Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրինակելի Եւ Գօտեպնդիչ Օժանդակութիւններ

Սեպտեմբեր 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Լիբանանահայութեան ապրած տնտեսական աննախընթաց ճգնաժամը ահազանգի եւ զօրաշարժի մատնեց բովանդակ հայութիւնն ու յատկապէս նախկին լիբանանահայերը: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եկաւ աւելիով փոթորկեցնելու անոնց հոգիները, եւ բոլորը անխտիր անսացին լիբանանահայութեան վերականգնումի խիստ կենսական աշխատանքին: Տարբեր երկիրներու մէջ նուիրահաւաքներ եւ հանգանակային ծրագիրներ իրագործուեցան, ու այս ընթացքը տակաւին կը շարունակուի տեղւոյն համայնքներու յարանուանական, կուսակցական, բարեսիրական եւ միութենական կառոյցներուն ճամբով ու համադրեալ աշխատանքով: Այս բոլորի մասին սպառիչ արժեւորում կատարուած է արդէն: Այսօր լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքը նուաճած է կարեւոր փուլ:

Այս բոլորի կողքին սակայն կ՛արժէ անդրադառնալ այլ օրինակելի երեւոյթի մը: Ակներեւ է տագնապի այս փուլին նախկին լիբանանահայ եւ լիբանանահայութեան սրտամօտ հայորդիներու պարագան, որոնք ճգնաժամի առաջին օրէն իսկ ձեռնհասօրէն օժանդակութեան փութացին իրենց ծննդավայրին, թաղին, նախկին ակումբին, հարազատին եւ դրացիին: Անոնք կապի մէջ մտան շրջաններու ՀՅԴ ակումբներու պատասխանատուներուն հետ ու միշտ իրազեկ դարձան տուեալ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն ու հետեւողականօրէն մինչեւ օրս կը շարունակեն օժանդակութեան իրենց ժողովրդանուէր աշխատանքը:

Այս համակող երեւոյթին ականատես դարձանք առաւելաբար այն շրջաններուն մէջ, ուր կայ հայութեամբ համախումբ կեանք: Այս հաստատումին լաւագոյն ապացոյցը կը մնայ տակաւին անցնող օրերուն Լէյլաւան-Ֆանար շրջանին մէջ «Է. Ակնունի կոմիտէութեան ճամբով նախկին լէյլաւանցիի մը կատարած նուիրատուութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մէկ ամիս անվճար ելեկտրականութիւն հայթայթել շրջանի բոլոր բնակիչներուն: Իսկ Արագածի շրջանին մէջ, Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի ծառայողական գործունէութեան ծիրին մէջ, «Դրօ» կոմիտէութեան խողովակով ամերիկահայ ազնիւ կնոջ մը նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, կարելի դարձաւ այս օրերուն, շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխել 250 միլիոն լիբ. ոսկի  եւ 200 չափաբաժին փոքրերու կաթ եւ վիթամին: Անշուշտ ճգնաժամի տարբեր փուլերուն, այս եւ այլ շրջաններու կոմիտէութիւններուն ճամբով, արտասահման հաստատուած մեծ թիւով հայորդիներ զանազան նախաձեռնութիւններով զօրավիգ հանդիսացան կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն:

Համախումբ միջավայրի մէջ բնակող հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած այս անվերապահ զօրակցութիւնը բնականաբար միայն կարիքաւորին հասնելու կամեցողութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ գիտակցական մօտեցում մը, ուր նուիրատու անհատը գործնապէս կ՛արժեւորէ հայկականութեամբ բաբախող այդ շրջաններու կարեւորութիւնը եւ այնտեղ տիրող ջերմ մթնոլորտը:

Աւելի՛ն, անհատի կողմէ շրջանի ակումբին, ժողովրդային տան եւ բարեսիրական միութեան ճամբով իր օժանդակութիւնը ժողովուրդին ուղղորդելու պատրաստակամութիւնը ցուցանիշ է նաեւ այն հաստատ համոզումին, որ ան լաւատեղեակ ու քաջածանօթ է տուեալ կառոյցի շրջանին մէջ ծաւալած կազմակերպչական, բարեսիրական եւ ժողովրդանուէր աշխատանքին: Այս երեւոյթին լաւագոյն ապացոյցը կը մնայ Արագածի շրջանի նախկին տեղացի արաբ բնակիչի մը, որ այժմ հաստատուած է Շուէտ, ինքնակամօրէն «Դրօ» կոմիտէին հետ կապի մէջ մտնելու եւ իր օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելու երեւոյթը: Ան արդէն քանի մը փուլերով տրամադրած է պատկառելի օժանդակութիւն եւ հաստատած, որ այս ձեւով կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու շրջանի ակումբին, որովհետեւ օրին` պատերազմի ամբողջ ընթացքին ակումբը տէր կանգնած է իր ծնողքին, երաշխաւորելով անոր ապահովութիւնը եւ հասնելով անոր տարրական կարիքներուն:

Ներկայ խառնաշփոթ եւ շատ յաճախ ապաքարոզչութեան զանազան երեւոյթներով յատկանշուող մեր կեանքի հաւաքական խճանկարին մէջ կ՛արժէ լուսարձակի տակ առնել այսպիսի հոգեպարար եւ օրինակելի երեւոյթներ, որոնք կը շեշտաւորեն լիբանանահայութեան անցած ուղին եւ հայ կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ անոր արձանագրած նուաճումները:

Անհատական ճիգերը հաւաքականութեան ընդհանուր երթին մէջ ներդնելով, համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կ՛օժտուի յաւելեալ ուժականութեամբ ու կարելի կ՛ըլլայ պահել հայ անհատի արժանապատուութիւնը եւ միաժամանակ հաւաքական կեանքի կենսունակութիւնը:

Վարձքը կատա՛ր այս մտածողութեան գործնականացման սատարող բոլոր ազնիւ հայորդիներուն, որոնց թիւը օրէ օր կը բազմանայ, եւ անոնց օրինակը կը դառնայ վարակիչ ու համակող:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Իրանեան Մազութը Եւ Իրաքեան Ֆիուլ Օյլը Հասան Լիբանան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?