Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Նշոյլ Մը

Հոկտեմբեր 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱԼԱՐ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

Նշոյլ մը` յոյսի, լոյսի եւ տենչանքի…

Ահաւասիկ երախտապարտութեան, գոհունակութեան, բերկրանքի ցայտուն մթնոլորտը արտացոլաց ներաշխարհին մէջ իւրաքանչիւր անհատի, որ ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու ամավերջի հանդէսին ու վկայականաց բաշխման:

Աշակերտներու հրաբորբ աչքերը եւ լուսավառ դէմքերը կրցան վերափոխել սրահի անդորրը: Անցած ուղին բաւական դժնդակ էր, ինչո՞ւ չէ` անսովոր եւ արտակարգ, բազում մարտահրաւէրներով լեցուն, մանաւանդ` վերջին տարիներուն, երբ երկրին ընկերային եւ տնտեսական առեղծուածային պայմանները եւ ճգնաժամային փուլը ճնշիչ կերպով ազդեցին ընդհանուր իրավիճակին վրայ. յաւելեալ մանրամասնութիւններով չեմ ուզեր անդրադառնալ նշեալ իրավիճակին, արդէն իսկ իւրաքանչիւրի առօրեան հարազատ եւ պատշաճ կերպով զանոնք կրնայ նկարագրել, սակայն անհուն եւ անընկճելի կորովով աշակերտները կրցան դիմակալել եւ շրջանցել այս բոլորը:

Նշոյլ մը` յոյսի, լոյսի եւ տենչանքի, երբ շրջանաւարտները երաժշտական բարձրորակ մակարդակով եւ հմտութեամբ իրենց նուագարաններով արտաբերեցին տարբեր ձայնանիշներ, կրցան հմայել  ներկաները անխտիր եւ դառնալ սերտ զրուցակից անոնց հոգեկան աշխարհին հետ:

Իւրաքանչիւր աշակերտի յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ էր, երբ սիրայօժար կամ պարտադրաբար ծնողքին կամքը կատարելով` մուտք գործած էր Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ, վայր մը, ուր կրցած էր բացայայտել իր տաղանդը, զարգացնել զայն, ամբարած արուեստի հետ առնչուած յորդառատ գիտելիքներ եւ ստեղծել իր ինքնուրոյն ոճն ու ճաշակը:

Անցած երկարաշունչ ուղիին ընթացքին անկասկած անխոնջ եւ անդուլ դերակատարութիւն ունեցան բազմավաստակ ուսուցիչներ, որոնք անընդհատ մղեցին եւ քաջալերեցին աշակերտները` վստահելու իրենց տաղանդին ու ամրապնդեցին անոնց մէջ անծայրածիր հրայրք եւ սէր` արուեստի հանդէպ: Պէտք է յիշել նաեւ, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրին կրթական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելու համար:

Իւրայատուկ էր նաեւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի զուլալ, հիասքանչ ձայնով հոգեպարար կատարումը, որ մրրկեց եւ պոռթկացուց ներկաներու հայրենասիրական յոյզերը:

Նշոյլ մը` յոյսի, լոյսի եւ տենչանքի, երբ ներկաները  տեղեկացան Հայաստանի Կերպարուեստի ակադեմիային եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին միջեւ համաձայնութեան գոյացման մասին, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէր շրջանաւարտ աշակերտներուն իրենց գեղանկարչական վրձինները արձակելու դէպի նոր շառաւիղներ:

Վարձքը կատար Համազգայինի անձնուէր եւ հսկայ փաղանգին, որ անսակարկ նուիրումով տարիներ շարունակ իր ներդրումը կը բերէ զանազան աշխատանքներու եւ ծրագիրներու իրագործման:

Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աննախադէպ «Սան որդեգրել»-ու ծրագիրը, որ առիթ կ՛ընծայէ իւրաքանչիւր անհատի նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելու Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները յաճախող աշակերտներուն` որոշ ճշդուած գումարով, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել գեղարուեստի իրենց ուսումը:

Նշոյլ մը` յոյսի, լոյսի, տենչանքի, երբ սրահէն լիացած կը բաժնուէինք` քաջ գիտնալով, որ Համազգայինը պիտի շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը` տէր կանգնելով  հայ մշակոյթի, արուեստի, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան պահպանման գործընթացին եւ յարատեւ պիտի թրծէ հոգեմտաւոր կեանքը:

Նշոյլ մը` յոյսի, լոյսի, տենչանքի:

Նշոյլ մը` կերտելու նորանոր վարդագոյն արշալոյսներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Քանատայի Մէջ Անտուն Մարդոց Պահապանը

Յաջորդը

Հայ Եմ Եւ Տէրտէրի Ալ Թոռ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?