Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջապէս… Նոր Կառավարութիւն

September 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանի ահագնացող տագնապը լուծման ճանապարհի սեմը կրցաւ թեւակոխել վերջապէս: Հիմքով քաղաքակա՞ն, թէ՞ աշխարհաքաղաքական, տագնապը, արտաքին որոշողներու ու ներքին գործադրողներու պարտադրանքով վերաճեցաւ տնտեսականի, ապա ընկերայինի, ի վերջոյ յանգելու համար պետութեան կառոյցներու գրեթէ ամբողջական ամլացումին: Լիբանանեան թղթոսկիի գահավէժ արժեզրկումը, պետական նպաստներու ցամքումը յառաջացուցին համատարած աղքատութիւն եւ երկրի տնտեսական կեանքի կասեցում:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդած կառավարութեան հրաժարականէն տասներեք ամիս ետք, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հանրապետութեան նախագահին հետ համաձայնելով կրցաւ կազմել քսանչորս նախարարներէ բաղկացած կառավարական դահլիճ մը: Բացի վարչապետէն, դահլիճի անդամները արտախորհրդարանական անձնաւորութիւններ են, սկզբունքով մասնագէտներ իրենց ստանձնած նախարարութիւններուն վերապահուած բնագաւառներուն:

Կառավարութեան մաս կը կազմէ նաեւ Զահլէի շրջանէն պրն. Ճորճ Պուչիքեանը: Հայ նախարարին վստահուած է երկրին ճարտարարուեստը, Հայաստանի մէջ պիտի ըսէին արդիւնաբերութիւնը: Այն ճարտարարուեստը, որ տակաւ չքանալու վրայ է, քանի որ ի՜նչ ճարտարարուեստ` ելեկտրականութեան եւ տարբեր ուժանիւթերու բացակայութեան:

Նոր կառավարութեան կը սպասէ լուծելի հարցերու ծաւալուն օրակարգ մը: Քաղաքական մարզին մէջ եթէ յաջողին առաջնորդուիլ միայն Լիբանանի գերակայ շահերով, եթէ մոռացութեան տան լիբանանեան քաղաքական բեմի անձնաւորուած, յաճախ անիմաստ ու անհասկնալի հակադրութիւնները, եթէ դուրս գան համայնքային իրաւունքներու սին նախապաշարումներէն, հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ քսաներեք նախարարները պիտի սկզբնաւորեն վերականգնումի գործընթաց մը, որուն ստիպողական պահանջը ունի Լիբանանի տագնապահար ու արդէն տանջահար քաղաքացին:

Կը թուի, որ ցարդ գործող ու երկիրը կառավարող անձնակազմը մատնուած է անելի, իր իսկ ստեղծած անելին: Անձնակազմին փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն չի կրնար սահմանափակուիլ անձերու փոփոխութեամբ, ինչպէս եղած է մօտաւոր անցեալին: Քաղաքացիական գիտակցութեան հիմնական վերանայում մը անհրաժեշտ է, ընտանեկան-աւատապետական ղեկավարման սպառած դրութենէն դուրս գալու վճռական շրջադարձ մը հրամայական է, կազմաւորելու համար քաղաքականօրէն պատրաստուած լիբանանեան քաղաքացիական հասարակութիւն մը, որ կրնայ հիմը դնել արդիական պետութեան մը:

Նման հանգուցալուծում նախանշուած էր Թաֆէի համաձայնագրով: Թաէֆի համաձայնագրի կէտերու ընտրովի ու կամայական գործադրութիւնը արգելակեց նախատեսուած ցանկալի լուծումը: Ժամանակը եկած է լծուելու պետութիւնը նոր հիմքերով վերակառուցելու աշխատանքին:

Կառավարութեան կեանքը կարճատեւ է: Ինը ամիս ետք, մայիս 2022-ին պէտք է կազմակերպուին երեսփոխանական ընտրութիւններ: Երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է դառնան փոփոխութեան համար բացառիկ առիթ մը, նորոգութեան դարպաս մը: Այդ անհրաժեշտ փոփոխութիւնը կարելի դարձնելու առաքելութիւնը պէտք է դառնայ նոր կառավարութեան առաջնահերթ պարտականութիւններէն գլխաւորը:

 

 

Նախորդը

Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.