Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Յուշեր (19)

Սեպտեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Նիկոլ Աղբալեան

– Աղբալեանին  ճանաչե՞լ ես,- հարցուց` քիչ մը շփոթի մատնելով զիս, որովհետեւ վերջին հարցումն է, որ կրնայի ակնկալել իրմէ` այն հոգեվիճակին մէջ, ուր կը գտնուէր` յիշելով աքսորի ու գնդակահարութեան տարիները:

– Ո՛չ,- պատասխանեցի,- դժուար թէ իմ տեղս ուրիշ մը կարենար յիշել զինք. նուազագոյն գաղափարն իսկ  չեմ ունեցած իր մասին. ո՛չ տարիքս կը ներէր, ո՛չ ալ այն միջավայրը, ուր ես կ’ապրէի, անոր ողջութեան կը թոյլատրէր, որ հանդիպէի իրեն:

– Ես նրան շատ լաւ եմ յիշում,- ըսաւ ու իսկոյն դէմքին մռայլը փարատեցաւ, պրկուած մկանները թուլցան, խաղաղութիւն մը իջաւ նայուածքին (հաւանաբար ` հոգիին եւս), կարելի է ըսել` մինչեւ թեթեւ ժպիտ մը գծագրուեցաւ շուրթերուն,- մենք այն ատեն դրկից էինք: Մեր բակերը բաժնուած էին ցած ցանկապատով մը, եւ մերոնք ազատօրէն կը հաղորդակցէին իրարու հետ:

Ու յիշեց մասնաւորաբար այն օրը, երբ Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ Աղբալեան ազատեցաւ  բանտէն ու տուն դարձաւ. «Աննկարագրելի ցնծութեան առիթ էր այդ, որ,  աւա՜ղ, շատ կարճ տեւեց, ու այնուհետեւ այլեւս չտեսայ նրան»:

Ու պատմեց անոր կնոջ ու զաւակներուն մասին, որոնց հետ  յարաբերութիւնը  շարունակուած էր մինչեւ տեղափոխուիլը ուրիշ շրջան եւ ուրիշ միջավայր:

Ծանօթ.- Չկրցայ հաստատել, թէ այս դրացնութիւնը ո՛ւր տեղի ունեցած էր, քանի ինք  ծնած էր  Կոտայք  (այժմու Աբովեան քաղաքը), որ պարսկական տիրապետութեան տարիներուն  մաս կազմած էր Երեւանի խանութեան, եւ յառաջացած տարիքին ալ կը շարունակէր ապրիլ այնտեղ:

Քաջալերուելով տրամադրութեան այս յանկարծակի փոփոխութենէն` խնդրեցի, որ  պատմէ Արամ Մանուկեանի խաչքարի զետեղումի հանգամանքներուն մասին, որ տարտամօրէն իմացեր էի ուրիշներէ:

 

– Կ’ուզեմ ջուրը ակէն խմել:

Եւ յուսախաբ չըրաւ զիս:

***

«Վաղուց գիւտը ըրեր էի իր շիրիմին,- սկսաւ պատմել ան, որուն կ’այցելէի ամէն անգամ որ ննջեցեալ մը ունենայինք: Օր մըն ալ ցանկութիւն արթնցաւ մէջս քիչ մը աւելի շուք տալու  անոր: Շիրիմին կարելի չէր դպչիլ, սակայն կարելի էր… խաչքար մը աւելցնել անոր վրայ: Այն օրերուն  անկարելի երազներ էին ասոնք, սակայն ժամանակները բաւական փոխուեցան, ու համարձակեցայ կապի մէջ մտնել  գերեզմանի տնօրէնութեան հետ, ուր հարց տուին, թէ ի՛նչ հանգամանքով պիտի փոփոխութեան ենթարկեմ շիրիմ մը: Որեւէ վաւերական  կապ մը ունէի՞ ննջեցեալին հետ»:

«Բայց ահա իմացանք(1), որ Արամ ունէր աղջիկ մը,  որ կ’ապրէր Մոսկուա, եւ այդ աղջկան  գրաւոր թոյլտուութեամբ կարելի էր խաչքար զետեղել գերեզմանին վրայ: Ուստի գրեցինք աղջկանը` Սեդային, ու ստացանք անոր` նոտարի ձեռքով հաստատուած  պաշտօնական արտօնութիւնը`  երախտագիտական ջերմ բառերովը մէկտեղ, որով կը լիազօրուէինք բարեփոխելու հօրը գերեզմանը»:

«Դիմեցինք օրուան լաւագոյն քանդակագործին(2): Ու երբ գործը աւարտին հասաւ, ան մերժեց վարձքը գանձել: Կոթողի հաստատման օրը քահանայ մըն ալ կ’ընկերանար մեր փոքրիկ խումբին:  Երբ խաչքարը փոխադրող կառքը կը պատրաստուէր գերեզմանատուն մտնել, քանի մը երիտասարդներ կանգնեցուցին զայն, իրենց ուսերուն վրայ  դրած տարին խաչքարը մինչեւ շիրիմը(3)»:

Զրուցակիցիս վրայ հաճելի թեթեւութիւն մը եկած էր, կարծես գոհ էր, որ այս  բոլորը պատմելու առիթ ներկայացած էր եւ ունեցած էր խելօք ունկնդիր մըն ալ, որ յափշտակութեամբ մտիկ կ’ընէր իրեն:

Եւ ճիշդ այդ տպաւորութենէս ալ քաջալերուած` խնդրեցի, որ պատմէ  Նժդեհի աճիւնին` Հայաստան վերադարձի ու հայրենի հողին յանձնումի պատմութիւնը եւս:

– Պիտի ներող ըլլաք,- արդարացայ,- որովհետեւ ժամանակները լաւ չեն, եւ Աստուած գիտէ, թէ մէյ մըն ալ ե՛րբ  առիթը  կրնայ ներկայանալ:

***

Արամ Մանուկեան (1879-1919)                                                                              Գարեգին Նժդեհ (1886-1955)

– «Եթէ Արամը գրեթէ մոռացուած անուն  էր, ապա Նժդեհը կոտտացող վէրքի նման էր, որ շատ յիշողներ ունէր եւ ունի մինչեւ հիմա: Նրա մահից անցել է ընդամէնը 25  տարի, եւ նրան էստեղ յականէ-յանուանէ ճանաչողներ կային, կարելի էր հանդիպել  նրա զինակիցներին: Ստալինի մահից յետոյ կային ակնկալողներ, որ ազատ արձակուէր, մինչեւ անգամ իրեն այցելող հարազատ ունեցաւ Պուլկարիայից.  սակայն անծանօթ պատճառներով էդ ազատութիւնը չստացուեց, քայքայուած առողջութիւնն էլ` իր կարգին, եւ Նժդեհ մահացաւ ու թաղուեց Մոսկուայի մերձակայքը` Վլադիմիրի բանտում(4)»:

Արամի Թոխմախի շիրիմը մօտէն առնուած                                               Նժդեհի` Սիւնիքի լեռներուն մէջի շիրիմը

Ինչպէս Արամի պարագային էր, ուրեմն Նժդեհի յիշատակի փրկութեան կը լծուի նոյն խմբակը: Անոնք յատուկ առաքելութեամբ Վլադիմիր կը ղրկեն երիտասարդ մը, որ կը գտնէ Նժդեհի բանտն ու գերեզմանը, որ եղբօրը  շնորհիւ արժանացած էր  փայտէ խաչի ու արձանագրութեան եւս, ապա սակարկութեան կը մտնէ բանտապահին հետ եւ փոխան կաշառքի` կը յաջողի բանալ տալ գերեզմանը ու անկէ վերցնել սափոր մը աճիւն: Բանտապահը, դարակէ մը հանելով, անոր կը յանձնէ Նժդեհի անձնական քանի մը իրերը` մախաղի մը մէջ ամփոփուած(5): Այս բոլորը կը բերուին Երեւան:

Հիմա հարց կը ծագի, թէ  ո՛ւր պիտի թաղեն այդ սափորը:

«Դիմեցինք Վազգէն Ա.-ին` խնդրելով, որ տեղ յատկացնի Ս. Գայիանէի տաճարի բակի մէջ` զօր. Թորգոմի շիրիմին կից փոքրիկ տարածութեան վրայ: Սակայն  չընդունեց. խուսափում էր  պատասխնատուութիւնից»:

Ասոր վրայ աճիւնը կը բաժնեն երկուքի. մէկ մասը կը թաղեն Երեւանը եզերող բլուրներէն մէկուն մէկ անմատչելի կողին, իսկ միւս կէսը` զինգէ սափորով միասին, կը տանին թաղելու Սիւնիք, Խուստուփ լերան վրայ, Կապանէն  մօտ 10 քմ հեռու,  վարար ակի մը կից:

Նժդեհի` Վլադիմիրի շիրիմը (որուն վրայ ռուսերէն արձանագրութիւն կայ:

– Եւ այնուհետեւ ամէն տարի երեք ընկերով որոշուած օրը ուխտի կը գնայինք  աճիւնին: Կը խուսափէինք միասին ճամբայ ելլելէ, մինչեւ անգամ կ’իջեւանէինք տարբեր հիւրանոցներ, որպէսզի որեւէ կասկած չարթնցնենք եւ անջատ ճամբաներէ զիրար կը գտնէինք ակի շուրջը:

***

Գառնիի տաճարը (Կոտայք)

Վարագ Առաքելեան շատ մտահոգ էր նաեւ Արամի բնակարանին պարզած կիսաւեր վիճակով, բայց կրնա՞ր ըլլալ, որ ծրագրէր  անոր բարեկարգումը եւս: Դժուար թէ. նախ ժամանակ չունեցաւ, սպառած էին ուժերն ալ, բայց մանաւանդ իրեն   կը պակսէին նիւթական միջոցները: Ան, վերջին հաշուով, ապրած էր պետական պաշտօնեայի համեստ ամսականովը, որուն մէկ մասն ալ կը յատկացնէր փոխադրութեան, քանի կը բնակէր Աբովեան, Կոտայքի մէջ, ուր ունէր առանձնատուն մը` օժտուած կոկիկ տնամերձով մը, որուն մշակումը ինք կը կատարէր մինչեւ յառաջացած տարիքը եւ չէր վարաներ անոր պտուղներէն բաժին հանելու  պաշտօնակիցներուն եւս:

Կը մնար, ուրեմն, շնորհակալութիւն յայտնել եւ հրաժեշտ առնել:

Տեղէն ելաւ եւ դարանէն ծրար մը առնելով` հետեւեցաւ ինծի:

Հազիւ դռնէն դուրս ելած` գտնուեցանք նեղ անցքի մը մէջ: Այստեղ ալ դիմեց ինծի.

– Կարելի՞ է այս յօդուածը արտասահմանի մէջ տպել:

– Այո՛, ի հարկէ- պատասխանեցի իսկոյն` կարծեմ զարմացնելով զինք ոչ այնքան ցուցաբերած պատրաստակամութեամբս, որքան ինքնավստահութեամբս:

Դժբախտաբար կը սխալէի:

***

Բաւական պարարտ ծրար մըն էր, որ քանի մը օր ետք յանձնեցի Վարանդ Փափազեանին` «Ազդակ»-ի այն օրերու  տնօրէնին: Խոստացաւ «բան մը ընել» եւ սահեցուց զայն գրասեղանի դարակին մէջ:

Քանի մը շաբաթ անց յօդուածը տակաւին լոյս տեսած չէր, ուստի ստիպուեցայ հանդիպիլ անոր եւ հարցնել պատճառը: Զարմանալիօրէն չյիշեց, թէ նման բան մը յանձնած եմ իրեն: Ցոյց տուի այն դարակը, ուր դրած էր: Բացաւ զայն, փնտռեց ու ոչինչ գտաւ: Խոստացաւ աւելի փնտռել… եւ այնպէս ալ այդ յօդուածը լոյս չտեսաւ ու մոռցուեցաւ:

Ենթադրելով, թէ անոր բովանդակութիւնը կը վերաբերէր նոյն ինքն Արամի խաչքարին ու Նժդեհի աճիւններուն, ինքս  պատմեցի զանոնք  հակիրճ յօդուածով  մը ու ցրուեցի օրուան մամուլին` հետագային քիչ մը աւելի մանրամասն գրելու  հեռանկարով: Աւելի ուշ  հայրենի մամուլին մէջ քանի մը անգամ կարդացի զոյգ պատումները, որոնք լայն գիծերու մէջ կը նոյնանային իմ գիտցածովս, սակայն  կը գտնուէին  մանր-մունր տարբերութիւններ եւս, որոնց բոլորը  հարազատօրէն, որքան յիշողութիւնս կը թոյլատրէր,  տուած եղայ ներկայովս:

armenag@gmail.com

——

1.- Իր պատումը յոգնակի դէմքով շարունակեց, ենթադրելի է, որ գաղափարակիցներ ունէր:

2.- Գառնիկ Ամիրջանեանն է ան: Խաչքարի զետեղումը, որքան կարելի է, աչքերէ հեռու, գրեթէ գաղտնի պայմաններու մէջ, տեղի կ’ունենայ 1982-ին, հինգ-վեց հոգիի ներկայութեան:

3.- Խորհրդային կարգերու օրով սա առաջին յիշատակութիւնն էր: Յետանկախութեան ան արժանացաւ ուրիշ արձաններու ու կոթողներու եւ այլ յիշատակութեանց:

4.- Մոսկուայէն մօտ 175 քմ  արեւելք, Եւրոպական Ռուսիոյ մէջ, ուր Նժդեհ Երեւանէն փոխադրուեցաւ  կեանքի վերջին քանի մը տարիներուն:

5.- Ինծի այսպէս ալ պատմած է Վարագ Առաքելեան: Այլ աղբիւրէ իմացայ հետագային, որ այդ մախաղը ստացած է Նժդեհի եղբայրը, որ անոր մահէն անմիջապէս ետք փութաց Վլադիմիրի բանտը եւ կազմակերպեց անոր թաղումը կամ հաւանաբար վերաթաղումը:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թմբիրէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Յաջորդը

Սովորութեան Մը Գոյատեւումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?