսի կէսն ենք, եւ կարծէք աշուն է. ամպ, անձրեւ: Տիւ ու գիշեր հոլովուող լուրերը թագաժահրի հիւանդներու, մեռեալներու, պատուաստուողներու եւ պատուաստը մերժողներու մասին են: Այլ բաներ չենք լսեր:

Երկիրը դարձած է տարբեր մոլորակ, եւ յայտնի չէ, թէ արեւը ո՛ր կողմէն կը ծագի: Բարեբախտաբար կայ Կեդրոնականցի Արմենակը` յիշեցնելու, որ այսօր ալ կան երէկուան մարդիկը եւ անոնց հարցերը, կայ նաեւ Հայաստանը` իր տաք ու պաղով:

Արմենակ Հայաստանի կեանքի մանրամասնութիւններուն կը հետեւի, կ’ուրախանայ, կը զարմանայ, կը զայրանայ: Եկաւ սակառ մը հայաստանեան ծիրանով, որ Հայաստան զգայ: Ըսաւ, որ կորիզի միջուկը դեղամիջոց է եւ պէտք է ուտել:

Սուրճի արարողութենէն ետք Մակարուհին գնաց տան գործերով զբաղելու, եւ Արմենակ, առանց ներածականի, սկսաւ Հայաստանի մասին խօսիլ:

– Գիտես, Մակա՛ր, նորընտիր խորհրդարանի մէջ ելոյթ ունեցողները կարծես որդեգրած են անգլիացի ճենթըլմենի կեցուածք եւ ոճ` թաքնուելով դիմակներու ետին, մին հինցած բարքերու ոճով կը խօսի «առաջնորդ»-ի մասին, ինչպէս` «հայր Ստալին»-ի, միւսը կ’ըսէ, որ եկած են «զիրենք հեռացնելու»: Ոչինչ փոխուած է: Պոռչտուք չկայ, բայց մին կ’ըսէ, որ յանուն ժողովուրդին մենք մեր ուզածը պիտի ընենք, միւսը կ’ըսէ, թէ թոյլ պիտի չտանք, որ ձեր ուզածը ընէք: Եւ կը սարքեն փոխադարձ մեղադրանքներու թատրոն, աւելի ճիշդ` ընդհանրացած եւ անվերջանալի  «սերիալ»: Քառակուսի անիւ:

– Արմենա՛կ, ի՞նչ կը մտածէ ժողովուրդը, ի՞նչ կ’ուզէ, իսկ իշխանութեան մաս կազմող, մաս չկազմող, լուսանցքի վրայ մնացած ղեկավարներ ո՞ւր կ’ուզեն տանիլ ալիքներու վրայ տատանող կրկին թուրքի լախտէն ցնցուած ազգի նաւը:

– «Ո՞ւր»-դ յոգնակի է: Մին առագաստները բացած է Մոսկուայի հովերուն, միւսը` Եւրոպայի, երրորդ մը` Ընքըլ Սեմի, չորրորդ մը` թուրք ղարտաշ-արխատաշի: Իրենք կը խօսին, ժողովուրդը պատերազմ չ’ուզեր եւ կ’ուզէ լաւ ապրիլ, իսկ լաւ ապրելու ցանկութիւնը կը սնուցանեն քէնով, քինախնդրութեամբ, հաշուեյարդարներով, երեք տարիէ ի վեր շարունակուող եւ չաւարտող հին ու նոր դատ-դատաստաններով, որոնց համար վատնուած միտքը եւ ուժը եթէ բանակին յատկացուէին, չէինք պարտուեր:

– Արմենա՛կ, քու ըսած ժողովուրդդ կը լսէ՞ զինք ասդին կամ անդին տանելու քաղաքական կարգախօսներով աղմկողները, թէ՞ ինք իր ուղղութիւնը ունի:

– Եթէ լսէր, իր խօսքը կ’ըսէր, երկիրը ղեկավարութիւն կ’ունենար: Ժողովուրդը կը մտածէ ի՛ր վաղուան մասին, զաւակներու ապագայի մասին, եւ վաղն ու ապագան կը տեսնէ երկրէն դուրս` Ռուսիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա…

– Արմենա՛կ, չկա՞յ մէկը, որ պատմութիւն գիտնայ, ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք չէ ընել եւ «ի՛նչ պէտք չէ ընել»-ու շուրջ հաւաքէ ժողովուրդը:

– Չկայ: Ամէնքն ալ կ’ըսեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, եւ  ինչը «ինչեր» է: Ինչ պէտք չէ ընելու մասին ո՛չ ոք կը խօսի: Բազմապատիկ: Ճանապարհներու խաչմերուկին կանգնած` ամէն մէկը կը վազէ իր ընտրած ուղղութեամբ, կամ շուարած կը դիտէ:

– Ուրեմն:

– Պա՛րզ. երկիրը եւ ազգը կը տարտղնուին: Այսքա՛ն եւ այսպէ՛ս: Եւ ժողովուրդը, յառաջադիմածներու հայերէնով, «ապաթիա»-ի մատնուած` կը դիտէ, կը լսէ, բայց անկարող դարձած է դատելու եւ հակազդելու:

Կեդրոնականցին Մակարուհիին երկրորդ սուրճը կուլ տուաւ, դրան առջեւ ըսաւ, որ վաղը Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան տարեդարձն է, եւ գնաց:

9 օգոստոս 2021

 

Նախորդը

Մնայուն Ներկան. Ուսուցիչիս` Գէորգ Գանտահարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Դաս Տուողը Դաս Ստացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?