Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սովորութեան Մը Գոյատեւումը

Սեպտեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ արհեստով սափրիչ էր, իր արձակուրդը երկուշաբթի օրն էր, ու իր տան պէտք եղած բոլոր գործերը այդ օրը կ՛ընէր: Առտուընէ մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը «մարաթոն» մը կ՛ապրէր. ջուրի ու ելեկտրականութեան հաշիւներ կը փակէր, տան ու խանութի շաբթուան պիտոյքներու գնումները կ՛ընէր, քանի մը բարեկամ կը տեսնէր:

Խօսքը քեռիիս մասին է:

Մեծ հօրս արհեստը ժառանգելով` ան շարունակեց իր նոյն ուղին, եւ որովհետեւ երկուշաբթին մօրս հօր եւ եղբօր արձակուրդի օրն էր, այդ օրը մեր այցելութեան պաշտօնական օրը եղաւ:

Երկուշաբթիները մեծ մօրս տունն էինք: Ամէն երկուշաբթի մեր տուն տանող դպրոցի թիւ 4 օթոքարի փոխարէն` մեծ մօրս տուն տանող թիւ 2 օթոքարը կ՛առնէի ու հոն կ՛իջնէի:

Երբեմն, երբ դպրոց չէի ունենար, կամ շուտ կ՛արձակուէի դպրոցէն, «հագուէ՛, քալէ՛ հետս», կ՛ըսէր քեռիս իր «մարաթոն»-ին մաս կազմելու համար: Ես ալ բան մը չունենալով` «կը հագուէի» ու «կը քալէի»: Երբեմն մարաթոնի կէսէն կը բերէի մասնակցութիւնս: Չկարծէք` ջահը ինծի կը յանձնէր, ու ատկէ ետք ես մինակս կը վազէի… Չէ՛, հետս կը վազէր:

Ամէն անգամ երբ կանաչեղէնի ու պտուղի շուկան երթայինք, ամէնէն վերջին գնումը ձէթն ու իւղը կ՛ըլլային, եւ ինծի զարմանք ու միաժամանակ վրդովմունք պատճառողը այն էր, որ շուկային շատ աւելի մօտ, լուսաւոր ու ապրանքներու տեսականիով լեցուն մեծ մարքեթը քեռիս կը ձգէր ու կ՛երթար աւելի հեռուն գտնուող ծերուկ մարդու մը շատ աւելի հին խանութը, ուր տարբերակները շատ աւելի սահմանափակ էին, եւ հոնկէ կ՛առնէր առնելիքը, եւ երբ հարցնէի` «Քեռի՛, ինչո՞ւ ասոր քովէն կ՛առնես: Հոն ամէն ինչ կայ», կը պատասխանէր` «Անոնք շատ կ՛օգտուին: Ծերուկ մարդ է, ի՛նք թող օգտուի: Կ՛ուրախանայ շահելով»: Եւ այսպէս, տան ճամբու վրայ բոլոր մարքեթները ձգելով` կ՛երթայինք հակառակ ուղղութեամբ, ծերուկին քովէն ձէթն ու իւղը առնելու համար:

Այդ օրերէն այս սովորութիւնը ժառանգած եմ քեռիէս:

Միշտ կը փորձեմ դիմել այն համեստ խանութները, ուր շատ աւելի հաւանական է ազնիւ հոգիներու ներկայութիւնը:

***

Լիբանանեան ակրատ մը ուտելէ ետք դուրս եկայ «համեստ խանութ մը» երթալու միտումի ազդեցութեան տակ` կազաւորուած ըմպելիք մը առնելու,  թէեւ ճաշարանի սառնարանը լեցուն էր անոնցմով: Երկու խանութ ետք, պապուկ մը նստեր էր նպարավաճառի սեղանի մը ետեւ: Դարանները կէս-կատար լեցուն, անոնցմէ պարապները փոշիով լեցուն, լոյսերը թեթեւցած, երկու սառնարաններէն մէկը պահարանի վերածուած ու աշխատող սառնարանը ո՛չ միայն ծախու ապրանքով լեցուն, այլ` սեփականատիրոջ ապրանքով նաեւ…

– Բարի՜ եկար հրամէ՛,- ներս չմտնելէս ըսաւ:

– Քոլա կ՛ուզեմ, հաճիս:

– Թիթեղո՞վ, թէ՞ կերպընկալով:

– Թիթեղո՛վ:

– 7000:

– Հրամէ՛:

– Առաջ այս գումարով ասոր պէս տասը հատ կը գնէիր:

– Ատի «առաջ» էր, մենք «հիմա» ենք, «վաղ»-ն ալ ուրիշ…

– Ուրկէ՞ ես դուն:

– Հալէպէն:

– Հա՜, դրամ լեցուն ես…

– Չէ՜, այդ Հալէպէն չեմ, միւս Հալէպէն:

– Միւս Հալէպը ո՞ր մէկն է:

– Ձեր չգիտցածը…

– Պտոյտի՞ եկած ես, թէ՞ մնալու:

– Պտոյտի:

– Սիրեցի՞ր Լիբանանը:

– Այո՛, կը սիրեմ, բայց մեղկ եղաւ… Լիբանանի պէս երկիր մը այս վիճակին հասաւ:

– Ջուր չկայ, հոսանք չկայ, պենզին չկայ: Բոլորը կը ձգեն ու կ՛երթան, գացողը կ՛ազատի:

– Ինչէ՞ն կ՛ազատի:

– Այս բոլորէն:

– Դուրսը ուրիշ բաներու չի՞ հանդիպիր:

– Կը հանդիպի, բայց մարդկութեան տարրական պէտքերուն պակասը գոնէ չի զգար, մարդկութեան պակասը գոնէ չի զգար:

– Ինչո՞ւ կը մնաք այստեղ: Ինչո՞ւ չելաք:

– Այս տարիքէս ետք` ո՞ւր: Խանութ մը ունինք, մեր կեանքին վերջին տարիները անոր շահով կ՛ապրինք:

– Կ՛ելլէի՞ր, եթէ երիտասարդ ըլլայիր:

– Հապա՛ որ կ՛ելլէի…

Մարդը խօսքի աւելորդ ունէր ու խօսակիցի պակաս, բայց ես պէտք էր քալէի ու աւելի չէի կրնար շարունակել երկխօսութիւնը: Խոստացայ անգամ մը եւս գալ եւ ամէն անցնելուս` միշտ իր քով հանդիպիլ: Ելած ժամանակ էր միայն, որ վերցուց սեղանի վրայ դրուած դրամը ու նետեց իր գրեթէ պարապ, արկղին մէջ` Աստուծոյ փառք տալով:

Ճամբան` վերադարձիս, յիշեցի վրդովմունքս, երբ կը ստիպուէի տան հակառակ ճամբով Հալէպի այդ հնամենի խանութը երթալ քեռիիս հետ: Հիմա այդ մէկը արդէն ամէնուրեք կ՛ընեմ` յօժարակամ: Եւ բնաւ յուսախաբ դուրս չեմ գար: Ազնիւ հոգիներ ու գրկաբաց մարդիկ մի՛շտ կը գտնեմ այնտեղ…

 

Նախորդը

Հայրենի Յուշեր (19)

Յաջորդը

Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?