ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Հորիզոն»-ի հրատարակութեամբ նոր լոյս տեսաւ կարեւոր գիրք մը` Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները», 269 էջ, առաւել` ներծալ «սխեմատիկ» քարտէսը մեր բարձրաւանդակին:
Ան առաջին անգամ հրատարակուած է 1987-ին, Երեւան: «Հորիզոն» հրատարակչութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է արեւմտահայերէնի վերածուած հրապարակ հանելու զայն, որպէսզի մատչելի դառնայ սփիւռքի նոր սերունդին, նոյնիսկ օգտագործուի որպէս դասագիրք:
Ներկայ հատորը արդիւնք է հաւաքական աշխատանքի մը, որ իրականացած է հետեւեալ անձերուն կողմէ` գլխաւոր խմբագիր` Վահագն Գարագաշեան, խմբագիրներ` Յարութ Պէրպէրեան եւ Նորա Բարսեղեան, սրբագրիչներ` Սոնա Թիթիզեան եւ Քրիստափոր Միքայէլեան, գեղանկարիչ (ձեւայղացքի պատասխանատու)` Քրիստափոր Միքայէլեան: Տպագրութիւն` TLC Global-ի: Մեկենասն է Մոնրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը: Գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Կ՛արժէ նախ ծանօթանալ հեղինակին:
Թադէոս Յակոբեան ծնած է Կապանի Լեռնաձոր գիւղը, 1917-ին: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի աշխարհաերկրաբանական բաժանմունքը: Հանդիսացած է նոյն համալսարանի աշխարհագրութեան բաժանմունքի ղեկավար, այդ բաժանմունքի տնտեսական աշխարհագրութեան ամպիոնի վարիչ: Պատմական գիտութիւններու փրոֆեսէօրի կոչում ստացած է 1963-ին, իսկ 1968-ին` Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչում: Մահացած է 1989-ին:
Ունի Հայաստանի աշխարհագրութեան ու ընդհանրապէս աշխարհագրութեան նուիրուած բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ, առանձնապէս ուշագրաւ են Անիի պատմութեան նուիրուած երկու եւ Երեւանի պատմութեան նուիրուած չորս հատորները, իր ներդրումը ունեցած է «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ի պատրաստութեան մէջ, իսկ իր կոթողական գործը կը հանդիսանայ Յովհաննէս Բարսեղեանի եւ Ստեփան Մելիք-Բաղշեանի հետ համատեղ պատրաստուած` «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»-ը` բաղկացած հինգ հաստափոր ու մեծադիր հատորներէ (իւրաքանչիւրը` շուրջ 1000 էջ), որոնց հրատարակութիւնը սկսած է 1987-ին ու աւարտած` 2001-ին: Այս մեծ գործը նոյնպէս անհրաժեշտ է, որ վերածուի արեւմտահայերէնի, գէթ հրատարակուի դասական ուղղագրութեամբ, որովհետեւ այսօր մեր այդ հարիւրաւոր, հազարաւոր տեղանունները իրենց ճշգրիտ գրելաձեւով որեւէ տեղ կարելի չէ տեսնել: Կամ, գոնէ իբրեւ յաւելուած` տեղանուններու ցուցակը լոյս ընծայել դասական ուղղագրութեամբ:
Սոյն հատորը կը ներկայացնէ Արեւմտահայաստանի եւ Պարսկահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը` այբբենական կարգով, սկսելով Ադամակերտէն հասնելու համար Օլթի, իւրաքանչիւրին յատկացնելով մէկէն (ինչպէս Փերիին) մինչեւ տասը էջ (Անիին): Այնտեղ տրուած են հայկական բնակավայրերու գլխաւոր պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պայմանները:
Բերեմ միայն երկու օրինակ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կը սկսի յօդուած մը (Ադամակերտի պարագային) ու ինչպէ՛ս կ՛աւարտի (Օլթիի պարագային):
Ահա առաջինը. «Կը կոչուի նաեւ Հադամակերտ: Թուրքերը զայն կ՛անուանեն Բաշ-կալէ (Բաշկալա), իսկ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ կը յիշատակուի Adamma ձեւով: Անուան ստուգաբանութիւնը` եբրայերէն «ադամ», հայերէն «կերտ»: Կը յիշատակուի իբրեւ աւան, գիւղաքաղաք եւ քաղաք»:
Ահա երկրորդը. «Արեւմտեան Հայաստանի նոյն մեծութիւնը ունեցող տասնեակ քաղաքներու (եւ նոյնիսկ հարիւրաւոր մեծ գիւղերու) հետ բաղդատելով` աննախանձելի էր Օլթիի մշակութային կեանքը: Անիկա փաստօրէն կը սահմանափակուէր հայկական տարրական դպրոցով մը, որ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարու սկիզբները ունեցած է 40-50 տղայ աշակերտ, եւ քանի մը վարժապետական (տէրթոդիկեան) վարժարաններով, որոնք գրաճանաչութիւն կը սորվեցնէին մանուկներուն»:
Հատորը հարստացած է արխիւային լուսանկարներու փոքր հաւաքածոյով մը` առնուած Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն: Այդ լուսանկարներէն մէկն ալ զետեղուած է շապիկի առաջին էջին` ներկայացնելով Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, Ի. դարու սկիզբը` կից գործող որբանոցի սաներով, իրենց ուսուցիչներուն եւ հոգեւորականներուն հետ:
Քանի մը մէջբերում ալ ընեմ «Համառօտ տեսութիւն»-էն, որ 17 էջնոց ներածական մըն է բնակավայրերու առանձին յօդուածներէն առաջ` գաղափար մը ունենալու համար Թադէոս Յակոբեանի հարցերու մօտեցումին, իր ընդգրկուն հայեցակերպին ու մանաւանդ այն շունչին ու ոգիին մասին, որով ինք առաջնորդուած է:
Այսպէս կը սկսի այդ բաժինը. «Դժուար է ըսել, թէ հայ ժողովուրդի բնօրրանին` Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ե՛րբ ծնունդ առած են առաջին քաղաքները: Յամենայն դէպս յստակ է, որ տակաւին 3-րդ – 2-րդ հազարամեակներուն (ՔԱ) այստեղ ձեւաւորուած ցեղային միութիւններու տարածքին մէջ` Միտանիի, Հայասա-Ազզիի ու Նայիրեան երկիրներուն եւ անոնց յաջորդած միւս ցեղային-պետական միաւորումներուն մէջ արդէն գոյութիւն ունէին տասնեակ բերդեր ու բերդաքաղաքներ, որոնք ցրուած էին երկրի տարբեր կողմերը եւ հիմնականին մէջ ունէին ռազմական ու վարչական կարեւորութիւն»:
Քիչ անդին կը կարդանք հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ քաղաքային կեանքը աննախընթաց վերելք կ’ապրի քաղաքական անկախութեան շրջանին` 9-11-րդ դարերուն: Կ’աշխուժանան հին քաղաքները` Դուինը, Վանը, Նախճաւանը, Բաղէշը (Պիթլիս), Հերը (Խոյ), Բագարանը եւ այլն, կը ձեւաւորուին նոր քաղաքներ` Անի, Կարս, Արծն, Խլաթ, Մուշ, Լոռի, Կապան, Երազգաւորս: Քաղաքային կեանքի մեծապէս զարգացումը կը բացատրուի ոչ միայն քաղաքական անկախութեամբ, Արեւելքի ու Արեւմուտքի երկիրներու նկատմամբ Բագրատունեաց թագաւորութեան տարանցիկ դիրքով, այլ նաեւ` մնայուն խաղաղութեամբ: 9-11-րդ դարերուն հիւսիսային եւ կեդրոնական Հայաստանը զերծ էր արաբական-բիւզանդական երկարատեւ ու արիւնահեղ պատերազմներէն, կը գտնուէր անոնց ոլորտէն դուրս, եւ անոր արտադրողական ուժերը կը զարգանային միջնադարու համար անսովոր թափով»:
Աւելի անդին. «12-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 13-րդ դարու 30-40-ական թուականները, Վրաստանի օգնութեամբ, Զաքարեան հայ իշխաններու անմիջական գլխաւորութեամբ, հիւսիսարեւելեան Հայաստանը կ’ազատագրուի սելճուք-թուրքերու լուծէն եւ կրկին կը բռնէ զարգացման ուղին: Հայաստանի այդ մեծ հատուածի քաղաքներէն կարեւոր էին Անին, Դուինը, Կարսը: […] Մոնկոլական արշաւանքներուն ընթացքին անբուժելի հարուած ստացան Հայաստանի նախորդ շրջանին արհեստագործութեան եւ առեւտուրի կեդրոններ դարձած քաղաքները: […] 13-րդ դարու 50-ական թուականներէն, երբ հիմնականին մէջ կ’աւարտէին մոնկոլական արշաւանքները, Հայաստանի տնտեսական կեանքը եւ անոր հետ անոր աւերուած քաղաքները կը սկսէին մասնակիօրէն վերականգնիլ:
Գալով աւելի մեզի մօտ ժամանակներուն` ահա թէ ի՛նչ կը գրէ հեղինակը. «1828 թուականին պարսկական լուծէն ազատագրուելու եւ Ռուսիոյ միանալու շնորհիւ` Արեւելեան Հայաստանին մէջ համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան տնտեսութեան զարգացման համար: Ստեղծուեցան խաղաղ պայմաններ, հաստատուեցան կարգ ու կանոն, օրէնք, եւ ժողովուրդը կրնար առանց ահ ու սարսափի զբաղիլ իր տնտեսութեամբ: Նախորդ շրջանին նման, երկրի տնտեսական կեանքին մէջ առաջին դիրքի վրայ էր գիւղատնտեսութիւնը, իսկ երկրորդ դիրքի [վրայ]` արհեստագործութիւնը: Հայաստանի մէջ այդ շրջանին արհեստներուն թիւը կը հասնէր մօտ 120-ի: […] Արեւելեան Հայաստանի մէջ արհեստները աշխուժացման շրջան կ՛ապրէին 19-րդ դարու 50-60-ական թուականներուն, սակայն 70-ական թուականներէն, ռուսական գործարանային արտադրութեան ազդեցութեան տակ, անոնք աստիճանաբար կը քայքայուին եւ անկում կ՛ապրին: 90-ական թուականներէն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւս արհեստները կը քայքայուէին: Սակայն այստեղ այդ գործընթացը տեղի կ՛ունենար ոչ թէ մեքենայացուած արդիւնաբերութեան ճնշման (Թուրքիան յետամնաց երկիր էր), այլ սուլթաններու հայաջինջ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք. Արեւմտեան Հայաստանի բազմահազար արհեստաւորներ 1895-96 եւ 1915-16 թուականներուն զոհ գացին թրքական եաթաղանին, իսկ ձեւով մը ողջ մնացածները բռնեցին գաղթի ճամբան»:
Ահա նաեւ վերջին պարբերութիւնը. «Բաւարար է ըսել, որ Երեւանի նահանգին մէջ կային միայն 5 ոչ մեծ քաղաքներ (Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Նախիջեւան, Օրտուպատ, Նոր Պայազիտ): Նոյնքան քաղաքներ ունէր նաեւ Կարսի մարզը (Կարս, Սարիղամիշ, Կաղզուան, Արտահան, Օլթի): Մեծ թիւ չէին կազմեր նաեւ Անդրկովկասի միւս նահանգներու` Ելիզաւետպոլի ու Թիֆլիսի նահանգներու հայկական կամ հայաշատ քաղաքները (Շուշի, Գորիս, Ախալքալաք, Ախալցխա): Իսկ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը տասնեակ քաղաքներէն (որոնց մեծ մասը կարելի է նկատել գիւղաքաղաք) շատ թէ քիչ նշանաւոր էին` Էրզրումը, Երզնկան, Կամախը, Սեբաստիան, Մալաթիան, Խարբերդը, Մուշը, Խլաթը, Պիթլիսը, Շատախը, Վանը, Պայազիտը եւ այլն: Այս վերջինները, ինչպէս նշուեցաւ, ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի հետ միասին հայաթափ եղան: Թրքական եաթաղանին 1915-1916 թթ. զոհ գացած մէկուկէս միլիոն հայերուն զգալի մասը կը հանդիսանար քաղաքային բնակչութիւնը: Մեծաթիւ զոհեր տուաւ նաեւ բռնի տեղահանուած հայութիւնը, տեղահանուած 600 հազար հայերէն իրենց կեանքը փրկած եւ ռուսական զօրքերուն օգնութեամբ Արեւելեան Հայաստան ու Կովկաս գաղթած են միայն 350 հազարը»:
Ինչո՞ւ արտագրեցի այս բոլորը, որոնց մասին աշխատասիրութիւններով Յակոբեան ապրած է իր ամբողջ կեանքը: Ընթերցողը չի կրնար չտեսնել այն կարմիր գիծը, որ անցած է մեր պատմութեան տարեգրութեան առաջին էջերէն մինչեւ այսօր: Այդ կերտելու, կերտածը աւերակի վերածուած տեսնելու եւ դարձեալ կերտելու մեր ժողովուրդի անվհատ վճռակամութիւնն է, թէկուզ` կամայ թէ ակամայ երկիրը լքելու եւ օտարութեան ալ յանձնուելու երեւոյթներու ալ առկայութեամբ:
Շնորհակալութիւն «Հորիզոն»-ին` այս կենսական գիրքը վերստին հրապարակ հանելուն համար: Սակայն առաջին հերթին երախտագիտութիւն հեղինակին` զայն գրած ըլլալուն համար: