Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Տուտուկահարի Մը Փորձառութիւնը Կիպրոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջարաբական Երաժշտական Ծրագիրին

Սեպտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Իբրեւ տուտուկահար` անպայման ուզեցի գրել Կիպրոսի մէջ արաբ երաժշտական կազմին հետ ունեցած երկշաբաթեայ փորձառութեանս մասին:

Պատմական

Տարիներէ ի վեր կը փնտռէի երաժշտական կազմակերպութիւն մը, որ ի մի կը բերէ հայ երաժիշտներ, որոնք կը նուագեն հայկական ժողովրդական երաժշտական նուագարաններ, միասին փորձեր կ՛ընեն եւ  իրենց երաժշտական ծրագիրով հանրային ելոյթներ կ՛ունենան:

Սակայն բաւական երկար փնտռելէ ետք չգտայ Սփիւռքի մէջ նման ծրագիր ունեցող հայկական կազմակերպութիւն մը, բայց փոխարէնը գտայ երկու կազմակերպութիւններ, որոնք Միջին Արեւելքէն երաժիշտներ կ՛ընդունին: Առաջինը իտալական կազմակերպութիւն մըն էր, որ աւելի արեւմտեան նուագարաններու մէջ կը մասնագիտանայ, իսկ երկրորդը` գերմանական կազմակերպութիւնը մը, որ արաբական եւ միջինարեւելեան նուագարաններու հետ աւելի մօտիկ առնչութիւն ունի:

Դիմեցի երկրորդ կազմակերպութեան եւ հարցազրոյցներու ու քննութիւններու փուլերէ անցնելէ ետք ընդունուեցայ 2019 տարուան կազմին մէջ, եւ արդէն սկսանք լուրջ աշխատանքներու: Ամէն մէկ երաժիշտ իր բաժինները կը ստանար, եւ պարտաւոր էինք ճշդուած ժամկէտի մը արձանագրել եւ վերբեռնել մեր արձանագրութիւնը Կուկըլ տրայվին վրայ:

2019-ի տարուան ծրագիրին համաձայն, Գերմանիա պէտք էր ճամբորդէինք, ուր որպէս ամբողջական նուագախումբ` փորձեր պիտի ընէինք միասին, ապա շրջէինք եւրոպական երկիրներ ու ելոյթներ ունենայինք զանազան սրահներու մէջ:

Սակայն վրայ հասաւ «Քորոնա»-ն եւ մէկ յետաձգումէն միւսին գացինք, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը յատուկ պայմաններ դրաւ եւ արգիլեց Եւրոպական Միութենէն դուրս գտնուող երկիրներու քաղաքացիներուն Եւրոպա մուտքը: Հասանք 2021, երբ բոլորս պէտք էր որոշում տայինք` կա՛մ կրկին յետաձգել եւ կա՛մ ծրագիրին մէջ փոփոխութիւն ներմուծել, որպէսզի անդամներս չյուսալքուէինք:

Պատասխանատուներուն հետ որոշում տուինք. պիտի ուղղուէինք Փաֆոս (Կիպրոս), ապա Նիկոսիա, ուր մեր երաժշտական կտորները պիտի արձանագրէինք արհեստավարժ սթիւտիոյի մէջ:

Շատ արագօրէն բոլորս վիզայի դիմելու սկսանք եւ անցանք կազմակերպչական լուրջ աշխատանքի` յաղթահարելով «Քորոնա»-ի պատճառով յարուցուած դժուարութիւնները: Մօտաւորապէս 40 երաժիշտ եւ երգող` զանազան երկիրներէ, ժամանեցին Կիպրոս: Ունէինք մեծ մասամբ սուրիացի եւ յորդանանցի անդամներ, ինչպէս նաեւ մարոքցի, թունուզցի, պարսիկ, թուրք, քիւրտ, պաղեստինցի` գրաւուած Կոլանէն, եգիպտացի, իրաքցի, աւստրիացի եւ ուքրանացի երաժիշտներ, երգողներ եւ մասնագէտներ:

Փորձերու ընթացքը
Ունեցանք երկարաժամ փորձեր, որպէսզի լաւ պատրաստուինք արձանագրութեան:

 

Մինչ այդ, Ուքրանիոյ ֆիլհարմոնիք նուագախումբը շաբաթ մը առաջ արձանագրած էր իր բաժինը, որմէ ետք կատարեցինք մեր արեւելեան նուագարաններու բաժնի ձայնագրութիւնները:

Նիւթը

Նիւթը փիլիսոփայ Ռումիին կեանքին մասին է, թէ ինչպէ՛ս մարդկութեան մէջի չարն ու բարին կը մարտնչին:

Թիրախը

Երկու թիրախ`

1.- Զանազան երկիրներէ մասնակցող երաժիշտները իրարու ծանօթանան եւ իրենց երկրի մշակոյթով թէ՛ կարենան զիրար գնահատել եւ թէ՛ հարստացնել իրենց փորձառութիւնը` փոխանակելով գիտելիքներ, ծանօթութիւններ, ճաշեր, երգեր ու պարեր:

2.- Եւրոպացի հանդիսատեսին ներկայացնել մեր խմբային աշխատանքը եւ արեւելեան նուագարաններն ու երաժշտութիւնը:

Ձայնագրութեան նպատակը

Յատուկ տարազներ կարուեցան ամէն մէկ երաժիշտի եւ երգողի համար, եւ ունեցանք նկարահանումի ու հարցազրոյցի պահեր, որոնք պիտի օգտագործուին ծանուցումի համար, որուն հիման վրայ 2022-ին հրաւէրներ պիտի ստանանք եւրոպական զանազան սրահներէ:

Արժեւորումս

Իմ փորձառութիւնը շատ դրական էր, եւ նոր անձերու ծանօթացայ, ինչ որ ապագային կրնայ գործակցելու դուռեր բանալ: Այս ծրագիրին ընթացքին երաժշտական նոր հմտութիւններ նաեւ ձեռք ձգեցի: Առանձին նուագելը այլ բան է, իսկ խումբի մէջ նուագելը` բոլորովին ուրիշ, ուր լսելն ու մտիկ ընելը շատ կարեւոր են: Այս փորձառութիւնը նաեւ շատ լաւ առիթ եղաւ ինքզինքս արժեւորելու եւ երաժշտական կարողութիւնս աւելիով քննելու ու բարելաւելու: Շատերս չափի մէջ մնալու դժուարութիւն ունեցանք, ուրիշներ` առանց նոթայի նուագելու դժուարութիւն: Այսպիսի կազմի մէջ է, որ երաժիշտը յաւելեալ զարգացում կ’ունենայ իր երաժշտական ուղիին վրայ:

Միակ լիբանանցին էի եւ միակ հայը, որ կը մասնակցէր այս երաժշտական ծրագիրին:

Մասնակցող անդամներէն շատեր մեծապէս գնահատեցին մեր հայկական տուտուկին իւրայատուկ ձայնը, որ իրենց խօսքով, «միւս նուագարաններէն տարբեր է եւ շուտով կը նկատուի», յատկութիւն մը,  որ աւելիով կը պարտաւորեցնէ, որ ճիշդ ու լաւ կերպով ներկայացնեմ զայն:

Հայկական

Անպայման որ նման ծրագիր մը պէտք է մշակենք, որպէսզի սփիւռքի մէջ միջհայկական երաժշտական հարթակ ունենաք, եւ հանդիպին թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Ֆրանսայի մէջ:  Այս հարթակին միջոցով տղաքն ու աղջիկները յաւելեալ երաժշտական փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգեն, եւ սփիռքը նաեւ աւելի աշխուժ կերպով պիտի մասնակցի իր ազգային ժողովրդական երաժշտական գանձերու պահպանման ու զարգացման:

Պէ՞տք է մասնակցիլ, թէ՞ ոչ

Շատ փնտռեցի նման առիթ մը, ուր հայկական ժողովրդական նուագախումբով յատուկ ծրագիրի մը կարենամ մասնակցիլ, սակայն չգտայ: Բայց ահա առիթը եկաւ արաբական շրջանակէն, որուն նպատակը լոկ երաժշտական ծրագիր մը չէ, այլ իրարու ծանօթանալ, իրարմէ սորվիլ ու զիրար գնահատել` ամէն մէկը իր երկրի մշակոյթով ու լեզուաճիւղով:

Նման ծրագիր մը շատ կ՛օգնէ, որ երաժիշտ մը կարեւոր փորձառութիւններ ձեռք ձգէ` ըլլան անոնք պատասխանատուութեան հիմքեր, ծրագրաւորում, նոր տեղ, նոր կենցաղ եւ նոր մարդոց ծանօթանալու հմտութիւններ, կարգապահութիւն, յանպատրաստից նուագելու կարողականութիւն: Ուստի անպայման խորհուրդ կու տամ մասնակցիլ նման երաժշտական ծրագիրներու:

 

 

Նախորդը

Հեծիկ Մը Եւ Հին Սառնարան Մը` Ելեկտրականութիւն Հայթայթելու Համար Ամբողջ Գիւղի Մը

Յաջորդը

Անցեալի Պայծառ Յուշերու Տուրք Տալով. Լիբանանի Աղէտի Յաղթահարման Համար Տարբեր Խօսք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?