Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուծոյ Կտակը

September 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ

Մարդկային կեանքին մէջ սովորական երեւոյթ մըն է կտակ հասկացողութիւնը: Երբ մարդ կը զգայ, որ այս աշխարհէն մեկնելու իր «ժամը հասած է», կը կանչէ իրաւաբանը եւ անոր հետ կը գրէ իր կտակը: Կտակը իր մէջ կը բովանդակէ կտակագրին ստացուածքներուն բաժանումը իր զաւակներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ` անոր վերջին յորդորները: Ընդհանրապէս կտակը ուղղուած կ՛ըլլայ անձի զաւակներուն, իսկ երբ անձը զաւակներ չունի, այդ պարագային կտակը ուղղուած կ՛ըլլայ իր կնոջ, ազգականներուն եւ երբեմն ալ` բարեկամներուն: Կտակը ուժի մէջ կ՛ըլլայ միայն կտակագրին մահէն ետք: Կտակին իրագործումը ցոյց կու տայ զաւակներուն ունեցած յարգանքը կտակը ձգած անձին հանդէպ:

Մարմնացեալ Բանը` Յիսուս Քրիստոս, նաեւ տուաւ իր կտակը, սակայն ո՛չ գրաւոր կերպով, այլ` բերանացի: Երբ Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին փուլը իր աւարտին կը հասնէր, Երկնառաքը` Քրիստոս, որոշեց զատկական ընթրիքը կատարել վերնատան մէջ իր առաքեալներուն հետ: Վերջին ընթրիքի ընթացքին Աստուածորդին երկու հիմնական նոր կտակներ տուաւ իր առաքեալներուն. Ա.) Իր մարմինն ու արիւնը` իբրեւ փրկութիւն եւ կեանք (հմմտ. Մտ. 26. 26-28 եւ Ղկ. 22. 19-20) եւ Բ) Սէրը` իբրեւ իր վերջին պատուէրը (հմմտ. Յհ. 13. 34-35): Ես այս երկու կտակներէն միայն մէկուն` սիրոյ կտակին վրայ պիտի կեդրոնանամ:

Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, չունէր ո՛չ ստացուածք եւ ո՛չ դրամ, սակայն ունէր անոնցմէ աւելի վեհ ու նուիրական կտակ մը, որն էր իր կատարեալ սէրը` իր իսկ ստեղծած իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ: Այդ աստուածային սիրոյ պատճառով էր, որ Ս. Երրորդութիւնը` Հայրն Աստուած, Միածին Որդին եւ Ս. Հոգին, ստեղծեց տիեզերքը եւ մանաւանդ` մարդը: Այս կատարեալ սիրոյ պատճառով էր, որ Բարձրեալին Որդին` Յիսուս, իր սիրելիներուն անկեալ վիճակը տեսնելով` երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, որպէսզի զանոնք իրեն հետ երկինք բարձրացնէ:

Քրիստոս Յիսուս մեզի պատուիրեց, որ զիրար սիրենք` ըսելով. «Սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրեցէք: Ձեր` զիրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ. 13. 34-35): Սակայն Երկնապարգեւը` Յիսուս Քրիստոս, միայն չխօսեցաւ սիրոյ մասին, այլ Ան իր սէրը գործնականօրէն մարմնաւորեց ու յայտնեց իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին: Աստուածային սէրէն մղուած` մեր Տէրը` Քրիստոս,  աշխարհ եկաւ (հմմտ. Յհ. 1): Նոյն սիրով Ան կոյրերուն զԱստուած տեսնելու շնորհքը պարգեւեց (հմմտ. Մտ. 9. 27-31, 20. 29-34, Մր. 10. 46-52, Ղկ. 7. 22 եւ 18. 35-43), կաղերուն Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալել սորվեցուց (հմմտ. Ղկ. 7. 22), բորոտները հեռացուց աշխարհի աղտեղութենէն (հմմտ. Մտ. 8. 1-4, Ղկ. 17. 11-19), խուլերը  աստուածային ձայնին հաղորդ դարձուց (հմմտ. Մր. 7. 31-37), մեռելներուն յարութիւն տուաւ  (հմմտ. Մտ. 9. 18-26, Մր. 5. 21-43, Ղկ. 7. 11-17, 8. 40-56), դեւերէ տառապողներուն Իր մխիթարող Ս. Հոգին շնորհեց (հմմտ. Մտ. 4.24, 8. 28-34, 17. 17-21, Մր. 5. 1-20, 9. 14-29, Ղկ. 8. 26-39, 9. 37-43), անդամալոյծներուն Իր ճամբուն մէջ քալել սորվեցուց (հմմտ. Մտ. 4. 24, 9. 1-7, Մր. 2. 1-12, Ղկ. 5. 17-26), աշխարհիկ ցուրտ փողոցներուն մէջ մնացածներուն ջերմութիւն տուաւ (հմմտ. Մտ. 8. 14), համրերուն զԱստուած փառաբանել սորվեցուց (հմմտ. 9. 32-34, Ղկ. 11. 14-15) եւ քարոզեց «բարի լուրը»` Իր Աւետարանը (հմմտ. Մտ. 4. 23, Ղկ. 7. 22): Նոյն սէրէն մղուած` կեանքի հացը` Յիսուս, մարդոց առակներով բացատրեց Աստուծոյ արքայութեան մասին (հմմտ. Մտ. 13, 18. 10-14, 21. 28-32, 21. 33-45, 22. 1-14, 25. 1-13, Մր. 4, Ղկ. 8. 4-8, 13, 12. 13-21, 14. 15-24, 15. 3-7): Նոյն սէրէն մղուած` Ան նստաւ մեղաւորներուն հետ (հմմտ. Մտ. 9. 10, Մր. 2. 13-17 եւ Ղկ. 5. 27-32), անոնց ցաւակից դարձաւ, լսեց զանոնք, մխիթարեց զանոնք եւ ամէն յոգնածի ու մեղաւորի Իր մօտ կանչեց` ըսելով. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ` յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ. 11. 28): Նոյն սէրէն մղուած` կշտացուց ժողովուրդը (Մտ. 14. 13-21, 15. 32-39, Մր. 6. 30-44, 8. 1-10, Ղկ. 9. 10-17 եւ Յհ. 6. 1-13 ), իր աստուածային փառքը ցոյց տուաւ Թաբօր լերան վրայ (հմմտ. Մտ. 17. 1-13, Մր. 9. 2-13 եւ Ղկ. 9. 28-36): Աւելի՛ն. նոյն սիրով Աստուածորդին ձերբակալուեցաւ (հմմտ. Մտ. 26. 47-56, Մր. 14. 43-50, Ղկ. 22. 47-53 եւ Յհ. 18. 2-11), դատարանները տարուեցաւ (հմմտ. Մտ. 26. 57-68, 27. 1-2, Մր. 14. 53-65, 15. 1, Ղկ. 22. 54-55, 63-71, Յհ. 18. 12-14, 23. 1, 18. 28 եւ 19-24), ծեծուեցաւ (հմմտ. Մտ. 27. 30), ծաղրուեցաւ (հմմտ. Մտ. 27. 27-29), թուքերով անարգուեցաւ (հմմտ. Մտ. 27. 30), չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ (հմմտ. Մտ. 27. 32-44, Մր. 15. 21-32, Ղկ. 23. 26-43 եւ Յհ. 19. 17-27), թաղուեցաւ (հմմտ. Մտ. 27. 57-61, Մր. 15. 42-47, Ղկ. 23. 50-56 եւ Յհ. 19. 38-42) եւ յարութիւն առաւ (հմմտ. Մտ. 28. 1-15, Մր. 16. 1-10, Ղկ. 24. 1-12 եւ Յհ. 20. 1-18): Նոյն սէրէն մղուած` Էմմանուէլը, յարութիւն առնելէ ետք, երեւցաւ իր աշակերտներուն (հմմտ. Մտ. 28. 16-20, Մր. 16. 14-18, Ղկ. 24. 36-49 եւ Յհ. 20. 19-23), նոյն սէրէն մղուած` Նոր Ուխտի միջնորդը` (հմմտ. Եբր. 9. 15) Յիսուս, համբարձաւ (հմմտ. Մտ. 28. 16-20, Մր. 16. 14-18, Ղկ. 24. 36-49, Յհ. 20. 19-23 եւ Գրծ. 1. 6-8), որպէսզի մեզի համար տեղ պատրաստէ երկնքի մէջ (հմմտ. Յհ. 14. 2): Եւ վերջապէս, նոյն սէրէն մղուած` յայտնեց, որ Ինք մեզի հետ է մինչեւ այս աշխարհին վախճանը (հմմտ. Մտ. 28. 20):

Այս ամբողջ ապրուած կեանքի սէրն էր, որ մեզի կտակեց մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս: Միթէ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի՞ ուրիշ աւելի կարեւոր կտակ մը, քան` Քրիստոսինը: Մտածա՞ծ ենք, թէ ինչպէ՛ս զայն պիտի կտակենք եւ մեր կեանքը հարստացնենք, թէ՞ պարզապէս նիւթական կտակ կը սպասենք:

Քրիստոսի կտակը ի զօրու է բոլորին համար եւ ժամանակի մէջ չէ սահմանափակուած, այլ խօսքով, Քրիստոսի կտակը յաւիտեան է: Եթէ կը յարգենք Քրիստոսը, եթէ կը սիրենք Զինք, եթէ կը հաւատանք, որ Ինք չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեզի համար, եւ եթէ կ՛ուզենք Զինք մեր կեանքին մէջ ունենալ, տեսնել, զգալ ու շօշափել, աւելի՛ն, իր զինուորները դառնալ, Զինք մեր կեանքին առաջնորդը դարձնել, Իրեն հետ երկնային հարսանիքին մասնակցիլ… ուրեմն առնենք Անոր կտակը, ապրինք Իր կտակը` զիրար սիրելով անշահախնդիր, անարատ, առաքինի եւ ջերմ սիրով: Եւ երբե՛ք չմոռնանք, որ անկախ Իր կտակէն, ոչինչ ունինք մեր այս կեանքէն անդի աշխարհ տանելիք:

Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

Հանդարտ Վերամուտ Մը

Յաջորդը

Վարանդին

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.