Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջերմ Արցախի Կողքին
Ստեփանակերտը բնական կազով մատակարարող խողովակի խափանում, զուգահեռաբար` Շուշիի մէջ ՄԱԿ-ի դրօշակի ծածանում, նշելու համար աշխարհի մեծագոյն այս կազմակերպութեան` Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակը: Ներկայիս տարբեր է կեանքը իրարմէ քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս երկու քաղաքներուն մէջ: Աշխարհը կը նախընտրէ հեռու կանգնիլ արցախեան տարածաշրջանէն, ինչպէս կ՛ընէ յաճախ. նոյնպէս վարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն` կոյր եւ անտարբեր ձեւանալով թուրք-ազերիական բազմերես ոճիրներուն դիմաց: Այս...



















