Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հօրս` Վարանդ Փափազեանի Ի Յիշատակ

Սեպտեմբեր 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ակնոցներուդ ետին պահուըտած անուշիկ աչքերդ տեսած են շատ բան, ապրած են ուրախութիւն եւ յուզում, փոխանցած են սէր ու գոհունակութիւն եւ ներշնչած են ուժ ու խիզախութիւն:

Մահուանդ պատճառով երբ կը գտնուէի Լիբանան, ահա արդէն մէկ տարի առաջ, առիթը ունեցայ զրուցելու տարբեր միջավայրերէ անձերու հետ, որոնք քեզի հանդիպած էին կամ քեզ ճանչցած` աւելի մօտէն:

Ցաւակցական այցելութիւններու ընթացքին, ե-նամակներու ընդմէջէն եւ զրոյցներու ժամանակ շատեր յիշեցին իրենց փոխանցած գիտելիքներդ եւ պատմութիւններդ, կատակներդ եւ միասնաբար ապրած վայրկեաններ, սակայն մանաւանդ` քու հոգատարութիւնդ, ազնուութիւնդ, անկեղծութիւնդ եւ հորիզոններ բացող մտածումներդ:

Բոլորին հետ վարուած ես նոյն ձեւով, համեստութեամբ եւ լայնասիրտ մօտեցումով: Եռանդդ ու խանդավառութիւնդ փոխանցիկ էին, շարժումներդ լոյսի արագութիւն ունէին:

Տարիներու ընթացքին մեզի օգնեցիր խնդիրներ լուծելու, հարցեր տարբեր անկիւններէ դիտելու եւ պահանջեցիր մեզմէ մարդկային արժէքներու նկատմամբ ըլլալ անզիջող: Երախտապարտ կը մնանք, սիրելի՛ պապ:

Ընտանիքիդ զուգահեռ, նուիրուած էիր հայ ազգին, Հայաստանին ու Արցախին: Դաշնակցականի մաքուր միտքդ ու ոգիդ ճառագայթեցին ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Թող ըլլաս օրինակ եկող սերունդներուն:

Արցախեան վերջին պատերազմը չապրեցար: Հակառակ անոր որ շատ բան կը նախատեսէիր, լա՛ւ որ չտեսար Շուշիի անկումը: Այնքան հպարտ ու երջանիկ էիր անոր ազատագրումով 1992-ին: Մէկ կողմէ կ՛ըսեմ` փրկուեցար աննկարագրելի տառապանքէ, բայց միւս կողմէ` կը հաւատամ, որ պէտք պիտի ունենայինք կարծիքներուդ, գաղափարներուդ եւ ուղեցոյցիդ: Տէ՛ր կեցիր մեր հին ու նոր նահատակներու վեհ հոգիներուն:

Քու կեանքիդ ձեւով, համոզումներով, դաստիարակութեամբ օրինակ եղար մեզի, եւ մենք ակնոցիդ միւս կողմէն տեսանք ու սիրեցինք իրական մարդն ու հայրը:

Սիրելի՛ պապ, շատ բան փոխանցեցիր մեզի: «Սէրը հիմն է ամէն ինչի», կ՛ըսէիր:

Եւ իբրեւ սիրոյ յաւերժական արտայայտութիւն` գրութիւնս կ՛աւարտեմ հօրդ եւ մեծ հօրդ ուղղուած քու իսկ խօսքովդ.

«Ձեր պատգամը կը փոխանցեմ շառաւիղին օղակներուն. ընդդէմ փորձանքի եւ դժուարութեան, ցաւի թէ յուսաբեկումի` ամրացէք պատումի շղթայով, կոփեցէ՛ք կամք»:

Այս մէկը թող ըլլայ պատգամ նաեւ ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:

 

 

 

Նախորդը

Վարանդին

Յաջորդը

Ի Յիշատակ` Արարայի Ճակատամարտի Անմահ Զոհերուն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?