Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութիւնը Պատնէշի Վրայ

Օգոստոս 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ յարաբերական անդորր կը տիրէ: Կառավարութեան կազմը ամբողջացաւ արտաքին գործոց նախարարի նշանակումով: Կառավարութիւնը վաւերացուց իր գործունէութեան ծրագիրը եւ կը պատրաստուի անոր քննարկման Ազգային ժողովին մէջ: Առիթը կ՛ունենանք անդրադառնալու մասամբ հրապարակուած ծրագիրին, անոր ներկայացման ու Ազգային ժողովին մէջ անոր քննարկման:

Յարաբերական այս դադարէն օգտուելով, դառնանք բազմաչարչար Լիբանանին ու անոր հայ համայնքին ոդիսականին: Տնտեսական կացութիւնը կը շարունակէ անդամալոյծ մնալ, վառելանիւթ չկայ, ելեկտրականութիւն չկայ, դրամ չկայ, հաց չկայ, չկայ ու չկայ… ամէն բան չկայ: Կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ. օր մը կը թուի, որ անել վիճակ ստեղծուած է ու նշանակուած վարչապետը կրնայ հրաժարիլ: Յաջորդ օրը յուսալից խաբրիկներ կը տարածուին ու վարդագոյն արշալոյսներու յոյսեր կը ներշնչեն: Ժողովուրդը կը շարունակէ տառապիլ, առանց կարենալ հասկնալու, թէ ինչո՞ւ, ներքին ու արտաքին, ծանօթ ու անծանօթ «կողմերը» կը պայքարին, ինչի՞ համար կը պայքարին ու ի՞նչ կ՛ուզեն իրագործել:

Ստեղծուած ու տակաւ բարդացող վիճակը կը մղէ քաղաքացիները վերապրումի ելքեր որոնելու: Բնականաբար, օրէնքը շրջանցելով, քանի որ օրէնքը, որ ստեղծուած է քաղաքացիին իրաւունքը պաշտպանելու համար, չի գործեր: Համայնքային իւրայատուկ դրութիւն ունեցող պետութեան մէջ, համայնքները սահմանադրութեամբ ընդունուած հաւաքականութիւններ են, ունին իրաւունքներ, ուրեմն նաեւ` պարտաւորութիւններ: Իրաւունքներէն օգտուելով կազմակերպ կեանք, համայնքային ազգային կառոյցներ ստեղծել ու բարգաւաճ կենցաղ ունենալ չէ միայն քաղաքացիական պատկանելիութիւնը Լիբանանին: Դժուարութեան պահուն իրաւունք չունինք երես թեքելու մեզի այնքան կարելիութիւններ շնորհած երկրին, որուն քաղաքացիներն ենք: Ո՛չ միայն պիտի տոկանք, այլ ամէն ճիգ պիտի թափենք զայն վերադարձնելու համար իր երբեմնի բարեկեցութեան, իր կոչումը եղող խաղաղ գոյակցութեան: Տագնապներու ժամանակ, հայ համայնքի միասնականութիւնը եւ երկխօսութեան միջոցով վէճերը հարթելու կոչերը միշտ ալ գնահատուած են լիբանանեան կողմերէն: Հայերը չեն բաւականացած կոչերով միայն, այլ յաճախ հարթակ տրամադրած են անհրաժեշտ երկխօսութեան` լուռ, խորհրդապահական եւ պատասխանատու միջնորդութեամբ:

Լիբանանի հայ համայնքին կենսապահովման համար ստեղծուած է Վերականգնումի յատուկ մարմին, ազգային, կուսակցական, յարանուանական, ընկերային, մշակութային, մարզական, բարեսիրական բոլոր կառոյցներու մասնակցութեամբ: Սփիւռքի տարբեր համայնքները եւս կը խամախմբուին` օժանդակելու համար խորշակահար լիբանանահայութեան: Լիբանանահայութիւնը լքուած չէ, անգլուխ չէ: Նման պայմաններու մէջ է, որ երեւան կու գայ ժողովուրդի մը միասնականութիւնը, զայն ազգ դարձնող ներքին անքակտելի շաղախը:

Ինչպէ՞ս կը հետեւին մայր հայրենիքէն լիբանանեան դԺուար հասկնալի քաղաքական դիպաշարին ու յատկապէս լիբանանահայութեան վերապրումի ճիգերուն: Քայքայման սեմին գտնուող Լիբանանը լքելու անպատասխանատու կոչեր կը լսուին երբեմն: Եթէ Լիբանանը լքելու տրամադրութիւն ունեցողներ կան, միակ հասցէն Հայաստանն է, նոյնիսկ երբ հայրենի պետութեան իշխանութիւնները անտարբեր են ու անպատրաստ` ընդունելու ու պատսպարելու իրենց հայրենակիցները:

Վերջին օրերուն, ելեկտրոնային մամուլին մէջ յայտնուեցան տեղեկութիւններ, վերլուծումներ, առաջարկներ լիբանանահայութեան մասին: Հայաստանի ելեկտրոնային մամուլի կարեւոր մէկ հատուածը ապատեղեկատուական հարթակ է, անլուրջ ու անպատասխանատու դեղին մամուլ: Հեռակայ տեսակցութիւններ հրատարակուեցան նաեւ անհատներու հետ, որոնք սեփական կարծիք արտայայտելէն անդին ոչ մէկ վաւերական տեղեկութիւն տալու ի վիճակի են: Անոնցմէ ոմանք, բարեբախտաբար, խուսափեցան ծայրայեղ գաղափարներ արտայայտելէ ու պարկեշտօրէն բաւականացան կացութիւնը նկարագրելով: Բայց գտնուեցան նաեւ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ ու այս առիթով շատոնց մոռցուած կուսակցական պայքարներու ուրուականներ արթնցնելու փորձ կատարողներ:

Անոնցմէ մէկուն կ՛արժէ անդրադառնալ, իբրեւ օրինակ: Յայտնելէ ետք, որ Լիբանանի հայ համայնքի մէջ «արշալոյսները խաղաղ չեն», ոմն կը խօսի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան վրայ հայ ու արաբ քաղաքացիներու յարձակման ու… քաղաքապետին ձերբակալման մասին: Քաղաքապետին կուսակցական, անշուշտ դաշնակցական, բարձրագոյն պաշտօն մը շնորհելէ ետք, խմբագիր պարոնը կ՛իմացնէ, որ «Դաշնակցութիւնը միայն ասում է, որ պէտք է օգնի, բայց որեւէ օգնութիւն չի տրամադրում»:

Բաւականանանք այսքանով, որովհետեւ ամբողջ հարցազրոյցը լիքն է նողկալի ապատեղեկատուութեամբ: Կրնայինք «շունը կը հաջէ, կարաւանը կը քալէ» ըսել ու անցնիլ, սակայն չկրցանք անտարբեր մնալ լիբանանահայութեան եւ անոր յառաջատար ուժը հանդիսացող Դաշնակցութեան մասին գորշ ու անպատկառ ապատեղեկատուութեան նկատմամբ, որ անամօթաբար կը ներկայացուի հայրենի հանրային կարծիքին:

Լիբանանահայութիւնը տագնապի մէջ է, օգնենք իրեն, խրախուսենք, որպէսզի մօտիկ ապագային ան կարենայ վերստանձնել սփիւռքի մայրաքաղաքի, Հայաստանի եւ Արցախի զօրավիգ հզօր համայնքի դերակատարութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?