Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Առաքելութեան Ուղիով (Հեղինակ` Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան)

Սեպտեմբեր 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ 2020-ին լոյս տեսաւ նախկին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի «Առաքելութեան ուղիով» գիրքը` ի յիշատակ Վահան եւ Սառա Պետրոսեաններու: Գիրքը բաղկացած է 274 էջերէ: «Երկու խօսք»-ին մէջ կ՛ըսուի, որ առաջնորդ սրբազանին քարոզներն ու պատգամները քաղուած են յաւուր պատշաճի արտասանուած եկեղեցական, ազգային, կրթական, յոբելենական, տօնական թէ այլ հանդիսութիւններու հաւաքածոյէն:

Ս. Ծննդեան տօնի պատգամներ բաժինին մէջ սրբազանը կ՛ըսէ, որ Իր Միածինը աշխարհ ղրկելով, մարդուն ստեղծիչն ու Հայրը Իր ստեղծագործութեան գագաթնակէտին հետ կը վերանորոգէր ուխտ մը, անոր պարգեւելով խաղաղութեան սիրոյ ու հաճութեան Աւետիսը:

Բեթղեհէմի երկնակամարին ներքեւ ծագած փայլուն աստղը 21 դարերէ ի վեր կը շարունակէ լուսաւորել աշխարհի երկնակամարը, հակառակ զայն մթագնելու փորձող չարիքի ալիքներուն:

Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մենք զԱստուած ճանչնանք եւ Իր բնութեան եւ կամքին փորձառութիւնը ապրինք:

Ս. Յարութեան տօնի պատգամներ բաժինին մէջ Մուշեղ արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, որ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան իւրաքանչիւր դրուագը, բայց մանաւանդ Անոր հրաշալի Յարութեան դէպքը կը բովանդակեն անսպառ խորհուրդներ, որոնք չեն սպառիր դարերու պահանջին հետեւանքով:

Ս. Յարութեան խոստումը մեզ վեր կը բարձրացնէ մեր ամէնէն մութ պահերէն, ընծայելով ուժ, վերանորոգեալ սիրտի մը յոյսը, վերանորոգեալ հոգի եւ վերանորոգեալ կեանք մը:

Ս. Յարութեան տօնը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ բարձրակէտն է:

Հայոց ցեղասպանութեան բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ մեր նահատակները կոչ կ՛ուղղեն բոլորիս, որպէսզի Հայաստան-սփիւռք սերտ գործակցութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ մասնակցինք ազգաշէն ու հայրենաշէն պետական եւ ազգային ծրագիրներուն ու իրագործումներուն յանձնառութեամբ:

Մեր ժողովուրդը դէպի մահ առաջնորդուեցաւ, սակայն մենք չինկանք, այսօր ալ կանք ու կը մնանք:

Մեծանուն դէմքեր բաժինին մէջ Մուշեղ արքեպիսկոպոս կը յիշէ բանին կենաց քարոզիչ Մեսրոպ արք. Աշճեանը, Սմբատ արք. Լափաճեանը, արդարութեան նահատակ Հրանդ Տինքը, հայ ազգի շեփորահար Միսաք Թորլաքեանը, Արցախի քառօրեայ պատերազմը, Լիզպոնի հինգը, խիզախ հոգեւորական Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեանը եւ հայ գիրի մշտաբարբառ յուշարար Ժագ Ս. Յակոբեանը:

Տօնախմբութիւններ եւ զանազան միջոցառումներ բաժինին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ ազգային առաջնորդարանը քրիստոնէական հաւատքի, յոյսի, հայակերտումի շնչող փարոս եւ միջնաբերդ է մեր հայրենական երազներուն, յոյսերուն ու անաւարտ իղձերուն: Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Արեւմտեան թեմին մէջ ծառայական կեանքին գլխաւոր դրօշները հանդիսացան եկեղեցաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, ծխական շրջաններու զարգացում եւ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութիւն:

Հայ դպրոցին մասին սրբազանը կ՛ըսէ, որ անիկա ուսումնական սովորական հաստատութիւն մը չէ, այլ հայ մանուկն ու պատանին հայ պահելու, զայն քրիստոնէական մեր հաւատքին անգին ժառանգութիւններով հարստացնելու տեղ է:

Մուշեղ արքեպիսկոպոս կը խօսի նաեւ հայ կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններու մասին եւ նաեւ խորհրդածութիւններ կը կատարէ քորոնա ժահր համաճարակի մասին:

 

 

Նախորդը

Մուշեղ Գալշոյեան 2. Արձակագիր Ֆետային

Յաջորդը

Ա՜խ Այս Մոռացկոտութիւնը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?