ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
1964-ի ամրան` յուլիսին կը պատահի Հայկազեանի հրթիռային ակումբի աշխատանքներուն առաջին ու միակ մարդկային լուրջ արկածը:
Հրթիռներու ակումբին նախագահը` Հրայր Սահակեան, քոլեճին հինգերորդ յարկի բնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ աւելի ազդու, նոր վառելանիւթ մը կը պատրաստէր, որ կը պարունակէր կալիոմի աղ (potassium perchlorate KClO4), խիստ օքսիտացնող դիւրավառ քիմիական նիւթ մը: Հրթիռի վառելանիւթերը, նաեւ պայթուցիկներ եւ ռումբեր, որոնք մետաղէ գոց պատեանի մէջ են, պէ՛տք ունին ներքին թթուածին հայթայթող նիւթի մը, որպէսզի գոց պատեանին մէջ բոցավառին կամ պայթին: Կալիոմի աղը այդ նիւթերէն է, որ իր բաղադրութեան մէջ չորս անգամ թթուածին կը պարունակէ:

Այս դիւրավառ խառնուրդը պատրաստելու ընթացքին յանկարծ վառելանիւթը կրակ կ՛առնէ եւ Հրայրին ձեռքերն ու երեսը կ՛այրին ու մէկ աչքը կը կորսնցնէ: Համբար Գարակէօզեան եւ իր եղբայրը, որոնք այդ պահուն սենեակին առջեւէն կ՛անցնէին, կը փութան ներս եւ դուրս կը բերեն Հրայրը, սակայն Համբարն ու եղբայրը նաեւ այրուածքներ կը ստանան: Բարեբախտաբար քանի մը օր հիւանդանոց մնալէ ետք Հրայր ու Համբար կը վերադառնան ուսանողական եւ հրթիռներու իրենց բնականոն աշխատանքին: Աւելի ծանր այրուածքներով Հրայրը կ՛ենթարկուի մասնագիտական վիրաբուժութեան` այրուածքին հետքերը վերցնելու համար:
Այն կարծիքին եմ, որ Հրայրին աշխատանքը անտեսուած է եւ ըստ արժանւոյն գնահատուած չէ, մա՛նաւանդ երբ Հայկազեանի հրթիռներուն նիւթը շուրջ 50 տարիներու մոռացումէն ետք վերարծարծուեցաւ: Ի վերջոյ, պէտք է հաստատել, որ Մանուկեանին բացակայութեա՛ն ընթացքին էր, որ «Մայրի 3» հսկան, «Մայրի 4Ա»-ը եւ ցարդ բոլորը գերազանցող «Մայրի 4Բ»-ը պատրաստուեցան եւ յաջողութեամբ արձակուեցան, երբ Հրա՛յրն էր հրթիռներու ակումբին նախագահը, գլխաւոր սեւ աշխատանք կատարողը եւ անոր մղիչ ուժը:
Միջանկեալ. երբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսետարրաբանութեան կաճառին մէջ կը պաշտօնավարէի, ականատես եղայ ջուրով բռնկող քիմիական նիւթի մը: Մեր յարկի երկար միջանցքին մէջ էի, երբ մաքրութեան պաշտօնեան` Հասիպը, քիմիական փոշիի մը (hypochlorate) շիշը արկածով գետին ձգած էր, եւ փոշին կրակ առած էր, քանի որ ինք գետինը կը սրբէր, եւ գետինը թաց էր: Ուստի կրակը մարելու համար սրբելիք թոյլին ջուրը փոշիին վրան թափեց, որ աւելի զօրաւոր բռնկեցուց կրակը: Շտապեցի ու մօտակայ կրակ մարող փրփուր (foam) տեսակով կրցայ մարել կրակը:

Հրայրը համեստ նկարագիրով, սակայն եռանդուն, անվախ ու նախաձեռնող էր: Այսպիսի արկածներու կարելիութիւնը մի՛շտ գոյութիւն ունէր առաջին օրէն իսկ, երբ մատիտէն քիչ մը մեծ հրթիռներ կը շինէին: Ի վերջոյ, վառելանիւթի հետ էր գործը, եւ պահանջուած էր աւելի՛ ուժեղ վառելանիւթ, եւ Հրայր վերցուց այդ մարտահրաւէրը` գիտնալով վտանգը: Հակառակ այս արկածին` իր կորովէն ու եռանդէն ոչինչ պակսեցաւ:
Այս արկածին մասին շարք մը չափազանցուած, սխալ տեղեկութիւններ կան համացանցին մէջ, որուն ամէնէն ծայրայեղը կ՛ըսէ, որ իբր թէ` Հայկազեան համալսարանը կը պայթի եւ մեծ թիւով վիրաւորներ կը պատճառէ, ուստի հրթիռներու ծրագիրը վերջ կը գտնէ (1) (After the explosion that blew up at the Haigazian university and caused many injuries, the society became inactive)… Մէկէ աւելի այլ աղբիւրներ նաեւ սխալ կերպով կը նշեն, որ 1964-ի ամրան պայթում-հրդեհը պատճառ դարձաւ հրթիռներու ակումբի աշխատանքներուն դադրեցումին… Մինչ աշխատանքը իրողապէս դադրեցաւ 1969-1970-ին: Ուրիշներ սխալ կերպով փոխարինած են Համբարը Հրայրին հետ (Պի.Պի.Սի.-ն եւ այլն):
Իրականութեան մէջ սովորական ըմբռնումով պայթում տեղի չ՛ունենար, այլ` միջակ տարողութեամբ հրդեհ: Նո՛յնիսկ տեսած եւ գործածած եմ այդ հրդեհէն փրկուած իրեր եւ այրուածքի հոտով բնագիտութեան գիրքեր, որոնք հրդեհին պահուն սենեակին մէջ կը գտնուէին. փաստ, որ պատահածը նո՛յնիսկ մեծ հրդեհ մը չէր (թէ ոչ գիրքերը հրոյ ճարակ դարձած կ՛ըլլային), քանի որ քիմիական նիւթերուն քանակը փոքր էր, մի՛այն փորձի համար էր:

Այս առիթով նշեմ նաեւ կարգ մը այլ սխալ տեղեկութիւններէն քանի մը հատը, որոնց կը հանդիպինք համացանցին մէջ, ներառեալ` ՊիՊիՍի-ին, «Ազդակ»-ին, լիբանանեան օրաթերթերուն, զանազան կայքէջերուն եւ նո՛յնիսկ Հայկազեանի պարբերաթերթերուն մէջ: Ոմանք իբր թէ Մանուկեանին հետ հարցազրոյցէն քաղած են իրենց տեղեկութիւնը:
1.- Հրթիռներու արձակման վայրը Տըպպայէյի փոխարէն Տուպայ գրած են…
2.- Հրթիռներուն անունը «Մայրի»-ի փոխարէն «Մայամի» գրած են:
3.- Իբր թէ հրթիռներուն հետ հաղորդակցութիւնը անդրմանիշակագոյն ultraviolet ճառագայթով կատարուած է (Տը Տէյլի Սթար): Հաւանաբար շփոթած են «ultra high frequency, UHF»-ին հետ: Իրականութեան մէջ, տակաւին վերջերս` 2020-էն սկսեալ կը մտածուի անդրմանիշակագոյն ճառագայթ օգտագործելու մասին` անօդաչու թռչող սարքերը կառավարելու համար, քանի որ ցարդ գործածուող ռատիօ-ելեկտրոնիք ալիքները կարելի է խափանել, կամ խանգարել, սարքին մօտաւոր ուղղութեամբ ուժեղ ռատիօ-ալիքներ արձակելով, սակայն շատ աւելի դժուար է միւսը, քանի որ պէտք է ուղղակի սարքին անդրմանիշակագոյն ալիք ընդունող «աչք»-ին մէջ նշան առնելով խափանել:
4.- Սաննինէն արձակուած հրթիռներուն մասին կ՛ըսուի, որ Տըպպայէէն արձակուած են: Մինչ առաջին անգամ 25 յունիս 1962-ին, այսինքն ութերորդ հրթիռէն` «Մայրի 2 Ա»-էն սկսեալ մինչեւ վերջինը` «Մայրի 10» օգտագործուեցաւ Տըպպայէն:
5.- Թուականի եւ անուններու բազմաթիւ սխալներ կան, ինչպէս նաեւ` հրթիռներուն ընդհանուր թիւին եւ անոնց նուաճած բարձրութեան ու հեռաւորութեան մասին սխալներ: Օրինակ, Մանուկեանին վերագրելով` կ՛ըսուի, որ «Մայրի 5»-ը պայթեցաւ, մինչ նոյն օրը «Աննիպալ»-ը կը ձախողի եւ «Մայրի 5»-ը կը յաջողի:

Այս յօդուածներու շարքին վերջինին մէջ պիտի ներկայացնեմ Հայկազեանի եւ ԼՀԱ-ի արձակած եւ փորձած 19 հրթիռներուն ամբողջական ցուցակը` արձակման թուականներով եւ իրենց կարգ մը յատկանիշներով:
Շարունակելով 1964-ի աշխատանքները, երկու տարի բացակայելէ ետք, Մանուկեան աշնան կը վերադառնայ իր մագիստրոսի վկայականով, եւ տարին կ՛աւարտեն սերտողութիւններով եւ ծրագրելով:
1965: Պէտք է նշել, որ այսքան հրթիռային փորձերէն ետք իւրաքանչիւր նոր հրթիռ պէտք էր նախորդին բաղդատմամբ յստակ գիտական բարելաւում նուաճէր: Ճիշդ է, որ վառելանիւթը շատ յաջող էր, եւ հրթիռէ հրթիռ կը բարելաւուէր Հայկազեանի տղոց այս գիւտը, սակայն անոր պատրաստութիւնը ժամանակ խլող եւ անշուշտ վտանգաւոր էր:
Որպէսզի փոշի վառելանիւթին իւրաքանչիւր կրամը նո՛յն բաղադրութիւնը ունենար, քանի մը բաղադրիչ փոշիները պէտք էր մաղելով, վերստին իսկական փոշիի վերածել եւ ճշդուած քանակով իրարու խառնել մնայուն համեմատութեամբ: Ինչպէս յայտնի է վերը նկար 2-ին մէջ, շատ մը քիմիական փոշիներ խոնաւութեան պատճառով կը կուտակուին եւ գունդեր կը կազմեն, յատկապէս` ծծումբի դեղին փոշին: Այս աշխատանքէն լուսանկար մը տեսանք յօդուածաշարքիս Դ. մասին մէջ, ուր ուսանողուհիներ վառելանիւթ կը պատրաստեն կերպընկալէ տաշտի մը մէջ:
Կրնա՞ք երեւակայել, օրինակ, «Մայրի 3» հսկայ հրթիռին առաջին յարկին վառելանիւթին պատրաստութիւնը, որ 680 քկ կը կշռէր: 680 քկ ափ-ափ նիւթերը մաղելով եւ ձեռքով վերստին նուրբ փոշիի վերածել ու հաւասար քանակով իրարու խառնել` կազմելով նոր միատարր փոշի մը` վառելանիւթը եւ ապա թխմել այս փոշին հրթիռին երկար մարմնին մէջ… Այս բոլորին ընթացքին` խուսափելով որեւէ կայծ յառաջացնելէ: Յաջորդիւ պիտի ներկայացնեմ այս գործը դիւրացնող հնարքս եւ այլ սարքեր, երբ Հրայրէն ետք ստանձնեցի ակումբին պատասխանատուութիւնը:
«Ազդակ»-ի 25 սեպտեմբեր 1965-ի համարին մէջ (2) կը կարդանք. ««Մայրի Զ» հրթիռը յաջողութեամբ արձակուած. 4,5 մեթր երկայնք ունեցող հրթիռը 14000 մեթր բարձրացաւ» խորագիրով լրատուութիւնը. «Երէկ գրած էինք, որ Հայկազեան քոլեճի 6 մասնագէտներու խումբը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկեանի, հինգշաբթի առտու ժամը 10:30-ին Տըպպայէէն արձակեց «Մայրի Զ» հրթիռը` գործակցութեամբ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչ հարիւրապետ Ժոզեֆ Սֆէյրի:
«Հրթիռը, որ միայարկ էր ու 4,5 մեթր բարձրութիւն ունէր, 14000 մեթր բարձրացաւ եւ 40 քմ ճամբայ կտրեց:
«Հրթիռի գլուխին մէջ զետեղուած մասնաւոր հաղորդիչ մը տեղեկութիւն կու տար մէջի ջերմութեան եւ հրթիռին ուղղութեան մասին: Հաղորդիչը բնականոն կերպով աշխատած ըլլալով` փորձը յաջողութիւն մը նկատուեցաւ: Այս առթիւ լիբանանեան մամուլին միացնելով մեր ձայնը` կը շնորհաւորենք Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները»:
Մանուկեան կը նշէ, որ 1960-1961 750 լ.ո. պիւտճէն, 1965-ին 100 հազարի բարձրացաւ (3):
«Սփեքթրա»-ի 1965-ի թիւ 1-ին մէջ Պահիժ Ազզամ սխալ խորագիրով մը` «Հայկազեանը ուղղորդուած հրթիռ կը պատրաստէ» (guided missile) կը գրէ (4). «Հրթիռներու ակումբին այս տարուան (1965-1966) ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Տըպպայէի արձակման վայրին մէջ «հրթիռը կապուած» փորձերու սարքեր հաստատել եւ փորձեր կատարել….»:
Նոյն ուսանողը` Պահիժ, «Սփեքթրա»-ի 1966-ի թիւ 2-ին մէջ «Հրթիռի ակումբին յաջող փորձը» խորագիրով կը գրէ (5). «21 դեկտեմբեր 1965-ին ժամը 10:30-ին յաջող փորձ մը կատարուեցաւ, որուն նպատակն էր այս տարի (1966) արձակուելիք հրթիռներուն եւ վերջին` «Մայրի 6» հրթիռին, որ արձակուեցաւ 23 սեպտեմբեր 1965-ին, յատկանիշները կրկնել եւ չափել: Հետեւեալ փորձերը կատարուեցան:
Հրթիռին կոնաձեւ «գլուխը» զետեղուեցաւ փողածայրէն ելլող բոցավառ կազերուն դիմաց: Հրթիռին մարմինը ամրացուած էր յատուկ հետազօտիչ սարքին մէջ (նկար 7), եւ կայծ առնելէն ետք 6 երկվայրկեան տեւած էր վառելանիւթը, որուն ընթացքին 3000 քկ մղիչ ուժ արտադրուած էր, հետեւեալ փորձերով»: (Հեռաչափումի զանազան տուեալները եւ միաւորները իբրեւ չափանիշ, ուղղակի գետնի վրայ, տեսանելի, թէ՛ ռատիօ հաղորդումով եւ թէ ալ ելեկտրական թելերու միջոցով կարդալու, չափելու եւ իբրեւ ճշգրիտ օրինակ բաղդատելու համար յաջորդող հրթիռներուն ղրկելիք ռատիօ- հաղորդումներուն հետ):
«1. Նոր վառելանիւթ մը գործածուեցաւ, որ նախկինէն 2,5 անգամ աւելի զօրաւոր էր: որոշուեցաւ ապագային այս վառելանիւթը գործածել:
- Նոր ժանգազերծ պողպատէ (stainless steel) մարմինին յարմարութիւնը` ջերմութեան, ճնշումի եւ պրկումի:
- Նոր փողածայր մը, որ ուրուաքարով (graphite) ծածկուած էր, որ կրնար դիմանալ 2500 աստիճան տաքութեան եւ կազի արձակման երկվայրկեանը 2100 մեթր արագութեան:
- եւ 5. Գլուխին մէջի ելեկտրոնային սարքերուն պահպանումը բարձր ջերմաստիճանին դէմ, սիլիքոնային նիւթերով եւ անոնց ռատիօ-ալիքով տեղեկութիւններու արձակումը:
«Մարմինին, փողածայրին եւ տաքութենէն պաշտպանելուն արդիւնքները կը համապատասխանէին հաշիւներուն», կ՛եզրակացնէ ան:
(Շար. 9)
haroutchekijian.wordpress.com
——————————–
(1) https://www.the961.com/about-the-lebanese-rocket-society/
(2) «Ազդակ» ԼԹ (39) տարի թիւ 173, 25 Սեպտեմբեր 1965, էջ 1:
(3) «Haigazian College Tenth Anniversary Yearbook 1955-1965», Mechag press, Beirut p.48.
(4) «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 1, Dec.1965 p. 5:
(5) «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 2, Jan.1966 p. 3: