Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյս Կա՞յ. Այո՛, Կայ. Փանոս Քէշիշեանի Օրինակը

Սեպտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք անբացատրելի հոգեվիճակի մէջ յայտնուած է հայութիւնը սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: Կորսնցնելով ճակատամարտը (ոչ պատերազմը), թշնամիին զիջելով լայն հողատարածքներ մեր պապենական հողերէն եւ տալով հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ (չմոռնանք մեր պատերազմական գերիները), հայութիւնը, մեղմ ըսած, կքած է:

Միջին Արեւելքի մեր գաղութներն ալ կը գտնուին ճգնաժամային վիճակի մէջ: Ամէն մարդ փնտռտուքի մէջ է. ուրկէ՞ կարելի է յոյսի նշոյլ մը տեսնել:

Եթէ հարց տանք  մենք մեզի` ՅՈՅՍ ԿԱ՞Յ ,պիտի դժուարանանք պատասխանելու: Այս մէկը նշան է, որ առնուազն կասկածով կրնանք ընդունիլ, թէ` «այո՛, յոյս կայ…»:

Բայց եկուր տես, որ հարցումին պատասխանը ամէն օր մեր աչքին առջեւն է եղեր:

Փանոս Քէշիշեանը, որ Պեքաայի բոլոր հնութիւններու պաշտօնէութեան վրայ պետութեան կողմէ նշանակուած հսկիչ էր, կենդանի փաստ է, որ ՅՈՅՍ ԿԱՅ:

Փանոսը իր երկու ոտքերը կորսնցուցած է շաքարախտի պատճառով, բայց ոչ միայն չէ դադրած աշխատելէ (ինքնաշարժ ալ կը վարէ), այլ լծուած է շա՜տ մեծ համբերութիւն պահանջող մոզայիքի աշխատանքներու եւ յաջողած է պատրաստել գեղեցիկ գործեր, որոնք արուեստի կնիք կը կրեն: Պարզապէս ապշեցուցիչ են տարուած բծախնդիր աշխատանքները, որոնց մէջէն կ՛երեւին Փանոսին անկոտրում հաւատքն ու յոյսը:

Եթէ Փանոսին հարցնէք` ՅՈՅՍ ԿԱ՞Յ, «ԱՅՈ՛, ՅՈՅՍ ԿԱՅ» պիտի լսէք իրմէ: Պիտի ըսէ.

– Չէ՞ք հաւատար, նայեցէք իմ վիճակիս:

Հիմա որ յաճախ կ՛անցնիմ Փանոսին տան դիմացէն, աւելիով կը համոզուիմ, որ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՍԱՀԱՏԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ:

Մուսա Լեռ – Այնճար
7 սեպտեմբեր 2021      

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազունիէի Ազգայինբուժարանի Խնամակալութեան Դիւանը

Յաջորդը

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?