Հայ Եմ Եւ Տէրտէրի Ալ Թոռ…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներ առաջ էր, ու այս օրերուն դարձեալ յիշեցի: Այսպէս, տարեվերջի շաբթուան ամէնէն խճողուած օրերէն մէկուն, մեր տան մէջ ներքին նոր հարցի մը ստեղծումէն եւ յատկապէս անիմաստ վէճէ մը խուսափելու համար, վերջապէս որոշեցի կնոջս հետ Կլէնտէյլի կալերիա երթալ, կիներու մասին բաւական ծուռ ու շիտակ «բաներ» մտքէս շարերէ ետք: Անկեղծօրէն ըսելով, մօրս, կնոջս ու նոյնիսկ չունեցած քրոջս հետ «շուկայ երթալ»...




















