Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Կայսերապաշտութեան Հաշուեյարդարը

Օգոստոս 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԶԴԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Արցախի գոյամարտին 2020-ի վերջաւորութեան մեր ձախողութիւնները բացատրել փորձող երկու սխալական մօտեցումներ լայն տարածում գտան հայկական քաղաքական մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ հակառակ իրենց պարզունակ եւ կրկնաբանական տրամաբանութեան:

Առաջինը, որ թէեւ հազիւ թէ համոզեց Հայաստանի յունիսեան ընտրութիւններու քուէարկածներէն քիչ մը աւելի քան մէկուկէս առ հարիւրը միայն, կը շարունակուի առաջ քշուիլ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ ՀԱԿ-ի կողմէ եւ այն է, որ ձախողեցանք, քանի որ չհետապնդեցինք հարցի լուծման աւելի «լուրջ», աւելի «ռացիոնալ» մօտեցում, ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել (երեւի հայերէն «բանական» բառը չգործածելով աւելի հաւատալի կը դառնայ իրենց տեսակէտը): Ըստ ասոնց՝ աւելի ռացիոնալ մօտեցում մը եղած պիտի ըլլար նախկին ԼՂԻՄ-ի շուրջ մեր՝ իննսունական թուականներուն ազատագրած պատմական հայապատկան հողերը արագ վերադարձնելը «փոխզիջումներով»՝ վաստկելու համար ապագային Արցախի մէջ դարձեալ ինքնավարութեան քուէարկութիւն անցկացնելու իրաւունքին խոստումը ազերի «գաղթականներուն վերադարձէն» ետք: Պարզապէս զաւեշտական է այս մօտեցումը, քանի որ հակառակորդ կողմերէն միայն մե՛նք է, որ միշտ «փոխզիջումներով» զբաղցուեցանք, իսկ «Ատրպէյճան» միայն ու միայն մերժե՛ց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում»:

Երկրորդ մօտեցումը՝ մանրավաճառուած Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ իր մատչելիութեամբ համոզեց ձախողութենէն խոնջած մեծամասնութիւնը, այն է, որ մենք ձախողեցանք 2020-ի վերջաւորութեան, քանի որ, ըստ Փաշինեանի, ամէն ինչ սխալ ըրած էինք մինչեւ 2018 թուականը, եւ բաւարար ժամանակ չէր եղած 2018-2020 թթ. սխալները շտկելու…

2020 թուականի վերջաւորութեան Արցախի գոյամարտի մէջ մեր ձախողութիւնները իրականութեան մէջ կատարելապէս ուրիշ եւ աւելի բանական բացատրութիւն ունին ու աւելի պարզ պատճառ:

Փետրուար 1988-ին Արցախեան շարժումը սկսաւ Ստեփանակերտի մէջ ո՛չ տեղական ինքնավարման պահանջով (Արցախը խորհրդային լուծի տակ «ինքնավար» մարզ մըն էր, ԼՂԻՄ, արդէն ըստ կարգավիճակի սահմանումին), այլ Արցախի՝ Ատրպէյճանէն անկախացումին եւ Հայաստանին միացումին պահանջով: Արցախեան շարժումը շուտով վերածուեցաւ հայկական աննախադէպօրէն մասսայական ազգային շարժումի մը թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, շարժումի մը, որու հիմնական առաջատար նպատակը խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական ժողովուրդներու սիրաշահման զոհաբերուած Արցախի՝ Ատրպէյճանի բռնակցման պատմական անարդարութեան եւ Հայաստանէն մասնատումին սրբագրումն էր: Ազգային արդարութեան վերահաստատման այդ հզօր շարժումը դարձաւ, առանց որեւէ չափազանցումի, ա՛յն կայծը, որմէ սկսան խորհրդային ապազգային կառուցուածքին փլուզման խարոյկը եւ խորհրդային իշխանութեան փոշիացումը, երբ մէկը միւսին ետեւէ խորհրդային լուծի տակ ազգ-հանրապետութիւնները, ներառեալ Ռուսիան, ոտքի կանգնեցան՝ անկախութիւն հռչակելով:

Արցախի՝ Ատրպէյճանին կցումը 1923-ին Ստալին բռնապետի ֆիաթով խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական կայսերապաշտութեանը սիրաշահելու եւ դրամատիրական Արեւմուտքի դէմ դարձնելու դաւ մըն էր, որ յաջողելու ոչ մէկ գրաւական ունէր, եւ որ լմա՛ն ձախողեցաւ, երբ Թուրքիա դարձաւ եւ մնաց ՆԱԹՕ-ի անդամ ցայսօր:

Քանի որ Արցախը խլուած էր Հայաստանէն թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման համար հիմնականօրէն (ուրիշ պատճառ գոյութիւն չունէր հայ մեծամասնութեամբ պատմականօրէն հայապատկան այս շրջաններուն՝ Հայաստանէն պոկումին), ուրեմն Արցախի խլումը անուղղակի արգասիքն էր եւ ըստ արդիւնքի բաղկացուցիչ մասը հայութեան թիւի՝ բռնութեամբ նուազեցման, Հայաստանի մասնատումին եւ տկարացումին օսմանեան իթթիհատական, քեմալական թէ յետքեմալական թրքական պետութեան շարունակական կայսերապաշտական քաղաքականութեան պատմական չարիքին: Ուրիշ խօսքով՝ Արցախի անկախացման դատը մասնիկն էր հայ ժողովուրդի դիմադրութեան՝ թրքական կայսերապաշտական պետական քաղաքականութեան, որ 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ կը նպատակադրէ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով հայութեան ջնջումը եւ Մեծ եղեռնէն ետք վերապրած Հայաստանի մասնատումն ու շարունակական տկարացումը:

Արցախի 1990-ական թուականներու ազատամարտիկներուն համար Արցախի դատը մասնիկն էր մասնատուած Հայաստանի վերաամբողջացման, հայութեան ազգահաւաքին եւ հայապատկան բռնագրաւուած հողերու ազատագրման ազգային-ազատագրական արդա՛ր պայքարին: Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէր դիտել ընդհանրապէս Հայ դատի պատմական լուծումէն: Այս իմաստով Արցախեան գոյամարտը բնակա՛ն շարունակութիւնն էր 1970/80-ական թուականներու Հայ դատի լուծումը պահանջող սփիւռքեան հայ մարտիկներու պայքարին, պայքար մը, որ իր կարգին պատմական հայ յեղափոխական շարժմանը վերանորոգումն էր:
Արցախեան պայքարը, ուրեմն, բնաշրջական յեղափոխութիւնն ի՛սկ էր պատմական հայ յեղափոխութեան, որ սկսած էր Արցախեան շարժման սկիզբէն ուղիղ մէկ դար առաջ՝ 1880-ական թուականներու վերջաւորութեան: Եւ երբ յատկապէս Արցախի ազատամարտիկներու աննկուն առաջատարութեամբ (ճակատներէն ազդելով հայկական պետական մարտավարութեան ուղղութեան վրայ), նորանկախ Հայաստանի նորաստեղծ բանակի մասնակցութեամբ հայութիւնը յաղթեց 1992-էն 1994-ին, կը թուէր, թէ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորման պատմական ժամը հասած էր:

Յարակարծականօրէն եւ անբնականօրէն յաղթական կողմին համար, Հայաստանի նորանկախ պետականութեան անդրանիկ ղեկավարութիւնը, առաջնորդուելով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հիմնականօրէն սխալական, բայց տիրապետող մօտեցումներով, այդ ճի՛շդ մոմենտին չյայտարարեց Հայաստանի ու Արցախի միացումը եւ անհասկնալիօրէն, հակառակ մեր յաղթանակին, որոշեց ենթարկուիլ մեր շահերը չբաժնող եւ մեր շահերուն հակասող, իրե՛նց շահերէն մղուած օտար պետութիւններու նենգ եւ անձնասէր խրատներուն, մինչեւ իսկ Արցախի անկախութիւնը չճանչցաւ, բան մը, որ անհեթեթութեան գագաթնակէտն էր եւ է՛ տակաւին:

Օտար տարբեր պետութիւնները, պայմանաւորուած իրենց շահերով, ընդհանրապէս թրքամէտ էին 1994-ին եւ ե՛ն տակաւին, միշտ կը նախընտրեն Հայաստան գործածել իբրեւ ճնշման լծակ՝ աւելի մեծ Թուրքիան եւ թրքական աշխարհը պահելու իրենց ծիրին մէջ կամ սիրաշահելու իրենց ազդեցութեան շրջանակին մէջ: Անսալ օտար պետութիւններու ոչ անկեղծ յորդորներուն եւ չճանչնալ Արցախի անկախութիւնը իննսունականներու մեր յաղթանակներէն ետք սխալ մըն էր, որ պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ իբրեւ ամէնէն ծանրակշիռ սայթաքում, եւ սխալ մը, որ յանգեցաւ մեր վերջին ձախողութիւններուն:

Եթէ ատենին Արցախը Հայաստանի մաս հռչակուած ըլլար, Արցախի վրայ յարձակում Հայաստանի սահմաններուն վրայ յարձակում պիտի ըլլար՝ սկզբունքով կիրառման մէջ դնելով Հայաստանի պաշտպանողական դաշինքները, դաշինքներ, որ չգործադրուեցան 2020-ին՝ ըստ յայտարարութեանց, որովհետեւ Արցախը Հայաստանի մաս չէր, պաշտօնապէս նոյնիսկ Հայաստանի համար:

Ըստ Տէր-Պետրոսեանի՝ ռացիոնալ փոխզիջումներով կարելի էր եւ կարելի է լուծել Արցախի դատը: Խորհրդային ապազգային մշակոյթի ուղեղալուացման եւ ժողովուրդներու եղբայրութեան առասպելին հաւատացած համայնավար միջազգայնական հօր մը ազդեցութեան տակ դաստիարակուած այս մարդը, հակառակ իր պատմաբանական ուսումին, չկրցաւ ըմբռնել տարրականը՝ թրքական ցեղապաշտութեան անզիջող կուսակրօնութեան եօթը հարիւր տարիներու այլամերժականութիւնը եւ այս ցեղապաշտութեան հիմնականօրէն քանդիչ դերը Արցախեան դատի հոլովոյթին վրայ:

Հակառակ ակադեմիկոսի իր մտաւորական ենթադրելի պաշարին, որ զինք պատրաստած պէտք է որ ըլլար տեսնելու տարբեր պետութիւններու բարդ հակասութեանց մառախուղին ընդմէջէն Հայաստանի՛ ռազմավարական շահերու յստակ առաջնահերթութիւնը, Տէր-Պետրոսեան կատարելապէս խաբուեցաւ եւ Հայաստանը մխրճեց փոխան Արցախի անկախութեան ճանաչմամբ ամրագրուած, Արցախի միացման ռազմավարութեան, «փոխզիջողական» բանակցութիւններու երկար գործընթացի մը մէջ, ուր ամէն քայլափոխի օտար պետութիւնները Ատրպէյճանի ամբողջականութեան յանկերգը նուագեցին` կէտեր արձանագրելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ի վնաս մեզի եւ ի շահ իրենց: Հայաստանը մնաց աւազախռուած Արցախի ապագայ կարգավիճակի անյստակ «սթաթուսի» որոշման յետաձգման հոլովոյթի մը մէջ: Հայաստանը կրկնեց ու կրկնեց ինքնորոշման մարդկային իրաւունքի ճշմարտութիւնը բոլորին խուլ ականջներուն: Ատրպէյճանը, պաշտպանուած անուղղակիօրէն օտար պետութիւններու կողմէ եւ իր դաշնակից Թուրքիոյ զօրաւոր ուղղակի աջակցութեամբ, պարզապէս մերժեց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում» եւ օրնիբուն պատրաստուեցաւ գերարդիական պատերազմի: Ուրիշ խօսքով` Տէր-Պետրոսեան մեր յաղթանակէն անմիջապէս ետք չորս թանկագին տարիներ մսխեց ինքնիշխանութեան սկզբունքին շուրջ բանակցութիւններով` առանց որեւէ յաջողութեան, ինքնիշխանութիւն մը, որ Արցախը սկզբունքով արդէն իսկ ունէր խորհրդային ԼՂԻՄ-ի օրերէն, երբ մեր հարցը՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ, ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՍԿՍԵԼՈՎ ՄԵԶՄԷ, ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄ ԵՒ ՄԻԱՑՈ՛ՒՄ:

Տէր-Պետրոսեանի մօտեցումը այնքան անյաջող դարձաւ, որ ի վերջոյ իր ամէնէն մօտիկ գործընկերները իրեն կից տուին եւ զինք ճամբու դրին: Սակայն, հակառակ իր հրաժարականին, հայկական պետութեան առաջին ղեկավարին եւ անոր կողմնակից Ժիրայր Լիպարիտեանի մօտեցումները դժբախտաբար դարձան չխոստովանուած տոկմա իր յաջորդներուն համար եւս:

Ընդհանրապէս, երբ նոր պետութիւններ իրենց անդրանիկ ռազմավարական մօտեցումները կը բանաձեւեն եւ կը դնեն պետական գործադրութեան, գնացքը կը շարժի այդ որոշակի ուղղութեամբ, եւ միայն հզօր յեղափոխութիւն մը կրնայ հիմնականօրէն փոխել գնացքի ուղղութիւնը: Մեր պարագային մէկը միւսին ետեւէն ներպալատական փոփոխութիւններով իշխանութիւն ստանձնած Քոչարեան եւ Սարգսեան շարունակեցին զանազան պզտլիկ տարբերութիւններով Տէր-Պետրոսեանի նոյն հիմնականօրէն սխալական մօտեցումը:

2018-ի Տէր-Պետրոսեանի գաղափարական սանիկ Փաշինեանի թաւշեայ շարժումն ալ, փաստօրէն, ո՛չ մէկ շօշափելի փոփոխութիւն բերաւ Հայաստանի հիմնականօրէն տէրպետրոսեանական արցախեան քաղաքականութեան մէջ, որ մնաց եզերուած ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկելիութեան բանավէճով, սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքին ծիրին մէջ:

Հակառակ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքի իր չարաշահումին, քանի որ ինքնավար Արցախը Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս կը գտնուէր, թրքական դրդումով, Ատրպէյճանը տիպականօրէն «ա լա թուրքա» հետաքրքրուած չէր որեւէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքով ընդհանրապէս: Ո՛չ ինքնավարութեան սկզբունքով (տե՛ս ԼՂԻՄ-ի լուծարումը Ատրպէյճանի կողմէ 1991-ին), ո՛չ ալ նոյնիսկ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքով (տե՛ս 2021-ին Հայաստանի սահմանները փոխելու իր բռնի փորձերը այս օրերուս): Սումկայիթէն Գէտաշէն եւ Հատրութէն Սեւ լիճ Ատրպէյճանը հետաքրքրուած էր եւ է միայն ու միայն հայութեան վտարումով եւ հայկական հողերու բռնի խլումով:

Հայաստանը առաջին օրէն իսկ` իննսունական թուականներէն, պէտք է որ յայտարարեր ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՕՐԷՆ, որ հարցը ինքնավարութեան հարց չէր, քանզի նախկին ԼՂԻՄ-ը ինքնավար էր Արցախեան շարժման սկիզբէն առաջ, այլ Արցախի ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ իբրեւ թրքական կայսերապաշտութեան կողմէ Հայաստանի եւ հայութեան քանդումին ի դէմ ՀԱՅ ԴԱՏԻ լուծման հոլովոյթի ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԸ:

Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը ռացիոնալիզմի պակասը կամ սխալները շտկելու ժամանակ չունենալը չէր… Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը եղաւ եւ է ա՛յն, որ Ատրպէյճանի հայաջնջման փորձը չդիտեց իբրեւ թրքական ֆաշականութեան նորովի դրսեւորումը Արցախեան գոյամարտի սկիզբէն մինչեւ այսօր, նոյնիսկ քառասունչորս օրերու մեր ձախողութենէն ետք, ձախողութիւն մը` ի դիմաց թուրքական բանակի եւ սպայակոյտի ղեկավարային լայնամասշտաբային մասնակցութեան Ատրպէյճանի` Արցախի վրայ յարձակման մէջ:

Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը երեւակայելու անկարողութիւնը եղաւ. չկրցան մտքով տեսնել, որ թշնամին Ատրպէյճանը չէր միայն, եւ չկրցան կանխատեսել, որ 27 սեպտեմբեր 2020-ին դէմ հանդիման պիտի գտնուէինք թրքական կայսերապաշտութեան բոլոր միջոցներուն միաժամանակեայ կատարեալ շղթայազերծման:

Մինչեւ իսկ 15 յունիսի Շուշիի թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի հռչակագիրէն ետք տակաւին յիմարներ կան մեր պետական ղեկավարութեան մէջ, որ չեն անդրադառնար, որ մեր վերապրումի պայքարը Արցախի մէջ պայքա՛րն է թրքական կայսերապաշտութեան դէմ, եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն գոյութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ հայութեան համար այնքան ատեն, քանի դեռ վերջնական հաշուեյարդարի չէ ենթարկուած թրքական կայսերապաշտութիւնը:

Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ ինքնավարութեան ու սահմանային անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու սուտ մրցակցութեան շուրջ երկարաձգուող բանակցութիւնները թատրոն էին պարզապէս. Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը լծուած էին հիմնականօրէն պատերազմի պատրաստութեան եւ ռազմական ամբողջարկութեան: Երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատերազմական պատրաստութիւնները հասան ա՛յն մակարդակին, որ պատերազմի ընթացքին յաղթական արդիւնքի հասնելու կարելիութիւնը ընդունելի հաշւոյթ դարձաւ իրենց համար, ժամանակը հասած էր, եւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ ու ղեկավարութեամբ Ատրպէյճան յարձակեցաւ:

2020-ի վերջին մարտերուն կարեւորագո՛յն ուսանելի դասը այն է, որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբէք չէ դադրած գործադրելէ եղեռնի շարունակութիւնը: Այդ պատճառով Հայ դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետական եւ ոչ պետական ուժերուն միակ իրատեսական ուղղութիւնն է այսօ՛ր, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրսեւորած շարունակուող նպատակը Հայաստանը խղճալի ճամբարի մը վերածելն է: Հայութեան ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն շարունակուող եղեռնը դադրեցնելու ՄԻԱԿ միջոցը թրքական կայսերապաշտութեան վերջնական ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐՆ է:

2020-ի վերջին ազերի թուրքերուն ի գործ դրած բարբարոսութիւնները փաստեցին, որ Մեծ եղեռնը պատմական անցած հանգրուան չէ, այլ թրքական կայսերապաշտութեան շարունակուող քաղաքականութիւն մինչեւ մեր վերջը իբրեւ պետական ազգ:

Հայ դատի հետապնդումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը /Արցախի դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն… ՆՈՅՆ պայքարն է՝ կասեցնելու այսօր ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԵՂԵՌՆԸ Արցախի մէջ:

Արցախի դատը մասնիկն է թրքական կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած եւ տկարացուած Հայաստանի վերամբողջացման, եւ Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:
Ազգաջնջման շարունակուող երկդարեան ոճիրով մասնատուած Հայաստանի վերամիաւորման եւ եղեռնային այս ոճիրի արդարահատոյցը կարելի չէ իրագործել առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:

Ի՞նչ կրնայ նշանակել թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը: Թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը պատմական ա՛յն հանգրուանն է, երբ Թուրքիա կամաւոր կ’ընդունի երկու դար երկարող հայութեան ազգաջնջումի իր մեղքը, կը համաձայնի նիւթական ու հողային հատուցման եւ կը հիմնագրէ իր այս պարտաւորութիւններն ու վերջնականապէս կը վանէ կայսերապաշտական ծաւալապաշտութիւնը ի վնաս հայութեան իր պետական ռազմավարութենէն: Առանց այդ հաշուեյարդարին` չկայ Հայ դատի եւ Հայ դատի արցախեան էջին վերջնական լուծում: Առանց այդ հաշուեյարդարին` թրքական կայսերապաշտութիւնը միշտ ալ պիտի շարունակէ փորձել խորտակել Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա, որպէսզի պատճառենք թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը:

Նախ՝ հայ յառաջդիմական ուժերը պէտք է յաջողին համոզել ռուսական քաղաքական միտքը, որ թրքական դէպի արեւելք տարածումը նոյնքան վտանգաւոր է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համար` անկախ մարտավարական ժամանակաւոր հարցական առաւելութենէ մը (ան ալ թերեւս) այս հանգրուանին, ռուս-թրքական գործակցութիւններով արեւմտեան պլոքին մէջ մակերեսային հակասութիւն ստեղծելու խաղով:

Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական միտումներուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունի նախկին ստալինեան քաղաքականութեան ցախաւել մնացորդ ա՛յն մօտեցումը, որ կը տեսնէ շահ Ռուսիոյ համար Արցախեան դատի օգտագործման մէջ՝ թրքական աշխարհը «սիրաշահելու» արեւմտեան ծիրէն դուրս` Արեւմուտքէն անկախ «գործընկերութիւն» ստեղծելով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ շրջանային հարցերու լուծման մէջ (Արցախ, Սուրիա, Լիպիա): Ասիկա երէկի ստալինեան կատարելապէս ձախողած սովետական քաղաքականութեան այսօրուան վիժուկն է: Այս իրականութեան մէջ բոլորովին անիրապաշտ եւ սխալ քաղաքականութիւնը քանի՞ անգամ պիտի ձախողի, որպէսզի Ռուսիա անդրադառնայ, որ հոդ երկարժամկէտ շահ չկայ իր համար: Ստալինեան ներշնչումով ի վնաս Արցախի թրքական աշխարհը Արեւմուտքէն անջատելու սին փորձը ռազմավարական տեսակէտէ սխալ էր եւ սխալ է, քանի որ թրքական դէպի արեւելք տարածումը միայն ու միայն Ռուսիոյ տկարացման կրնայ տանիլ (տե՛ս թրքական հակառուսական քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ մէջ):

Վերջապէս՝ Ռուսիա ինքնին կառուցուած է թուրանական արեւելեան հրոսակացեղախումբերու ձիւնաթաղման մէջ: Ռուսիա պիտի ուզէ՞ արդեօք վերադառնալ մոսկովեան պետութեան մը իրավիճակին՝ շրջապատուած թուրանական արեւելեան պետութիւններու վոհմակներով:

Հայ յառաջդիմական ուժերը հսկայական գործը ունին հիմա՛ համոզելու Քրէմլինը, որ ստալինեան ներշնչումով Թուրքիոյ սիրաշահման յոյսերով քաղաքականութիւնները ձախողած են մի՛շտ անցեալին եւ պիտի ձախողին ՄԻ՛ՇՏ:

Թրքական կայսերապաշտութեան միջամտութիւնը Արցախեան գոյամարտին մէջ չպէտք է որ յաջողի, այլապէս յաջորդ արարը պիտի ըլլայ Սիւնիքի կտրատումը, Սիւնիքի ընդմէջէն թուրանական հողային կապի հաստատումը:

Ժամանակն է, որ դիմագրաւենք եւ հակադարձենք այս կայսերապաշտութեանը՝ արձանագրելով մեր սահմանադրութեան մէջ իբրեւ անփոփոխելի հիմնայօդուած, որ Արցախը էր, է եւ պիտի ըլլայ մինչեւ վերջ Հայաստան: Հայաստանի նոր խորհրդարանը պէտք է վերամշակէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայահաւաքի եւ հողահաւաքի հայկական արեւելութեան ռազմավարութիւնները: Հայկական արեւելութեան հիմնարար այս սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի, որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սահմանային ամբողջականութիւնը այնքան ատեն, քանի դեռ Թուրքիայ չէ ընդունած հայութեան ազգաջնջումի իր ոճիրը, Մեծ եղեռնը եւ պատրաստակամութիւն չէ յայտնած հատուցման ու հայապատկան գողցուած հողերու վերադարձին, եւ այնքան ատեն, քանի դեռ Արցախը իբրեւ Հայաստանի անբաժան մաս չէ ճանչցուած Ատրպէյճանի կողմէ:

Ի պատասխան Ալիեւի յայտարարութեան, թէ ինք լուծած է Արցախի հարցը վերջնականօրէն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մաս պէտք է հռչակէ անմիջապէս, որպէսզի Հայաստանի ցանկացած կառավարութիւն օրէնքով ստիպուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստանի բանակը իր վէրքերը լիզելու ժամանակ չունի. պատրաստուի՛նք պատմական Արցախի մնացորդացի պաշտպանութեան:

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը Հայաստանի կողմէ այլեւս անժամանցելի է եւ հրատապ: Մեր դաշնակից Ռուսաստանի նախագահը ի՛նք ընդունեց 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան օրերուն, որ երբէք չէր հասկցած` ինչու Հայաստանը այդ քայլը ցարդ չէր առած: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը` Ժան-Իվ լը Տրիանը, նոյն նոյեմբերի վերջաւորութեան Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչում չունենալը մատնանշեց չարափաստօրէն արդարացնելու համար, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պէտք չէ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
Հիմի է՞լ լռենք եւ չառնենք այդ քայլը, երբ Ատրպէյճանի նախագահ աւազակը Սիւնիքի եւ Երեւանի` ազերիական հող ըլլալու մասին կը ճառաբանէ:

Հայաստանի յառաջդիմական քաղաքական ուժերուն կ’իյնայ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ այս ճանաչման օրէնսդրութեան անցման ապահովումը:

9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը խաղաղաբեր համաձայնութիւն չէ եւ չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, քանի դեռ Արցախը անկախ չէ Ատրպէյճանէն: Զինադադարը կրկներեւոյթ է լոկ, օդացոլութիւն, միրաժ։ Չորս տարիէն, ԵԹԷ ՈՉ ԱՒԵԼԻ ՇՈՒՏ, Ատրպէյճանը պիտի պահանջէ, որ ռուս զինուորները հեռանան «Ատրպէյճանի տարածքներէն», եւ, օգտագործելով թրքական կայսերապաշտութեան լման կարողականութիւնը եւ բոլոր լծակները, պիտի յարձակի լիքուիտացնելու Արցախը: Ջայլամի բնազդ է կարծել այլապէս: Միակ իրապաշտական մարտավարութիւնը օրնիբուն պատրաստուիլն է պատերազմի եկող յաջորդ փուլին:

Խաղաղութիւն երբէք չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, քանի դեռ թուրքը հայեր կը խողխողէ հայապատկան հողերու վրայ:

Մասնագէտներ, ակադեմականներ եւ այլք կը խօսին Արցախեան «առաջին» կամ «երկրորդ» պատերազմներուն մասին իբրեւ սկսուած եւ աւարտած պատերազմներու: Արցախեան պատերազմը դադրած չէ, չէ վերջացած եւ չի կրնար վերջանալ այնքան ատեն, քանի դեռ հայ ազգի պատմական իրաւունքը չէ վերահաստատուած Արցախի մէջ: Հրադադարը հանգրուան մըն է պարզապէս: Պատերազմը առանց մեր յաղթանակին աւարտած չի կրնար ըլլալ:

Փաստօրէն, զինադադար անգամ գոյութիւն չունի, աւելի ճիշդ` զինադադարը յարգողը մենք ենք միայն խեղճօրէն, ի գին ամէն ինչի: Թշնամին զինուած խուժումներով օրըստօրէ կը մտնէ Հայաստան, սահմանային շրջանները, քիչ մը ամէնուր, անպատիժ, մինչեւ իսկ… առանց հակահարուածի: Մեր պետութիւնը ՄԵՐ սահմանները պաշտպանելու համար կը դիմէ ՕՏԱՐ երկիրներու, որոնց համար ատրպէյճանական զինուած խուժումները անկարեւոր «սահմանային դէպքեր» են լոկ: Ասիկա պետական մօտեցում չէ: Ցանկացած խուժում Հայաստանի սահմաններէն ներս պէտք է ստանայ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ եւ ռազմավարական արդար նախահարուած այլուր:

Թշնամին տակաւին կը պահէ պատերազմական հայ գերիներ` հակառակ համաձայնագրի` գերիներու վերադարձման պայմաններուն, եւ նոր գերիներ կը գերեվարէ: Հայ գերիներու վերադարձը մուրալը պետական մօտեցում չէ: Ականաքարտէսներու վաճառումը գերիներու վերադարձին համար, տկարացնելով մեր պաշտպանողական կարողութիւնը, դարձեալ սխալ մօտեցում է: Գերիները կը փոխանակուին. ա՛յդ է գերիներու հարցը լուծելու միջոցը: Մենք ալ ազերի գերիներ պէտք ունինք, եւ անոնց` մեր երկիրը խուժող զինուորները այդ փոխանակելի գերիները պէտք է որ ըլլան:

Թշնամին երբէք հոգեբանական կացութեան մէջ պէտք չէ որ ըլլայ, որ կարծէ, թէ իր յաջողութիւններով Արցախի հարցը «լուծած» է վերջնականապէս, եւ եթէ է, այդ տպաւորութիւնը պէտք է վերացուի: Ընդհակառակը` Արցախի դատը պէտք է վերածուի իր համար այնպիսի վտանգաւոր եւ հսկայական «գլխացաւի» մը, որ թշնամին ի՛նք ուզէ, որ Արցախը անջատուի:

Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ թշնամին հանգիստ չպէտք է մնայ Հատրութէն Շուշի, քանի որ մե՛նք հանգիստ չենք՝ արտաքսուած մեր հողերէն: Թշնամին պէտք չէ զգայ «յաղթական», «անպատիժ», քոմբրոմիսով անհետաքրքիր: Եթէ չկայ ելք ու ճար, ապա ժամանակն է՝ անհամաչափ, յեղափոխական եւ ի հարկին արտապետական պայքարի:

«Ատրպէյճանն» էր, է եւ պիտի մնայ թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման նուէր արուեստական պետութիւն մը` հիմնուած հայկական բնակչութեան ոչնչացման ոճիրին սկզբնական մեղքին վրայ, եւ որ կը համախմբէ թայֆայական օպսքուրանթիսթ բռնապետութեան մը տակ, իրարու անհաւատարիմ շարք մը ցեղային ու կրօնական խմբաւորումներ, եւ որու միակ հարստութիւնը եւ գերարդիական զէնքեր գնել կարենալու միակ ազդակը քարիւղի արդիւնաբերութիւնն է (արդիւնաբերութիւն մը, որ պատմականօրէն կը պարտի հայ գործարարներու հանճարին եւ ջանքերուն): Յաջորդ տասնամեակներուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ’անցնի ածխաջրածինական ուժանիւթի գործածութենէն` մէկ կողմէ, եւ գոյութիւն ունեցող պաշարներու սպառումով` միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի ռազմավարական առաւելութիւն ըլլալէ: Քարիւղի շահերու պակսումով ժամանակի ընթացքին իր նիւթական միջոցներու նուազումով պիտի տկարանայ նոյնիսկ Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակցութիւնը թուրանական միւս պետութիւններուն եւ մինչեւ իսկ Թուրքիոյ հետ, եւ ապագային նուազ հարուստ Ատրպէյճան մը հաւանաբար ի վիճակի պիտի չըլլայ շարունակելու գերարդիական նմանաչափ զինամատակարարումը Իսրայէլէն:

Սատարենք Ատրպէյճանի ցեղային եւ կրօնական ընկճուած խմբաւորումներուն քաղաքական ինքնահաստատման, որ անոնք հատու ներքին կիցերով խախտեն Ատրպէյճան խրճիթի խարխուլ հիմերը:
Արցախի հանդէպ յաջողութիւն արձանագրելու համար Ատրպէյճանը ինքզինք վերածեց վասալ նահանգի մը էրտողանեան Թուրքիոյ, բան մը, որ իր իսկ պետական շահերուն անյարիր է, եւ ստիպուեցաւ ընդունիլ օտար ռուսական բանակը, որ կը պաշտպանէ Արցախը Ատրպէյճանէն, եւ ասիկա յիմար Ալիեւին «յաղթանակն» է, որու համար մսխեց քարիւղի օրըստօրէ պակսող շահերը:
Թրքական կայսերապաշտութիւնը չենք կրնար հաշուեյարդարի ենթարկել լոկ պայքարելով Արցախի մէջ այս կայսերապաշտութեան դէմ: Թրքական կայսերապաշտութիւնը նահանջի մղելու համար ուրիշ ելք ու ճար չունինք` բացի պայքարը ընդարձակելէ:
Ժամանակը մեզի հետ է:

Թուրքիան չի կրնար երկարժամկէտ մնալ էրտողանեան արկածախնդրական մենատիրութեան տակ, քանի որ իր իսկ շահերը կը պահանջեն, որ ան նահանջէ ռիսկերով յղի համաթուրանական միթի երկրպագումէն:

Թուրքիա ամէն ինչ կ’ընէ ինքզինք ներկայացնելու համար իբրեւ համածին ազգ պետութիւն մը, երբ իրականութեան մէջ ոչինչ է, փոքր կայսրութիւն մը, ուր շարք մը ժողովուրդներ կ’ապրին թուրք իշխանաւոր ցեղախումբի լուծին տակ, եւ որու երկարժամկէտ վերապրումի հեռանկարը, ըստ իր ներկայ կայսերապաշտ ղեկավարութեան, «թուրք» արուեստական կոչումին մէջ ձուլումն է ներքին ժողովուրդներուն եւ համաթուրանական ընդլայնումը:

Մենք պէտք է քաջալերենք եւ սատարենք Թուրքիոյ մէջ ապրող ինքնուրոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն ինքնութեան վերելքին ու անոնց իրաւունքներուն հաստատմանը, յատկապէս ճիգեր ներդնենք մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրներու ղեկավարներուն քով քովի բերելու, թելադրենք, որ իրենց ուժը իրենց միութեան մէջ տեսնեն: Օգնենք, որ այս հսկայ ժողովուրդը, ցեղախումբի եւ վարձկանութեան մտայնութենէն ձերբազատուելով, որոշէ դառնալ ԱԶԳ եւ ունենայ ՀԱՅՐԵՆԻՔ հոն, ուր մեծ թիւերով է՝ անկախանալով Թուրքիայէն:

Թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին ամէնէն իրատեսական ուղին ԱՆԿԱԽ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ստեղծումն է: Պէտք է օգնենք մեր քիւրտ եղբայրներու ազգացման դատին: Հայաստանը չի կրնար չըլլալ, բնականաբար է’ եւ պէտք է որ ըլլայ Թուրքիոյ մէջ քրտական պետութեան արդար գաղափարին ներշնչման փարոսը:

Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջաններու հաստատմամբ այլեւս պարզապէս ժամանակի հարց է, որ Թուրքիոյ քրտական մասսաները ուզեն առնուազն նոյնը ընել Թուրքիոյ մէջ: Ռազմավարական պայմանները վերջապէս դարձած են բարենպաստ, եւ Թուրքիայ ժամանակառումբին պատրոյգը մեր քիւրտ եղբայրներն են, որ պիտի վառեն:

Թրքական կայսերապաշտութիւնը մեզմէ լաւ գիտէ, որ ռազմավարական կացութիւնը վերջապէս դարձած է փոփոխական եւ վտանգաւոր իր համար: Ասոր համար է արդէն, որ կատաղած շան պէս կայսերապաշտական Թուրքիան յարձակեցաւ Սուրիա` տկարացնելու եւ կասեցնելու քրտական շրջանային կառավարման կառոյցը, օժանդակեց Ատրպէյճանին Արցախի մէջ, կը պահէ Կիպրոսի կէսը գրաւուած, կը սպառնայ Յունաստանին, միջամուխ է լիպիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ եւ հիմա ներկայութիւն է Աֆղանիստանի մէջ:

Ապրիլ 2021-ին Հայաստանը հաստատեց հիւպատոսարան քրտական Էրպիլ քաղաքին մէջ: Վերջապէս: Բայց ո՞ւր են հայկական բանակի խորհրդականները Րօճաւայի մէջ` ի դիմաց թրքական բանակին եւ թրքական վարձկաններուն: Սուրիոյ հայ գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու կազմակերպումը եւ փոխադրութիւնը Ատրպէյճան Արցախի դէմ պատերազմին մէջ գործածութեան համար հայկական պետութեան պաշտպանողական ներկայութիւնը Րօճաւայի մէջ անհրաժեշտ կը դարձնեն:

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին ռազմափորձեր ըրին Կարսի մէջ այս տարուայ ապրիլին, ուրեմն hայկական յատուկջոկատայիններն ալ ռազմափորձեր պէտք է ընեն Րօճաւայի մէջ:

Ստեղծենք հայկական պետական յատուկ տարատեսակ կառոյցներ, ակադեմական ամպիոններ` շարունակական համագումարներով, համակրական կրուբներ, արտապետական կազմակերպութիւններ` ուղղակի գործողութեան համար եւ այլն: Այս բոլորը՝ ուսումնասիրելու եւ օգնելու համար Թուրքիոյ մէջ թրքական լուծի տակ ապրող ժողովուրդները՝ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (ներառեալ կորսուած հայերը), մեր եղբայր ՔԻՒՐՏԵՐԸ, մեր եղբայր ԵԶԻՏԻՆԵՐԸ, մեր եղբայր ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ԼԱԶԵՐԸ, ԱԼԵՒԻՆԵՐԸ, ՐՕՄԱՆԵՐԸ, ՉԵՐՔԷԶՆԵՐԸ:

Այս տարի Յունաստան, Կիպրոս, Եգիպտոս զինուորական համագործակցութեան պատմական համաձայնագիր կնքեցին. անընդունելիօրէն բացակայ էր Հայաստանը:

Մեր լոզունքը թող ըլլայ՝ «թրքական կայսերապաշտական չարիքի զոհեր միացէ՛ք»: ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրները, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ, ՅՈՅՆ ԿԻՊՐՈՍ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼԻՊԻԱ, ԵԳԻՊՏՈՍ, ՄԱԻ (UAE) եւ այլք: Ըլլանք ղեկավար ազդակ, ձգտինք միագրել այս ուժերը թրքական ակրէսիաները դիմակայող պաշտպանողական դաշնագրութեան մէջ:

Ռազմավարական ներկայ հանգրուանը կատարելապէս աննախադէպ առիթ մը կը ստեղծէ միաւորելու շարք մը պետութիւններ եւ ուժեր, որ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կերպով կը զգան իրենց մորթին վրայ համաթուրանական չարիքի էրտողանեան հանգրուանի աւերները: Հայաստանը եւ հայութեան յառաջդիմական ու յեղափոխական քաղաքական ուժերը ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԵՐ պէտք է ստանձնեն ռազմավարական դաշնագրութեան մը ստեղծման մէջ` վերջնականապէս թաղելու համար համաթուրանական ցեղապաշտութիւնը:

Նոյեմբեր 9-10-ի տխրահռչակ համաձայնագիրը Արցախեան «երկրորդ» պատերազմի աւարտը չէ, այլ անյաջող հանգրուան մը լոկ: Ոչ մէկ համաձայնագիր կրնայ բաժնել Հայաստանի մաս Արցախը Հայաստանէն, եթէ մենք պատրաստ ենք անկոտրում մարտունակութեան, եթէ մենք պատրաստ ենք դիմակայելու վերջնականապէս թրքական կայսերապաշտութիւնը Արցախի մէջ ե՛ւ Արեւմտահայաստանի մէջ:

Անզիջող մարտունակութիւնը միակ ուղին է, որ կը տանի յաջողութեան ուժերու հանդէպ, որոնց նպատակը հայութեան իսպառ բնաջնջումն է:

Խաղաղութիւն անկարելի է առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:

«Դրօշակ», թիւ 8 (1654), օգոստոս, 2021 թ.

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լեովա Գէորգեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Ո՛չ Ինքնապարտուողականութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?