Ի Յիշատակ` Արարայի Ճակատամարտի Անմահ Զոհերուն
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ Սեպտեմբեր 18-ի երեկոյեան ժամը եօթին զինուորական փողը կը հնչէ. վայրկենական տղաքը` բոլորն ալ, կազմ ու պատրաստ էին կարգի ու բարեւի վիճակի մէջ: Հեռուէն կ՛երեւի տեղակալ Շիշմանեանը: Տեղակալ Շիշմանեան կը բարեւէ ու իր խօսքը կ՛ուղղէ տղոց. «Տղա՛ք, գիտէք` վաղը առտու մեր հարսանիքի օրն է, այն օրը, որուն բոլորս կը սպասենք: Ամէն զինուոր կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ...



















