Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Ես, Այս Գիշեր 3» (Հեղինակ` Վարուժան Արք. Հերկելեան)

Օգոստոս 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Անկեղծ ըսած, ինծի կը թուի, թէ հեղինակը` Աղեղնաւոր, կարողութիւնը ունի բնութեան ընծայած գիշերներու հոսքը այնպէս խտացնել եւ կամ միաւորել, որ իր գրիչէն արտաբերուող հոգիին ու մտքին արգասիքը, կարծես, լոյսին եկած ըլլան լոկ գիշերուան մը ընթացքին: Ահա երկու ապացոյց, առաջին` վերջերս հրատարակուած «Ես, այս գիշեր»-ներու (թիւով 2) շարքն է, երկրորդ`յափշտակութեամբ կարդացուելու անոնց գեղարուեստական ու խոհական արժանիքը:

Եւ իրօք, հայ ընթերցասէր (տակաւ չքացող) հասարակութեան սեղանին են արդէն վերոնշեալ գրքոյկները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը շօշափէ հայ կեանքէ առնուած նիւթ մը, որ սրբազանին ներաշխարհը կլանած է, միտքը ալեկոծած եւ հոգին խռոված:

Հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ անոնք` գրքոյկները, սրբազան հօր «Մատեան»-ներն են, որոնցմով ան կը փորձէ իր դառնացած ներաշխարհին ցոլքերը լոյսին բերել եւ հեքիաթախառն աշխարհի մը ընդմէջէն լսելի դարձնել իր բողոքը:

Այլապէս ինչո՛ւ ան «խոր լռութեան մէջ կը լսէ ճաթիւնը իր ներաշխարհին», ինչո՛ւ «կամաց-կամաց կը շարժի դէպի անորոշութիւն», ինչո՛ւ «մարդիկ, գառնուկի մորթին տակ գիշատիչներու վերածուած են», ինչո՛ւ «միշտ թափառական է հայը» եւ այլն («Ես, այս գիշեր 2»):

Աւելի՛ն. «Արցախի վէրք»-ով տառապող սրբազանը, ինչո՛ւ իրական հեքիաթով մը կը փառաբանէ հայրենի լեռներու բնութիւնն ու կենդանական աշխարհը: Ինչո՛ւ մամիկին ու պապիկին օրհնաբեր գուրգուրանքին ու կամքի զօրութեան ապաւինած կը փորձէ ամբողջ ազգի մը ճակատագրին էութիւնը բնութագրել, անցեալի կարօտը ապրիլ ու չքնաղ հայրենիքի կորուստին անդարմանելի ցաւը ընդգծել:

Փաստօրէն, սրբազանին գրիչին պատկանող խոհերուն առանցքը եթէ մէկ կողմէ հայ եկեղեցին ու կրօնական ծառայութիւնն է, ապա միւս կողմէ հայու ճակատագիրն է իր ընդհանրութեան մէջ. սփիւռքի ուծացման արհաւիրքը, Արցախի վէրքը, Հայաստանի պետական կեանքի ամլացումն եւ ներկայ ժամանակներու անորոշութիւնը:

Այո՛, ինծի կը թուի, թէ սրբազանը իր խորասոյզ ապրումներուն խայտանքը մէկ գիշերուան մէջ սպիտակ թուղթին յանձնած է` պահիկ մը ժամանակ կոչուածի պարտադրանքը շրջանցելով կամ մոռացութեան տալով: Ահա թէ ինչպէ՛ս:

«Ես, այս գիշեր 3», հոգեւոր Կիլիկիան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ սրբազանին «գիշեր»-ները, ձեւով մը կրօնաբոյր աղերսանք են, ի սրտէ բխած աղօթք, որ ուղղուած է իրերայաջորդ վեհափառներու (Տանն Կիլիկիոյ)` հայցելով անոնց երկնային աջակցութիւնը, եզակի իմաստութիւնն ու նուիրաբերումի հրաշալի կոչումը:

Հեղինակը լո՜ւռ, բայց յարատեւ պայքարի մէջ է չարին դէմ: Այն չարին, որուն դէմքը հեղ մը յայտնէ է, շատ անգամ` աներեւոյթ: Այն չարին, որ երբ հանդիպի մեր կամքի թուլութեան եւ ընչաքաղցութեան, անմիջապէս իր թագաւորութիւնը կը փորձէ հաստատել եւ կուրցնել մեզ, ի հարկին բնաջնջել, աւերել ամէն ինչ:

Սրբազանը, սակայն, հաւատացողն է բարիի ուժին, որուն ապաւինած, ան աւելի քան յիսուն տարի է եւ ատով կը ծառայէ իր ժողովուրդին: Ծառայութիւն, որուն հիմքը կրօնականի իր կոչումն է, կրթական մշակի ու իրա՛ւ գրողի յանձնառութիւնը:

Ի դէպ, ինչպէ՛ս կարելի է մտահան ընել սրբազանին` իբրեւ ուսուցիչի համակ նուիրումը, երբ ան մեզի` Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանողներուս կը ջամբէր Արեւելահայ գրականութիւն (1985-88):

Փաստօրէն, իւրաքանչիւր դասապահու սրբազանին հեզ ու ընկերական ոգին, ժպտախառն դէմքն ու փայլող աչքերուն ցոլքը տիրական էին: Աւելի՛ն. անոր համար դասաւանդումը, սապէս, ազնիւ արարողութիւն էր` ուրախութեամբ յագեցած եւ ջերմ ապրումներով լիացած: Գրականութեան հանդէպ անոր ցոյց տուած սէրն ու խանդաղատանքը` քաջալեր ազդակներ էին մեզի` ուսանողներուս, առաւել հրապուրուելու հայ գրականութեամբ եւ երեւան հանելու ոգեշնչող էջերը:

Հոգեւոր Կիլիկիա:

Հեղինակը, յիշելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին ծառայած վեհափառներու կեանքն ու ազգանուէր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց հայաբոյր եւ քրիստոնէաշունչ մտածումները,  կը վկայակոչէ իւրաքանչիւրին թողած ժառանգը, ունեցած բեղուն եւ շնորհալի դերակատարութիւնը, բայց մանաւանդ` Տանն Կիլիկիոյ  դարաւոր աթոռը վերականգնելու, բարգաւաճելու եւ պաշտպանելու անոնց անկոտրում կամքն ու պատրաստակամութիւնը:

Սրբազանը մեղեդի ու յորդուն զգացումներով լոյսին կը բերէ վեհափառներու ազգային ու մարդկային ըմբռնումները, եկեղեցաշէն ու ազգային ապրումները: Ան վճիտ լեզուով, շատ անգամ պատկերաւոր եւ գեղարուեստական շունչով կը պատմէ անոնց մասին, երբեմն այնքան պարզ ու բիւրեղ մտքերով, որ ընթերցողը կը մղէ աւելի խորանալու ընթերցման մէջ:

Հեղինակը` Վարուժան արք. Հերկելեան մտաւորականի կոչումին առընթեր ունի պատմագրողի եզակի շնորհ, որով ան կը մտնէ ընթերցողին սրտին մէջ եւ հոն կը հաստատուի տիրականօրէն` իբրեւ սրբազան, մշակոյթի, գիր ու գրականութեան մարդ եւ ազնուասիրտ հայորդի:

Ընթերցողը այս երկու գրքոյկներուն ընդմէջէն պիտի ծանօթանայ նաեւ հայր սուրբին, այսպէս ըսած, միւս կերպարին` յախուռն ոճի տէր եւ յանդուգն մտայնութեամբ յատկանշուող կրօնականին: Փաստօրէն, ան կ՛անդրադառնայ սփիւռքահայ կեանքի դառն երեւոյթներուն, կը նշէ զանոնք եւ զգաստութեան կը հրաւիրէ բոլորս: Իսկ երբ լոյսին կը բերէ Արցախ աշխարհի կորուստին մեծ ցաւը, առանց վարանումի կ՛ընդգծէ ազգային մակարդակի բացթողումները, սխալներն ու թերութիւնները:

Դիպուկ են սրբազանին սա ճշմարիտ խօսքերը, թէ`… կաթսայ մը ջուրին մէջ պղպջակներ հնարելով, ցեխակոյտեր յարդարելով, հայհոյանքներ հիւսելով հայրենիք չի կառուցուիր, ոչ ալ պետականութիւն կ՛ամրագրուի: Աւելի՛ն. մանկապարտէզի համարժէք գրասեղաններուն վրայ բազմած` հայրենիք չի պահուիր…

Հեղինակը հաւատացողն է երիտասարդական ուժին, կորովին ու հաւատքին: Ան ջերմօրէն յիշած է նաեւ, վեհափառներու կողքին, Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան ծառայութեան կոչուած արքեպիսկոպոսներ (Սահակ, Զարեհ, Մեղրիկ եւ այլք), որոնք, թէեւ կանուխ հեռացած են այս աշխարհէն, սակայն, թողած են բարի յիշատակ, մեծ աւանդ, պատկառելի վաստակ ու հաւատամքի գեղեցիկ մշակոյթ:

Խոստովանինք, որ յետ ընթերցման, մեր մտորումներուն առանցքը հանդիսացաւ «Գառնի» մատենաշար ուսանողական, թիւ 43-44 գրքոյկներու առթած հոգեգրաւ ազդեցութիւնը, որուն համար երախտագիտական մեր զգացումները կը յայտնենք Աղեղնաւորին, մեր սրտին ու մտքին հարազատ` Վարուժան արք. Հերկելեանին:

3 օգոստոս 2021

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 21 Օգոստոս 2021)

Յաջորդը

Տոմս. Գիրքերու Կորուստ, Հողի Կորուստ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?