Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըսթըր Լայզա

Սեպտեմբեր 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն ապրիլ ամիսը նոր սկսած էր դառնալ ապրող ներկայութիւն, եւ միւս կողմէ ալ «Քորոնա» ժահրը կամաց-կամաց նահանջի ճամբան բռնած ըլլալով` ամէն բան դանդաղօրէն սովորական սկսած էր դառնալ: Ահա՛ քեզի կեանքի նոր էջ: Եւ որովհետեւ կռնակի եւ մէջքի ցաւերս հետզհետէ անտանելի սկսած էին ըլլալ, կինս բաւական մտահոգ ու մանաւանդ ստեղծուած դրական իրավիճակէն քաջալերուած` անմիջապէս ինծի համար բժիշկէն ժամադրութիւն վերցուցած էր:

Երկու օր ետք, առաւօտ կանուխ արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էի: Շուտով մտայ գրասենեակ ու մօտեցայ սպասման սենեակի միակ պաշտօնեայ աղջկան: Սովորական «բարի լոյս»-էս ետք, ներկայութիւնս պատճառաբանեցի, յետոյ տուի անունս: Աղջիկը փորձեց ստուգել: Քանի մը թուղթեր խառնեց: Սեղանին վրայ բաներ մը փնտռեց: Ապա իր աթոռը համակարգիչին մօտեցուց: «Մուկը» առնելով իր աջ ափին մէջ` վեր-վար տարաւ, քանի մը անգամ շարժեց ու ինծի դառնալով գլուխը շարժեց` ըսելով.

– «Սորի», կը ներէ՛ք, ասանկ անունով ժամադրութիւն չենք տուած»:

Շուարած աչքերով իրեն նայեցայ: Այս ինչպէ՞ս կրնայ ըլլայ: Տակաւին քանի մը օրեր առաջ կինս անձամբ «ապահոված» էր այս ժամը: Հանդարտ, սակայն դիմակիս տակ կնճռոտած դէմքով իրեն նայեցայ ու կացութիւնս բացատրեցի: Իր կարգին հարցուց, թէ ի՞նչ էր կնոջս անունը: Թէեւ հարցումը զիս ուրիշ բաներու կապեց, սակայն անունը տուի:

– Հա՛- գտայ, ըսաւ,- նստեցէ՛ք, հիմա ձեզ ներսէն կը կանչեն:

Երկար շունչ մը քաշեցի: Ծօ՛, առաւօտ կանուխ արթնցած էի եւ այդքան ալ ճամբայ կտրած, որպէսզի ճիշդ պահուն հասնէի… ասանկ մը կ՛ըլլա՞յ… է՜հ կ՛ըլլայ եղեր…

Ապա, ընդարձակ սպասման սենեակին մէջ, առաջին աթոռը գրաւելով, դիմակովս նստայ: Նախ ստիպուեցայ ակնոցս հանել, որովհետեւ շունչս դիմակիս «երեսէն» շոգիի վերածուելով` սկսած էի մշուշոտ տեսնել: Յետոյ, մօտաւորապէս քառորդ ժամ ետք, յանկարծ կողմնակի դուռը բացուելով, դուրս եկաւ կապոյտ համազգեստով գիրուկ տղայ մը` իր աջ ձեռքին թուղթերու տրցակով, իսկ ձախին` մատներուն մէջ գրիչ մը խաղցնելով:

– Լայզա.- ըսաւ ու չորս կողմը նայեցաւ: Այդ անունով մէկը փնտռեց: Բայց սենեակին մէջ ինձմէ զատ մէկը չկար: Զարմացայ: Այս Լայզան ուրկէ՞ բուսաւ…

– Ա՛յ տխմար, չե՞ս տեսներ ուրիշ մարդ չկայ,- ըսի մտովի,- ի՞նչ կը փնտռես:

Մարդը կրկնեց անունը, եւ յանկարծ չես գիտեր ինչպէ՞ս մեր երկուքին դէմքերը իրարու հանդիպեցան: Մարած եւ հետաքրքիր աչքերով ինծի նայեցաւ:

– «Այ ամ լուքինկ ֆոր Լայզա», ես Լայզան կը փնտռեմ,- ըսաւ կտրուկ ձայնով:

Սխալը կռահեցի: Բայց հակառակ ցաւերուս սատկութեան` փորձեցի տեղէս ելլել եւ ճիշդ դիմացը կենալով միտքս պարզել: Բացատրել: Նախ անունս տուի ու աւելցուցի, որ ես առտու կանուխ արդէն ժամադրութիւն մը ունէի… Կարծես կեղծ ժպտաց ու դարձեալ նոյն անունը պտտցուց իր շրթներուն վրայ: Ջղայնութիւնս մէջս սկսած էր «շարժիլ»: Մտովի «վերջը բարին ըլլայ»» մը ըսի: Յայտնի էր, որ ես իրեն համար իր փնտռած «Լայզան» չէի, բայց միւս կողմէ ալ կը զգայի, որ ջղայնութիւնս սկսած էր մէջս եռալ: Արդէն լաւ տրամադրութիւնս սպաննուած էր: Իր խօսքով, հիմա այդ «անյայտին» կարգն էր, ուրեմն ես պէտք էր, որ սպասէի:

Ահա՛ քեզի որոշում: Կրկնակի զարմացայ:

Եւ որովհետեւ միտքս անժամանակ պայքարի մը մէջ էր, վայրկեանին ենթադրեցի, որ այն պաշտօնեան, որ ինծի համար կնոջս ժամադրութիւն տուած էր, հաւանաբար իմ անուանս տեղ Լայզա գրած էր: Է՜հ, վերը Աստուած կայ… ըսած եմ միշտ ու այս անգամ ալ կը հաստատեմ: Ուստի աւելի համարձակ եւ ինքնավստահ, տարակուսանքի իր դիրքին ու շարժումին տակ. ըսի.

– Պարո՛ն, դուք կը սխալի՛ք, այդ մէկը կնոջս անունն է…, կինս ժամադրութիւն վերցուցած էր…, հաւանաբար սխալ արձանագրուած էր…

Ըսի` թէ՛ քիչ մը ջղային եւ թէ՛ քիչ մըն ալ անհանգիստ: Բայց, որո՞ւ կ՛ըսես: Եւ երբ «պատճառաբանութեանս» ընթացքին քանի մը անգամ Լայզա բառը կրկնած էի, այնպէս կ՛երեւէր, որ այս մարդը զիս մտիկ չէր ըրած, որովհետեւ նախ վերէն վար զիս չափեց, ապա անմիջապէս «ներս եկէ՛ք» ըսաւ: Հաւանաբար աչքերուն ալ չհաւատաց, որ իմ այս տարիքիս նման այր մարդ մը իգական անուն ալ ունենայ: Բայց խելօք մը հետեւեցայ մարդուն: Զիս, բաց դուռով սենեակ մը առաջնորդեց ու ըսաւ, որ աթոռին վրայ նստիմ, իսկ ինք աթոռակ մը քաշելով` դիմացս նստաւ ու սկսաւ իր «գործին»: Նախ տաքութիւնս չափեց եւ ապա արեան ճնշումս առնելով` արագ մը թուղթին վրայ բաներ մը արձանագրեց ու իր դիմակին տակէն հազիւ լսելի ձայնովը ըսաւ.

– «Օ՜ քէ՛յ, մըսթըր Լայզա», շատ լաւ, պարո՛ն Լայզա, հիմա հիւանդապահուհին պիտի գայ եւ ձեր արիւնը առնէ:- Ապա արագ մը դէպի դուրս ելաւ:

– Բայց ես Լայզան չեմ,- ըսի վրդոված,- Լայզան կինս է եւ այդ հարցարանը անոր անունովն է… սխալ է…, հաճիս իմս ստուգէ…

– Նստեցէ՛ք,- ըսաւ,- կը հասկնամ, յոգնած էք եւ անհանգիստ, հիմա կը ստուգեմ,- ու հեռացաւ:

Իսկապէս անհանգիստ որոնում մը ունէի: Այս տարիքիս` «մըսթըր Լայզա»… Կը զգայի, որ հոգիս տակնուվրայ էր: Վայրկեան առաջ կ՛ուզէի այս մեծ սխալը շտկել տալ: Բայց… անպիտանը առիթ չտուաւ: Հաստատապէս բանականութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կանգ առած էին այս մարդոց մօտ: Այդ մէկը զգալի ու տեսանելի էր: Իրապէս որ յուսախաբ էի:

Ծօ՛, ես ո՜ւր, կնոջս ֆիզիքական հարցերը ուր… անխե՛լք: Ու հազիւ նման «բաներով» միտքս կը զբաղեցնէի, յանկարծ սենեակ մտաւ մանր հասակով ու մարմինով, մանիշակագոյն համազգեստով հիւանդապահուհի մը, որուն աչքերէն կրնայիր կռահել իր չինացի եւ կամ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն ըլլալը: Դիմացս ոտքի կենալով` անմիջապէս «հելօ, մըսթըր Լայզա», բարեւ ըսաւ եւ պատուիրեց, որ նախընտրած ձեռքս իրեն երկարեմ:

Արիւն առնելու պահն էր: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ամէն անգամ «արիւն առնելու» նման «գործողութեան», երբ ներկայանամ, նախ մանուկի մը նման կը հնազանդիմ ինծի տրուած պատուէրներուն եւ ապա դէմքս հակառակ կողմ կը դարձնեմ չտեսնելու համար: Արիւն չեմ կրնար տեսնել: Ամօթ է ըսելը… կը վախնամ… Ձեռքս չէ: Բայց հակառակ ասոր, որոշեցի անպայման հարցս պարզել:

– Մի՛ շարժիք,- ըսաւ խստիւ:

Չկրցայ շարժիլ եւ ոչ ալ խօսիլ: Իրաւունք ունէր: Պէտք չէ շարժիլ: Վտանգաւոր էր: Բայց իմ հարցս ի՞նչ պիտի ըլլար: «Այս մէկը իմ արիւնս էր, եւ ոչ թէ ձեր Լայզայինը», մտովի կը կրկնէի:

Բարեբախտաբար «արարողութիւնը» երկար չտեւեց: Աղջիկը գտնելէ ետք յարմար երակներէս մէկը, հինգ յատուկ սրուակներու մէջ արիւնս լեցուց: Ապա, իր աշխատանքի աւարտին, խնամքով մը ասեղին տեղը սրբեց եւ մաքուր բամպակով մըն ալ ծածկելէ ետք, «արմուկդ վեր պահէ» թելադրեց: Իմ կարգիս, յարմար առիթ նկատելով` փորձեցի «հարցս» իրեն պարզել եւ շեշտել, որ եղածը անուններու սխալմունք-թիւրիմացութիւն մըն էր: Ձայնս դողաց եւ աչքերէս կայծեր արձակուեցան կարծես: Ու հազիւ բառերուս սկսած էի, ինք պատրաստուեցաւ դուրս գալ: Ոտքի ելայ: Ինքն իր ափին մէջ արիւնովս լեցուն սրուակները արագ մը հաւաքելէ ետք, երբ դէպի դուռ կը մօտենար, շուտով աջ ձեռքովս իր դաստակէն ամուր մը բռնեցի ու փորձեցի իրեն դէպի դուրս ելքը արգիլել: Աղջիկը յանկարծակիի եկաւ: Կատարեալ շփոթ: Փորձեց ձեռքը ազատել: Բայց ես ականջ չտուի: Ամբողջ ուժովս բռնած էի դաստակը եւ միւս կողմէ անմիջապէս սկսայ իմ «պատմութեանս»: Կը զգայի, որ մարմինը հրաբուխ լերան նման կը դողար: Իր ուժովը կը փորձէր դաստակը «ճիրանէս» ազատել: Ուղղակի տեսարան: Այս միջոցին էր, որ իր ձեռքի զօրաւոր ցնցումէն, մատները դաւաճանեցին եւ ափը բացուելով` հինգ սրուակներն ալ գետին ինկան ու փշուր-փշուր եղան: Հիմա արիւնս սկսած էր կոտրած սրուակներէն դուրս կաթելով` գետինը «զարդարել»: Մե՜ղք, հազա՛ր մեղք, արիւնս այսպէս… ապարդիւն…

Աղջիկը այս տեսարանին վրայ, վախէն, սարսափահար պոռաց: Բարձրաձայն օգնութիւն կանչեց: Աղմուկը ալիք առաւ սենեակին մէջ: Եւ ի՜նչ անակնկալ, վայրկեանին երկու տղաք օգնութեան հասան: Նախ բռնեցին հիւանդապահուհիին թեւէն եւ զինք դուրս բերին սենեակէն, իսկ ինծի ալ խստապահանջ ուսուցիչի աչքերով երկար նայեցան եւ հրամայեցին, որ անպայման սպասման սենեակ երթամ:

Անկեղծօրէն աղմուկն ու տեսարանը լափեր էին հետաքրքրութիւնս: Անմիջապէս ինքզինքս եւ դիմակս շտկեցի: Իրապէս, որ քրտնած էի: Ես ալ կը դողայի: Սկսած էի նոյնիսկ հեւալ: Ակնոցս աչքս անցուցի եւ հետեւեցայ այդ երկուքին: Իսկ հո՛ն, այդ սպասման սենեակին մէջ, նկատեցի, որ արիւն առնող աղջիկն ու տաքութիւնս չափող տղան, երկուքն ալ մէկու մը հետ ձեռքով-ոտքով կը խօսէին, կարծես բացատրութիւններ կու տային: Հասկնալի էր ամէն բան: Իմ դէմս բանբասանք: Իմ կարգիս, ես ալ մօտեցայ անծանօթ պատասխանատուին: Փորձեցի պարզել կացութիւնը: Մարդը զիս մտիկ չըրաւ: Նախ վերէն վար զիս չափեց եւ ապա արագ մը հեռացաւ: Միւս կողմէ` լսեցի գրասենակի պաշտօնեայ օրիորդին ձայնը, որ զիս կը կանչէր: Մօտեցայ:

– «Մըսթըր Լայզա,- ըսաւ քիչ մը կեղծաւոր եւ քիչ մըն ալ աղաչական ձայնով,- փըլիզ, քոլ եուր ընշուրանս», պարո՛ն Լայզա, հաճիս դիմէ քու բժշկական ապահովագրութեան ընկերութեանդ եւ տարբեր բժիշկ պահանջէ:- Այսքան, եւ բարի օր մաղթեց ու տեղը նստաւ:

Աղջկան արտասանած բառերը ուղեղիս մէջ փշրուեցան, ինչպէս փխրուն արձան: Բառերու այս անօրինակ շարքը զարտուղի հետքեր ձգեց մտքիս մէջ: Չհաւատացի: Ինչպէ՞ս հաւատայի: Երկինքէն ինկածի պէս եղայ: Մէկ խօսքով, այս տարիքիս այս գրասենեակէն շատ քաղաքավար կը վռնտուէի: Ինծի կը մնար, հարցը չբարդանալու համար, կամաց մը եւ հնազանդ հեռանալ: Հոգիս երկիւղով պատուած էր: Մէջս կարծես բան մըն ալ սառած էր, ու նոյնիսկ պերճախօսութիւնս ալ` ցնդած: Սրտնեղ տագնապ մըն էր, որ կ՛ապրէի: Նման վիճակի մը կեանքիս մէջ երբեք չէի հանդիպած:

Է՛հ, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլային մէջքս ու կռնակս… անոնց ցաւերը… ուստի պէտք էր որ նոր բժիշկ գտնէի… իսկ ցաւե՞րս… արդեօ՞ք անոնք գիտէին, թէ ես իրենց համար «ինչերէ՜» կ՛անցնէի…

– Հոգ չէ՛,- ըսի մտովի,- այս անգամ ես անձամբ պիտի վերցնեմ ժամադրութիւնս…, ո՛չ Լայզա եւ ո՛չ ալ մայզա… Կարծես այս որոշմանս վրայ քիչ մը հանդարտած էի եւ խուճապէն ու հեւքէն` հեռացած:

Անկասկած, որոշած էի կեանքս վերաշինել: Ու նոր եռանդով մը մտայ ինքնաշարժս:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Արցախեան Հակամարտութեան Ազրպէյճանանպաստ Հանգուցալուծումը Թուրքիայի Համար Եղել Ու Մնում Է Հայաստանին Ներկայացուած Նախապայմաններից Ընդամէնը Մէկը

Յաջորդը

Թուրքիան Դարձեալ Յայտարարած Է, Որ Ի Վիճակի Չէ Գաղթականներու Նոր Ալիք Ընդունելու

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?